Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԲ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ ՑՆՈՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ…

  Լ. Շ. 

September 9, 2025
in Այլազան
0

Այսօր կը ստիպուինք, պահ մը,  ակամայ դադար տալ ամերիկահայ գրագէտ Յակոբ Կարապենցի 100-ամեակին ձօնուած մեր յօդուածաշարքին, որմէ հրատարակած էինք երկու բաժին միայն (տե՛ս թերթիս 2 եւ 6 Սեպտեմբերի յաջորդական թիւերը)։

Հարկադրուած ենք պատասխանելու մեզի ուղղեալ զոյգ մեղադրանքներու, որոնք, այդ նոյն յօդուածաշարքին առիթով, հնչեցին Հայաստանէն, պատմական նիւթերու հետազօտիչ եւ խմբագիր Գէորգ Եազըճեանի կողմէ։

Եազըճեան, որ յանդուգն, բարձրաձայն ու մերկապարանոց քննադատութիւններ կատարելէ չի վարանիր բնաւ,– եւ ատիկա գնահատելի երեւոյթ մըն է,– այս անգամ սակայն սայթաքած է… անդունդն ի վար, չարաչար սխալելով իր համոզումներուն մէջ, որովհետեւ յառաջ քաշած է այնպիսի պնդումներ, որոնք ԱՆՀԻՄՆ ԵՆ կատարելապէս ու չեն յենիր պատմական որեւէ ապացոյցի կամ իրողութեան։

Հոն ուր քննադատութիւնը կը շեղի իր արդար կողմնացոյցէն ու կը հակադրուի պատմական անհերքելի փաստերու, անիկա շղթայի կը վերածուի քննադատի՛ն իսկ ոտքերուն շուրջ ու զայն կը մատնէ խղճալի անկումի։

Գէորգ Եազըճեանի պարագան տարբեր չէ։

Բայց որպէսզի մեր ընթերցողները իրազեկ դառնան քննարկուող նիւթին, նախ մէջբերենք Եազըճեանի շրջաբերական նամակը, որ իբրեւ «ցաւ»-ի ու բողոքի արտայայտութիւն` ղրկուած է բարեկամական շրջանակէ որոշ հասցէներու, ներառեալ` մեզ եւ «Արարատ»-ի խմբագրութիւնը։

Ի՞նչ կ`ըսէ Եազըճեան եւ ի՞նչ բանն է որ վրդովեցուցած է զինք։ Կարդա՛նք իր նամակին տողերը.

– ԱՐԱՐԱՏ-ի 2 Սեպտեմբերի թիւին Լեւոն Շառոյեանի գրութեան մէջ, նուիրուած Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 100-ամեակին, տեսակ մը հակադրելու համար Կարապենցը Հայրենիքի արեւմտեան հատուածին մէջ ծնած Համաստեղին ու միւս գրողներուն, նշուած է, թէ Կարապենց ծնած է «Թաւրիզ (Իրան)»։

Շատ ցաւեցայ վերջին երկու տեղանունները կարդալով։

Ինչո՞ւ։

Քաղաքին հայկական անունն է Դաւրէժ։ Թաւրիզը օտարներո՛ւ անուանումն է։ Շատ կը ցաւիմ, որ ի տարբերութիւն քիւրտերու եւ թուրքերու, որոնք կը գործածեն տեղանուններու քրտացուած կամ թրքացուած տարբերակները, կը շարունակենք տուրք տալ մեր այդ թշնամիներուն, մեր հայրենիքի տեղանունները նշելով անոնց նման՝ Էրզրում, Պիթլիս, յաճախ նաեւ՝ Հարբութ, Էրզինճան, պաշտօնապէս՝ նոյնիսկ Կիւմրի, Ալավերտի․․.

 

*

 

Կը պարզուի ուրեմն, որ Եազըճեան դժգոհ է ԹԱՒՐԻԶ բառին գործածութենէն։ Ըստ իրեն` այդ քաղաքը պէտք է կոչել եղեր իր «հայկական անուն»-ով, ԴԱՎՐԷԺ։

Դաւրէ՞ժ, թէ՞ Թաւրիզ։ Ահա՛ նիւթ մը, որուն համար ձա՜յն կը բարձրացնէ Եազըճեան` Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ ու Հալէպ։

Աններելի՜ յանցանք մը գործեր ենք` Իրանի հիւսիսային մեծ քաղաքն ու երբեմնի մայրաքաղաքը ԹԱՒՐԻԶ կոչելով…։

Այո՛, մենք եւս համամիտ ենք, որ մեր պատմական հայրենիքին տեղանունները յիշուին ու յիշատակուին իրենց հայաշունչ անուանումներով։ Էրզրումը կոչենք Կարին, Սվազը` Սեբաստիա,  Տէօրթ Եոլը` Չորք-Մարզպան,  Ղարաբաղը` Արցախ, Պիթլիսը` Բաղէշ, բայց Թաւրիզ-Դաւրէժ վէճ մը կամ հակասութիւն մը կատարելապէս անհեթեթ կը թուի մեզի, որովհետեւ այս երկու տեղանուններն ալ միեւնոյն արմատին տառադարձական տարբերութիւններն են պարզապէս։ Դաւրէժ եւ Թաւրիզ։

Ճիշդ է որ մեր միջնադարեան գրականութեան մէջ, անցեալին, այս քաղաքը յաճախ յիշատակուեր է «Դաւրէժ» ձեւով (յիշել ԺԷ. դարու պատմագիր Առաքել Դաւրիժեցին), բայց այդ անուանումը, բնական բնաշրջումով, հետզհետէ իր տեղը թողած է «Թաւրիզ» տարբերակին, բացարձակ կերպով ։ Պարագան համանման է ԻԶՄԻՐ քաղաքի անունին, որ մինչեւ դար մը առաջ մեր մամուլին ու գրականութեան մէջ կը կոչուէր ԶՄԻՒՌՆԻԱ։

Հիմա ի՞նչ կ’առաջարկէ պրն. Եազըճեան. յամի Տեառն 2025 թւոականին Եգէականի չքնաղ նաւահանգիստը շարունակե՞նք կոչել «Զմիւռնիա»։ Եւ կամ Հալէպը` Բերիա՞ (կը պահենք արդէն աւանդական Բերիոյ թեմը),  Լաթաքիան ալ` Լաւոդիկէ՞….։

Արուեստական ու ծիծաղելի չէ՞ նման կառչածութիւն մը։ Մեր դարաշրջանը կ`ընդունի՞  այսպիսի հնաբանութիւն։

Յիշեցնենք նաեւ, թէ վերջին 125 տարիներու մեր մեծանուն բոլոր պատմագիրներն ու գրողները իրենց երկերուն մէջ տեւաբար գործածած են «Թաւրիզ» բառը, սկսելով եռամեծ Աճառեանէն («Հայոց անձնանունների բառարան») մինչեւ Օրմանեան («Ազգապատում») ու Մանուկ Աբեղեան («Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն»), մինչեւ Մելիք-Թանգեան սրբազան (Թաւրիզի համբաւաւոր երբեմնի առաջնորդը) ու Մինաս Թէօլէօլեան («Դար մը գրականութիւն»)։ Եւ անշուշտ, ամէնէն ուշագրաւը` Յակոբ Կարապենցը ի՛նք, որ իր ինքնակենսագրական յուշագրութեանց մէջ իր ծննդավայրին մասին կը խօսի «Թաւրիզ» անուանումով։ Ան ո՛չ մէկ տեղ գործածած է «Դաւրէժ» հնաբոյր ու ժամանակավրէպ ըսելաձեւը։

Գէորգ Եազըճեան մոռցեր է կ’երեւի, թէ ԻՆՔ ԵՒՍ, դեռ 2 տարի առաջ իր խմբագրած ու հրատարակած Սիրան Սեզայի «Նամականի»–ին մէջ,  գործածած է «Թաւրիզ» բառը,  Կարօ Սասունիի ու անոր տիկնոջ` Լէօլա Սասունիի կենսագրութեանց մէջ (տե՛ս նշեալ ժողովածուին թիւ 1205 եւ 1206 ծանօթագրութիւնները, էջ 600-601):

Եազըճեան Ի՛ՆՔ ինչո՞ւ չէ կիրարկած իր շնորհաբաշխած խրատականը։ Ինչո՞ւ Թաւրիզի փոխարէն չէ գործածած իրեն սիրելի ու նախընտրելի «Դաւրէժ»-ը։ Արդեօ՞ք ինք եւս փափաքած է մաս կազմել «մեր թշնամիներուն տուրք տուող»-ներուս խմբակին…

 

*

 

Կը վերադառնանք Եազըճեանի շրջաբերական անբախտ նամակին, ուր կայ մեզի ուղղեալ երկրորդ մեղադրանք մըն ալ։ Կարդա՛նք.

— Եւ երկրորդ, Դաւրէժը ՀԱՅԱՍՏԱՆի մաս կը կազմէ, կը գտնուի Պարսկահայք նահանգին մէջ (մերժելով կը մերժեմ «պատմական Հայաստան» յղացքը)։ Հետեւաբար, Կարապենց եւս ծնած է հայոց հայրենիքին մէջ։

Խորապէս կը ցաւիմ, որ հայութեան մէջ գրեթէ ամբողջովին մոռացութեան մատնուած է այն փաստը, որ Պարսկահայքը եւս անբաժան մասն է հայոց հայրենիք Հայաստանին։

         

*

Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ։ Եազըճեան ակնբախ ու բացայայտ սխալի մը զոհ դարձուցեր է ինքզինք` Թաւրիզը բերել դնելով Մեծ Հայքի Պարսկահայք նահանգին մէջ…։ Կոպիտ սխալ մըն է այս։

Պարսկահայքը, որ այս անուանումը առած էր երբ տարածքը 387 թուին Հայաստանի Ա. բաժանումի օրերուն կցուած էր Սասանեան Պարսկաստանին, կը գտնուէր Ուրմիոյ լիճին արեւմտեան ափին, մինչդեռ Թաւրիզը կը գտնուի նոյն լիճին արեւելեան կողմը` շուրջ 100 քլմ հեռաւորութեամբ (մեր ընթերցողները թող ուշադրութեամբ զննեն Մեծ Հայքի կցեալ քարտէսը)։ Թաւրիզ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՈՒ ԵՐԲԵՒԻՑԷ մաս չէ կազմած Մեծ Հայքի Պարսկահայք նահանգին, որուն 9 գաւառներուն մէջ հանրածանօթ են Հերն ու Զարեւանդը, Վարդանանց պատերազմի շրջանէն։

Անհեթեթ ու ծիծաղելի է պատմաբանի մը բերնէն լսել, թէ «Դավրէժը Հայաստանի մաս կը կազմէ»։ Ո՛չ Խորենացիի Աշխարհացոյցը այդպիսի բան կ’ըսէ, ո՛չ ալ այդպէս կը նշեն Արտաշէսեան, Արշակունեան եւ Բագրատունեաց հարստութեանց ակադեմական քարտէսները, պատմական Հայաստանի պետական կայուն սահմանները։ Ուստի, անընդունելի կը դառնայ արդէն Եազըճեանի այն պնդումը, թէ «Կարապենց եւս ծնած է հայոց հայրենիքին մէջ»։ Ո՛չ։ Կարապենց ծնած է Իրանի Թաւրիզ քաղաքը, որ իր ծոցին մէջ ունեցած է եւ ունի հայ փոքրաթիւ համայնք մը։ Այսքա՛ն։

Հայրենասիրական վառ զգացումներու արծարծումը գնահատելի է անշուշտ։ Պատմական Հայաստանի երբեմնի ընդարձակ նահանգներուն մասին մեր մշտատեւ յիշեցումները` հպարտութեան առիթ ու դաս։ Անոնց ուսուցումը Հայոց Պատմութեան դասաւանդութեանց ծիրէն ներս` անհրաժեշտ։ Բայց երբ այս բաները կը գլեն կ’անցնին Կուր գետի կամ Ուրմիոյ լիճին սահմաններն ալ, այն ատեն, ահաւասիկ, հետապնդած կ’ըլլանք երազային աշխարհակալութիւն մը, որ ոչինչով կը տարբերի ցնորաբանութենէ…։

Կը ցաւինք մեր վաղեմի բարեկամ Գէորգ Եազըճեանի հաշուոյն։ Կը ցաւինք, որ խիստ խօսեցանք։ Բայց անհրաժեշտ էր որ, անգամի մը համար, «կէտերը դրուէին տառերուն վրայ», ինչպէս կ`ըսէ արաբական իմաստուն առածը.։

 

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Next Post

ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ   ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Next Post

ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ   ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.