ԲԱՆԿԱԼԹԸԻ (Պոլիս) Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ, 17 Յունիսին, տեղի ունեցած է շնորհահանդէսը թուրք սինեմարուեստի եւ թատրոնի պատմութեան հետազօտիչ Պուրաք Սիւմէի հեղինակած «Թրքական շարժանկարի առաջին կին դերասանուհին՝ Ռոզալի Պէնլեան եւ Ազգային Օսմանեան Օփերէթի խումբը» թրքալեզու գիրքին, որ լոյս ընծայուած է վերջերս Փարոս հրատարակչատունէն։ Բացման խօսքով հանդէս եկած է Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմինի ատենապետ ՌաՖայէլ-ԺոզէՖ Ալիք` հպանցիկ անդրադարձ մը կատարելով Մխիթարեաններու կրթական ու մշակութային դարաւոր առաքելութեան։

Յետոյ խօսք առած է «Փարոս» ամսագրի (թրքալեզու) տնօրէնուհի Մայտա Սարիս, որ բացատրութիւններ տուած է հատորին պատրաստութեան ու տպագրութեան մասին։ Ան ըսած է, որ նորատիպ գիրքը միայն Ռ. Պէնլեանի կեանքը չի լուսաբաներ, այլեւ լոյս կը սփռէ օսմանեան թատրոնի ու սինեմայի վաղ շրջանի պատմութեան վրայ։ Մ. Սարիս այնուհետեւ մէկ առ մէկ ծանօթացուցած է օրուան բանախօսները ու բեմը թողած անոնց։ Երեք բանախօսները՝ Պուրաք Սիւմէ (հեղինակը), Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Փընար Չէքիրկէ մէջընդմէջ անդրադարձումներ ունեցած են Ռոզալի Պէնլեանի բեմական գործունէութեան մասին, մինչ պաստառի վրայ ցուցադրուած են առնչակից արխիւային լուսանկարներ, թատերական տպաւորիչ ազդեր ու ԺԹ. դարու մամուլի հրապարակումներ։ Այս եռաձայն զրոյցը վարած ու համադրած է Մարալ Ֆուքս։ Երեկոյթի ընթացքին հնամենի «կրոմոֆոն»-ի վրայ ունկնդրուած են Պէնլեանի ձայնով պահպանուած կատարումներէ հատուածներ։ Ձեռնարկի աւարտին կատարուած է հիւրասիրութիւն։
ԲԱՆԿԱԼԹԸԻ Մխիթարեան վարժարանը տարեփակի նախօրէին լոյս ընծայած է «Նոր Մեղու» անունով աշակերտական պարբերականի մը Ա. թիւը։ Խմբագրութեան մաս կազմող ուսանողներն ու անոնց աշխատանքը վերահսկող ուսուցիչները յայտնած են որ «Նոր Մեղու»-ն տեսակէտով մը վերակենդանացումն է դպրոցին երբեմնի «Մեղու» պարբերականին, որ կարճատեւ գոյութիւն մը ունեցեր էր շուրջ 65 տարի առաջ…։

Նոր հրատարակութիւնը եռալեզու է, ունի հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն գրութիւններ, այլաբնոյթ նիւթերով։ Աշխատակիցներէն ոմանք հպած են գրական նիւթերու, ուրիշներ արձանագրած են ճամբորդական տպաւորութիւններ, կան նաեւ արուեստի աշխարհին վերաբերեալ ակնարկներ, վաստակաւոր պոլսեցիներու վերաբերեալ հրապարակումներ։ Առայժմ «Նոր Մեղու»-ն պիտի հրատարակուի տարեկան մէկ թիւ։
ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի (լիսէ) շրջանաւարտից ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցած է Գումգաբուի Որդւոց Որոտման մշակութային կեդրոնին մէջ, 28 Յունիսին։ Ներկայ եղած է Սահակ պատրիարքն ալ, որ դպրոցի տնօրէնութեան ու խնամակալութեան կողմէ նախ առաջնորդուած է Ս. Աստուածածին մայր տաճարի գաւիթը՝ Կեդրոնականի հիմնադիր Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանի շիրիմը, ուր կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ։

Հանդէսին յայտագիրը ընդգրկած է ուղերձներ, երգեր ու պարեր։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան կատարած է վկայականաց բաշխումը (34 ընթացաւարտ), իսկ հուսկ բանքը արտասանած է պատրիարք հայրը՝ շեշտը դնելով ուսման կարեւորութեան վրայ։ Հանդէսին յաջորդած է յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ տրուած ընդունելութիւն մը։ Նշենք, որ Կեդրոնական վարժարանը 140 տարուան համբաւաւոր կրթօճախ մըն է, ուրկէ շրջանաւարտ եղած են հայ կեանքի երեւելի անհամար դէմքեր։
ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ (Պոլիս) Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը կայացած է «Իլքքան» սրահին մէջ, Յունիսի վերջերը։ Աշակերտներու կողմէ կիրարկուած գեղարուեստական յայտագրին առընթեր՝ ուղերձներով հանդէս եկած են տնօրէնուհի տիկ. Թումայեան, անոր աւագ օգնականը՝ Ալիճան Սաղլամ, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճեան եւ ուսուցչուհի Սիլվա Պալճը։

Շրջանաւարտներուն առաջին երեք յաջողագոյնները ստացած են տարբեր բարերարներու կողմէ սահմանուած ոսկեդրամներ։ Թէեւ այս դպրոցը կը գտնուի հայաթափուած թաղամասի մը մէջ, սակայն կը շարունակէ տոկալ ու գոյատեւել մեծ զոհողութիւններով։ Անիկա ունի շուրջ 200 տարուան անցեալ…։
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ Պէզճեան մայր վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցած է «Յարութիւն ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ, 26 Յունիսին։ Ներկայ գտնուած է Սահակ պատրիարքն ալ։ Հանդիսավարութիւնը կատարած է ուսուցչական կազմէն Արաս Հօքքաճը։ Տնօրէնուհի Գլոտիա Ալթըփարմաք-Տէմիր իր ուղերձին մէջ յորդորած է շրջանաւարտները լա՛ւապէս արժեւորելու ապագայի ուղղեալ իրենց ակնկալութիւնները։

Պաստառի վրայ ցուցադրուած է տեսանիւթ մը, որ կ՛ամփոփէր աշակերտներուն 11-ամեայ ճամբորդութիւնը (մանկապարտէզ ու նախակրթարան) Պէզճեանի երդիքին տակ։ Գեղարուեստական յայտագրի ու վկայականաց բաշխումի աւարտին՝ հուսկ բանքը արտասանած է պատրիարք հայրը։ Այս տարի դպրոցէն ընթացաւարտ եղած են տասնմէկ հոգի։ Պէզճեան մայր վարժարանը կը գտնուի հայոց պատրիարքարանի մօտակայքը։
ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ (Պոլիս) Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը սարքուած է դպրոցին «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ։ Յայտագրի ընթացքին շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցած է տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, որ վկայականներ յանձնած է 40 ընթացաւարտներու։

Տատեան վարժարանին հիմնադիրը Յովհաննէս պէյ Տատեանն է, որ սուլթան Սելիմ Գ.-ի օրով կը վարէր արքունի վառօդապետի բարձր պաշտօնը։
ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ (Պոլիս) Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը կայացած է դպրոցին սրահին մէջ, 27 Յունիսին։

Ընթացաւարտներու անունով հրաժեշտի խօսք արտասանած է Ակսել Արտա Էօզթոսուն։ Վկայականաց բաշխումը կատարած է տնօրէնուհին՝ Տիրուհի Պերին։
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ (Պոլսոյ ասիական ափ) Արամեան-Ունճեան վարժարանը վկայականաց բաշխման ամավերջի իր հանդէսը սարքած է համանուն սանուց միութեան սրահին մէջ։ Յայտագրի ընթացքին ծնողներու անունով արտայայտուած է Գայիանէ Տինտար։

Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է մեծանուն ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի այն համոզումը, թէ առանց կրթութեան չկայ կեանք եւ երջանկութիւն։ Վկայականաց բաշխման աւարտին՝ «Սարայլը» հաստատութեան կողմէ նուիրուած ոսկեայ նուէրով պարգեւատրուած է դպրոցին Ա. հանդիսացող աշակերտը։
ՎԱՆԻ եւ ԸՂՏԸՐԻ մէջ թուրք առեւտրական շրջանակներու հետ պաշտօնական շփումներ ունեցած է Հայաստանէն ժամանած 16 հոգինոց գործարարներու պատուիրակութիւն մը։ Խումբը գլխաւորած է Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ Գործարարներու Միութեան փոխնախագահ Արթիւր Ղազարեան։ Այցը իրականացած է Եւրոմիութեան բարոյական նեցուկով ու նիւթական օժանդակութեամբ։ Հայ պատուիրակները Վանի մէջ իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած են տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու, սահմանային անցակէտերը բանալու եւ երկխօսութիւնը ամրապնդելու վերաբերեալ հարցեր։ Արթիւր Ղազարեան նշած է, որ Վանի հետ համագործակցութիւնը կը խանդավառէ զիրենք, որովհետեւ «Վանը պատմական ու մշակութային առումով առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ»…։ Ան փափաք յայտնած է, որ գործակցութիւն սկսի իրենց ու թրքական սահմանամերձ քաղաքներուն միջեւ, ինչպէս՝ Կարսն ու Ըղտըրը։ Նշուած է, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կը նախատեսուի գումարել «Թուրքիա-Հայաստան գործարարներու համաժողով» մը, եւ փափաքելի է որ հրաւիրեալ թուրք գործարարները Հայաստան մուտք գործեն Ալիճան-Մարգարա անցակէտէն, որ տակաւին փակ կը մնայ առ այսօր։ Այս այցելութեան մասին գնահատանքով արտայայտուած է նաեւ Վանի Առեւտրաարդիւնաբերական Պալատի նախագահ Նեճտէտ Թաքվա։ Ան նշած է, որ «առեւտուրը խաղաղութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան երաշխիք է», եւ թէ իրենց հայեացքը դէպի արեւելք դարձուցած են…։ Հայկական պատուիրակութիւնը համանման շփումներ ունեցած է նաեւ Ըղտըրի մէջ։
ՍԿԻՒՏԱՐԻ հայոց Ս. Կարապետ պատմական եկեղեցին, որ երկար ատենէ իվեր հիմնական վերանորոգութեանց առարկայ կը դառնար, պաշտօնապէս վերաբացուած ու վերաօծուած է 7 Յուլիսին։ Այս առթիւ, Սահակ պատրիարքի գլխաւորութեամբ նախ տեղի ունեցած է Դռնբացէքի արարողութիւն։ Յետոյ ներկաները մուտք գործած են եկեղեցի։ Պատրիարքը միւռոնով օծած է աւագ խորանն ու ու քովնտի Ս. Սեղանները։ Կատարուած է երեկոյեան ժամերգութիւն ալ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին՝ պարտէզին մէջ պատուասիրութիւն կատարուած է եւ յուշանուէրներ յանձնուած են նորոգութեան սատարող հաստատութեանց եւ անհատ բարերարներու։ Նշենք, որ Սկիւտարի այս փառաւոր եկեղեցին կու գայ ԺԶ. դարէն ու միա՛կն է որ ունի իրարու վերեւ երկու վերնատուն։ Կը պատմուի, թէ տաճարը կառուցած են Պոլիս եկած մշեցի պանդուխտները՝ ի յիշատակ Մշոյ համբաւաւոր Ս. Կարապետ վանքին։
ՍԿԻՒՏԱՐԻ Պաղլարպաշը թաղամասի հայոց Ս. Կարապետ գերեզմանատունը անծանօթներու կողմէ վանտալական յարձակումի մը թիրախ դարձած է 7-8 Յուլիսի երկարող գիշերուան ընթացքին։

Վանտալները ցանկապատէն ներս ցատկելով` վնաս պատճառած են վեց շիրիմներու (տապանաքարերու խաչերը փշրած…) եւ քանդած են յուշաղբիւր մը։ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը դէպքէն անյապաղ տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը, որ իր կարգին ձերբակալած է կասկածելի մը։
ԳԸՆԱԼԸ կղզիի հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ, 8 Յուլիսի երեկոյեան, երաժշտական սիրուն ձեռնարկ մը իրականացած է` շնորհիւ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, Թաղային խորհուրդի եւ Ներսէսեան դպրաց դասու ջանքերուն։ Համերգը կրած է «Ցնծա՛ հայ երաժշտութիւն» խորագիրը։ Բացման խօսքը արտասանած է Սեւան Աթաօղլու, որ մէկ առ մէկ ծանօթացուցած է մասնակից տարրերը։

Միքայէլ Էքմէքճի հանդէս եկած է դասական երաժշտութեամբ, իսկ Նայիրա Այտըն` հայկական երգերով։ Յետոյ բեմ բարձրացած է «Կամանց» նուագախումբը, որուն հինգ անդամները թէ՛ նուագած ու թէ՛ երգած են։ Աւարտին, ներկաները ու մասնակիցները ողջունած է Յարութիւն վարդապետ, իսկ հուսկ բանքը արտասանած է Սահակ պատրիարք, ուրախութիւն յայտնելով Գնալըի մէջ ամռան եղանակին սարքուած մշակութային ձեռնարկներուն համար։ Այնուհետեւ, ներկաները միասնաբար երգած են «Երգիր ինձ համար» ծանօթ երգը։

