«Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»։
Այո՛, նահատակուեցան Քսանները յանուն հայրենիքի եւ վսեմ գաղափարի, բայց չուշացան քսան հազարները, որոնք հաւատարմօրէն շարունակեցին անոնց սրբազան ուղիէն ընթանալ: Ահաւասիկ 111 տարիէ իվեր ամէն տարի ուխտը կը նորոգուի, եւ հնչակեանը իր հեռատես, խիզախ եւ յանձնառու տեսլականով կը շարունակէ գործել յանուն վառ արշալոյսին՝ ազատ եւ անկախ Հայաստանի բարգաւաճման։
Այսօր իրականացած է յեղափոխութեան երգիչին՝ Փարամազի մարգարէութիւնը. հայը մէկ անգամ եւս մեռնելով՝ հայը ապրեցաւ։ Ազատ եւ անկախ Հայաստանի երազը մարմին առաւ: Բիւր յարգանք ազատութիւնը իրագործող Քսաններուն եւ քսան հազարներուն։
Շաբաթ, 17 Յունիս 2026-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անմահ Քսան կախաղաններու ոգեկոչման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Թորոնթոյի Վարիչ մարմինին, ՆՍՄՄ-ի անդամներու, համակիրներու եւ հայորդիներու։
Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի, Գանատայի եւ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան քայլերգերով։ Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին հնչակեան Քսաններուն յիշատակը։ Օրուան հանդիսավարը՝ Սարգիս Մխսեան, ներկաներուն բարի գալուստի խօսքեր ուղղելէ ետք, բեմ հրաւիրեց Վանա Գազանճեանը։ Վանան բոլորին յիշողութիւնը թարմացուց, թէ Քսաններուն ուղին որքա՜ն դժուար էր եւ պայմանները ինչքա՜ն ծանր։ Այնուամենայնիւ, անոնք խիզախօրէն պայքարեցան յանուն իրենց վսեմ գաղափարին եւ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի փրկութեան։

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ պատանիներ Յակոբ Անուշեանի՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Մեր ուխտը», եւ Լենա Պալիոզեանի՝ Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւններու արտասանութեամբ։ Դաշնամուրի վրայ հնչեցին տիկ․ Մարիա Տաւուտեան-Այվազեանի կատարողութեամբ «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Կիլիկիա», «Ազգ փառապանծ» եւ «Հնչակեան ենք մենք» կտորները։ Ապա ցուցադրուեցաւ «Քսանի լուսաբաց»-ը վաւերագրական տեսերիզը, ուր նկարագրուած էր 19-րդ դարու հայ ժողովուրդին կեանքը՝ չափազանց դժուար ու ծանր օրերը։ Այդ ճակատագրական օրերուն ծնունդ առաւ ազգային-ազատագրական պայքարը՝ «Ազատագրել հայրենիքը եւ պաշտպանել հայ ժողովուրդին իրաւունքները» կարգախօսով։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներն ու գործիչները բացառիկ անձնազոհութեամբ ո՛չ մէկ սպառնալիքի առջեւ ընկրկեցան։ Սուրը, հուրը, բանտն ու մահը չկրցան կասեցնել կամ շիջեցնել անոնց ազգային իտէալներն ու ազատութեան գաղափարը։ Անոնց զոհաբերութիւնը դարձաւ նոր սերունդներու պայքարի, հաւատքի եւ յանձնառութեան անսպառ ներշնչման աղբիւր։ Հետեւաբար, սոյն պայքարը՝ Քսաններու նահատակութեամբ, անկիւնադարձ մըն էր՝ բարձրագոյն արտայայտութիւն եւ ազատագրութեան աննախընթաց ճիչ։
Ժամը հասած էր ունկնդրելու օրուան պատգամը, զոր փոխանցեց փաստաբան, հանրածանօթ հրապարակագիր Պարգեւ Դաւիթեան։ Բանախօսը հանդիսատեսը առաջնորդեց դէպի հնչակեան Քսաններուն նահատակութեան պատմական խորհուրդը՝ լուսաբանելով այն ազգային ու քաղաքական պայմանները, երբ Քսանները գիտակցաբար ընտրեցին զոհաբերութեան եւ նահատակութեան ուղին։ Ան ընդգծեց, որ Քսաններուն պայքարը հիմնուած էր անսակարկ հաւատքի, ազգային արժանապատուութեան եւ ազատ հայրենիքի տեսլականին վրայ։ Անդրադառնալով անոնց կտակին եւ մէջբերելով Փարամազի, տոքթ․ Պէննէի, Արամ Աչըքպաշեանի խօսքերէն՝ ան յիշեցուց եւ շեշտեց, որ իրենց գաղափարախօսութիւնը կենդանի եւ շարունակելի է։ Անոնց անձնազոհութիւնը կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները՝ հաւատարիմ մնալու ազգային արժէքներուն եւ անխոնջ շարունակելու պայքարը յանուն ազատ, անկախ եւ ամբողջական հայրենիքի։ Աւելին, սոյն զոհաբերութիւնը կը վերահաստատէ հաւատարմութիւնը ազգային արժէքներու, պատմական յիշողութեան պահպանման եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուող ազատասիրական ոգիին նկատմամբ։
Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան Քսաններու կախաղանումը հնչակեան ղեկավարներու դէմ լոկ դատարանի վճիռի մը գործադրութիւնը չսեպեց, այլ խորհրդանշական արարք մը՝ պատժելու ամբողջ հայ ազգը: Ան ըսաւ. «Օսմանեան կայսրութեան մօտաւորապէս 500 տարուան իշխանութեան ընթացքին միլիոնաւոր ազատատենչ մարդիկ բարբարոսաբար սպաննուած են: Սակայն ըստ Ուիքիփիտիա համացանցային համայնագիտարանին ուղղած հարցումիս, թէ այդ երկար շրջանին քանի՞ անգամ հաւաքական կախաղան հանուած մարդոց (mass hanging) դէպքեր պատահած են, պատասխան տրուեցաւ, թէ երեք անգամ այդ պատահած է. Պոլսոյ Յոյներու պատրիարք Կրեկորի 5-րդը եւ չորս յոյն արքեպիսկոպոս ու 6 յոյն եպիսկոպոս՝ 15 Յունիս 1821-ին, հնչակեան Քսան կախաղանները՝ 15 Յունիս 1915-ին, լիբանանցի եւ սուրիացի 14 ազատամարտիկ ազգային ղեկավարներ՝ 6 Մայիս 1916-ին: Երեք պարագաներուն ալ, հաւաքական բնոյթ ունեցող նահատակութեամբ թուրքը ուզած է անոնց ժողովուրդներուն տալ պատժելու խորհրդանշական իմաստ: Առաջին պարագային՝ 1821 թուականի յունական ապստամբութեան ոգին պատժելու համար Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացուեցան Պոլսոյ յոյն պատրիարքն ու թիւով տասը յոյն արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, 1915 թուականին հայ ազատագրական ոգին պատժելու համար Պոլսոյ մէջ կախաղան հանուեցան հնչակեան Քսանները, եւ 1916 թուականին արաբ ազատագրական ոգին պատժելու համար Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան հանուեցան 14 ազգային ղեկավար մարդիկ: Երեք պարագաներն ալ կը խորհրդանշեն ամբողջ ժողովուրդ մը պատժելու նպատակ մը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ»:
Հանդիսութիւնը եզակի առիթ մըն էր վերարժեւորելու Քսաններուն հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը, աննկուն կամքը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու այն պատմական իրադարձութիւններուն, որոնք կերտեցին մեր ազգային ազատագրական յաղթական պայքարի էջերը։
Երեկոն փակուեցաւ ընկ․ Փանոս Անուշեանի «Ողջոյն քեզ, Հնչակ», «Փառք Հնչակին», «Հնչակեան ենք մենք» եւ «Ուխտի հրաւէր» ջերմ, յուզիչ եւ խանդավառող երգերու կատարողութեամբ։ Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որ առիթ ընծայեց ներկաներուն միասին վայելելու ջերմ զրոյցի ու հաղորդակցութեան պահեր։
Ներկաները խոնարհումի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցեցին Քսաններուն եւ բոլոր հայ հերոսներուն, որոնք նահատակուեցան ազգային ազատագրական պայքարի ճանապարհին։ 111 տարի ետք ուխտի նորոգման օրը կրկին կը յիշատակուի եւ մասնակիցները իրենց ազգային վեհ գիտակցութեամբ անգամ մը եւս կը նշեն մահափայտերուն վրայ կախաղանուած Քսաններուն անմեռ յիշատակը։

