Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Կին Եւ Թագ

Անի Թորանեան (Երեւան)

July 21, 2026
in Յօդուածներ
0
Կին Եւ Թագ

«Կեանքի ամենամեծ յաջողութիւնը ոչ թէ բնաւ չիյնալու,

այլ ամէն իյնալէ ետք ոտքի կանգնելու մէջ է»։

 

Երատօ՝ Արտաշէսեան Հարստութեան Վերջին Մոհիկանը

Այսօր պիտի փորձենք անդրադառնալ հայոց պատմութեան բախտորոշ էջերէն մէկուն, ուր պիտի ծանօթանանք մարող արքայատոհմի մը՝ Արտաշէսեաններու վերջին ժառանգորդ թագուհի Երատոյին։

Շուրջ երկու դար Արտաշէսեանները կերտեցին անկախ եւ հզօր Հայաստան մը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ  Տիգրան Մեծի օրօք, մինչդեռ Երատոյով այդ փառահեղ գիծը ընդհատեցաւ վերջնականապէս։

Երատօ թագուհի Մեծն Տիգրանի թոռնուհին էր, Արտաշէսեաններու վերջին շառաւիղը։  Անոր հեռացումով (12 թ.) խզուեցաւ հայոց պատմութեան հզօրագոյն արքայատոհմի անմիջական ժառանգական գիծը։  Մեր պատմութեան մէջ ան եղաւ միակը, որ երեք անգամ բարձրացաւ հայկական գահին, եւ ամէն անգամ՝ շնորհիւ հայ իշխաններու աջակցութեան, որոնք Արտաշէսեան արեան մէջ կը տեսնէին երկրի օրինական իշխանութեան խորհրդանիշը։

Հայկական դրամագիտութեան մէջ բացառիկ տեղ կը գրաւեն Տիգրան Դ.-ի եւ Երատոյի համատեղ հատած դրամները։ Քոյր-եղբայր ամուսիններ զոյգը ոչ միայն միացեալ գահակալութեան խորհրդանիշ, այլեւ ձեւով մը ազգային գաղափարախօսութիւնը կ’արտայայտէին։ Իրենց շրջանին էր, որ առաջին անգամ պետական դրամին վրայ պատկերուեցաւ Արարատը՝ իր Սիս եւ Մասիս գագաթներով։

Այդ շրջանին, երբ Հռոմ  եւ Պարթեւստան կը պայքարէին Հայաստանի մէջ իրենց գերիշխանութիւնը հաստատելու համար, Արարատի պատկերումը դրամի վրայ հնչեց որպէս լուռ, բայց յստակ հռչակագիր։

Երատոյի մահէն տասնամեակներ ետք անոր ժառանգները շարունակեցին պայքարիլ հայկական գահին համար։ Վրաստանի արքայազն Հրադամիզդ (Երատոյի դստեր որդին) փորձեց ուժով վերատիրանալ մեծ մօր գահին, բայց այդ փորձը, ցաւօք, վերածուեցաւ արիւնոտ ողբերգութեան։

Խօսքը կը վերաբերի հին աշխարհի ամէնէն ցնցող սիրոյ, փառասիրութեան եւ դաւաճանութեան պատմութեան, որ  հանճարեղօրէն վաւերագրած է հռոմէացի պատմիչ Տացիտոս («Տարեգրութիւններ» (Annales))։

51 թուականին արքայազն Հրադամիզդ դաւադրութեամբ զաւթեց հայոց գահը, բայց հայ աւագանին չհանդուրժեց այդ բռնապետը եւ օգնութեան կանչեց պարթեւները։

Երբ պարթեւներու Վաղարշ Ա. թագաւորն ու  անոր եղբայրը՝ Տրդատ, (ապագայ Տրդատ Ա. Արշակունի) մեծաթիւ բանակով մտան Հայաստան, Հրադամիզդի վարձկան զօրքը փախուստի դիմեց, իսկ հայերու մեծաթիւ խումբ մը պաշարեց Արտաշատի պալատը։  Հրադամիզդ եւ յղի կինը՝ Զենոպիա, ստիպուած եղան կէսգիշերին, հեծելագունդի մը ուղեկցութեամբ, հապշտապ փախչիլ դէպի Վրաստանի (Իպերիա) սահմանը։

Զենոպիա թագուհիին յղութեան վերջին շրջանն էր։ Երկար եւ արագ ձիավարութիւնը սպառեց անոր ուժերը եւ ան ձիուն վրայէն սահեցաւ վար։ Գիտակցելով իր անյուսալի դրութիւնը եւ չուզելով գերի իյնալ ու ենթարկուիլ նուաստացումի, ան ամուսինին աղերսեց՝  «Ազատէ ամօթալի գերութենէն, քու ձեռքովդ սպաննէ զիս»։

