Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 4

 Լ. Շ.

July 21, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 4

ՊՈԼՍՈՅ Գարակէօզեան վարժարանի տարեփակի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցած է 1 Յուլիսին։ Տնօրէնուհի Նարօտ-Վերոնիք Գուրուղօղլու իր բարեմաղթանքներն ու յորդորները յղած է ուսանողներուն։  Սրտի խօսք արտասանած է Խնամակալութեան ատենապետը՝ Արթին Քիլէճի։  Ընթացաւարտ աշակերտները հրամցուցած են երգերու փունջ մը, իսկ ոմանք ալ հրաժեշտի ուղերձներ կարդացած են 5 լեզուներով՝ հայերէն, թրքերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն…։

Վկայականաց բաշխումին զուգահեռ՝ մրցանակներ յանձնուած են յառաջադէմ աշակերտներու։ Յաջորդած է խնճոյք մը դպրոցին պարտէզը, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Շրջանաւարտից հանդէսներով իրենց կրթական տարին փակած են նաեւ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Մէրամէթճեան եւ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ազգային վարժարանները, որոնց ընթացաւարտ աշակերտները իրենց վկայականները ստացած են ձեռամբ իրենց տնօրէնուհիներուն՝ Մարալ Էօզտաղի եւ Տիլարա Շապճեանի։

ՄԱՐՄԱՐԱ ԾՈՎՈՒ Մեծ Կղզիի մշակութային հնամենի կեդրոններէն մէկուն մէջ (Թաշ Մէքթէպ), 11 Յուլիսին, երգչուհի Մարալ Այվազ հանդէս եկած է համերգով մը՝ Իսթանպուլի մայր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։ Երաժշտական երեկոն մաս կազմած է կղզիին վրայ սարքուած «Ծովեզերեայ համերգեր» շարքին։ «Մարմարա» օրաթերթը ակնարկելով այս համերգին կը գրէ, որ «մեղեդիները որոնք հնչեցին պատմական շէնքին տպաւորիչ մթնոլորտին մէջ, հանդիսատեսը առաջնորդեցին դէպի Անատոլուի բազմադարեան մշակութային յիշողութեան մէջ խորհրդանշական ճամբորդութեան մը։ Երեկոն վերածուեցաւ տարբեր լեզուներու, մշակոյթներու եւ երաժշտական աւանդութիւններու գեղեցիկ համադրութեան»։

Մարալ Այվազին ընկերակցած է Արի Հերկէլի կողմէ ղեկավարուող հնգանդամ նուագախումբ մը։ Երգչուհին մեկնաբանած է մասնաւորաբար արեւելեան ու հարաւարեւելեան Անատոլուի ժողովրդական երգեր, նաեւ՝ հայերէն կտորներ։ Շարք մը երգեր նախ հնչած են հայերէնով, ապա շարունակուած կամ աւարտած են թրքերէն բառերով, որպէս տուեալ տարածաշրջանի մշակութային բնական հաղորդակցութեան արտայայտութիւն։ Եւ ասիկա շա՛տ գնահատուած է ներկաներուն կողմէ։ «Մարմարա»-ն այս մասին ալ կը գրէ, որ «համերգին գլխաւոր պատգամը այն էր՝ որ Անատոլուի երաժշտական ժառանգութիւնը միակ ժողովուրդի մը սեփականութիւնը չէ, այլ արդիւնքն է դարերու ընթացքին հայերու, թուրքերու, յոյներու, քիւրտերու եւ այդ հողերուն վրայ ապրած այլ ժողովուրդներու համատեղ մշակութային աւանդին»։ Համերգի վերջին բաժնով՝ բոլոր ներկաները ձայնակցած են երգերուն, իսկ բակին մէջ կազմուած են ինքնաբուխ պարաշարքեր… երեկոն վերածելով իսկական ժողովրդական տօնախմբութեան մը։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. Կարապետ եկեղեցին, որ վերանորոգութեան աշխատանքներէ ետք վերաբացած էր իր դռները վերջերս, Ս. Պատարագի անդրանիկ մատուցմամբ դա՛րձեալ իր սիրելի տեղը գրաւած է պոլսահայ հաւատացեալներու սրտին մէջ։ Վարդավառի Կիրակին (12 Յուլիս), որ արդէն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան աւանդական օրն է, ոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծուած է այստեղ։ Պատարագած ու քարոզած է Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան։ Յընթացս եկեղեցական արարողութեան՝ «Օրհնութեան գիր»-ով պատրիարքական գնահատանքի արժանացած է Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձուներէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, պոլսահայ եկեղեցիներու պատմական գոյքերուն, սրբազան անօթներուն, սրբապատկերներուն եւ մշակութային արժէքներուն նորոգութեան բնագաւառին բերած իր անձնուէր ու երկարամեայ ծառայութեան համար։

Նշուած է, որ այս մարզին մէջ արհեստավարժ ու մասնագէտ վարպետ մը ըլլալով՝ ենթական ոչի՛նչ խնայած է օգտակար ըլլալու համար իր համայնքին։ Այնուհետեւ, ներկաները համախմբուած են եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուած Սիրոյ Սեղաններու շուրջ։ Հոս, ներկայ եղած է Սկիւտարի քաղաքապետը։ Յայտագիրը վարած է Թաղային խորհուրդի կազմէն Նուարդ Աւետիքօղլու։ Նախ խօսք առած է ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան, որ տեղեկութիւններ տուած է թաղականութեան վերջին շրջանի իրագործումներուն մասին, որոնց գլխաւորը եղած է եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգութիւնն ու բարեզարդումը։ Իրեն յաջորդած է քաղաքապետ Սանեմ Տէտէթաշ, որ Վարդավառը բնութագրած է իբրեւ սիրոյ, մաքրութեան եւ առատութեան տօն։ Հուսկ բանքը արտասանած է Սահակ պատրիարք, որ անդրադարձումներ ունեցած է Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ չորս դարեայ պատմութեան մասին։

ԳՆԱԼԸԻ կղզին, որ ամռան եղանակին պոլսահայ բազմաթիւ ընտանիքներու համար արձակուրդի ցանկալի վայր մըն է, ոգեւոր օր մը ապրած է Կիրակի, 12 Յուլիսին։ Վարդավառի առիթով՝ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագած ու քարոզած է Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Եկեղեցին ու շրջափակը լեցուեր են արտակարգօրէն խուռներամ բազմութեամբ։

Պատարագի աւարտին հոգեւորականները Անդաստանի արարողութիւն կատարած են բակին մէջ, ապա երկինք արձակուած են սպիտակ աղաւնիներ, որպէս խաղաղութեան եւ եղբայրասիրութեան խորհրդանիշ։ Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին տօնական ուրախութիւնը քիչ մը եւս շարունակուած է բակին մէջ՝ Յակոբ Կիւլէչի առաջնորդութեամբ հնչած հայկական ժողովրդական երգերով ու ջուրի աւանդական ցօղումով։

ՊՈԼԻՍ այցելած է, վերջերս, սփիւռքահայ երիտասարդ պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեան, որ դասախօս է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի պատմութեան եւ հնագիտութեան ամպիոնէն ներս։ Առիթէն օգտուելով՝ տեղւոյն «Ժամանակ» օրաթերթը հարցազրոյց մը կատարած է այցելուին հետ։ Գեթսեմանեան պատմած է, որ շուրջ ամիս մը Պոլիս մնացեր է՝ «Սապանճը» համալսարանին հրաւէրով, համակարգելու համար երկու համալսարաններու պատմութեան ամպիոններուն միջեւ գործակցութիւնը։

 

Նոյն «Սապանճը» համալսարանէն ներս ան տուած է նաեւ դասախօսութիւն մըն ալ, Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու առկայ արխիւներուն վերաբերեալ։ Գեթսեմանեան, խօսելով Լիբանանի հայութեան մասին, նկատել տուած է որ անիկա քաղաքական, կրթական, մտաւորական, ընկերային ու ընտանեկան առումներով կորսնցուցած է իր երբեմնի կենսունակութիւնը, տուժած է մեծապէս, մանաւանդ որ արտագաղթն ալ թափ ստացած է աննկարագրելիօրէն…։

ՊՈԼՍՈՅ «Արաս» հրատարակչատունը, վերջերս, թրքերէնով լոյս ընծայած է թատերական վաստակաւոր գործիչ եւ հեքիաթասաց Սօսի Ճնտոյեան-Այվազի յուշերը, «Կեանք մը՝ լի զրոյցներով» («Պիր հայաթ, պօլ սոհպէթ») խորագրին տակ։ Գիրքին մէջ, յուշագրողը պատմած է թատրոնի բեմերուն վրայ տասնամեակներ երկարող իր փորձառութիւններուն մասին, հարուստ վկայութիւններով ու շահեկան պատումներով։ Ան նշած է, որ ինք Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի սանուհի եղած էր ու առաջին անգամ տրամախօսութեան մը մէջ բեմ բարձրացեր էր հ՛ոն, 1952-ին…։

Ու այդ թուականէն սկսեալ իր թատերական «ճամբորդութիւն»-ը բնաւ կանգ չէր առած։ Ճնտոյեանի յուշերուն ընդմէջէն կը վերակենդանանայ Պոլսոյ երբեմնի հայկական թատերական ու բեմական կեանքի փայլուն ուրուագիծը՝ բազմաթիւ անմոռանալի անուններու (Նուպար Թերզեան, Գէորգ Գապառաճեան, Ատրինէ Տատրեան, Ստեփան Մելիքեան, Նշան Հանչէր, Միսաք Թորոս, Հերման Օզինեան, Արթօ Պէրպէրեան եւ այլն, եւ այլն) տողանցքով ու ոգեկոչումով։

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 21 Յուլիս 2026

Next Post

Վիրաւոր Կղզին

Next Post
Վիրաւոր Կղզին

Վիրաւոր Կղզին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.