Նախորդ քանի մը տասնամեակներուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին յուշագրութիւններն ու հրատարակութիւնները զգալի դարձան: Մինչեւ անցեալ դարու յիսունական թուականները Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողը տակաւին յետցնցումի (trauma) արհաւիրքն ու սարսափը կ՛ապրէր եւ այդ պատճառով չէր ուզեր իր յիշողութիւնը բաժնել հանրութեան, այլ միայն իր ընտանիքի անդամներուն հետ, ու շատեր ատկէ ալ կը խուսափէին: Երբ տակաւ առ տակաւ Հայասպանութեան արհաւիրքի յետցնցումային ազդեցութիւնը տկարացաւ, վերապրողներ սկսան պատմել Մեծ Եղեռնի իրենց դառն յուշերը եւ գրի առնել զանոնք: Այսպիսով սկսան հրատարակուիլ բազմաթիւ յուշագիրքեր զանազան ոճերով, ներառեալ վիպականացմամբ: Այս ծիրին մէջ, գրագէտ եւ պատմաբան Յակոբ Խաչիկեան (1931-2015), գանատացի վիպագիր Ժան-Իվ Սուսիի (1945-2017) հետ գործակցաբար մշակած եւ վիպկանացուցած է վերապրող Վարդան Պալեանի յուշերը ֆրանսերէնով՝ «Un Ete Sans Aube» խորագրով, որ հայերէն լոյս տեսած է «Ամառ Առանց Այգաբացի» վերնագրով (ֆրանսերենէ թարգմանեց Ամալիա Շահումեան, Հայ Գրողներու Միութեան հրատարակութիւն, Երեւան, 2005, 762 էջ, վէպ):
Գիրքին նախաբանին մէջ հեղինակները պատմական ակնարկ մը կը նետեն Օսմանեան Պետութեան պատմութեան վրայ, ապա կը ներկայացնեն Գոնիայի մէջ հայոց դէմ կատարուած խժդժութիւնները եւ Կ. Պոլսոյ Ա.Մ.Ն.-ի դեսպան Մորկընթաուի տեսակցութիւնը Թալաաթի հետ, յայտնելու համար իր վրդովմունքը հայոց դէմ կատարուած վայրագութիւններուն եւ անարդարութիւններուն նկատմամբ:
Գրող-պատմաբան Յակոբ Խաչիկեան եւ վիպագիր Ժան-Իվ Սուսի կը նկարագրեն Սեբաստիա քաղաքը, որուն արուարձաններէն մէկուն մէջ բանող զինուորական հիւանդանոցին մէջ Վարդան Պալեանը բժիշկ սպայ էր: 1915-ի ամռան սկիզբը Սեբաստիոյ հայոց բռնագաղթի հրամանը եկած էր: Օսմանեան բանակին մէջ Վարդանի ծառայութեան պատճառով, անոր ընտանիքը պէտք է զերծ մնար տեղահանուելէ: Այդուհանդերձ, 38 տարեկան Վարդանը միշտ զգոյշ էր այս հարցին նկատմամբ:
Վարդանի հայրը՝ Թովմաս Պալեան ափիոնի արտեր ունէր Սեբաստիոյ մէջ եւ դէպի Եւրոպա ու Ամերիկա ափիոն կ՛արտածէր, բժշկական նպատակներով գործածուելու համար:
Վարդան Պալեանի հոգեբանութեան վրայ մեծապէս ազդած էին 1894-1896-ի հայոց ջարդերը եւ քաղաքականութիւնը դարձուցած իր նախասիրութիւնը: Երիտասարդ տարիքին ան քաղաքական վերլուծութիւններ կ՛ընէր ու թերթերու մէջ կը հրատարակէր: Հայրը՝ Թովմաս կը փափաքէր որ Վարդան քիմիագէտ դեղագործ դառնար, օգտակար ըլլալու համար իրենց ափիոնի գործին: Սակայն վերջինս կ՛ուզէր պատմագիտութեան հետեւիլ: Բուռն վիճաբանութիւններէ ետք Վարդան ստիպուած կ՛ենթարկուի հօրը կամքին եւ Պոլսոյ հայկական Կեդրոնական վարժարանը աւարտելէ ետք Ռոպերթ Գոլէճ կը մտնէ դեղագործութեան հետեւելու:
Վարդան Պալեան Կ. Պոլսոյ մէջ իր մօրեղբօր՝ Մեսրոպ Մեսրոպեանի տունը կը մնար: Մեսրոպի աւագ որդին՝ Պարգեւը Նիւ Եորք կ՛ապրէր եւ Պալեաններու ափիոնի տեղւոյն գրասենեակը կը ղեկավարէր: Կրտսեր որդին՝ Տիրանը Վարդանի հետ շատ մտերմացած էր եւ անոր նման քաղաքական հակումներ ունէր, այն տարբերութեամբ որ Տիրան զինեալ պայքարի ջատագով էր, իսկ Վարդան սահմանադրական բարեփոխումներու կը հաւատար, եւ որ քսան տարեկան երիտասարդ էր երբ իր յօդուածները սկսած էին հրատարակուիլ արտասահմանի մէջ: Ան վերլուծական գիրք մը կը հրատարակէ՝ «Ազգերու կայսրութիւն» խորագիրով: Երիտթուրքերը կասկածով կը նայէին անոր ու Վարդան կը ստիպուի մէկ տարի իր ընկերներուն մօտ թաքնուած կեանք մը ապրիլ, յաճախ փոխելով հասցէն:
(Շարունակելի)

