Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 11 Յուլիս 2026

July 11, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 11 Յուլիս 2026

ԱՈՒՆ. «ՊԻՏԻ ՉՀՐԱԺԱՐԻՄ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԸՆՏՐԱՆՔԷՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու տարածաշրջանային նորագոյն զարգացումները: Աուն վերահաստատեց, որ պիտի չհրաժարի Իսրայէլին հետ բանակցելու որոշումէն, աւելցնելով որ իր բոլոր կեցուածքներուն մասին պարզաբանումներ պիտի ներկայացնէ լիբանանցիներուն, որպէսզի իմանան, թէ ինչպէս կ’ընթանայ բանակցային հոլովոյթը եւ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն: Աունի համաձայն, բանակցելու որոշումին վերաբերեալ քննադատութիւնները նոյնիսկ արժանի չեն հակադարձութեան, որովհետեւ Լիբանան 1949-էն ի վեր քանի մը անգամ բանակցած է Իսրայէլի հետ:

Նախագահ Աուն այցելեց նախկին նախագահ Միշէլ Սլէյմանի բնակարանը եւ քննարկեց քաղաքական եւ ապահովական նորագոյն զարգացումները: Սլէյման ապա յայտնեց, որ խօսած են Աունի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան եւ ամերիկացի նախագահին հետ սպասուած քննարկումներուն մասին: «Նախագահ Աուն յանձնառու է ազատագրելու Լիբանանը եւ մեր քաղաքացիներուն տահոգութիւնները պիտի փոխանցէ ամերիկացի պաշտօնատարներուն», ըսաւ Սլէյման:

Իսկ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նորանշանակ դեսպան Ֆահըտ պըն Ապտ էլ-Ռահման էլ-Տոսարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Պէյրութ-Ռիատ եղբայրական յարաբերութիւնները: Հրամանատարը դեսպանին հետ խօսեցաւ լիբանանեան եւ սէուտական բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու միջոցներուն մասին:

 

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ՝ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԹԻՒԵՐՈՎ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 Մարտին պատերազմի վերաբռնկումէն իվեր Լիբանանի մէջ մահացած է առնուազն 4321 մարդ, վիրաւորուած՝ 12.207 ուրիշներ:

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր այցելեց Նապաթիէ, ուր ծանօթացաւ իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքներուն: Հարաւի խորհուրդի նախագահ Հաշէմ Հայտարի ընկերակցութեամբ կատարած շրջագայութեան ընթացքին Ժապէր յայտնեց, որ Նապաթիէ ժամանած է գետնի վրայ ծանօթանալու համար պատերազմի հետեւանքներուն եւ վերակառուցումի յանձնառութիւն յայտնելու քաղաքացիներուն: Իսկ երկրագործութեան նախարար Նիզար Հանի նոյն գաւառին մէջ ծանօթացաւ պատերազմին ձգած երկրագործական վնասներուն: Ոլորտի պատասխանատուներուն եւ հողագործներուն հետ կատարած քննարկումներէն ետք Հանի յայտնեց, որ երկրագործական ոլորտը պատերազմին պատճառով կրած է առնուազն մէկ միլիառ տոլարի վնաս:

 

ՀԱՅ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեան Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին տեսակցեցաւ նախագահի աշխատակազմի տնօրէն Անթուան Շուքէյրի հետ: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան՝ Լիբանանին ցուցաբերուած շարունակական աջակցութեան համար, ներառեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու որոշումը:

Ըստ Արտաքին գործերու նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան, Կոստանեան իր կարգին վերահաստատած է Երեւանի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու աջակցիլ բարեկամ Լիբանանին՝ նպաստելով երկրին մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամի մեղմացումին: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Երեւանի եւ ՊԷյրութի միջեւ համագործակցութեան զարգացումին՝ ներառեալ անհրաժեշտ իրաւապայմանագրային հիմքերու ձեւաւորումը:

 

TRIPP-ԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

2025-ի Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած հայ-ատրպէյճանական համաձայնագրին գլխաւոր կէտերէն մէկը՝ հաղորդակցութիւններու աշխուժացումի TRIPP նախագիծը, կը շարունակէ ենթարկուիլ ատրպէյճանական շահարկումներու: Արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Պաքու տեղեկացուած է Հայաստանի մէջ այս նախագիծին ուղղութեամբ աշխատանքներու ընթացքին մասին: Ան պնդեց, որ TRIPP-ը խորքին մէջ «Զանգեզուրի միջանցքն է, որուն մուտքն ու ելքը պիտի գտնուին Ատրպէյճանի տարածքին մէջ»: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը մասնակցի այս հոլովոյթին: Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հակադարձեց Պաքուի յայտարարութեան ու շեշտեց, որ  TRIPP նախագիծը հիմնուած է հայ-ամերիկեան Մայիսին ստորագրուած համաձայնագրին վրայ ու կը վերաբերի միայն Հայաստանի տարածքին եւ այդ առումով խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին հայ եւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն միջեւ:

 

ՎՃԱՐՈՒՄ ԵՒ ՏԱՐԱՆՑՈՒՄ

Հայաստանի քաղաքացիական օդային փոխադրութեան վարչութիւնը յայտարարեց, որ ատրպէյճնական օդանաւային ընկերութիւնները 2025-ին Հայաստանի օդային տարածքէն անցնելու համար վճարած են 434 հազար 31 եւրօ: Ատրպէյճանի երկաթուղիներու ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ երէկ Ատրպէյճանի վրայով Ռուսիայէն Հայաստան փոխադրուած է 14 վակոն վառելանիւթ եւ հինգ վակոն պարարտանիւթ: Ցարդ, տարանցումի նոյն ուղիով Հայաստան փոխադրուած է աւելի քան 36 հազար թոն ցորեն, ութ հազար թոն պարարտանիւթ, ինչպէս նաեւ ալիւր, վառելանիւթ եւ այլ նիւթեր:

 

ԴԱՏԱՎՃԻՌՆԵՐՆ ԱԼ ԱՐԳԵԼԱՓԱԿՈՒԱԾ ԵՆ

Պաքուի մէջ գերեվարուած եւ քսան տարուայ բանտարկութեան դատապարտուած՝ Արցախի պետական նախկին նախարար եւ ծանօթ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի պաշտպան Սիրանուշ Սահակեան յայտնեց, որ կը պատրաստուին դիմելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, նկատի առնելով որ վերջապէս յաջողած են ստանալ Վարդանեանին դատավճիռը: «Պիտի ապացուցենք, որ Վարդանեանին մեղադրանքը քաղաքական է, անհատական որեւէ յանցաւոր արարք չկայ: Հաւաքական ինքնորոշումի իրաւունքը ապօրինաբար որակաւորուած է որպէս ահաբեկչութիւն», ահազանգեց ան:

Իրաւաբանը նշեց, որ Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած մնացեալ 15 հայ գերիներուն պարագային, Պաքուի իշխանութիւնները տակաւին կը մերժեն տրամադրել ութ ամիս առաջ արձակուած դատավճիռները, ուստի իրաւաբանները կարողութիւն չունին ծանօթանալու մանրամասնութիւններուն եւ անոնց հիման վրայ բողոք ներկայացելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին: Յիշեցնենք, որ ցկեանս կամ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուած են 16 հայ գերիներ՝ ներառեալ Ռուբէն Վարդանեանն ու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց թրքական անօդաչու սարքերու արտադրութեամբ հռչակ ստացած Baykar ընկերութեան նախագահ Սելճուք Պայրաքթարը, որուն հետ քննարկեց համագործակցութիւնը խթանելո միջոցները եւ հեռանկարները: Պայրաքթար Ալիեւին ներկայացուց Ատրպէյճանի մէջ ընկերութեան իրականացուցած աշխատանքները, մաղթելով որ Պաքուի հետ իրենց միասնութիւնն ու եղբայրութիւնը ըլլայ յաւերժ:

 

ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԿԱԼԱՆՔԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած եւ երկրորդ դիրքը գրաւած «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքի երկարաձգուած է:

Դատական նիստին աւարտին, դատաւորը որոշեց կալանցքը երկու ամիս երկարաձգել, թէեւ մեղադրող կողմը կը պահանջէր եռամսեայ կալանք:

Share61Tweet38
Previous Post

Ուղեղի Գործունէութեան Տոկոսը

Next Post

Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 2

Next Post
Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) – 2

Ձայներ Պոլսէն (արձագանգ թրքահայ կեանքի) - 2

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.