Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ Իշխանութիւնները Կը Ծառանան, Իսկ Ընդդիմադիրները՝ Կը Խարխափին

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

July 14, 2026
in Յօդուածներ
0
ՀՀ Իշխանութիւնները Կը Ծառանան, Իսկ Ընդդիմադիրները՝ Կը Խարխափին

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու ստուգատեսը եթէ սկսաւ 7 Յունիս 2026-էն ամիսներ առաջ, գործադրուեցաւ 7 Յունիսի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, որպէս աւարտած հաշուարկում, սակայն, մինչեւ օրս, անոր շուրջ կան բուռն եւ ահաւոր աղմկարարութիւններ, իրենց դրական եւ ի մասնաւորի ժխտական քաոսով։

Թէ ի՞նչ կը հետապնդուի այս զարգացող ու բորբոքող կացութաձեւերէն, պէտք է հարց տալ, այլեւ զարմանալ, երբ իշխանութիւնները կ’անտեսեն ընդդիմութեան կողմէ հնչած խժալուր ձայները, զանոնք նկատելով զուր շրթնամարզանքներ, մինչ պետական համակարգի ներկայացուցիչները զանոնք կը նկատեն կատարեալ խայատառակութիւն, անիմաստ յանկերգութիւններ եւ ապարդիւն ճիգեր։

Նախընտրական պատրաստութեան շրջանին, ընդդիմադիր մունետիկները ինչո՞ւ չկրցան համախմբուիլ ու միանալ, այլ մնացին լրիւ մերկապարանոց դիրքերու վրայ։

Միթէ պարզ չէ՞, որ նման թափթփածութեամբ եւ ապակեդրոնացումով անոնք չէին կրնար ապահովել յաղթական խաղաքարտեր, նոյնիսկ մօտենալ իշխանական ցուցակներուն դէմ մրցակցութեան։

Աւելին. միթէ՞ տեսանելի ու թափանցիկ չէր, որ երեք գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերը («Ուժեղ Հայաստան»-ը, «Հայաստան դաշինք»-ը ու «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը), արդէն իրենք իրար միջեւ սուր ու թունդ մրցակիցներ էին, տեսանելի կամ անտեսանելի կարգերով, բայց միշտ թափանցիկ ու զգալի սպրդումներով ու պատկերներով։

Կը բաւէ, որ հրապուրական ու գրաւչական աղբիւրները, նիւթական անսպառ ծորակներով, արդէն ողողած էին հրապարակները, մէկուն՝ օլիկարգային, միւսին՝ թալանչիական, երրորդին ալ՝ մաֆիական եկամուտներով, գրաւելու, բռնանալու, գնելու կամ պարտադրելու քաղաքացիներուն ազատ իրաւունքներու քուէաթերթիկները «պատանդ»ելով եւ, ամէնէն կարեւորն ու նուաստացուցիչը, անոնց քաղաքացիական արժանապատուութիւնը ոտնակոխելով։

Ինչ խօսք որ բոլոր քաղաքացիները չեն, որ իրենց արժանապատուութիւնները «ծախու» հանած էին՝ ենթարկուելու ճնշամիջոցներու կամ անձնատուր ըլլալու կեղծ խոստումներու եւ կամ տեղի չտալու բռնութիւններու փորձերուն, որովհետեւ երբեք չպակսեցան կամ բացակայեցան ազնիւ ու պարկեշտ, յանձնառու ու պատուական հայորդիներ, որոնք չմասնակցեցան ամօթալի հակաօրինակութիւններուն, ոչ ալ յանձնուեցան ոգիով ու նկարագիրով վարակուած «աճուրդ»իական ստորնացուցիչ եղանակներուն։

Արդեօք ընտրակաշառքներու անպատասխանատուները, ազգազուրկ դէմքերը, հայրենապիղծ տարրերը, իրենք, այսպէս թէ այնպէս թունաւորուած ըլլալով իրենց վաստակած (՞) ու «սրսկուած» (՞)… հարստութիւններէն, ինչպէ՞ս պիտի բացատրեն եւ արդարացնեն իրենց «փսլնքոտ» ապականող արարքները, երբ իրականութիւնները բացայայտուին կամ ճշմարտութիւնները երեւան գան։

Սակայն, շատեր հարց կու տան, մօտակայ թէ հեռաւոր դիտորդներ, ընդդիմութեան (չ)ղեկավարներու հետեւորդները կամ համակիրները ինչո՞ւ մեծ մասը անգիտակից կամ անտեղեակ են, որ իրենք ո՞ւր կը գտնուին, ո՞ր հորիզոնականին վրայ կը սաւառնին, թէ՞ ամէն ինչ ձգուած է արկածախնդրութեան վրայ կամ լքուած է պատահականութեան։

Ուրիշներ ալ կը մտածեն, նոյնիսկ կը բարձրաձայնեն, թերեւս իրաւացիօրէ՛ն, ի դէմս ընդդիմութեան, իշխանութիւնները չունի՞ն որեւէ թերացում ու կաղացում, զարտուղութիւններ ու կեղծիքներ։

Կը միտինք հաւատալու, որ այս կամ այն կողմէն, այս կամ այն առիթներով, եղած են սայթաքումներ ու բացառուած չեն ատոնք, այնքան ատեն որ շօշափելի չեն (հարիւր տոկոսով), որովհետեւ նման ընտրապայքարներու, ընտրամրցակցութիւններու եւ ընտրակայացումներու պարագային միշտ ալ արձանագրուած են (եւ կրնան ըլլալ) ապօրինութիւններ։

Խնդրին էութիւնն ու հրատապութիւնը այն են, որ, գէթ Հայաստանի պարագային, իշխանութիւններուն դիմաց «ձեռնոց նետած» են այնպիսիներ, որոնք իրենց անցեալով ու ներկայով այնքան «պայթուցիկ» եւ «աղիտաբեր» եղած են եւ չեն կրցած պետութիւն-պետականութիւն ու համակարգութիւն եզրերն ու կառոյցները իրարմէ զանազանել, այլ փորձելով զանոնք ծառայեցնել իրենց դիրքերուն ու քմայքներուն հզօրացման եւ ամրապնդման, այն ալ ինչպիսի՜ զեխ ու սին միջոցներով։

֍֍֍

Այսօր, երբ Հայաստանի պետութիւնը (իշխանութիւն, կառավարութիւն թէ խորհրդականութիւն) ոչ միայն կը փորձէ, այլ կը ճգնի իր հեղինակութիւնը պահել ու բարձրացնել համապատասխան բարեկարգումներով ու զարգացումներով, վերելքներով եւ յառաջդիմութիւններով, հոլովոյթներով ու տնօրինումներով, պետական, դիւանագիտական, տնտեսական ու բարգաւաճողական տիրոյթներով ու վարկանիշներով, կը նշանակէ թէ ան կը գտնուի իր դերին մէջ, որքան ալ իր շուրջէն լսուին կամ արձագանգուին անախորժ, անիմաստ եւ անհաճոյ… նզովքներ ու լպրծուն քննադատութիւններ։

Չմոռնա՛լ, Հայաստանի այժմու իշխանութիւնները կը վայելեն համաեւրոպական եւ ընդհանրապէս համաշխարհային պետութիւններու համակրանքն ու զօրակցութիւնը, ատոնք ըլլալով ուժի ու թիկունքի լծակներ, իսկ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարւոքելու լուրջ ընտրանքներ կան, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերականգնուին, որքան ալ ներհայաստանեան դաշտին վրայ դեգերին «խլուրդ»ներ, կողմնակից ըլլալով անոնց ձախողութեանց։

Այս բոլորով հանդերձ, հայաստանեան այժմու գոյավիճակը համարեա հիւանդկախ շրջան մը կ’ապրի, երբ կը տեսնուին ու կը լսուին այն տխուր երեւոյթները, մտահոգիչ գործընթացներն ու խանգարիչ ներքին թէ արտաքին ազդեցութիւններն ու միջամտութիւնները, որոնք կը մեխեն ամէն ինչ արգելակել, խոչընդոտել ու պառակտել ցնցելով եւ ելեկտրականացնելով երկրին կայունութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտը։

Ընդդիմադիր շարժումները, յատկապէս գլխաւորութեամբ «Հայաստան» դաշինքին, որուն առաջնորդութեան մէջ կը գտնուի երէկուան վատահամբաւ Ռոպերթ Քոչարեանը, ներկայիս յամառօրէն կը ճեմէ հայրենական քաղաքական կեանքին մէջ, ինքզինք հռչակելով միակ «փրկիչ»ը Հայաստանին, որով կրնայ զայն վերածել… «դրախտ»ի։

Այս ձախողած, հաշմանդացած մարդուկը կը մոռնա՞յ իր մօտալուտ անցեալի տխրահռչակ գործողութիւնները, որոնք հայաստանցիները երբեք չեն մոռցած (ու չեն մոռնար), այլ զանոնք կը յիշեն նողկանքով եւ անէծքով, նոյնիսկ ոմանք զինք նկատելով աւելի քան բռնապետ… Ստալին մը։

Քա՜ւ լիցի։ «Ռոպ»ը այդ «մետաքս»էն ու «հունտ»էն չէ, այլ՝ խորթութեան, անսրտութեան եւ անպատկառութեան… անմարդկային տխեղծ մը, որ թանգարանի մը մէջ ալ տեղ պիտի չունենայ։

Երբ ան կը գրկէ ու կը գգուէ երեխաներ ու պատանիներ, արդեօ՞ք խղճի խայթով թէ ներողամտութեամբ, պատկերացնելո՞վ անոնց հայրերը սառնասրտօրէն գնդակահարել տուած է ու փոշիացուցած։

Ի դէպ, ուղղակի դերասանավարի քստմնելիութիւն է, այն տարբերութեամբ, որ Ստալինը հակահայ վրացի մըն էր, իսկ ինքը՝ իբրեւ թէ հայ մը, բայց անպայմանօրէն «շուռ տուած» կերպարով մը։

Նիկոլ Փաշինեանը, ուշացած էր եւ խիստ ուշացած, այս հրէշը ատենին չղրկելով… գրողին ծոցը, անվերադարձօրէն գոնէ զայն արտաքսելով… Յունաստանի այն կղզին, որ հայութեան փողերով սեփականացուած է ու ինք, ցարդ… մնացած անպատիժ։

Ասիկա մեծ եւ աններելի մեղանչում մըն էր Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հասցէին (նաեւ՝ ինչո՞ւ ոչ, Արցախին ու արցախահայութեան)։

Իսկ հիմա, երբ փորձած է ճողոպրիլ եւ ապաստանիլ իր զաւթած (կամ զաւթելի) տարածքներէն մէկուն վրայ, ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ կայ, որ ան ընդմիշտ հեռանայ, իսկ աւելի խելամիտներ, որոնց հարազատներն ու համաքաղաքացիները տուժած են այս անփառունակէն, ընդոստ կը պահանջեն անոր դէմ գերարժանագոյն ու գերհզօրագոյն ամբաստանութիւններ ու դատավճիռներ, որպէսզի անգամ մըն ալ չժպրհի երեւնալ որեւէ տեղ եւ որեւէ առիթով, իսկ իր փախուստի ձախորդ փորձը Հայաստանի լաւագոյն ապացոյցն է, որ ան իր փրկութեան… փրկագինը կը տեսնէ բաշխելով։

Իսկ հիմա ան քօղարկեալ պարտականութիւն տուած է (զայն խաբելով), Սամուէլ Կարապետեանը գործի լծելով, որպէս համախումբ ընդդիմութեան մը միանձնեայ ղեկավար դառնայ (վարագոյրին ետեւէն իր շուքը ձգելով)։

Խե՜ղճ Սամուէլ, սխալ տեղ ինկած ես, սխալ ժամանակով, սխալ մասնակցութեամբ ու սխալ ընկերակցութեամբ, «զոհ»ը դառնալով զոհապարտադրութեամբ հանրայայտ… զոհաբերողի մը հետ։

Ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս։

Մեր կարծիքով, այս ձախաւերներու ձախաւերութեամբ, ձախողածներու ձախողութեամբ ոչ միայն դժուար, այլեւ անկարելի պիտի ըլլայ խուսանաւել դէպի խաղաղ ափեր, վախնալով որ այս չընդդիմութեան թշուառականները ոչ մօտէն, ոչ ալ հեռուէն կրնան դառնալ փրկութեան լաստեր, այլ՝ խայտառակութեան փշրանքներ։

֍֍֍

Որքան փորձ կը կատարուի լաւատեսութեամբ եւ յուսադրութեամբ համակուիլ ու համակերպուիլ, սակայն քիչեր այդ տրամադրութիւններով կը խանդավառուին, երբ հայաստանեան իրականութիւնը, հանդէս կու գայ իր մռայլ եւ այրող թեւերով, մէկ կողմէն՝ ընդդիմութիւն կոչուած հոսանքներով, որոնք ոչինչով կ’ոգեւորեն, միւս կողմէն՝ իշխանութիւններու դերակատարութեամբ, որ կը մղուի հակադրուիլ անոնց չափազանցեալ եւ արուեստական խառնաշփոթութեանց, իսկ ատոնք որեւէ ձեւով, եղանակով կը յուշե՞ն հանդարտութեան ու կայունութեան սփոփիչ ժամանակաշրջանի մը գալուստը, երբ ընդհակառակը կան ցայտուն տուեալներ, նախանշաններ ու մագլցումներ, որոնք յղի կրնան ըլլալ Հայաստանին ու հայութեան խոտոր համակեցութեան հաշուոյն։

Share61Tweet38
Previous Post

Զրուցակիցս՝ X-Kom Մարդառոպոթը Եւ Մենք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.