Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Դահիճներու Եւ Դահլիճներու Միջեւ (Լօզանի Դաշնագիրի Ստորագրման Առթիւ)

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

July 23, 2026
in Յօդուածներ
0
Դահիճներու Եւ Դահլիճներու Միջեւ (Լօզանի Դաշնագիրի Ստորագրման Առթիւ)

Եթէ փորձենք լակոնական ոճով բնութագրել Հայկական հարցը եւ մեր ժողովուրդին բաժին հասած դառնութիւնները, կարելի է ըսել՝ դահիճներու եւ դահլիճներու միջեւ տառապած հարց:

Դեռեւս 1878 թուականէն՝ Սան Ստեֆանոյի եւ ապա Պերլինի դաշնագիրներէն ետք, հայութեան ճակատագիրը տարուբերեցաւ օսմանցի դահիճներու սայրասուր եաթաղանին եւ միջազգային դիւանագիտութեան սառնաշունչ դահլիճներու միջեւ, ուր բազմած էին անյագ գայլերու եւ խորամանկ աղուէսներու վոհմակներ՝ իրարու կոկորդ բզքտող: Փոքր եւ անկար ժողովուրդներու բախտի անիւը, ըստ օրինաչափութեան, անքակտելիօրէն կաշկանդուած եւ կապուած կ’ըլլայ մեծ տէրութեանց շահերուն, քմահաճութեան եւ հաշիւներուն հետ: Մերինն ալ եղաւ այդպիսին… եւ… դառնօրէն ողբալի…:

Այս տխուր եւ լեղի մտորումները կ’ունենանք յա՛տկապէս 24 Յուլիսին, երբ պատմութեան յուշատետրը կը յիշեցնէ, որ Լօզանի տխրահռչակ դաշնագիրին ստորագրման օրն է այսօր: Մէկ խօսքով՝ դիւանագիտութեան դահլիճներուն մէջ կազմակերպուած Հայկական հարցին յուղարկաւորութեան օրը. այսինքն՝ դահիճներու «յաղթանակ»ը դահլիճներու երկայնքին:

Ինչպիսի՜ մարտիրոսագրութիւն մը եղաւ հայութեան կեանքը իր հայրենի հողին վրայ՝ թող վկայեն գեհենատես մեր նախահայրերը. թող վկայեն վերապրողներու քստմնելի պատմութիւնները եւ սահմռկեցուցիչ յուշերն անոնց: Միւս կողմէ, ինչպիսի՜ խաբեպատիր դիւանագէտներ, «մարդասէր» ճարտասաններ եւ «բարեկամ»ի պատմուճանով նենգ քաղաքագէտներ հայոց տառապանքը դարձուցին սակարկութեան նիւթ՝ դահիճներուն հետ, դահլիճներու ետին: Բազում են մայրաքաղաքները անոնց՝ Լոնտոն ու Փարիզ, Պերլին ու Մոսկուա, Պոլիս ու Թիֆլիս: Եւ վերջինը՝ Լօզան… ուր թաղեցին Սեւրի դաշնագիրը եւ մեծապատուեցին դահիճները հայոց:

Հրապարակի վրայ կարելի է գտնել Լօզանի դաշնագիրի քուլիսներու ետին բանակցած հայ գործիչներու յուշերն ու արձանագրութիւնները՝ օրը օրին: Աւետիս Ահարոնեանի, Լեւոն Բաշալեանի, Հրաչեայ Տէր Ներսէսեանի գրառումները հարազատօրէն ի ցոյց կը հանեն այն խարդաւանքները, որոնք կը հիւսուէին հայութեան դէմ, որ դեռ յոյսերով լի կը սպասէր ինչ-որ լոյսի նշոյլներ Լօզանի ափերէն: Միայն ու միայն արցունքով ու զայրոյթով կարելի է կարդալ այդ էջերը, եթէ տէրն էք ծով համբերութեան, ի հարկէ:

Դիւանագիտական զրոյցներու ընթացքին, խօսք անգամ չկար անկախ Հայաստանի մասին: Հայ պատուիրակները մղուած էին երկրորդական դերակատարութիւն ունենալու՝ աղերսարկուի կարգավիճակով: Մեծերը լսել անգամ չէին ուզեր հայկական ինչ-որ իրաւունքներու մասին: Զրոյցներու մէջ՝ Հայկական Օճախի գաղափարը կամ հայկական Home մը ստեղծելու մտմտուքները, թրքական կողմը կը մերժէր կատաղի պնդաճակատութեամբ: Այս կտրուկ հրահանգը կու գար Անքարայի նոր յաղթական ղեկավարէն՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքէն, որ Լօզանի թրքական պատուիրակութեան կը պատգամէր՝ «Էրմենի մեսելեսի եոք» (Հայկական հարց չկայ): Ե՛ւ արեւելքէն եւ թէ՛ արեւմուտքէն, այդ օրերուն, լծուած էին սիրաշահելու Թուրքիոյ նոր փայլող աստղը՝ Աթաթուրքը, որ իր հերթին ճարպկօրէն եւ հմտօրէն կ’օգտագործէր իր երկրին շահերուն համար յարմարագոյն այդ պահը: Խաղը մեծ վարպետութեամբ կը խաղար Թուրքիոյ նոր հայրը:

Դահլիճներու մեծ ասպետներուն տուած պատասխանները հայ ներկայացուցիչներուն ինչքա՜ն պղտոր ու տարտամ բառ-կապակցութիւններ էին՝ միջազգային դիւանագիտութեան շա՜տ ծանօթ: Իսկ խրախուսիչ հատուկենտ արտայայտութիւնները՝ բարեմաղթանքներ ըլլալու սահմանուած՝ երազախաբութեամբ աւարտող: Դէպի Լօզան լիայոյս գացին մեր պատուիրակները. բեկբեկուած ժողովուրդի մը դարման մը եւ մխիթարութիւն մը որոնելու համար ջանք չխնայեցին յամառօրէն. տասնեակ տարիներ չարչրկուած հարցի մը դրական լուծման հետամուտ էին վստահապէս. համոզուած՝ որ «յոյսը վերջինն է որ կը մեռնի», դռնէ դուռ ինկան ազգի մը սրտի տրոփները իրենց կուրծքին: Բայց… դահիճներու եւ դահլիճներու ծանօթ «թատրոն»ը վճռած էր ամէն ինչ: Անոնք Լօզանէն վերադարձան ձեռնունայն… սեւ տապանաքար մը դրուած հայոց ցաւին ու տառապանքին, փայփայած երազին ու յոյսին…:

Ուշագրաւ մատնանշում մը կատարած է անուանի բոլշեւիկ գործիչ եւ հրապարակագիր Սարգիս Խանոյեան դեռեւս 13 Յուլիս 1913 թուականին, երբ Հայկական հարցը դարձեալ կ’արծարծուէր բուռն թափով Կովկասի եւ Եւրոպայի մէջ, խօսքը քաղաքական գործերով խանդավառներուն ուղղելով եւ «Կովկասի Լրաբեր» թերթին մէջ գրելով. «Եթէ Ռուսաստանին, կամ հանուր Եւրոպային պէտք կը գայ մի օր ազատ հայկական իշխանութիւն կամ թագաւորութիւն, նա, անհոգ կացէք, առանց ձեր եւ մեր ծանր ու բարակ խորհուրդների էլ, իր ցանկութիւնների իրագործման ե՛ւ ձեւը գիտի, ե՛ւ հարկ եղած միջոցներն ունի»:

Յիրաւի, դահլիճներու հանրածանօթ վարպետները՝ միացած տխրածանօթ դահիճներուն, տնօրինեցին այնպէս՝ ինչպէս որ ցանկացան: Թաղեցին մեր ծով արեան պայքարի պատմութեան էջը:

Լօզանէն ետք, սեւաթոյր պարութայով փակուած էր Հայկական հարցը մինչեւ 1973 թուական, երբ զինեալ պայքարի առաջին կրակոցները լսուեցան Գալիֆորնիայէն՝ Գուրգէն Եանիկեանի արձակած փամփուշտներով:

Յ.Գ. Այսօրուան պրիսմակով նայելով այս հարցին, ակամայից պիտի մտորել.- լաւ, եթէ Լօզանի մէջ հայ ներկայացուցիչները ոգի ի բռին կը պայքարէին հայրենի օճախ մը ունենալու համար, աջ ու ահեակ կը վազվզէին բռնախլեալ հայրենիքէն գէթ բեկոր մը ապահովելու համար, իսկ ինչո՞ւ այսօր, երբ ունինք այդ բեկորը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, լայն թափով, շարան-շարան կը վազվզեն անկէ դէպի օտար ափեր: Մի գուցէ դահլիճներու դիւանագէտները կը գուշակէին, որ հայրենիքի տէր դառնալէ ետք, մերազն որդիները պիտի նախընտրէին Գալիֆորնիոյ ծովափը, Փարիզի կապուտակ երկինքը, Ռուսաստանի տափաստանները, Փաֆոսի զուլալ լողաւազանը, Վանքուվըրի ձիւնամրրիկը կամ Նիւ Զելանտայի զովասուն  երեկոները… եւ այս շարքը վերջ չունի, ցաւօք:

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 23 Յուլիս 2026

Next Post

Երբ Զոհաբերութիւնը Կը Դառնայ Կանոն. Սփիւռքահայ Արուեստագէտի Տագնապը

Next Post
Երբ Զոհաբերութիւնը Կը Դառնայ Կանոն. Սփիւռքահայ Արուեստագէտի Տագնապը

Երբ Զոհաբերութիւնը Կը Դառնայ Կանոն. Սփիւռքահայ Արուեստագէտի Տագնապը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.