ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ՝ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԵՐԵՔ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ՄԷՋ
Լիբանանեան բանակը յստակացուց, որ հարաւի մէջ սկսած է քայլերու ձեռնարկել՝ մուտք գործելու համար այն շրջանները, ուրկէ պէտք է քաշուին իսրայէլացի զինուորները: Լիբանանեան բանակի խումբերուն կ’ընկերակցին բանակային ճարտարապետներ, որոնք պիտի ստանձնեն ճամբաները բանալու եւ վտանգները վնասազերծելու պարտականութիւնը: Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ զինադադարի փորձառական շրջանը սկսած է գործադրուիլ հարաւային երեք բնակավայրերու մէջ՝ հիմնուելով եռակողմանի շրջագծային համաձայնութեան որոշումին եւ մջազգային համակարգող խմբակի հովանաւորութեան վրայ:

Ըստ այս ծրագրին, իսրայէլեան ուժերը պէտք է դուրս գան բռնագրաւուած Ֆրուն, Սրիֆա եւ Արեւմտեան Զաութար գիւղերէն, որպէսզի այնտեղ տեղակայուին լիբանանեան բանակի զինուորները եւ արգիլեն զինեալ ապօրինի խմբաւորութիւններուն գործունէութիւնը: Ծրագրի յաջողութեան պարագային, նախատեսուած է ընդլայնել փորձառական շրջանը՝ ներառելով բռնագրաւեալ յաւելեալ բնակավայրեր: Ըստ ամերիկեան յայտարարութեան, այս իրագործումին կարելի եղած է յանգիլ Հռոմի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած լիբանանեան-իսրայէլեան ուղղակի բանակցութիւններուն շնորհիւ, խոստանալով շարունակաբար աշխատիլ երկու կողմերուն հետ՝ վերջնական կայունութիւն հաստատելու համար: Նշենք, որ միաժամանակ իսրայէլեան գործողութիւնները կը շարունակուին մնացեալ քանի մը տասնեակ բռնագրաւեալ գիւղերուն մէջ, ուր կը քանդուին յաւելեալ բնակարաններ ու այլ կառոյցներ: Նման պայթումներ երէկ որոտացին Թայպէ եւ Քֆարթըպնիթ ռազմավարական շրջաններէն:
ԱՅՍՕՐ ԱՈՒՆ-ԹՐԱՄՓ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն կը շարունակէ իր ամերիկեան այցելութիւնը եւ այսօր պիտի տեսակցի իր ամերիկացի պաշտօնակից Տոնըլտ Թրամփի հետ: Իր պաշտօնական ժողովներու ծիրին մէջ, Աուն տեսակեցաւ ամերիկացի արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ, քննարկեց տարածաշրջանային զարգացումները, Լիբանանի վիճակը, խաղաղութեան յանգելու ջանքերը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նախագահը կոչ ուղղեց վերաշխուժացնելու ամերիկեան հովանաւորութեամբ կնքուած շրջագծային փոխըմբռնումը՝ առաջին հերթին յաջողցնելով փորձառական երեք շրջաններէ իսրայէլեան ամբողջական նահանջը:

Ան աջակցութիւն խնդրեց նաեւ զէնքի մենաշնորհի ծրագիրը իրականացնելու համար: Ռուպիօ իր կարգին դրուատեց Աունի քաղաքականութիւնները եւ վստահեցուց, որ Թրամփի հետ անոր տեսակցութիւնը պիտի ըլլայ շատ յաջող: Ան շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար ենթակայ ըլլալ բանակցային մէկ այլ ուղեգիծի, որովհետեւ երկրին գերիշխանութիւնը կը պահպանուի միայն լիբանանեան որոշումով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ նախագահին հետ խօսած է ճամորդութենէն առաջ ու վերստին շեշտած զինադադարը վերականգնելու եւ բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան նահանջը իրականացնելու կարեւորութիւնը: Հանրապետութեան նախագահութիւնը յայտնեց, որ Աուն Սէուտական Արաբիա այցելելու մասին հրաւէր մը ստացած է գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ պըն Սըլմանէն, մինչ Ռիատ վերահաստատած է իր ամբողջական աջակցութիւնը Լիբանանին:
ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐՃ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ աշխուժացող միջնորդները Թեհրանին փոխանցած են 10 օր զինադադար յայտարարելու առաջարկ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել նախապէս ստորագրուած յուշագրի գործադրութեան վերադառնալու հնարաւորութիւնը: Բանակցութիւնները շարունակելու կոչերուն զուգահեռ, շաբաթավերջին չդադրեցան փոխադարձ յարձակումներն ու վերստին նուազագոյնի նահանջեց Հորմուզի նեղուցը հատող նաւերուն թիւը: Ամերիկեան ռազմական օդանաւերը քանի մը անգամ թիրախներ հարուածեցին Թեհրանի, Շիրազի, Իսֆահանի, Պուշահըրի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ: Իրան հակադարձեց հրթիռակոծելով արաբ հարեւանները՝ այնտեղ տեղակայուած ամերիկեան դիրքերը թիրախաւորելու պատճառաբանութեամբ: Իրանի հրթիռներն ու անօդաչու սարքերը ինկան Պահրէյնի, Քուէյթի, Քաթարի, Յորդանանի եւ Իրաքի Քիւրտիստան գաւառին վրայ: Ամերիկեան կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնեց, թէ երկու զինուոր մահացած է Յորդանանի մէջ, երրորդ մըն ալ՝ Իրաքի, մինչ քանի մը զինուոր վիրաւորուած է եւ մէկ հոգի՝ անհետ կորսուած: Պահրէյնի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց վերջ դնել Իրանի թշնամական արարքներուն: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան ահազանգեց, թէ պատերազմական դրութեան պատճառով երկիրը այլեւս կարելի չէ տնօրինել սովորական միջոցներով: «Տնտեսութիւնն ու քաղաքացիներուն ապրուստը գործողութիւններու ամէնէն կարեւոր հրապարակն են», ըսաւ ան, զգուշացնելով «տնտեսական ճնշումներէն, որոնք կրնան նսեմացնել ռազմական յաղթանակները, եթէ ընդարձակուի ընկերային դժգոհութիւնը»: Իսկ Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Իսմայէլ Պաքայի նշեց, որ իր երկրին դէմ ամերիկեան հարուածները կը յիշեցնեն «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան ահաբեկչական գործողութիւնները: Անոր համաձայն, ցամաքային գործողութիւն մը սկսելու պարագային, ամերիկացիները դէմ-յանդիման պիտի գան իրանցիներու «ջերմ ընդունելութեան»:
ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍՆԵՐԸ՝ ԲԱՆՏԻ ՊԱՀԱԿՆԵՐ
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, թէ բանտային իշխանութիւնը կը մտադրէ կոկորդիլոսներ արձակել շարք մը բանտերու շուրջ՝ արգելափակուածները աւելի խիստ պայմաններու տակ պահելու նպատակով: Առաջարկը կը պատկանի ազգային անվտանգութեան հարցերու նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրին, որ կոչ ուղղած է նեղոսի կոկորդիլոսներու խիստ վայրի ցեղէն սողուններ արձակելու, մանաւանդ այն բանտերուն շուրջ, ուր արգելափակուած են ազգային անվտանգութեան դէմ յանցագործութիւններու համար դատապարտուածներ (մեծ մասամբ՝ պաղեստինցիներ): Այսուհանդերձ, Պեն Ղաֆիրի առաջարկը քննադատած են բնապահպաններ՝ ներառեալ կենսոլորտի նախարարը, որոնք ահազանգած են նման վտանգաւոր անասուններ քաղաքներէն ոչ շատ հեռու վայրերու մէջ արձակելու հնարաւոր վտանգներէն:
ՄԱԳԼՑՈՂԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ ՅԱՆՈՒՆ ԱՆՀԵՏ ԿՈՐՍՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ
Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան տարիներէն իվեր անհետ կորսուածներուն հարազատները իրենց հերթական հաւաքը կազմակերպեցին կառավարութեան շէնքին առջեւ, ուր բողոքեցին իրենց զաւակներուն ճակատագիրը բացայայտելու եւ զանոնք տուն վերադարձնելու հարցի ձգձգումէն: Բողոքողները կառավարութեան շաբաթ մը պայմանաժամ տուին՝ անհետ կորսուածներուն վերաբերեալ քայլերու ձեռնարկելու համար, սպառնալով հակառակ պարագային դիմելու վճռական քայլերու:

Անոնք նշեցին, որ կը մտադրեն սպիտակ դրօշ բարձրացուցած ուղղուիլ հայ-ատրպէյճանական սահմանային Հաքարի կամուրջ՝ պահանջելու համար իրենց հարազատներուն մասին տեղեկութիւններ: Բողոքող մայրերէն ոմանք նշեցին, թէ իրենց զաւակները տեսած են ատրպէյճանական հեռատեսիլի կայաններէն, շեշտելով որ իրենց պէտք չէ այս խաղաղութիւնը, այլ՝ իրենց երեխաները:
ԲԱՆՏԷՆ ՈՒՂԵՐՁ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ
Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներէն՝ Պաշտպանութեան բանակի զօրավար Դաւիթ Մանուկեան յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենց դիմագրաւած դատական հոլովոյթը ուղղուած է ոչ միայն գերիներուն, այլեւ հայ ժողովուրդի անցեալին ու ներկային, որովհետեւ մեղադրանքը կը սկսի 20-րդ դարու սկիզբներէն: «Մենք կը շարունակենք մեր արդար պայքարը՝ չթոյլատրելով նուաստացնել հայ ժողովուրդն ու պետականութիւնը», ըսաւ ան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յորդորելով մեղադրանքներուն մասին հանրայնացնելու իր դիրքորոշումը, այլապէս պիտի համարուի, որ ինք եւս համաձայն է ատրպէյճանական կեղծ մեղադրանքներուն: «Ցաւալի է, որ բանտին մէջ գտնուողները չեն զգար Հայաստանի Հանրապետութեան շունչը», բողոքեց Դաւիթ Մանուկեան:
ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԷՆ ԱՌԳՐԱՒՈՒԱԾ ԷԱԿՆԵՐԸ
Երեւանի կենդանաբանական այգին յայտարարեց, թէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի աառանձնատունէն առգրաւուած եւ այգի փոխադրուած է երեք առիւծ, չորս վագր, 9 կոկորդիլոս եւ 13 կարապ:

Յիշեցնենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Ծառուկեանի բնակարանն ու անոր պատկանող հաստատութիւնները առաջին անգամ խուզարկեց 6 Յուլիսին, նոյն օրն ալ զինք ձերբակալեց եւ փոխադրեց կալանավայր:

