Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Առաջին Աղաղակը

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

July 16, 2026
in Յօդուածներ
0
Առաջին Աղաղակը

Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ, նախապէս չլսուած եւ անսպասելի խլրտում մը կը պատահէր 15 Յուլիս 1890-ին: Կարմիր Սուլթանին քիթին տակ, հայկական յեղափոխութիւնը իր առաջին ձեռնոցը կը նետէր բռնակալութեան ժանտ լուծին դէմ: Ժողովրդային պոռթկում մը կու գար արդարօրէն ընդվզելու այն անիրաւութեանց դէմ՝ որոնք կը պատահէին օսմանեան տարածքներէն ներս, այնքա՜ն բնականօրէն եւ այնքա՜ն սովորական դարձած խժդժութիւններով: Օսմաններու որջին մէջ այս առաջին աղաղակն էր որ կը լսուէր, հետագային ծաւալելու, նոր թափ ստանալու եւ ահագնանալու կանխատեսութեամբ: Բռնապետութեան հիմքերը հետզհետէ պիտի խարխլէին՝ արդէն որպէս պատմական եւ անխուսափելի օրինաչափութիւն: Այդ նախաքայլը, պատմական ճակատագրի բերումով, իր ուսերուն կը կրէր Հնչակեան կուսակցութիւնը: Առաջին աղաղակը նաեւ առաջին ահազանգն էր ազգային արթնութեան, ընկերային պայքարի գիտակցութեան եւ համա-օսմանեան սթափութեան:

Ի հարկէ, խօսքը կը վերաբերի Գում Գաբուի ցոյցին: Հնչակեան կուսակցութեան այս իւրայատուկ ցասումը, Կ. Պոլսոյ միաւորին նախաձեռնութեամբ, ղեկավարեցին Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան) եւ Յարութիւն Ճանկիւլեան (Կայծիկ): Ի հարկէ, բախումը անխուսափելի էր օսմանեան ոստիկանութեան հետ: Հոն ինկան հնչակեան առաջին նահատակները (Մանուկ Նալպանտեան եւ Յովհաննէս Ղումրուեան), իրենց անունները առ յաւէտ քանդակելով հայ ազատագրական պայքարի պանծալի պատմութեան էջերուն:

Գում Գաբուի գործողութիւնը ընթացաւ երկու ուղղութեամբ. մին՝ պատրիարքը (Խորէն արք. Աշըգեան) Գում Գաբուի պատրիարքական նստավայրէն բռնի ուժով առաջնորդել Սուլթանին մօտ եւ ներկայացնել հայոց պահանջները, պարզել գաւառներուն մէջ տիրող անհանդուրժելի կացութիւնն ու անսանձահարելի հարստահարութիւնները եւ բողոքել համատարած անարդարութեան դէմ: Միւսը՝ ընդհատելով Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ հանրութեան առջեւ ընթերցել հայոց պահանջները:

Կեդրոնանալով ընթերցուած պահանջագիրին ընդմէջէն բարձրացած հարցերուն վրայ, անմիջապէս կարելի է նկատել թէ ցուցարարներ միայն ազգային մտահոգութենէ չէ որ կ’առաջնորդուէին, այլեւ ընկերային արդարութեան եւ դասակարգային հաւասարութեան խնդիրներն ալ կը յուզէին նշեալ խօսքին մէջ: Փաստօրէն, ընկերային-քաղաքական յոյժ կարեւոր փաստաթուղթ մըն էր այս՝ օսմանեան հանրութեան առաջին անգամ ներկայացուող: Ոեւէ ձախակողմեան, յառաջդիմասէր կամ լուսամիտ անձ, ինչ ազգութեան եւ կրօնի ալ պատկանէր, վստահաբար պիտի կիսէր այս առաջադրուած պահանջներուն բովանդակութիւնն ու միտքերը: Ահա հոս է հնչակեաններուն քաղաքական-գաղափարական ներդրումը Օսմանեան Կայսրութեան պատմութեան մէջ: Մանաւանդ այդ խաւարամիտ եւ յետադէմ օրերուն՝ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի խստաբարոյ մականին տակ:

Պատկերը դիպուկ է երբ կը գրուի՝ «Ի՞նչ ես դուն այսօր քու հայրենիքիդ մէջ… անասուն մը: Կաթնատու կովը, ապուշ ոչխարն անգամ քեզմէ աւելի գնահատուած են: Ի՞նչ ես դուն այսօր այս շռայլ մայրաքաղաքին մէջ: Ողորմելի պանդուխտ մը, անտուն, անտիրական աշխատաւոր մը, որ երկու ձեռքերէդ ուրիշ բան մը չունիս քեզ սեփական: Բայց այդ երկու ձեռքերդ ալ մեծերն ու հարուստները անգութ կերպով կ’աշխատցնեն, կը քամեն քու մարմինիդ բոլոր ոյժը, եւ այնուհետեւ, որուն հոգ, որ տկար ու անգործ մնացած, աղքատութեան սեւ օրերդ քարշ կու տաս մահիդ համար ա՜խ քաշելով»:  

Պահանջագիրին գաղափարա-ընկերային էութիւնը կը յստականայ երբ կը կարդանք հողի մասին, անոր բարիքներուն եւ սեփականութեան շուրջ, զայն բաշխելու մօտեցումին մասին. իսկական ընկերվարութեան հիմնասիւներէն է այս թէզը, որ կ’արծարծուի հնչակեաններու կողմէ.-

«Դուն կ’ուզես որ հողը հաւասարապէս պատկանելի ըլլայ այն ամենուն, որք կը մշակեն զայն:

Դուն կ’ուզես, որ այդ հողէն առած արդիւնքն ալ պատկանի անոնց, որք կ’արտաբերեն զայն:

Դուն կ’ուզես որ այդ սկզբունքին համեմատ ամէն մարդ աշխատանք, գործ ընէ եւ հողը մշակէ, բանի, որուն զօրութեամբ ալ՝ ամէն մարդ աշխատաւոր պիտի ըլլայ իր ապրուստն հայթայթելու համար:

Դուն կ’ուզես, մի խօսքով, որ տնտեսական ամէն հարստութիւն միշտ հաւասարապէս սահմանուած ըլլայ ժողովուրդին ամէն անդամներուն միջեւ»:

Ինչպէս գիտենք պատմութենէն, հողն ու անոր ընդերքին հարստութիւնը միշտ ալ եղած են վիճարկումի նիւթեր՝ երբ վաշխառուներ ուզած են խլել բոլորին պատկանող այդ վիթխարի հարստութիւնը, մինչ մշակներ, գիւղացիներ, հողին կառչած աշխատաւորներ ընդդիմացած են այս բացայայտ աւազակութեան, անյագուրդ ալան-թալանին: Հողին տիրութիւնը սուր բախումներու մղած է ներհակընդդէմ դասակարգերը: Պահանջագիրը ժողովուրդին արդար քրտինքին հետն է անտարակոյս:

Ժողովրդավարութեան առումով, յառաջամիտ եւ առողջ մօտեցումը ակնյայտ է պահանջագիրին մէջ՝ «Քաղաքականապէս դուն ինքդ պիտի ըլլաս քո ինքնավար տէրը: Պիտի ըլլայ Օրէնսդիր Ժողով մը, իբրեւ ժողովրդային ներկայացուցչութիւն, որոնց անդամները կ’ընտրուին ազատ կերպով, ընդհանուր քուէարկութեամբ, առանց խտրութեան կրօնի, դասակարգի, սեռի, պարապմունքի եւ կարողութեան»: Եւ այս կէտերը հրապարակաւ կը յայտարարուին եւ առաջ կը քաշուին 1890-ին՝ երբ աշխարհի մեծ մասը անծանօթ էր նման միտքերու, ժողովրդանպաստ թէզերու, համահաւասարութեան գաղափարներու: Եւ այն ալ Սուլթանի լրտեսներու ցանցին մէջ՝ լի հալածանքներով, վտանգներով եւ դժնի կանոններով: Եւ պահանջագիրը կ’եզրակացուի՝ «Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, որոյ միակ աղաղակն այժմ պէտք է ըլլայ՝ ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ»:

Հայրենասիրութեան եւ գաղափարանուիրութեան տիպար այդ սերունդը իր բոսոր արեամբ ճանապարհ հորդեց դէպի ազգային եւ ընկերային գիտակցութիւն, ընկերային խաւերու հաւասարութիւն եւ համընդհանուր արդարութիւն: Զօրաշարժեց ճնշեալները ե՛ւ ազգային ե՛ւ դասակարգային առումներով: Իրօք, պահանջագիրին բովանդակութիւնը ուսումնասիրելի բազում կէտեր ունի տակաւին:

Գում Գաբուի առաջին աղաղակէն ետք սկսած էր ահալի պայքարի երկարաշունչ պատմութիւնը…

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 16 Յուլիս 2026

Next Post

Խմբագրատունէն Դէպի Անհատական Հարթակ․ Հանրային Խօսոյթի Նոր Ուղիներ

Next Post
Խմբագրատունէն Դէպի Անհատական Հարթակ․ Հանրային Խօսոյթի Նոր Ուղիներ

Խմբագրատունէն Դէպի Անհատական Հարթակ․ Հանրային Խօսոյթի Նոր Ուղիներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.