Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 14 Յուլիս 2026

July 14, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 14 Յուլիս 2026

ԱՈՒՆ. «ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ ՉԷ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններու նախկին յանձնակատար Սիկրիտ Քակը, որուն հետ քննարկեց տարածաշրջանային զարգացումները, ՄԱԿ-ին դերը եւ խաղաղութեան յանգելու միջոցները: Զրուցակիցները խօսեցան միջազգային կազմակերպութեան կողմէ Լիբանանին տրամադրուող շարունակական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն հաստատելու առումով նախագահ Աունի ջանքերուն մասին: Քակ ողջունեց Աունի ու Լիբանանի կառավարութեան բանակցային ջանքերը, շեշտելով լիբանանցի երիտասարդութեան ստեղծագործութեան համար յարմար միջավայր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:

Աուն շեշտեց, թէ չ’ուզեր որ նոր սերունդը ապրի տառապանք եւ ցաւ, շեշտելով որ քաղաքական գործիչներուն պարտականութիւնն է անոնց համար ապահովել խաղաղ եւ կայուն միջավայր մը, որպէսզի չստիպուին արտագաղթելու: Անդրադառնալով իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւններուն, նախագահը յիշեցուց, որ այս ձեւը ապարդիւն է, ուստի խաղաղութեան յանգելու համար պէտք է նստիլ բանակցային սեղան եւ յանգիլ երկու կողմերը գոհացնող լուծումի: «Փորձը ցոյց կու տայ, թէ պատերազմները չեն առաջնորդեր խաղաղութեան եւ կայունութեան, ուստի Իսրայէլ պէտք է փոխէ իր մօտեցումը, եթէ կ’ուզէ իրապէս ապրիլ խաղաղ եւ կայուն միջավայրի մէջ», ըսաւ Աուն: Ան հաւաստիացուց, որ պիտի չհրաժարի հարաւէն եւ կը վերյիշեցնէ, թէ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրը կը պահանջէ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն իսրայէլեան ուժերուն նահանջը:

 

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու գրասենեակը յայտարարեց, թէ 2 Մարտին սկսած իսրայէլեան գործողութիւններուն հետեւանքով Լիբանանի մէջ ցարդ մահացած է 4322 մարդ, վիրաւորուած՝ 12.219 ուրիշներ: Բժիշկներու եւ հիւանդապահներու շարքերէն ինկած է առնուազն 5 զոհ եւ 147 վիրաւոր, իսկ շտապ օգնութեան խումբերէն՝ առնուազն 130 զոհ եւ 259 վորաւոր:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ «ՅՈՒՍԱԼԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐԸ»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան վերականգնումը, Հայաստանի եւրոպական ձգտումները եւ անոնց առնչուած քաղաքական փոփոխութիւնները գործիչներէն եւ քաղաքական վերլուծաբաններէն կը պահանջեն նոր մօտեցում ցուցաբերել տարածաշրջանին նկատմամբ: Շուշիի մէջ գումարուած լրատուամիջոցներու համաժողովի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը յայտնեց, որ Պաքու կը քննարկէ Եւրոպայի խորհուրդէն դուրս գալու հնարաւորութիւնը: Ալիեւ նշեց, որ վառելանիւթի մատակարարումներուն հարցով Հայաստան կ’ապաւինի այնպիսի յուսալի գործընկերոջ, ինչպիսին Ատրպէյճանն է:

Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ ամերիկեան դերակատարութեան, նախագահը դիտել տուաւ, որ ամերիկացիները հաշուի կ’առնէին Պաքուի մտահոգութիւնները եւ կ’ըմբռնէին «Զանգեզուրի միջանցքին» կարեւորութիւնը: Ալիեւ մաղթեց, որ տարածաշրջանային «3+3» ձեւաչափը դառնայ հաւասար իրաւունքներով վեցակողմ համագործակցութիւն: Նշենք, որ նշեալ ձեւաչափին մաս կը կազմեն Հայստանը, Ատրպէյճանն ու Վրաստանը, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, Իրանն ու Թուրքիան, թէեւ Թիֆլիս գրեթէ միշտ բացակայած է նիստերէն եւ ինքզինք չէ համարած որպէս այս ձեւաչափի մասնիկ: Ատրպէյճանի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանէն տարանցումով Ռուսիայէն Հայաստան փոխադրուած է 490 թոն ցորենի բեռ:

 

ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

Հայաստանի օդերեւութաբանութեան եւ դիտարկումի կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Ազիզեան յայտնեց, որ Սեւանայ լիճին մակարդակը բարձրացած է 1900.80 մեթրի, որ 2021-ի 30 Յունիսէն ի վեր գրանցուած բարձրագոյն ցուցանիշն է: Անցեալ տարուայ նոյն օրուայ հետ համեմատած, լիճը աւելի բարձր է 14 սանթիմեթրով, իսկ 2026-ի տարեսկիզբին հետ համեմատած՝ 58 սանթիմեթրով:

 

ԻՐԱՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԱՇԱՐԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ շեշտեց, որ ամերիկացիները անմիջապէս վերստին պիտի պաշարեն Իրանը, պիտի տիրապետեն Հորմուզին, պաշտպանեն նաւարկութեան ուղիները եւ անոր դիմաց ստանան նիւթական եկամուտ: Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը միւս կողմէ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընի հետ կնքուած յուշագիրը կը բոլորէ ճգնաժամային փուլ մը:

Ըստ Թեհրանի, ամերիկեան վերջին հարուածները տապալած են անցնող քանի մը ամիսներու դիւանագիտական ջանքերը: Հորմուզի նեղուցէն անցնող նաւերուն վրայ կրակ բանալու ամբաստանութեամբ, ամերիկեան ուժերը հարուածներ տուին Իրանի հրթիռային եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն՝ նեղուցին մերձակայ շրջաններուն եւ Ծոցի Իրանին պատկանող կղցիներուն մէջ: Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ շարունակած է «Վրէժխնդրութեան գործողութեան» փուլերը եւ թիրախաւորած Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Յորդանանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն կեդրոնները, կործանելով հեռահար հրթիռային կայանքներ: Նախապէս, միջնորդ պետութիւններէն Օմանի իշխանութիւնները կանչած էին Մասքաթի մէջ Իրանի դեսպանը եւ անոր յանձնած բողոքի յուշագիր՝ երկրին մէջ իրանեան անօդաչու սարքի հարուածներու լոյսին տակ: Ծոցի արաբական երկիրներուն դէմ Իրանի գործողութիւնները դատապարտած էին նաեւ Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը, զգուշացնելով այդ արարքներուն վտանգաւոր հետեւանքներէն: Հրաձգութեան փոխանակումի լոյսին տակ, Իրանի յեղափոխական պահակագունդը անժամկէտ փակ յայտարարեց Հորմուզի նեղուցը, իսկ ամերիկեան զինուած ուժերուն կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Հորմուզը բաց կը մնայ բոլոր նաւերուն համար, որոնք ունին միջազգային ջրային ուղիով անցնելու օրինական իրաւունք:

 

ՀՌՈՄԻ ՊԱՊԷՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը մտահոգութիւն յայտնեց աշխարհի մէջ զինուած հակամարտութիւններու աճին առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեց շարունակելու լուծումներ որոնել՝ երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան միջոցաւ: Պապը պահանջեց թոյլ չտալ, որ հակամարտութիւնները ոչնչացնեն խաղաղութեան յոյսը:

 

ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏ

Կիրակի օր, Դամասկոսի մէջ իր անդրանիկ նիստը գումարեց Սուրիոյ անցումային խորհրդարանը, որուն պարտականութիւնն է մշակել երկրին նոր սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարական վարչակարգի հիմքերը: Անցումային խորհրդարանին երկու երրորդը նշանակուած է տեղական յատուտկ կոմիտէներուն առաջարկով, իսկ մէկ երրորդը՝ 70 երեսփոխան նշանակուած է երկրի նախագահ Ահմատ Շարաայի որոշումով:

Անդրանիկ նիստի բացումին, Շարաա իր արտասանած խօսքին մէջ երեսփոխաններուն կոչ ուղղեց դառնալու պատասխանատուութեան օրինակ, զարգացնելու երկխօսութեան մշակոյթը, օրէնքին գերակայութիւնը եւ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ յարգալից վերաբերմունքը:

Share61Tweet38
Previous Post

Ժամանակն Է Որ Ռուսաստան Փոխէ Հայաստանի Հանդէպ Իր Վերաբերմուքը

Next Post

Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 3

Next Post
Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 3

Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) - 3

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.