Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ժամանակն Է Որ Ռուսաստան Փոխէ Հայաստանի Հանդէպ Իր Վերաբերմուքը

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

July 11, 2026
in Յօդուածներ
0
Ժամանակն Է Որ Ռուսաստան Փոխէ  Հայաստանի Հանդէպ Իր Վերաբերմուքը

Ռուսաստան կը շարունակէ հայկական ապրանքներու ու յատկապէս գիւղատնտեսական արտադրանքներու սահմանափակումները, որոնք դրուած էին Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ, նպատակ ունենալով ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ՝ յուսալով տապալել Փաշինեանի իշխանութիւնը ու Երեւանի մէջ տեսնել իրեն ենթարկուելու պատրաստ նոր կառավարութիւն։

Ընտրութիւններէն անցած է մէկ ամիս եւ Ռուսաստանի նախագահը տակաւին կը մերժէ շնորհաւորել Փաշինեանը ու տնտեսական պատժամիջոցները կը շարունակեն մնալ ուժի մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանին ձեռք մեկնեց Եւրոպական միութիւնը՝ նիւթական ու գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելով, որպէսզի սահմանափակումներու տակ գտնուող ապրանքները հասնին 450 միլիոն բնակչութիւն ունեցող եւրոպական շուկաներ։ Անցեալ շաբաթ, այս նպատակով Երեւան այցելած՝ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայեն յայտարարեց, որ Պրիւքսէլը պիտի ազատականացնէ դէպի Եւրոմիութեան շուկաներ Հայաստանի արտահանումներու շուրջ 80%-ը եւ պիտի տրամադրէ ֆինանսական փաթեթներ՝ օգնելով Երեւանին բազմազանեցնել իր տնտեսութիւնը եւ դիմակայել Մոսկուայի կողմէ աճող ճնշումներուն: «Եթէ Ռուսաստանը փակէ իր շուկան հայկական արտադրանքին համար, ԵՄ-ն պիտի բանայ իր դռները», շեշտեց եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Եւրոպական այս անմիջական ու արագ նախաձեռնութիւնը՝ օգնութեան հասնելու Հայաստանին, վրիպած պէտք չէ ըլլայ Մոսկուայի ուշադրութենէն։ Վերջին օրերուն նկատելիօրէն նուազած են Քրեմլինի խօսնակներուն կողմէ Երեւանի հասցէին հնչող մեղադրանքներն ու սպառնալիքները։ Իսկ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը մեկնած էր Ռուսաստան՝ մասնակցելու միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսի մը։ Այս առթիւ ռուս վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին յայտարարեց. «Ռուսաստանի Դաշնութիւնը պատրաստակամ է հետեւողականօրէն զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ, երբ Երեւանի մէջ պիտի ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն»։ Տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ այս յայտարարութեան պիտի յաջորդէ տնտեսական սահմանափակումներու աստիճանաբար մեղմացումը։ Նման քայլ առաջին հերթին կը բխի Ռուսաստանի շահերէն։ Հայաստանի տնտեսվարողներ սկզբնական շրջանին որոշ դժուարութիւններէ ետք, ի վերջոյ պիտի կարողանան գտնել այլ շուկաներ։ Նոյնը պատահեցաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ Ռուսաստան մերժեց զէնք մատակարարել Հայաստանին ու բանակը սկսաւ զինուիլ այլ երկիրներու արդիական եւ աւելի որակաւոր զինատեսակներով ու զարկ տալ ներքին արտադրութեան, որոնք անցնող Մայիս 28-ին տողանցեցին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Մոսկուան նաեւ կորսնցուց իր քաղաքական ազդեցութիւնը Երեւանի վրայ, երբ ան, առեւտուրի մէջ մտնելով Պաքուի եւ Անքարայի հետ, նպաստեց Արցախի հայաթափման։ Այս վերջին քայլով Քրեմլին գործեց պատմական անդառնալի մեծ սխալ, կորսնցնելով Հայաստանը, առանց սիրաշահելու Ատրպէյճանը, իսկ Թուրքիան դարձաւ գլխաւոր դերակատար Հարաւային Կովկասի մէջ, որուն համար հարիւրամեակներու թշնամանք գոյութիւն ունեցած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ է, որ Երեւան իր ուշադրութիւն թեքեց դէպի Արեւմուտք՝ սերտացնելով իր յարաբերութիւնները Եւրոպային հետ, ու այսօր կը քաղէ այդ քայլին պտուղները՝ տնտեսապէս ու քաղաքականապէս։

Որքան որ Հայաստանը պէտք ունի Ռուսաստանին, նոյնքան ալ Ռուսաստանը՝ Հայաստանին, որպէսզի կարողանայ որոշ չափով պահել իր ներկայութիւնը տարածաշրջանէն ներս։ Այդ ընելու համար, Մոսկուան պէտք է դադրի սպառնալիքներու եւ պատժամիջոցներու լեզուով խօսելէ Երեւանի հետ։ Վարչապետ Փաշինեան ու կառավարութեան միւս անդամները գիտակցաբար չեն պատասխաներ ռուս ներկայացուցիչներու հակահայ ելոյթներուն, իրավիճակը աւելի չսրելու համար, եւ ընդհակառակը միշտ կը շեշտեն Ռուսաստանի հետ կապերու կարեւորութիւնը։ Ժամանակը եկած է, որ Մոսկուան վերարժեւորէ իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ ու որդեգրէ ամբողջովին նոր քաղաքականութիւն՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի ու ինքնիշխանութեան սկզբունքին վրայ։

Share61Tweet38
Previous Post

«Ամառ Առանց Այգաբացի». Հեղինակներ՝ Յակոբ Խաչիկեան Եւ Ժան-Իվ Սուսի (Մաս Ա․)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.