Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական դա –
տարանը բաւարարեց դատախազին բողո –
քը եւ արտօնեց երկու ամիսով կալանաւո –
րել վերջերս ատրպէյճանական գերութենէ
վերադարձած մայոր Նարեկ Երեմեանը:
Նախապէս, դատարանը մերժած էր կալա –
նաւորել Երեմեանը, ուստի մեղադրող դա –
տախազը դիմած էր Վերաքննիչ ատեան:
Զինուորին պաշտպան փաստաբան Կար –
մէն Պօղոսեան բողոքեց` ըսելով, որ պե –
տու թիւնը սկսած է հետապնդել իր զաւակ –
նե րը: «Քննիչները կրնային աշխատիլ ա –
ռանց կալանաւորումի» ըսաւ փաստա բա –
նը, աւելցնելով, որ կալանքը կրկնակի
ճնշումի կ՚ենթարկէ գերութենէ փրկուած
զինուորը: Փաստաբանը խոստացաւ դիմել
Վճռաբեկ ատեան: Նշենք, որ մայոր Նա –
րեկ Երեմեանը կ՚ամբաստանուի Քննչա –
կան օրէնսգիրքի 365-րդ յօդուածի երրորդ
մասի` մարտական հերթապահութեան կամ
մարտական ծառայութեան կանոն ները
խախտելու մէջ եւ անոր կը սպառնայ 3-էն
8 տարուայ ազատազրկում: Այս գոր ծով
կալանաւորուած է հինգ զինուոր: Մա յոր
Երեմեան ընդունած է իրեն առա ջադրուած
ամբաստանութիւնը: