ԱՈՒՆ-ԹՐԱՄՓ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Խիստ հազուագիւտ եւ պատմական իրադարձութեամբ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Սպիտակ տան մէջ նախանցեալ օր տեսակցեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տոնըլտ Թրամփի հետ: Անոնք քննարկեցին երկկողմանի կապերը, Լիբանանին աջակցելու միջոցները, Իսրայէլի հետ հակամարտութիւնը եւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու ուղեգիծը: Թրամփ տեղեկացուց, որ իսրայէլացիները սկսած են քաշուիլ լիբանանեան հողերէն: Ան յայտնեց, որ վարչակազմին յանձնարարած է արտօնել, որ ամերիկեան օդանաւային ընկերութիւնները սկսին ուղիղ թռիչքներ կատարել դէպի Պէյրութ: «Մենք պատրաստ ենք շատ օգնելու Լիբանանին եւ գուցէ նոյնիսկ խօսինք Հըզպալլային հետ, եթէ Աուն պահանջէ այդ», ըսաւ Թրամփ: Նախագահ Աուն նշեց, որ Թրամփ եւ ինք կը բաժնեն նոյն տեսլականը, աւելցնելով որ բանակցութիւններուն վերջնական նպատակն է վերջ տալ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ թշնամութեան:

Աուն այցելեց նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն, ուրկէ յայտնեց, որ կարելի է իրագործել Հըզպալլայի ապազինումը, եթէ միջազգային կողմերը գործադրեն իրենց խոստումները՝ ապահովեն իսրայէլեան ուժերու նահանջը, զօրակցին լիբանանեան բանակին եւ աջակցին քանդուած շրջանները վերակառուցելու ջանքերուն: Թրամփի հետ Աունի տեսակցութենէն ժամեր անց, Իտալիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հռոմ 4 Օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցային հերթական նիստը: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց, որ Հըզպալլա վտանգ կը սպառնայ Սուրիոյ կառավարութեան, անոր թշնամին է եւ կը փորձէ խափանել անոր աշխատանքները:
ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Թրամփի հետ Աունի տեսակցութեան արդիւնքը պէտք է ըլլայ Լիբանանի մէջ զինադադարի գործադրութիւնն ու իսրայէլեան նահանջը, ցաւ յայտնելով, որ այդ տակաւին չէ կատարուած: Իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Թրամփին՝ Պէյրութի հետ օդային ուղղակի թռիչքներ իրականացնելու կանաչ լոյս տալուն համար, շեշտելով որ կառավարութիւնը պատրաստ է այդ ծրագրի գործադրութեան:

Սալամ պաշտպանութեան նախարարին ու բանակին հետ այցելեց Արեւմտեան Զաութար, բարձրացուց լիբանանեան դրօշը եւ յայտնեց, որ կառավարութիւնն ու բանակը իսրայէլեան նահանջին զուգահեռ պիտի սկսին ծառայութիւններ մատուցել քաղաքացիներուն:
ԲԱՆԱԿԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԶԱՈՒԹԱՐԻ ՄԷՋ
Հարաւի մէջ գործադրութեան դրուեցաւ բռնագրաւեալ որոշ շրջաններէ իսրայէլեան նահանջի ծրագիրը: Իսրայէլեան ուժերը առաջինը դուրս եկան Արեւմտեան Զաութար գիւղէն, ուր տեղակայուեցան լիբանանեան բանակի զինուորները եւ սկսան անմիջապէս մաքրագործել պատերազմական գործողութիւններու ականատես դարձած թաղամասերը՝ վերաբանալ ճամբաները, վերացնել չպայթած ռումբերը եւ ականները:

Բանակը ահազանգեց, թէ մերձակայ գիւղերուն մէջ դիրքաւորուած իսրայէլեան ուժերը կրակ բացած են լիբանանցի զինուորներու տեղակայումի վայրերուն մօտ, վտանգելով անոնց կեանքը: Բանակը շեշտեց, թէ որեւէ տարակարծութիւն լուծելու համար անհրաժեշտ է կրակ բանալու փոխարէն դիմել միջազգային համակարգող յանձնախումբին: Նոյն շրջանին մէջ, Կարմիր խաչի ինքնաշարժներէն մէկը պայթեցաւ ականի վրայ, որուն հետեւանքով վիրաւորուեցան չորս փրկարարներ:

Այսուհանդերձ, հարաւի մէջ տակաւին չեն դադրած իսրայէլեան ռազմական գործողութիւնները: Իսրայէլեան ուժերը երէկ պայթումներ կատարեցին Նապաթիէ գաւառի շարք մը շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ յառաջացան Շաքրա գիւղին ուղղութեամբ, ուր իսրայէլեան դրօշը բարձրացուցին Տուպիէ բերդին վրայ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 Մարտին սկսած իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն հետեւանքով մինչեւ 22 Յուլիս մահացած է 4328 մարդ, վիրաւորուած՝ 12.232 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՑԱՒԱԼԻ ՎԻՃԱԿԸ
Լիբանանի մէջ համացանցի կապին դանդաղութիւնը արտասովոր երեւոյթ մը չէ իւրաքանչիւր բնակիչի համար: Համացանցի դանդաղութեան աստիճանը խորքին մէջ երեւակայական երեւոյթ մը չէ, այլ յաճախ կը հաստատուի համապատասխան կառոյցներու ուսումնասիրութիւններով: Նորագոյնը՝ համացանցային կապի արագութիւնը արժեւորող speedtest.net կայքն էր, որ հրապարակեց համացանցի Յունիս 2026-ի արագութիւնը՝ թէ՛ հաստատուն լայնաշերտ (Fixed Broadband), թէ՛ շարժական (mobile) կապի պարագային: Ի յայտ եկաւ, որ անցեալ ամիս համացանցի ամէնէն արագ շարժական կապը վայելած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն բնակիչները (672.87 Mbps), մինչ յաջորդ երեք դիրքերը գրաւողները եւս Ծոցի արաբական երկիրներ են. Քաթարը՝ 561.28 Mbps, Քուէյթը՝ 379.28, եւ Պահրէյնը՝267,68 Mbps: Լաւագոյն տասնեակին մնացեալ երկիրներն են Պրազիլը, Պրունայը, Հարաւային Քորէան, Սէուտական Արաբիան, Պուլկարիան եւ Միացեալ Նահանգները՝ 10-րդ: Վատագոյն հնգեակին մէջ են Պոլիվիան, Աֆղանիստանը, Լիպիան, Նիքարակուան եւ Պոսնիան: Ոչ զարմանալիօրէն, Լիբանան ցանկագրուած 98 երկիրներուն մէջ 87-րդ է, թէեւ Մայիսի աղիւսակին համեմատ յառաջացած է 7 դիրքով, հասնելով 38.23 Mbps միջին արագութեան, մինչ համաշխարհային միջինը 112.07 է: Շրջակայ երկիրներէն Կիպրոս 45-րդ է, Իսրայէլ՝ 65, իսկ Սուրիա եւ Պաղեստին ընդհանրապէս ներառուած չեն ուսումնասիրութեան մէջ:
Ինչ կը վերաբերի համացանցի հաստատուն լայնաշերտ կապին, որ կը գործածուի մանաւանդ տուներուն եւ աշխատավայրերուն մէջ, ապա Լիբանանի վիճակը նոյնիսկ աւելի ցաւալի է եւ մայրիներու երկիրը մաս կը կազմէ 149 երկիր ներառող աղիւսակի վատագոյն տասնեակին: Լիբանան Յունիսին 141-րդ էր, Մայիսէն ետք նահանջելով երկու դիրք: Բաղդատած համաշխարհային 125.59 Mbps-ին հետ, լիբանանեան համացանցին միջին արագութիւնը ընդամէնը 21.49 Mbps էր:
ՆԱՒՈՒ ԴԻՄԱՑ ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑ
Իրանի դէմ պատերազմը Միացեալ Նահանգներուն համար ցարդ արժած է 37,5 միլիառ տոլար: Այդ մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարը, թէեւ մասնագէտները վստահ են, որ վերջնական թիւը շատ աւելի բարձր պիտի ըլլայ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ երէկ զգուշացուց, թէ Հորմուզէն անցնելու ատեն Իրանէն հրաձգութեան ենթարկուող իւրաքանչիւր նաւու դիմաց Իրանի մէջ պիտի թիրախաւորուի կամուրջ մը կամ ելեկտրակայան մը:

Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց Յորդանանի եւ Պահրէյնի մէջ ամերիկեան դիրքերը հարուածելու մասին եւ զգուշացուց, որ եթէ այս հարուածները բաւարար չեն, ապա իրենք պատրաստ են այնպիսի գործողութեան, որուն լոյսին տակ սուգ պիտի յայտարարուի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Ուքրաքիոյ զինուած ուժերը կը շարունակեն ծանրօրէն հարուածել ռուսական տնսեսական շարք մը կարեւոր թիրախներ: Անօդաչու սարքերով կատարուած յարձակումներու ալիքները անցնող օրերուն մեծ վնաս պատճառեցին առցանց առեւտուրի մեծագոյն ընկերութեան՝ Wildberries-ի պահեստանոցներուն, ապա սկսան կեդրոնանալ մսամթերքի եւ երկրագործական արտադրութեամբ զբաղող համալիրներուն վրայ: Հարուածներուն հետեւանքով բռնկած են հրդեհներ եւ ինկած են վիրաւորներ:

Թէեւ ուքրանական յարձակումներէն մարդ չէ մահացած, անոնց պատճառած նիւթական վնասը հասած է աննախադէպ մակարդակի: Wildberries-ի պահեստներուն մէջ բռնկած հրդեհներուն վնասը գերազանցած է ռուսական 53 տարածաշրջաններու տարեկան պիւտճէները:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՆՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ ընդդիմութեան առաջնորդ Օզկիւր Օզել յայտնեց, թէ որոշած է հեռանալ ընդդիմադիր գլխաւոր՝ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն եւ հիմնել քաղաքական նոր ուժ մը: Այդ որոշումին յանգած է նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը քննադատողներուն նկատմամբ շարունակուող դատական հետապնդումներուն լոյսին տակ: Ըստ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան, չէ բացառուած, որ դար մը առաջ Աթաթուրքի հիմնադրած Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան անդամներուն ու երեսփոխաններուն մէկ մասը հետեւի Օզելին՝ դէպի նոր կուսակցութիւն: Ան Մայիսին զրկուած էր կուսակցապետի պաշտօնէն, որովհետեւ դատարանը չեղարկած էր ներկուսակցական ընտրութեան արդիւնքը: Օզել հաւաստիացուց, որ նոր կուսակցութիւն հիմնելով պիտի չհրաժարի Էրտողանի նկատմամբ քաղաքական ճնշում բանեցնելէ, այլ պիտի շարունակէ ընդդիմադիր պայքարը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ԿԱԶՄԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է
Հայաստանի մէջ 7 Յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են ազատ, արդար եւ թափանցիկ մթնոլորտի մէջ: Այդ մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին վտահեցուց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան: Ան նշեց, որ թերութիւնները անհամեմատ քիչ եղած են եւ «այս լաւագոյն ընտրութիւնն էր բոլոր տեսանկիւններէն»: Յովակիմեան երէկ հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարումի Ազգային ժողովի երեսփոխաններուն ամբողջական կազմը, որուն մաս կը կազմեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան 64 երեսփոխաններ, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքէն 29 եւ «Հայաստան» դաշինքէն 12 երեսփոխաններ:

Դատական հետապնդումներու ծիրին մէջ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան ձեռնաշղթաներով վերստին փոխադրուեցաւ Քննչական կոմիտէ, ուր աւելի քան 10 ժամ շարունակ հարցաքննուեցաւ եւ առերեսուեցաւ իր թղթածրարին հետ առնչուած իրանցիի մը հետ: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը բաւարարած է «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ՝ ՀՀ Գլխաւոր դատախազութեան միջնորդութիւնը:
ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏԱՑԻ ԱՒԱՐՏԱԾ Է
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանէն մատակարարուող վառելանիւթի զգալի դեր կ’ունենայ Հայաստանի ուժանիւթային անվտանգութեան պահպանումի գործին մէջ: Գերմանիոյ վաչապետին հետ իր տեսակցութեան ընթացքին, խօսելով հայ-ատրպէյճանական համաձայնագրի նախաստորագրումին մասին, Ալիեւ նշեց, որ փաստացի վերջ գտած է 30 տարի տեւած հակամարտութիւնը եւ Պաքու անցած է գործնական քայլերու: «Մինչեւ օրս, աւելի քան 40 հազար թոն բեռ Ատրպէյճանի տարածքով փոխադրուած է Հայաստան», ըսաւ նախագահը:

Ալիեւի Պերլին կատարած այցելութեան ընթացքին բողոքի շարժումներ կազմակերպեցին ընդդիմադիր ատրպէյճանցիներ, որոնք իրենց երկրին նախագահը դիմաւորեցին «բռնապետ» վանկարկումներով: Նշենք, որ Գերմանիոյ հետ ռազմավարական երկխօսութիւն սկսելու Պաքուի մտադրութիւնը յառաջացուցած է Մոսկուայի դժգոհութիւնը: Ռուսիոյ պետական տումայի երեսփոխաններէն Ալեքսանտըր Թոլմաչով ցաւ յայցնեց, որ «Ատրպէյճան եւս որոշած է երթալ Հայաստանի ուղիով, սակայն Ռուսիայէն հեռանալով Եւրոպային մօտենալու քաղաքականութիւնը տակաւին ոչ մէկ կողմի յաջողութիւն բերած է»:
ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի մէջ Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն յայտարարեց, թէ 2026-ի երկրորդ եռամսեակի ընթացքին գրանցուած է լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու իրաւունքներու 48 խախտում՝ ներառեալ ֆիզիքական բռնութիւն, տեղեկութիւններ ստանալու եւ տարածելու իրաւունքի խախտում եւ այլ տարատեսակ այլ ճնշումներ:

