Հ.- Ընկեր Սարաֆեան, նկատի առնելով, որ քանի մը օրէն կը դիմաւորենք նոր տարի, ինչպէ՞ս կրնանք ամփոփել ՍԴՀԿ-ի անցնող` 2021 տարին:
Պ.- 2021 տարին ձեւով մը շարունակութիւնն էր 2020-ին, մանաւանդ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի առումով, ինչ որ մեծապէս ազդեց կուսակցական եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն վրայ: Մեր աւանդական ձեռնարկները եւ միջոցառումները կամ սահմանափակուեցան կամ ալ ընդհանրապէս չեղեալ յայտարարուեցան, երբ հերթական ալիքը հասաւ այս կամ այն երկիր: Կը թուէր, որ պատուաստանիւթերու առկայութիւնը պիտի բարելաւէր իրավիճակը եւ վերջապէս պիտի վերադառնայինք մեր բնականոն կեանքին, սակայն ինչպէս տեսանք, այդ մէկը տեղի չունեցաւ եւ ահա կրկին նոր ալիքի մը դէմ-յանդիման կը գտնուինք: Համաճարակէն անդին, ինչպէս 2020-ին, այնպէս ալ 2021-ին, մեր հայեացքը սեւեռած էինք Հայրենիքի վրայ, որովհետեւ հոն է որ ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթները տեղի կ’ունենան` յետպատերազմեան գործընթացներու լոյսին տակ:
Հ.- Ըսիք, որ կուսակցութեան հիմնական հայեացքը սեւեռած է Հայաստանի վրայ, ուր պատերազմի աւարտէն ի վեր տակաւին կիրքերը կը շարունակուին մնալ բորբոքած: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներհայաստանեան քաղաքական կեանքը ներկայիս:
Պ.- Դժբախտաբար շատ անառողջ, որովհետեւ պատերազմը պատռեց այն շղարշը, որմէ անդին մեզի կը թուէր, թէ կայ կայացած պետական համակարգ, պետական մտածողութիւն եւ նաեւ համոզում, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ առնչուած մեր դիրքերը ամուր են, որովհետեւ ունինք մարտունակ բանակ ու բաւարար սպառազինութիւն: Սակայն, ինչպէս պարզուեցաւ, իրականութիւնը բոլորովին այլ էր եւ պատերազմի աւարտէն աւելի քան մէկ տարի անց ականատեսը կ’ըլլանք տգեղ ու ապականած քաղաքական դաշտի, մանաւանդ ներկայ խորհրդարանէն ներս, ուր երկիրը յուզող կարեւոր հարցերու վերաբերեալ լուծումներ գտնելու փոխարէն կը գերիշխէ աժան եւ անիմաստ վիճաբանութիւնը: Դժբախտաբար, ընդդիմադիր ուժերու խոստումըª որ փողոցային պայքարը Ազգային Ժողով պիտի տեղափոխեն, մեծ մասամբ յաջողած է:
Աւելին, երկրի ներկային եւ ապագային վերաբերեալ մամուլի էջերուն մէջ տեւապէս տեղ գտած եւ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն հնչող մռայլ կանխատեսումներըª յաճախ չափազանցուած, կամ կեղծ տեղեկութիւնները մեծապէս կը նպաստեն հասարակութեան մօտ բարոյահոգեբանական ծանր մթնոլորտի ձեւաւորման եւ ապագայի նկատմամբ հաւատքի կորուստին: Պարագայ մը, որմէ միակ օգտուողը Ատրպէյճանը կ’ըլլայ: Կարելի է ըսել, որ այսօր մենք դարձած ենք մեր մեծագոյն թշնամին, որովհետեւ քաղաքական նպատակներու եւ հատուածական շահերու հետապնդման ճանապարհին` պետութիւնն է որ կը տուժէ, բանակն է որ կը տուժէ եւ զինուորի մարտական ոգին կը կոտրուի:
Հ.- Ընտրութիւնները չլուծեցին երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը եւ ապակառուցողական վարքագիծը կը շարունակուի: Ըստ ձեզի, ո՞րն է այս փապուղիէն դուրս գալու միջոցը:
Պ.- Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ բողոքի ալիքը սկըսաւ, մենք յաջորդական յայտարարութիւններով հանդէս եկանք եւ համախմբան կոչ ըրինք, որովհետեւ անկախ այն հանգամանքէն, թէ ով կը կրէր պատերազմի նման ընթացքի եւ ելքի պատասխանատուութիւնը, երկիրը տակաւին լուրջ վտանգի առջեւ կը գտնուէր եւ հետեւաբար առաջին եւ միակ հրամայականը պիտի ըլլար պետականութեան շուրջ համախմբումը: Այսինքն, երբ կայ հրդեհ, առաջինը` կրակը պէտք է մարել եւ ապա մեղաւորը փնտռել: Դժբախտաբար, ճիշդ հակառակը տեղի ունեցաւ եւ պատերազմի աւարտի առաջին իսկ օրէն, մեղաւորներու եւ դաւաճաններու փնտռտուքը գերագոյն նպատակ դարձաւ, նաեւ գործիք` իշխանափոխութեան հասնելու համար: Նոյնիսկ արտահերթ խորհրդարանական ընտութիւններէն ետք, տակաւին կը շարունակուի նոյն երեւոյթը, հակառակ անոր, որ ժողովուրդը իր ընտրութիւնը կատարեց եւ կը թուար, որ խորհրդարան անցած ուժերը պիտի լծուէին երկրի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման, այլ ոչ թէ անիմաստ եւ անպտուղ բանավէճերու: Այսօր, տարածաշրջանային լուրջ վերադասաւորումներ տեղի կ’ունենան, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի համար հնարաւորութիւններ եւ վտանգներ կը պարունակեն: Իսկ այդ հնարաւորութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելու եւ վտանգները վանելու միակ գրաւականըª արտաքին ճակատին վրայ քաղաքական բոլոր ուժերու համերաշխ եւ ներդաշնակ համագործակցութիւնն է, մէկ կողմէն նաեւ ցոյց տալու, որ հակառակ ներքին տարակարծութիւններուն, երբ հարցը կը վերաբերի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, երկրի սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ Հայաստանի պետականութեան պահպանման, մենք միակամ ենք: Մէկ խօսքով, գոյութենական հարցերը երբեք պէտք չէ քաղաքականացնել եւ այս տեսանկիւնէն, միասնականութիւնը ոչ թէ բարի ցանկութիւն է, այլª բացարձակ ու կենսական անհրաժեշտութիւն:
Հ.- Կառուցողական եւ համախմբութեան սկզբունքներով առաջնորդուող ՍԴՀԿ-ը մենք տեսանք վարչապետին առաջարկած` արտախորհրդարանական ուժերու հետ ժողովներուն: Կը կարծէ՞ք որ այդ որեւէ դրական ներդրում պիտի ունենայ:
Պ.- Նախ անգամ մը եւս կ’ողջունենք վարչապետին այս նախաձեռնութիւնը, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններուն` երկիրը յուզող կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ իրենց մօտեցումներն ու պատկերացումները ամենաբարձր մակարդակով ներկայացնելու եւ քննարկման առարկայ դարձնելու: Ինչպէս կը տեսնէք, ժողովները տեղի կ’ունենան կանոնաւոր կերպով եւ հոն հանգամանօրէն կը քննարկուին օրակարգային հարցերը: Ու նկատի ունենալով, որ այդ ժողովները հրապարակային չեն, հնարաւոր կ’ըլլայ հեռու մնալ ամբոխավարութենէ եւ զբաղիլ լուրջ եւ բովանդակային աշխատանքով: Անշուշտ, այս ժողովները խորհըրդակցական բնոյթ ունին եւ հիմնական նպատակը այն է, որ ժողովներէն բխող տեսակէտները եւ եզրայանգումները ծառայեն որպէս աղբիւր` վարչապետին եւ իր կառավարութեան` յառաջիկային կայացնելիք որոշումներուն կամ օրինագիծերուն:
Հ.- Վարչապետ Փաշինեանը վերջերս մասնակցեցաւ Ամերիկայի նախագահին հրաւիրած` ՙՅանուն ժողովըրդավարութեան՚ առցանց համաժողովին: Այս մասնակցութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստանի համար:
Պ.- Մենք պիտի ընդունինք, որ Հայաստանին տրուած` ՙդէպի ժողովրդավարութիւն ընթացող երկիր՚ի գնահատականը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան 2,6 միլիոն եւրոյի աջակցութեան տրամադրումը պերճախօս վկայութիւնն են այն փաստին, որ ժողովրդավարութեան առումով Հայաստան կը գտնուի ճիշդ ուղիի վրայ: Այդ տեսանկիւնէն, Հայաստանի մասնակցութիւնը ՙՅանուն ժողովըրդավարութեան՚ համաժողովին մենք դրական կը գնահատենք եւ այն մտավախութիւնը, որ մեր մասնակցութիւնը կրնայ բարդութիւններ յառաջացնել մեր երկրին համար, տեղին չենք գտներ, որովհետեւ մենք պէտք է առաջնորդըւինք բացառապէս մե՛ր պետական շահերով, այլ ոչ թէ մտահոգուինք ուրիշ երկրի շահերը պաշտպանելով: Դժբախտաբար, երկար տարիներ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը գործած է Ռուսաստանին հաճոյանալու կամ զայն չնեղացնելու տրամաբանութեամբ, երբ յստակ պիտի ըլլար, որ որեւէ պետութիւն իր պետական շահը չի ստորադասեր այլ երկրի շահերուն: Նման մօտեցում միայն կը տանի դէպի աւելի մեկուսացում եւ աւելի կախեալ կը դառնանք ուրիշներէն, ինչ որ բացարձակապէս անընդունելի է: Անշուշտ, մեր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, որպէս ռազմավարական դաշնակից, պէտք է շարունակեն ըլլալ շատ գործնական եւ անկեղծ: Երկկողմանի ակնկալութիւնները եւս շատ յստակ սահմանուած պէտք է ըլլան, բայց միեւնոյն ժամանակ պէտք է արժանապատիւ կերպով մեր քաղաքականութիւնը վարենք, միշտ նպատակ ունենալով պահպանել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ պետութեան կենսական շահը:
Հ.- Վերջին շրջանին շատ կը հոլովուի Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ խօսակցութիւնը: Ինչքանո՞վ իրատեսական կամ իրականանալի կը գտնէք այդ մէկը:
Պ.- Նշանաւոր խօսքը, որ չկան յաւերժ թշնամիներ եւ յաւերժ բարեկամներ, այսօր եւս ի զօրու է: Աշխարհի մէջ կան երկիրներ, որոնք ոխերիմ թշնամիներ եղած են եւ իրար դէմ երկարամեայ պատերազմներ մղած են, պատճառելով ահռելի մարդկային ու նիւթական վնասներ, իսկ այսօր անոնք կը համագործակցին: Օրինակ Ամերիկա եւ Վիեթնամ, կամ Իսրայէլ եւ արաբական երկիրներ: Անշուշտ որպէս հայ, բնական է, որ պատմական եւ ներկայիս իրողութիւններէն բխած շատ բուռն եւ բացասական զգացումներ ունինք անոնց հանդէպ, սակայն Հայաստան, որպէս պետութիւն, չի կրնար զգացումը որպէս քաղաքականութիւն որդեգրել: Արաբը կրնայ հրեան համարել թշնամի, գործածելով այդ բառակապակցութիւնը, սակայն պետականօրէն հիմա արաբական շատ երկիրներ ջերմ յարաբերութիւններ ունին Իսրայէլի հետ, ինչպէս օրինակ Ծոցի երկիրները, որոնք միշտ եղած են պաղեստինեան պայքարին դրօշակակիրները եւ այդ պայքարը ֆինանսաւորողները: Սա մեզի համար ուսանելի պահ է: Այդ երկիրները այդ քայլը առին իրենց պետական շահերէն մեկնելով: Նոյնն ալ մեր պարագան պէտք է ըլլայ. եթէ մեր պետական շահերուն կը նպաստէ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, ուրեմն մենք այդ քայլին ընդառաջ պէտք է երթանք: Այսինքն ելակէտը պիտի ըլլայ ոչ թէ պատմական յիշողութիւնը եւ անոր վրայ հիմնուած զգացումները, այլ` պետական, գործնական մօտեցումը: Ո՞րն է երկրին համար կարեւորը. ունենա՞լ ապրանքափոխանակութեան եւ տարանցիկ փոխադրութեան համար բաց ճանապարհներ բոլոր հարեւաններուն հետ, թէ՞ յաւերժ մնալ շրջափակուած եւ պատերազմական լարուած վիճակի մէջ գտնուիլ երկու հարեւաններու հետ: Յարաբերութիւնները բնականոնացնել անշուշտ չի նշանակեր մոռնալ ու անտեսել պատմութիւնը, այլ կը նշանակէ մեր հարեւաններուն հետ կանխատեսելի յարաբերութիւններ ունենալ:
Հ.- Երբ կը խօսինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու եւ հաւանական պայմանագրի մասին, անմիջապէս կիրքերը կը բորբոքին եւ դաւաճանութեան պիտակներ կը փակցուին: Ըստ ձեզի, կա՞յ եզր մը, երբ այլեւս դաւաճանութիւն չի համարուիր այդ քայլը:
Պ.- Դժբախտաբար, պիտակաւորումը տարիներով շահարկուած երեւոյթ մըն է ու ոչ միայն մեր երկրին մէջ: Պիտակաւորումը միշտ կրցած է կանխել կամ զսպել որեւէ նոր մօտեցման ձգտում: Յստակ է, Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Ատրպէյճանի կողքին` Արցախեան պատերազմին ընթացքին թարմացուց այդ երկրին նկատմամբ մեր պատմականօրէն ձեւաւորուած ցասման եւ զայրոյթի զգացումները, սակայն ինչպէս վերը նշեցի, որպէս պետութիւն պարագան այլ է եւ կարեւոր է գտնել հետեւեալ հարցին պատասխանը` ո՞րն է Թուրքիոյ շահը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մէջ, եւ աւելի կարեւորըª որ՞ն է մեր շահը: Թուրքիոյ պարագային, ընդդիմացողներու առաջին պատասխանը կ’ըլլայ փանթուրանիզմը եւ այդպիսով հարցը կը փակուի: Սակայն, հարցը աւելի տնտեսական է քան քաղաքական: Գաղտնիք չէ, որ բոլոր երկիրները կը ձգտին հասնելու տնտեսական առաւելութեան եւ հզօրացման, որովհետեւ հզօր տնտեսութիւն կը նշանակէ հզօր երկիր, մանաւանդ Թուրքիոյ համար, որ կը յաւակնի տարածաշրջանի գերտէրութեան տիտղոսին: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը Թուրքիոյ համար լայն հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ցամաքային ճանապարհով ապրանքաշրջանառութեան մէջ մտնել ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Միջին Ասիոյ հետ: Քաղաքականապէս, այդ յարաբերութիւններու բնականոնացումը Թուրքիոյ համար, բացի Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի ճնշման տակէն դուրս գալու նպատակ հետապնդելէ, որեւէ այլ նշանակութիւն չունի: Իսկ Հայաստանի համար կը ստեղծուի հնարաւորութիւն աւելի կարճ ճանապարհով ունենալ ելք դէպի Սեւ ծով եւ ցամաքային ուղիղ կապով բացուիլ միջինարեւելեան երկիրներու շուկաներուն հետ: Այսինքն, տնտեսական առումով ունինք հայելային պատկեր Թուրքիոյ հետ: Ամենամեծ խնդիրը կը մնայ քաղաքականը եւ հոս է որ մենք պէտք է մէկդի դնենք մեր նախապաշարումները եւ պատրաստակամ ըլլանք ուղիղ եւ չմիջնորդաւորուած խօսելու Թուրքիոյ հետ: Պէտք է նշել նաեւ, որ նախկին անյաջող փորձերը բաւարար պատճառ չեն կրնար ըլլալ կանխորոշելու հաւանական անբարենպաստ ելքը: Վերջ ի վերջոյ, երբ յարաբերութիւն գոյութիւն չունի, ուրեմն նաեւ կորսնցնելու ոչինչ կայ: Հետեւաբար, նոյնիսկ համեստ տեղաշարժ դէպի բնականոնացում ողջունելի կ’ըլլայ:
Հ.- Սահմաններու բացումը Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման ծիրին մէ՞ջ կը գտնուի: Այս հոլովոյթը ծուղա՞կ է, թէ՞ հնարաւորութիւն:
Պ.- Ատրպէյճան, դժբախտաբար, յաղթողի վեհանձնութիւն չի ցուցաբերեր: Իր բոլոր քայլերը մէկ նպատակ կը հետապնդեն` պարտադրել Հայաստանին, որ իր ինքնինշխան տարածքէն միջանցք տրամադրէ: Նոյեմբեր 9-ին կնքուած պայմանագրին մէջ միջանցքի մասին խօսք չկայ, այլ` կը նախատեսուի բոլոր ճանապարհներու ապաշրջափակում: Սահմանազատման աշխատանքները ուզենք թէ չուզենք տեղի պիտի ունենան: Հոս է նաեւ մեր թերացումներէն մին. անցնող 25 տարիներուն մենք հաւատացած էինք, որ այս իրավիճակը յաւերժ պիտի մնայ եւ երբեք չմտածեցինք մեր սահմանները մեր կողմանէ ճշդել եւ այդ սահմանները պաշտպանելու աշխատանք տանիլ: Սահմանազատում չընել կը նշանակէ ընդմիշտ պատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուիլ Ատրպէյճանի հետ, մանաւանդ երբ հիմա շատ աւելի երկար սահմաններ ունեցանք անոր հետ: Յստակ է, որ երկու կողմերն ալ իրենց համար ամենանպաստաւոր քարտէզները պիտի ներկայացնեն եւ այդքան ալ հեզասահ պիտի չընթանայ այդ աշխատանքը, սակայն այս պարագային Ռուսաստանի դերակատարութիւնըª որպէս միջնորդ եւ իրաւարար, կարեւոր պիտի ըլլայ: Ըստ իս, Ատրպէյճանին համար այսօր շատ աւելի հրատապ է միջանցքի հարցը քան թէ սահմանազատումը, որովհետեւ միջանքը ռազմավարական եւ տնտեսական կարեւոր նշանակութիւն ունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար: Ե՛ւ ռազմագերիները ազատ չարձակելը, ե՛ւ անընդհատ սահմանային ոտնձգութիւնները մէկ նպատակ ունին` առաւելագոյն ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայª միջանցքը կորզելու համար, ինչ որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար չափէն աւելի մեծ վտանգ է:
Հ.- Նաեւ անդրադառնանք ՙՀայաստան՚ համահայկական հիմնադրամին հանդէպ տեղի ունեցող հակափրոփականտին:
Պ.- Մենք բազմիցս այդ մասին արտայայտուած ենք, որ մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի է հիմնադրամին քաղաքական շահարկումը: Հիմնադրամի ստեղծումէն ի վեր, Հայաստանի օրուայ իշխանութիւններուն հետ գործակցող կամ ընդդիմադիր դիրք ունենալէն անկախ, մենք գիտակցաբար երբեք թոյլ չենք տուած մեզի` քաղաքականացնել հիմնադրամը եւ շահարկել անոր անունը: Պատճառը շատ պարզ է, հիմնադրամը բացի համահայկական երեւոյթ ըլլալէ, նաեւ շաղկապող օղակ է ամբողջ աշխարհի հայութեան եւ իր մէջ խորհրդանշական գեղեցիկ արժէք մը ունի: Իսկ անոնք որոնք այսօր հիմնադրամին վստահելիութիւնը կասկածի տակ կը դնեն, անդառնալի վնաս կը պատճառեն անոր հեղինակութեան: Հիմնադրամը պետական կառոյց մը չէ, հիմնադրամը հարիւր տոկոսով կամաւոր սկզբունքներու վրայ հիմնըւած կառոյց է եւ երբ վստահութիւնը կը կորսուի, երբ կասկածը կը սկսի մարդոց մէջ արմատաւորուիլ, որքան ալ յետոյ փորձենք հակառակը ապացուցել, վերականգնելը գրեթէ անհնար կը դառնայ: Անընդունելի է նաեւ այս հարցին հրապարակային արծարծումը, երբ գոյութիւն ունի շատ պատկառելի եւ լայն համահայկական ներկայացուցչութեամբ յագեցած հոգաբարձուներու խորհուրդ, որուն պարտականութիւնն է վերահսկել հիմնադրամին աշխատանքները: Եթէ նոյնիսկ գոյութիւն ունէին հիմնաւորուած մտահոգութիւններ, ապա ճիշդ պիտի ըլլար այդ հարցերը քննարկել հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ եւ զերծ մնալ հրապարակային յայտարարութիւններէ, որոնք անտեղի շահարկման դուռ բացին:
Հ.- 135-տարուայ կեանք ունեցող ՍԴՀԿ-ը իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եղած է ջատագովը Հայրենիքի շուրջ համախմբման եւ կառուցողական քայլերով հետապընդած է Հայրենիքին գերագոյն շահերը: Չնայած համաշխարհային առումով տակաւին շարունակուող անբարենպաստ պայմաններուն, յառաջիկայ տարի ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ նշել կուսակցութեան յոբելենական տարեդարձը:
Պ.- Յիշենք, որ այս տարին յոբելենական տարի էր նաեւ Հայ Մարմնամարզական Միութեան համար: Եթէ կուսակցական եւ յարակից միութիւններու գետնի վրայ մեր աշխատանքները սահմանափակուեցան եւ չկրցանք լայնամասշտաբ գործունէութիւն տանիլ, բայց որոշ շրջաններու մէջ եւ ամենադժուար պայմաններու տակ հնարաւոր եղաւ նշել ՀՄՄ-ի հարիւրամեակը: Կը յուսանք, որ պիտի ունենանք հնարաւորութիւնը ըստ պատշաճի նշելու կուսակցութեան 135-ամեակը եւ մտադիր ենք Հայրենիքի մէջ կազմակերպել եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Անշուշտ, մեզի համար մեծ հպարտութիւն է ժառանգորդը ըլլալ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած 135-ամեայ կուսակցութեան, որ հիմնադրութեան առաջին օրէն որդեգրեց ՙԺողովուրդին մէջ, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար՚ նշանաբանը: Հնչակեան կուսակցութիւնը երբեք, եւ երբեմն նոյնիսկ ի վնաս իրեն, չէ առաջնորդուած նեղ ու հատուածական շահով, այլ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայրենիքին եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է իր դաւանած` սոցիալ դեմոկրատական գաղափարախօսութեան եւ սկզբունքներուն: Ինչպէս վերը նշեցի, մենք միշտ մեր հայեացքը սեւեռած ենք դէպի հայրենիք եւ որպէս քաղաքական կուսակցութիւն կը յուսանք, որ կու գայ այն օրը, երբ Հայրենիքի մէջ քաղաքական պայքարը հիմնուած կ’ըլլայ գաղափարական մօտեցումներու վրայ, ի խնդիր հայրենիքի բարօրութեան եւ վերելքին: Մեր կուսակցական երգերէն մին կ’ըսէ. ՙՈւժ տանք ընկերներ մեր հայրենիքին, մեր հանգրուանը հոն պիտի լինի՚: Բոլորիս ձգտումը այն է, որ հասնի այդ օրը, երբ հայրենիքը դառնայ հզօր, բարգաւաճ եւ համայն հայութեան վերջին հանգրուանը:
Հարցազրոյցը վարեց`
ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