Հրադամիզդ ամբողջ էութեամբ կը դողար կեանքը  կորսնցնելու վախէն, եւ  չէր ուզեր գեղեցիկ կինը բաժին դարձնել օտարին։ Ան դաշիւնով ուժգին հարուածեց Զենոպիայի կուրծքին, ապա մարմինը քաշքշելով հասցուց  Արաքս գետի ափը եւ  յանձնեց հոսող ջուրերուն։

Սակայն ճակատագիրը որոշած էր Արաքսը գերեզման չդարձնել թագուհիին համար։ Գետի հոսանքը անոր մարմինը տարաւ դէպի ծառերով ու եղէգներով հարուստ հանդարտ ափ մը, ուր հայ հովիւներ իրենց ոչխարները կ’արածէին։ Տեսնելով ջուրի մակերեւոյթին լողացող շքեղ հանդերձներով կինը, անոնք անմիջապէս  դուրս հանեցին զայն։  Զենոպիա կը շնչէր դեռ. ուստի բարեխիղճ հովիւները մաքրեցին անոր վէրքը, բուժիչ խոտեր դրին վրան եւ իրենց հագուստներով ծածկեցին անգիտակից թագուհին։ Երբ Զենոպիա սթափեցաւ եւ բացայայտեց իր ով ըլլալը, հովիւները հասկցան, որ իրենց առջեւ երկրի թագուհին է։ Մեծ յարգանքով, գիւղէ գիւղ փոխադրելով, անոնք Զենոպիան հասցուցին Արտաշատ՝ Տրդատ Ա. արքային մօտ։

Պատմութեան այս դրուագը կը զարմացնէ իր ազնուութեան աստիճանով։ Տրդատ, որ դեռ նոր գրաւած էր գահը եւ պատճառներ ունէր ատելու իր թշնամիին կինը,  բացառիկ ազնուութիւն ցուցաբերեց։

Ան հրամայեց արքայավայել պատիւներով ընդունիլ Զենոպիան, անձամբ հոգ տարաւ անոր առողջութեան եւ արտօնեց, որ ապրի հայոց արքունիքին մէջ՝ ապահովելով  ծնելիք երեխային անվտանգութիւնը։

Դասական ողբերգութիւն յիշեցնող այս պատմութիւնը գրաւեց եւրոպացի շատ մը արուեստագէտներու ուշադրութիւնը։

Այսպէս, Երատօ թագուհիին կորսուած ժառանգութեան վերջին շառաւիղը՝ Զենոպիա, իր հանգրուանը գտաւ երկրի մը մէջ, որ ատենօք ղեկավարած էր իր մեծ մայրը։ Երատոյով գոցուեցան ոչ միայն այդ արքայատոհմին պատմութեան էջերը, այլեւ հսկայ դարաշրջան մը Հայաստանի պատմութեան։

Զենոպիա մարմնաւորեց դժբախտութեան մէջ յայտնուած, բայց իր արժանապատուութիւնը պահած կնոջ կերպարը, որուն հետագային անդրադարձան Հենտէլ (Օփերա՝ «Ռատամիսթօ», 1720թ.) ինչպէս նաեւ ֆրանսացի եւ իտալացի շատ մը գեղանկարիչներ։

Այսպէս, երբեմն պատմութեան մէջ կարեւորութիւն կը ստանան անհատներ, որոնք կանգնած են ոչ թէ դարաշրջանի մը սկիզբը, այլ վերջաւորութեան։ Երատօ եղաւ ոչ միայն վերջին Արտաշէսեանը, այլ  վերջին կամուրջը Հայաստանի փառաւոր անցեալի եւ նոր, բայց աւելի բարդ ժամանակաշրջանի միջեւ։

Լուիճի Սապաթելլի ԺԸ.-ԺԹ. դար. իտալացի նկարիչ։ «Հրադամիզդ կը սպաննէ Զենոպիան»

Կլէոփաթրա` Պտղոմէոսեան Հարստութեան Վերջին Մոհիկանը

Այժմ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի Միջերկրականի հարաւային ափերը, ուր ականատես պիտի ըլլանք հին աշխարհի մեծագոյն արքայատոհմերէն՝ Պտղոմէոսներու շիջումին, անոնց ամէնէն պայծառ աստղ՝ Կլէոփաթրա է.-ի բախտորոշ պայքարին՝ մղուած հռոմէական ծաւալապաշտութեան դէմ։

Կլէոփաթրա կը մարմնաւորէր Իսիտա աստուածուհին եւ իր իշխանութիւնը հիմնեց մշակութային ու քաղաքական հզօր հիմքի վրայ։

Ինչպէս Արտաշէսեանները, այնպէս ալ Պտղոմէոսները կերտեցին հզօր, հարուստ եւ մշակութային բարձրագոյն արժէքներ ունեցող երկիր մը՝ Եգիպտոսը, որուն փառահեղ պատմութիւնը վերջնականապէս ընդհատեցաւ Կլէոփաթրայով։

Ինչպէս Հայաստանի մէջ Երատօ, այդ առեղծուածային կինը նոյնպէս եղաւ իր տոհմի վերջին շառաւիղը։ Կլէոփաթրա եղաւ եզակի կին կառավարիչ, որ ստիպուած էր պայքարելու իր գահին համար։ Աւելին, ան Պտղոմէոսեան հարստութեան միակ թագուհին էր, որ սորվեցաւ բնիկ ժողովուրդի՝  եգիպտացիներու լեզուն, անոնց համար դառնալով օրինական, աստուածացուած քրմապետ-թագուհի։

Հայկական պղնձադրամներու վրայ Արարատ լերան պատկերման պէս՝  պատմական ու քաղաքական ուրոյն հռչակագիր են նաեւ Կլէոփաթրայի հատած դրամները, որոնց  վրայ պատկերուած է  իր զաւկին՝ Կեսարիոնին (Յուլիոս Կեսարի որդին) հետ եւ կամ՝ Մարկոս Անտոնիոսին հետ համատեղ։

Երբ Հռոմէական հանրապետութիւնը կը վերածուէր ահեղ կայսրութեան եւ կը կլանէր ամբողջ Արեւելքը, Կլէոփաթրայի հատած դրամներուն վրայ Եգիպտոսի ինքնիշխանութեան խորհրդանիշերու եւ իր զաւկին պատկերումը կ’ընկալուէր որպէս Հռոմին ուղղուած լուռ, բայց ահազդու մարտահրաւէր։ Ան ըսել կ’ուզէր, թէ Եգիպտոսը պատրաստ չէ դառնալու հռոմէական սովորական նահանգ, այլ պիտի պահպանէ իր արքայական արիւնը եւ դարաւոր անկախութիւնը։

Կլէոփաթրայի պատմութիւնը Հայոց պատմութեան հետ ունի նաեւ անմիջական եւ արիւնոտ աղերս մը, որ վաւերագրած են հռոմէացի պատմիչները։

Ք.Ա. 34 թուականին, Կլէոփաթրայի հոմանին՝ Մարկոս Անտոնիոս, խաբէութեամբ գերեվարեց Երատոյի մեծ հայր՝ հայոց արքայ Արտաւազդ Բ.-ը, եւ զայն շղթայակապ տարաւ Ալեքսանդրիա։ Անտոնիոս, ի պատիւ Կլէոփաթրայի,  հռոմէական յաղթահանդէսը կազմակերպեց Եգիպտոս, ոչ թէ Հռոմ։

Հայոց վեհաշուք արքային եւ անոր ընտանիքին ստիպեցին «Թագուհիներու Թագուհի» կոչել Կլէոփաթրան եւ խոնարհիլ անոր առջեւ։ Սակայն Արտաւազդ եւ իր ընտանիքը անզիջում պահպանեցին իրենց արժանապատուութիւնը, հրաժարելով երկրպագելէ օտար թագուհիին, ինչի համար ալ, աւելի ուշ, Կլէոփաթրա գլխատել տուաւ  Արտաւազդը։

Այսպիսով, թէ’ Երատօ, թէ’ Կլէոփաթրա կանգնած էին նոյն հռոմէական ծաւալապաշտութեան ահեղ անիւին տակ, որ կը ծրագրէր ճզմել ե’ւ Արտաշէսեաններու, ե’ւ Պտղոմէոսներու դարաւոր փառքը։

Ճակատագիրը անողոքաբար ցնցող  եղաւ Կլէոփաթրային համար։ Ան ինք եղաւ իր մահուան դատաւորն ու իրագործողը, երբ հասկցաւ, թէ Հռոմի նոր տիրակալ Օկտաւիանոս վճռած էր զինք  շղթայակապ պտտցնել Հռոմի փողոցներուն մէջ։

Աքտիումի ծովամարտի պարտութենէն եւ Մարկոս Անտոնիոսի անձնասպանութենէն ետք, Կլէոփաթրա պարզապէս պատրանաթափ եղաւ։ Ան  վստահ էր, որ յաղթանակած Հռոմը չի խնայեր զինք։ Գիտէր, որ կեսարին մեծագոյն փափաքն էր զինք ողջ-ողջ տանիլ Հռոմ՝ որպէս ռազմական յաղթահանդէսի գլխաւոր աւար եւ  «հերոս»։

Կլէոփաթրա ընտրեց թագաւորական մահը։

Ըստ պատմական աւանդոյթի,  հաւատարիմ աղախինները, թուզերով լեցուն կողով մը տարին թագուհիին մօտ, ուր պահուած էր եգիպտական քոպրան։ Եգիպտացիները այդ օձը կը համարէին արքայական իշխանութեան եւ աստուածային պաշտպանութեան խորհրդանիշ։

Կլէոփաթրա հագաւ իր ամէնէն շքեղ արքայական հանդերձները, գլխուն դրաւ թագը եւ պատրաստուեցաւ ընդունելու օձին խայթոցը։

Երբ հռոմէացի զինուորները ներխուժեցին դամբարան,  թագուհին, բազմած իր ոսկէ գահին,  մեռած էր արդէն։

Այդժամ, հռոմէացի զինուոր մը փրփրած բացագանչեց. «Մի՞թէ  լաւ արարք է այս, Խարմիո՛ն», իսկ այդ անուան տէր աղախինը պատասխանեց. «Հիասքանչ արարք է, արժանի մեծ թագաւորներու ժառանգին»։

Պատմութիւնը երբեմն ներողամիտ կ’ըլլայ անոնց հանդէպ, որոնք կորսնցուցած են ամէն բան, բայց ոչ իրենց արժանապատուութիւնը… Հռոմի նոր տիրակալ Օգոստոս Կեսար, չյաջողեցաւ կենդանի Կլէոփաթրան «ցուցադրել» Հռոմի ժողովուրդին, բայց հրամայեց զայն յուղարկաւորել արքայավայել պատիւներով՝ իր սիրելի Մարկոս Անտոնիոսին քով։

Այսպիսով, Պտղոմէոսեան Եգիպտոսի կորսուած ժառանգութեան վերջին շառաւիղը՝ Կլէոփաթրա, իր մահով գուժեց ոչ միայն արքայատոհմի մը աւարտը, այլեւ Հելլենիստական դարաշրջանի վերջնակէտը։

Կլէոփաթրայի կերպարը դարձաւ համաշխարհային արուեստի ամենաազդու մուսաներէն մին։ Անոր կեանքին ու մահուան անդրադարձած են Ուիլիըմ Շէյքսփիր, իր հանճարեղ «Անտոնիոս եւ Կլէոփաթրա» ողբերգութեամբ, Ճորճ Ֆրիտրիխ Հենտէլ իր հանրայայտ «Յուլիոս Կեսար ի Եգիպտոս» (1724 թ.) օփերայով, ինչպէս նաեւ Վերածնունդի եւ Պարոքի մեծագոյն նկարիչներ՝ Միքելանճելօ*, Կուիտօ Ռէնի, Ռուպէնս, որոնք կտաւին յանձնած են «Կլէոփաթրայի մահը օձի խայթոցէն» տրամաթիք տեսարանը։

Այս նկարը Միքելանճելոյի գործն է։ Չափը՝  23.2 x 18.2 սմ, կը գտնուի Ֆլորանս քաղաքի «Քազա Պուոնարոթի» թանգարանը։

Պատմութեան մէջ իրենց իւրօրինակ տեղը կը գրաւեն այն անձեր, որոնց վերապահուած է դարաշրջան գոցել։ Ե՛ւ Երատօ, ե’ւ Կլէոփաթրա եղան իրենց տոհմերու «վերջին մոհիկանները»։

Անոնք չեղան սկիզբ, բայց եղան ամուր ու աննկուն այն կամուրջը, որ կապեց Հայաստանի ու Եգիպտոսի փառահեղ անցեալը նոր, աւելի բարդ ու դաժան հռոմէական ժամանակաշրջանին։

Անոնց անկումը ոչ թէ տկարութեան, այլ անխուսափելի աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան հետեւանք էր, ուր այդ երկուքը հաւասարապէս պահպանեցին իրենց անունն ու թագաւորական պատիւը։

 

Share61Tweet38
Previous Post

«Ամառ Առանց Այգաբացի». Հեղինակներ՝ Յակոբ Խաչիկեան Եւ Ժան-Իվ Սուսի (Մաս Բ․)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.