ՙ Հ.Մ.Մ. քեզ փառք ու պարծանք, պիտի յաւէտ բարձրանաս…՚: Հակառակ երկրին տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններուն, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետական կազմը ոչ մէկ ճիգ խնայեցին կազմակերպելու եւ իր յաջողութեան հասցնելու Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման 2022 թուականի տարեկան մեծ բանակումը, որ տեղի ունեցաւ Աշքութի շրջանին մէջ:
Բանակումին նախապատրաստական աշխատանքները սկիզբ առին Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան, երբ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմի Երէցները մեկնեցան դէպի բանակավայր պատրաստելու համար սկաուտական բանակումին խորհրդանիշը` կայմը, որ նուիրուած էր Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան` 135 եւ Հ.Մ.Մ.-ի` 100 ամեակներուն: Չորեքշաբթի,17 Օգոստոս 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Հ.Մ.Մ-.ի արիները իրենց բանակումի պայուսակներով ուղղուեցան իրենց կեդրոնատեղին` Հ.Մ.Մ. ակումբ, Խալիլ Պատաուի, ուրկէ ճամբայ ելան դէպի բանակավայր:
Շուրջ մէկուկէս ժամ ճամբայ կտրելէ ետք, անոնք վերջապէս հասան բանակավայր, ուր Հ.Մ.Մ. Պէրութի սկաուտական կազմի ընդհանուր խմբապետ ընկեր Տիգրան Միհրանեան սուլեց առաջին հաւաքը եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ սկաուտական քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ 2022-ի բանակումին: Որմէ ետք, սկաուտներու խմբապետ ընկեր Յակոբ Վասիլեան Հ.Մ.Մ.-ի արիներուն ընթերցեց օրենքներն ու կանոնները, որոնց պիտի հնազանդին բոլորը:
Հանգիստի եւ տեղաւորման ժամէն ետք դարձեալ սուլուեցաւ հաւաք, ուր Հ.Մ.Մ.-ի արիները ուղղուեցան դէպի դրօշակի արարողութեան: Այս տարուան բանակումը ունէր հարուստ յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր դաստիարակչական հանդիպումներ, մարզական եւ զարգացման խաղեր, սկաուտական գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ ազգային յեղափոխական եւ սկաուտական երգերու դասընթացքներ:
Ամէն օր զարթնումէն ետք տեղի կ՛ունենար դրօշակի արարողութիւն, վրանի մաքրութեան քննութիւն եւ խմբակային աշխատանքներ` ձեռային աշխատանքի, մաքրութիւն եւ այլն, ինչպէս նաեւ երեկոյեան` խարոյկ եւ պահակութիւն:
Հինգշաբթի երեկոյեան, 2022-ի կայմը արդէն իսկ աւարտած էր շնորհիւ երիցական խումբի տքնաջան աշխատանքին, եւ ժամը հասած էր արդէն բարձրացնելու այդ գեղեցիկ ու հսկայ կայմը: Երէցները եւ սկաուտները, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմի նախկին անդամներն ու Հ.Մ.Մ.-ական երիտասարդները միասնաբար մէկտեղուելով բարձրացուցին հսկայական կայմը, որ ուրախութեան եւ երջանկութեան պահ մըն էր բոլորին համար:
Իւրաքանչիւր օր տեղի ունեցան այցելութիւնններ, երբ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի պատկան մարմիններու, ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի Շրջանի մասնաճիւղերու անդամներ այցելեցին բանակավայր եւ մօտէն ծանօթացան բանակումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ծանօթացան սկաուտական բանակումի առօրեային, որմէ ետք քաջալերական խօսքեր ուղղեցին Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին:
Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս 2022-ին, Հ.Մ.Մ.-ի արիներուն միացան սկաուտական կազմի ամենափոքր խումբը` գայլիկներն ու արծուիկները, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մէջ կը գտնուէին, որովհետեւ անոնք Հ.Մ.Մ.ի բանակումին էին:
Ուրբաթ օր արդէն խարուկահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներն ու փորձերը սկսան. սկաուտական ամբողջ կազմը ուղղուեցաւ դէպի խարուկահանդէսին որոշուած վայրը եւ ամբողջ օրը կատարուեցան փորձեր` հսկողութեամբ խարուկահանդէսի յանձնախումբին, որ ամիսներ առաջ Սկաուտական խորհուրդը նշանակած էր: Սոյն խարուկահանդէսը դարձեալ նուիրուած էր Ս.Դ.Հ.Կ.-ի հիմնադրութեան 135 եւ Հ.Մ.Մ.-ի հիմնադրութեան 100 ամեակներուն:
Շաբաթ արդէն իսկ օրը հասած էր խարուկահանդէսի երկար եւ յոգնեցուցիչ նախապատրաստութիւնը ներկայացնելու Հ.Մ.Մ.-ի համակիրներուն եւ ընտանիքներուն: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն բանակողները աշխոյժ աշխատանքի մէջ էին, անոնք կ՛աշխատէին բանակավայրը տեղաւորելով, մաքրելով եւ խարուկահանդէսին դաշտը պատրաստելով: Այնուհետեւ արդէն դարձեալ վերջին փորձի ժամն էր. շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի արիներ աւելի ինքնավստահ էին խարուկահանդէսին:
Երեկոյեան ժամը 7-ին սկաուտական կազմը եւ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը սկսան պատրասուելու խարուկահանդէսին: Ժողովուրդը արդէն իսկ սկսած էր հաւաքուիլ որոշուած վայրը, ուր տեղի պիտի ունենար խարուկահանդէսը: Սոյն խարուկահանդէսին նաեւ ներկայ եղան Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամը, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի անդամները, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները:
Խարուկահանդէսին բացումը կատարեց Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը, անոնք տողանցելով եկան մինչեւ խարուկահանդէսին վայրը, ուր նուագեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի քայլերգները, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման անդամ ընկերուհի Կասիա Նորշահեանը: Ան շնորհաւորեց բոլորը նուիրական զոյգ կազմակերպութիւններու տօներուն առիթով, ապա ըսաւ, թէ այս բանակումը հրապարակային ուխտ մըն է հաւատարիմ մնալու մեր նախնիներու գծած ուղիին` արժանավայել ձեւով Հ.Մ.Մ.-ականի կոչումը պահել եւ բարձր պահել անոր կարմիր ճերմակ դրօշը: Ընկերուհին իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, վարչականներուն, բանակումի մասնակիցներուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման տեսլականին եւ կը վստահին Հ.Մ.Մ.-ին:
Պահը հասած է դրօշակի արարողութեան եւ սկաուտներու խմբապետ ընկեր Յակոբ Վասիլեան սուլեց սկաուտական հաւաքը, ուր Հ.Մ.Մ.-ի արիներ իրենց խմբակներով շարուեցան կայմին առաջ, որպէսզի կատարեն դրօշակի արարողութիւնը: Ընկեր Յակոբ Վասիլեան իր կարգին սկաուտական կազմը յանձնեց Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական կազմի Ընդհանուր խմբապետին: Դրօշակի արարողութենէն ետք, կատարուեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի երդման արարողութիւնը, շուրջ 20 արիներ երդուեցան իրենց պատուոյն վրայ հնազանդելու Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական դաւանանքին, որմէ ետք ընթերցուեցաւ նախորդ տարուան սկաուտական կազմին մէջ բարձր պաշտօններու արժանացած ընկերներ-ընկերուհիներուն անունները:
Պաշտօններու փոխանցումէն ետք յայտարուեցաւ 2022 թուականի լաւագոյն արենուշներու խմբակ, լաւագոյն սկաուտներու խմբակ, ինչպէս նաեւ լաւագոյն սկաուտ, լաւագոյն արենուշ եւ լաւագոյն գայլիկ, լաւագոյն արծուիկ եւ լաւագոյն երէց: Որմէ ետք Ընդհանուր խմբապետ ընկեր Տիգրան Միհրանեան ցրուեց կազմը, սկսելով խարուկահանդէսի յայտագիրը:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր գայլիկներու եւ արենուշներու պար, սկաուտական բուրգեր, երգ եւ վերջապէս յատուկ այս խարուկահանդէսին համար պատրաստուած կրակի խաղեր: Աւարտին, յեղափոխական երգերով Հ.Մ.Մ.-ի արիները Լիբանանի, Հայաստանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի դրօշներով համախմբուեցան կայմին առջեւ, երգելով ազգային եւ կուսակցական երգեր: Խարուկահանդէսը փակուեցաւ սկաուտական հրաժեշտի ՙՑտեսութեան Երգ՚ով, որմէ ետք սկաուտներ եւ երէցներ անցան գործի` մինչեւ ուշ գիշեր կայմը քակելով:
Կիրակի առաւօտեան, Հ.Մ.Մ.-ի արիները պարպեցին բանակավայրը եւ մեկնեցան բանակավայրէն դէպի Հ.Մ.Մ. Պէյրութի ակումբ:
Այս առիթով, յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինին, Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան եւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան, Ս.Դ.Հ.Կ. ՙԺիրայր Մուրատ՚ եւ ՙԱղասի՚ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն եւ ծնողներուն, որոնք իրենց անսահման զօրակցութիւնը ցուցաբերեցին թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական առումով, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման վերելքին եւ յարատեւութեան:
Վարձքը կատար բոլորին: