Աւստրալիոյ մէջ ունեցած բազմաթիւ հանդիպումներէս ամէնէն տպաւորիչներէն մէկը տեղի ունեցաւ ոչ թէ հանդիսասրահի մը, պաշտօնական գրասենեակի մը կամ կազմակերպութեան մը յարկին տակ, այլ Սիտնիի ինքնաշարժի ելեկտրական համեստ արհեստանոցի մը մէջ։
Հանդիպում մը Գրիգոր (Գօգօ) Քէօշկէրեանի հետ, որ երկար պիտի մնայ յիշողութեանս մէջ։
Առաջին հայեացքէն իսկ կը զգաս, թէ դիմացդ պարզ, խնդումերես, քաղաքավար ու չափազանց համեստ մարդ մըն է։
- «Բարի եկաք…: Ասիկա գրասենեակ չէ… ակումբ մըն է, ճաշարան մըն է, ժամադրավայր մըն է։ Սիտնիի հայերը օրուան որեւէ ժամուն առանց պայմանաւորուելու հոս կու գան…»: Այսպէս դիմաւորեց զիս եւ դեռ չնստած, առաջին հարցումը ուղղեց. «Դուն բնիկ Լիբանանէն ե՞ս…»:
Պատասխանս լսելուն պէս կարծես հին բարեկամի մը հանդիպած ըլլար, անմիջապէս սկսաւ խօսիլ ոչ թէ իր մասին, այլ ուրիշներուն՝ Լիբանանի, Հալէպի, Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն մասին։
Արդէն այդ առաջին քանի մը վայրկեանները բաւարար էին հասկնալու համար, թէ Գօգօ Քէօշկէրեանի կեանքին առանցքը ինք չէ, իր ժողովուրդն է։
Շուրջ քառասուն տարի առաջ Հալէպէն գաղթելով Սիտնի՝ ան եկած էր իբրեւ սովորական արհեստաւոր։ Աշխատած, քրտնած ու յառաջդիմած։ Ստեղծած էր իր սեփական արհեստանոցը։
Այսօր ալ, 67 տարեկան հասակին, նոյն խանդավառութեամբ կը շարունակէ աշխատիլ։
Ինք կատակով կ’ըսէ.-
– «Սկիզբը գործաւոր էի… հիմա ե՛ւ գործաւոր եմ, ե՛ւ վարպետ…»:
Ժամանակները փոխուած են։ Ինքնաշարժները արդիականացած են։ Արհեստը դժուարացած է։ Բայց Գօգոյէն բան մը չէ փոխուած։
Գօգոյին արհեստանոցին մէջ աչքի զարնող առաջին առարկան ոչ թէ գործիք մըն էր, այլ՝ փոքրիկ մետաղեայ գանձանակ մը։ Չորս կողմէն զօդուած, յատուկ կերպով պատրաստուած իւրայատուկ գանձանակ մը։
Ան երկար տարիներ մտածած է, թէ ինչպէս կարելի է մարդոց վստահութիւնը շահիլ։
Որովհետեւ բարեգործութեան մէջ ամենամեծ դրամագլուխը դրամը չէ: Նուիրատուին վստահութիւնն է։
Ան համոզուած է, որ նուիրատուն մէկ բան միայն կ’ուզէ գիտնալ՝ «Իմ տուածս իրապէս պիտի հասնի՞ կարիքաւորին…»:
Ուստի ստեղծած է ամբողջ համակարգ մը, ուր ամէն ինչ հաշուետու է, փաստագրուած եւ բացարձակ թափանցիկ։
Իր գրասեղանին վրայ գտնուող այդ համեստ գանձանակէն տարիներ շարունակ օգնութեան հասած է Լիբանան, Հալէպ, Արցախ եւ Հայաստան։
Բայց ան նաեւ ամսական նուիրատուներու ցանկ մըն ալ ունի։ Իր բառերով՝ հերթաբար «տուրքի պէս…» գանձելի գումարներ: Ամէն ամիս բարեկամներ սիրով կը մասնակցին այդ «տուրքահաւաքին»։ Իւրաքանչիւրը իր բաժինը կը կատարէ։
2025-ին միայն այս նախաձեռնութեամբ շուրջ 40 հազար աւստրալիական տոլար հանգանակուած է, իսկ գանձանակին մէջ կուտակուած գումարը անցած է 7.500 տոլարը։ Թիւեր, որոնք խօսուն են։
Բայց շատ աւելի ազդեցիկ է Գօգոյին մէկ նախադասութիւնը.-
«Ես Աստուծոյ խօսք տուած եմ, որ պիտի օգնեմ իմ ժողովուրդիս…»:
Օտարներ ալ կը մասնակցին իր նախաձեռնած նուիրահաւաքներուն։
Ան կը պնդէ, որ նուիրատուն իր սեփական ձեռքով նետէ գումարը գանձանակին մէջ։
«Ինչո՞ւ»,- կը հարցնեմ։
Կը պատասխանէ՝ «որպէսզի կարիքաւորներուն աղօթքը ուղղակի նուիրատուին հասնի…»:
Այդ մէկ նախադասութիւնը բաւարար է հասկնալու Գօգոյին հոգեւոր ներաշխարհը։
Այս նախաձեռնութիւնը ծնունդ առած է 2015-ին, եկեղեցական ուխտագնացութեամբ Արցախ այցելելէ ետք։
Այնտեղ տեսած կարիքաւոր ընտանիքները անհանգիստ ձգած են զինք։
Վերադարձած է Սիտնի։ Մտածած է։ Ապա սկսած է գործի։ Առաջին տարին հաւաքած է վեց հազար տոլար։ Ինք անձամբ օգնութիւնը տարած է Հայաստան ու Վարդան Սրբազանին խորհուրդով՝ բաժնած կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Եւ ան ցոյց տուաւ իր ստացած երախտագիտական զգացումներով լի շնորհակալական նամակները:
Գօգօ Քէօշկէրեանին համար հայրենասիրութիւնը գեղեցիկ խօսքեր արտասանելը չէ։
Ան գործի մարդ է։ Երբ դրամահաւաքը դանդաղի, կը կազմակերպէ խորովածի երեկոներ։ Բարեկամները կը հրաւիրէ եւ օրը կը վերածէ ազգային պարտականութեան։ Եւ օրուան աւարտին հերթական օգնութիւնը արդէն պատրաստ կ’ըլլայ կարիքաւորի մը հասնելու։
Հրաժեշտի պահուն աչքս անգամ մըն ալ կանգ առաւ այդ փոքրիկ գանձանակին վրայ։
Սովորական մետաղեայ արկղ մը… Բայց ինծի համար ան դարձած էր լուռ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ մը։
Անոր մէջ նետուած ամէն մէկ մետաղադրամ կը պատմէր մարդոց վստահութեան, զոհողութեան եւ ազգին հանդէպ անշահախնդիր սիրոյ պատմութիւնը։
Այդ օրը Գօգոյին քովէն հեռացայ ոչ միայն հաճելի հանդիպումի մը յիշատակով, այլ նաեւ խոր համոզումով մը, որ ազգերը մեծ առաջնորդներու կողքին, կ’ունենան նաեւ այսպիսի լուռ ու համեստ մարդիկ, որոնք առանց թմբուկի, ծափահարութեան եւ փառքի ակնկալութեան, ամէն օր իրենց բաժին լոյսը կը բաշխեն ուրիշներուն։
Գօգօ Քէօշկէրեանը այդ լոյս սփռողներէն մէկն է։
(Սիտնի)

