Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՎԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

August 25, 2022
in Գաղութային
0

 

Վերջերս տեղի ունեցած միաբանական հաւաքի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ողջունելով միաբան հայրերը` անգամ մը եւս յիշեցուց, որ մեր Սուրբ Աթոռին Միաբանութիւնը մէկ ամբոջութիւն է, Մայրավանքին մէջ թէ թեմերէն ներս ծառայող միաբաններով: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ զանազան պաշտօններու կոչուած միաբան հայրեր կրնան փոխուիլ, սակայն ծառայութիւնը կը մնայ նոյնը, որուն ամբողջական նուիրումով կոչուած են բոլոր միաբան հայրերը` ըստ յարմարութեան ու իրենց ունեցած փորձառութեան: Ապա, Նորին Սրբութիւնը միաբան հայրերուն ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը երեւոյթներ ու կատարեց հայրական թելադրութիւններ, որպէսզի Միաբանութեան ծառայութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու արդիւնաւէտ: Իր հայրական խօսքի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը կատարեց հետեւեալ նոր նշանակումները.-

 

– Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) հոգեւոր հովիւ, կը վերադառնայ Մայրավանք եւ կը միանայ Տեղեկատուական բաժանմունքին: Զինք կը փոխարինէ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան:

– Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիկեան մաս կը կազմեն Դպրեվանքի Տեսչութեան:

– Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան մաս կը կազմէ Միջեկեղեցական ու Միջկրօնական Յարաբերութեանց բաժանմունքին` ստանձնելով Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական յարաբերութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատուութիւնը:

– Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան կը նշանակուի Զահլէի շրջանի (Լիբանան) հոգեւոր հովիւ:

– Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան կը նշանակուի ՙԿիլիկիա՚ մատենադարանի տեսուչի օգնական:

– Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան կը նշանակուի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի եւ Մայր Տաճարի լուսարարապետի օգնական:

 

Վերոյիշեալ նոր նշանակումներուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ կաթողիկոսարանի այլ բաժանմունքներու պատասխանատուները, բնականաբար, կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: Ան նաեւ յիշեցուց, որ քանի մը ամիս առաջ Հոգշ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան (Արեւելեան Թեմ), Հոգշ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (Արեւելեան Թեմ) եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան (Արեւմտեան Թեմ) մեկնած էին Միացեալ Նահանգներ թեմական ծառայութեան:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.