ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ
Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, թէ ամերիկեան միջնորդութեամբ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան-իսրայէլեան երկօրեայ բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է հարաւի բռնագրաւեալ կարգ մը շրջաններէն իսրայէլեան ուժերուն փորձառական նահանջի ընդհանուր ծրագրին շուրջ, իսկ մանրամասնութիւնները այժմ պիտի քննարկուին զինուորական մակարդակի վրայ՝ գործադրելու համար շրջանակային համաձայնութեան բոլոր յօդուածները: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան նահանջի փորձառական շրջանին հաւանաբար մաս կազմեն հարաւային Ղանտուրիէ, Պորժ Քալաուայ, Սրիֆա, Ֆրուն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Զաութար գիւղերը, ուր կա՛մ տեղակայուած են իսրայէլեան ուժերը, կա՛մ կը գտնուին անոնց մերձակայքին եւ կրակով կը վերահսկեն անոնց: Ըստ փորձառական շրջաններու համաձայնութեան, կ’ակնկալուի, որ իսրայէլեան բանակը հեռանայ խնդրոյ առարկայ գիւղերէն եւ այնտեղ տեղակայուին լիբանանեան բանակին զինուորները՝ ամրապնդելու համար պետութեան հեղինակութիւնը եւ կանխելու զինեալ կազմակերպութիւններուն աշխուժութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ աշխատանքը կը շարունակուի դադրեցնելու պատերազմը եւ ապահովելու իսրայէլեան ուժերուն նահանջը լիբանանեան հողերէն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տեղակայումը հարաւի ամբողջ տարածքին: Պաապտայի պալատին մէջ ընդունած պատուիրակութիւններուն հետ զրոյցին ընթացքին Աուն նշեց, որ ամերիկացիները սկսած են լսել լիբանանեան պահանջները, աւելցնելով որ Պէյրութ բանակցային նիստերուն ընթացքին պիտի չհրաժարի լիբանանեան իրաւունքներէն: «Իսրայէլին հետ ամերիկեան հովանաւորութեամբ կնքուած շրջանակային համաձայնագիրը արդէն սկսած է տալ իր արդիւնքը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
ՓԱԹՐԻՔ ՊԵՔԱՐԵԱՆ՝ ՀԱՐԱՒԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՈՀԸ
Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ տիրող անկայուն եւ անորոշ իրավիճակին հերթական զոհերէն մէկն է լիբանանահայ Փաթրիք Անդրանիկ Պեքարեանը: Նախագահական պալատին մէջ ծառայող Հանրապետական պահակագունդի անդամ զինուորին ճակատագիրը շուրջ երեք ամիսէ կը մնար անորոշ, մինչեւ որ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը նախանցեալ օր ընտանիքին պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ Փաթրիքը մահացած է:

Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, անոր հետ հաղորդակցութեան կապը անջատուած էր 18 Ապրիլին՝ Մարժաայունի շրջանին մէջ, երբ Զահլէ ծնած հայորդին ուղղուած էր հարաւ`ծանօթի մը այցելելու նպատակով: Այդ օրէն սկսեալ որեւէ ստոյգ տուեալ չկար անոր մասին, թէեւ հայրն ու մայրը ունեցան շարք մը հանրային ելոյթներ, կոչ ուղղելով աշխատանք տանելու՝ պարզելու իրենց զաւկին ճակատագիրը: Իսկ երէկ երեկոյեան ԵՈՒՆԻՖԻԼ յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերը Ռաս Նաքուրայի անցակէտին վրայ Լիբանանին յանձնած են Պեքարեանի աճիւնները, այդուհանդերձ մինչեւ ուշ գիշեր չպարզուեցան անոր անհետացումին եւ մահուան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ
Ծոցի շրջանին մէջ տակաւին չէ հանդարտած ապահովական վիճակը: Անցնող օրերուն շարունակուեցան թէ՛ Իրանի դէմ ամերիկեան հարուածները, թէ՛ յեղափոխական պահակագունդին հրթիռարձակումները տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն դիրքերուն դէմ: Իրանի բանակը յայտարարեց, թէ 7 զինուոր մահացած է երէկ արեւածագին ամերիկեան հրթիռային յարձակումներուն հետեւանքով, մինչ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց 30 քաղաքացիի մահը:

Ամերիկեան զինուած ուժերուն կեդրոնական հրամանատարութիւնը իր կարգին շեշտեց, որ գործողութիւնները թիրախաւորած են յեղափոխական պահակագունդին զինամթերանոցները եւ հրթիռային կայանքները: Իրան հակադարձեց ամերիկեան հարուածներուն, հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արձակելով Յորդանանի, Քուէյթի եւ Պահէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերուն վրայ եւ յայտարարեց օդանաւերու եւ անօդաչու սարքերու կործանումին մասին:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն դեսպանը ահազանգեց, թէ ամերիկացիները առնուազն 42 անգամ խախտած են զինադադարի մասին յուշագրին կարգերը:
ԱՅՍՕՐ՝ TRIPP-Ի ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Կը սպասուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր այսօրուայ նիստին ընթացքին վաւերացնէ 4 Յունիսին Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի» (TRIPP) նախագիծին վերաբերող ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը: Կառավարութեան որոշումին մէջ նշուած է, թէ միջազգային պայմանագրին մէջ ներառուած պարտաւորութիւններուն Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը հաստատելու համար պիտի դիմուի Սահմանադրական դատարան, որմէ դրական պատասխան ստանալու պարագային թղթածրարը պիտի փոխանցուի Ազգային ժողովին՝ վերջնական քննարկումի եւ վաւերացումի համար:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութեան նոր ձեռնարկատիրական հիմնադրամի նախագահ նշանակուեցաւ Կոնստանդին Սոքոլովը, որուն պիտի վստահուի TRIPP նախագիծին համար յատկացուած աւելի քան երկու հարիւր միլիոն տոլարի ծախսերուն վերահսկումը:
ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ
14 Յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ քաղաքական բանտարկեալները Ատրպէյճանի մէջ ու Եւրոմիութեան ներգրաւուածութեան հրամայականը» խորագրեալ քննարկում, որուն մասնակցեցան Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, իրաւաբաններ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու հարազատներ:

Բանախօսները արծարծեցին այս թղթածրարին մարդասիրական, իրաւական եւ քաղաքական երեսները, ահազանգելով որ գերիներուն արգելափակումը կը խախտէ միջազգային բոլոր կարգերը, վտանգելով հայ-ատրպէյճանական կայուն խաղաղութեան յանգելու հեռանկարները: Երեսփոխան Գոսթաս Մաւրիտեր կատարեց քննարկումին բացումը ու վերստին պահանջեց հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը, աւելցնելով որ հակառակ պարագային հնարաւոր է վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ հետ Եւրոմիութեան ուժանիւթային համաձայնութիւնները:
ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ
Իսթանպուլի Սկիւտար թաղամասին մէջ վերաբացուեցաւ հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցին՝ երկարատեւ վերանորոգութենէ ետք: Օծման արարողութիւնը կատարեց Պոլսոյ հայոց Սահակ եպս. Մաշալեան պատրիարքը, ներկայութեամբ Արամ արք. Աթէշեանի եւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Ռաֆֆի Գըրգորեանի, Տնօրէններու խորհուրդի անդամներուն, հոգեւոր դասին եւ հաւատացեալներու:

ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Յանցագործութեան եւ արդարադատութեան քաղաքականութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը (Institute for Crime and Justice Policy Research) հրապարակեց աշխարհի երկիրներուն աղիւսակը՝ ըստ բանտարկեալներու թիւին: Հայաստան կը գրաւէ 167-րդ դիրքը եւ այս ոլորտին մէջ տարածաշրջանի լաւագոյն երկիրն է, ուր հարիւր հազար բնակիչի հաշուով կայ 83 բանտարկեալ:

50-րդ դիրքի վրայ Ատրպէյճանն է, ուր հարիւր հազար բնակիչի հաշուով կայ 264 բանտարկեալ, ապա Վրաստանը՝ 285 բանտարկեալ, մինչ Ռուսիա 35-րդ է եւ հարիւր հազար հոգիի մէջ ունի 300 բանտարկեալ: Տարածաշրջանի վատագոյն դիրքը կը գրաւէ Թուրքիան, ուր հարիւր հազար բնակիչի հաշուով կայ արգելափակուած 468 մարդ: Համաշխարհային առումով, վատագոյնը Սալվատորն է, ուր հարիւր հազար բնակիչի հաշուով կայ 1659 բանտարկեալ: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ վերջերս հիմնուեցաւ անկախ նոր հասարակական նախաձեռնութիւն մը՝ քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդուող մարդոց իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով:
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ 5G+ ԿԱՊ ՀԱՅՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Այս ամառ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու համացանցային կապի ամէնէն զարգացած՝ 5G+ ցանցը: Հաղորդակցութեանց Viva ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ այս գերարագ համացանցանցային կապը սկսած է գործել մայրաքաղաքին եւ վեց մարզերու՝ Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի քաղաքներուն մէջ: Ընկերութիւնը պիտի շարունակէ ցանցը ընդլայնել, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ նետառէ այլ մարզերու քաղաքները եւս՝ հասնելով մինչեւ գիւղական շրջաններուն: Ըստ ընկերութեան, բաղդատած 5G-ին հետ, ամէնէն զարգացած 5G+ կապը ոչ միայն զգալիօրէն աւելի արագ է, այլ կու տայ մէկ ցանցի աւելի շատ սարքեր միացնելու հնարաւորութիւն:

