Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐ

August 25, 2022
in Գաղութային
0
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Չորեքշաբթի, 24 Օգոստոս 2022-ին, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութիւնը կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Լիբանանի հիւսիսային շրջանները: Երեք փոխադրակառքերով մօտաւորապէս 100 մասնակիցներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ճամբայ ելան դէպի Զղարթա: Տրամադրութիւնները բարձր էին մասնակիցներուն մօտ. ամառնային չնայած տաք, բայց պայծառ ու անամպ եղանակին, մարդիկ իրար մօտ գալով զուարճալի պահեր կ’անցընեն ու նոր էջեր կ’աւելցնեն իրենց յիշատակներու գիրքին մէջ:

Զղարթայի շրջանը բոլոր կողմերէն շրջապատուած է ձիթապտուղի եւ կիտրոնի այգիներով, նաեւ շրջապատուած է երկու գետերով: Մէկ խօսքով` հիանալի վայր: Շրջապտոյտին մասնակցիները ապա այցելեցին Ըհտընի շրջանը, վայելելով անոր գեղատեսիլ բնութիւնը:

Ապա փոխադրակառքերը կանգ առին Մըզիարայի Գթասրտութեան Մայր մատրան մօտ, որ երկնքի ու երկրի միջեւ դրախտային վայր մը ըլլայ կարծես: Բոլորին յայտնի է, որ հիւսիսային Լիբանանի Զղարթա շրջանին մէջ այցելուներուն կ’ողջունէ Գթասրտութեան Մայր մատուռը: Մուտքի կամարէն ներս այցելուները կը դիմաւորեն Քրիստոսի 12 առաքեալներու արձանները: Հրապարակը կը ներառէ նաեւ Քրիստոսի կերպարը եւ քանդակներ, որոնք կը մարմնաւորեն Աւետարանի տարբեր փուլերը` աւետում – փախուստ Եգիպտոս – Կանայի հարսանիք – ձիթենիի պուրակի տեսարան – խաչելութիւն – Յարութիւն:

Շրջապտոյտին մասնակիցները հաստատ որ վերամբարձ ապրումներ ունեցան ու իրենց աղօթներով վերացան այս իւրայատուկ սրբավայրին մէջ, որ ինչքան ալ նկարագրենք, բառերը ի վիճակի չեն արտայայտելու այդ սրբավայրին խորհրդաւորութիւնը:

Կէսօրուան ճաշը Պնըշիի լիճին մօտ ճաշարանի մը մէջ էր, ուր ներկաները ճաշակեցին լիբանանեան համեղ ուտեստներ, միեւնոյն ժամանակ իրար հետ զրուցելով, երգելով ու պարելով: Յաջորդ կանգառը Պաթրունի ծովափն էր: Ծովուն անզուգական հմայքը վայելելէ ետք մասնակիցները մուտք հանդիպեցան շրջանի Ս. Ստեփանոս (Մար Ըսթֆէն) եկեղեցի, աղօթով փակելու համար իրենց օրը:

Այնուհետեւ, օրուան աւարտին փոխադրակառքերը վերադարձան Պէյրութ. ընթացքին մթնոլորտը կը շարունակէր պահել ճոխութեան մակարդակը: Մասնակիցները իրար հետ կիսուեցան լաւ ու հաճելի օր մը անցուցած ըլլալու տպաւորութիւններով: Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութեան անդամներուն` այս շրջապտոյտը կազմակերպելու, զիրենք համախմբելու եւ յիշատակելի օրուան մը առիթը տալու համար:

Վարձքը կատար Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ժրաջան վարչականուհիներուն:

 

Share78Tweet49
Previous Post

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՎԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Next Post

ՄԷԿ ՍԻՐՏ, ՄԷԿ ՀՈԳԻ Հ.Մ.Մ.-Ի ՀԱՄԱՐ

Next Post
ՄԷԿ ՍԻՐՏ, ՄԷԿ ՀՈԳԻ Հ.Մ.Մ.-Ի ՀԱՄԱՐ

ՄԷԿ ՍԻՐՏ, ՄԷԿ ՀՈԳԻ Հ.Մ.Մ.-Ի ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.