Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Կին Եւ Գահ. Պատմական Դիմանկարներ

Անի Թորանեան (Երեւան)

July 9, 2026
in Մշակութային
0
Կին Եւ Գահ. Պատմական Դիմանկարներ

«Թագաւորական ծիրանին ամէնէն

ազնիւ պատանքն է»։

Որքա՜ն ճիշդ է այս հին ասացուածքը։

Կայսրուհի Թէոտորա

 

 

Մարդկութեան պատմութեան հիմնական նկարագրութիւնը յաճախ կ’անտեսէ կիներուն ներդրումը, սակայն անարդար պիտի ըլլար չարձանագրել, որ շատ անգամ անո’նք եղած են այն ուժը, որ փոխած են պետութիւններու ճակատագիրը:

Այս ակնարկին մէջ կը փորձենք լոյս սփռել պատմութեան ընթացքը վերաիմաստաւորած կիներէն մէկ քանիին վրայ…

 

Հաթշեփսութ. կին, ով դարձաւ փարաւոն

Մեր ճամբորդութիւնը դէպի պատմութեան խորքերը կը սկսի Ք.Ա. ԺԵ. դարուն՝ Նեղոսի ափերուն: Հին Եգիպտոսի հազարամեայ պատմութեան մէջ, ուր գահը բացառապէս այրմարդոց մենաշնորհն էր, յայտնուեցաւ կին մը, որ ոչ միայն ստանձնեց երկրին ղեկը, այլեւ պաշտօնապէս ինքզինք հռչակեց փարաւոն՝ կրելով արքայական բոլոր խորհրդանիշերը, ներառեալ՝ արհեստական մօրուքը…:

Անոր անունը թարգմանաբար կը նշանակէ «առաջինը ազնուական կիներուն մէջ»։

Հաթշեփսութ: Թութմոս Ա-ի դուստրը։

Քանի որ փարաւոնի գահը աւանդաբար ընդունուած էր, որ գրաւեն այրմարդիկ (որպէս Հորուս աստուծոյ երկրային մարմնաւորում), Հաթշեփսութ պաշտօնական արձանագրութիւններու եւ պատկերներու մէջ ինքզինք ներկայացուցած է այրմարդու տեսքով… Հորուս Հին Եգիպտոսի գլխաւոր աստուածութիւններէն էր՝ Օսիրիսի եւ Իսիսի որդին, երկինքի, թագաւորութեան եւ պատերազմի աստուածը։

Եգիպտացիները կը հաւատային, որ իշխող փարաւոնը աստուածային կառավարումի եւ պաշտպանութեան ամէնէն էական դէմքն է։

Հաթշեփսութի աւելի քան 20-ամեայ ղեկավարումը նշանաւորուեցաւ Հին Եգիպտոսի տնտեսութեան, արուեստի եւ արտաքին քաղաքականութեան ամբողջական վերածնունդով։  Ան կրցաւ ապահովել երկրին խաղաղութիւնն ու տնտեսական բարգաւաճումը, վերականգնել առեւտրական խզուած կապերը, հինգ նաւերէ բաղկացած ծովային առեւտրական արշաւախումբ կազմակերպել դէպի Փունթի երկիր՝ Հարաւային Ափրիկէ (որուն ճշգրիտ տեղադրութիւնը մինչ օրս կը մնայ պատմագիտական բանավէճերու առարկայ), ուրկէ Եգիպտոս բերին ոսկի, փղոսկր, անուշաբոյրեր, կենդանիներ եւ ծառատեսակներ։

Ժամանակակից հնագիտութիւնը ապացուցած է, որ ան երբեմն անձամբ, երբեմն զօրավարներու միջոցաւ ռազմական արդիւնաւէտ արշաւներ ղեկավարած է դէպի Նուպիա՝ Սուտան, եւ Լեւանթ՝ Պաղեստին/Սուրիա, որպէսզի պաշտպանէ  եւ պահպանէ Եգիպտոսի սահմաններն ու ազդեցութիւնը։

Հաթշեփսութ կը յիշուի որպէս Եգիպտոսի պատմութեան ամենամեծ շինարարներէն մին։

Անոր հրամանով կառուցուած են հսկայական քարակոթողներ` obelisk-ներ։  Նեղոսի ափին, Լուքսոր քաղաքի Տէյր ըլ-Պահարիի զառիվեր ժայռերուն մեջ փորուած ճարտարապետական ​​ հրաշք մը կայ, որ կը զատորոշուի անապատէն վեր խոյացող երեք հսկայ սիւնաշարերով, որուն պատերը զարդարուած են ապշեցնող, մինչ օրս պահպանուած արուեստի գործերով եւ որոնք  կը պատկերեն Հաթշեփսութի աստուածային ծնունդը, ինչպէս նաեւ առեւտրական արշաւանքը դէպի Փունթ։

Հաթշեփսութ յաջողեցաւ իր շուրջ հաւաքել հաւատարիմ եւ տաղանդաւոր մարդիկ, որոնց ամէնէն ազդեցիկը եղաւ Սենենմութ՝ արքունի ճարտարապետը, եւ թագուհիին դստեր դաստիարակը։

Կառավարումի այս ձեւը թոյլ տուաւ կայունացնել եւ հարստացնել երկիրը։

Հաթշեփսութի մահէն ետք, յաջորդ փարաւոնը՝ Թութմոս Գ, ոչնչացուց անոր արձանները, հանեց արքայացուցակներէն անունը,  փորձելով պատմութենէն ի սպառ ջնջել անոր հետքը, սակայն ԺԹ. դարու հնագէտներուն ուսումնասիրութիւնները վերականգնեցին անոր անունն ու արժանի տեղը պատմութեան մէջ։

Հին Եգիպտոսի մէջ Հաթշեփսութ ապացուցեց, որ կնոջ խելքն ու կամքը ի զօրու են բարգաւաճում բերել պետութեան:

***

Հարիւրամեակներ ետք, արդէն Զ. դարուն, պատմութեան թատերաբեմ բարձրացաւ ուրիշ կին մը, որ նոյնպէս աղքատութենէն հասաւ բարձունքներու, բայց այս անգամ՝ Բիւզանդական կայսրութեան սրտին մէջ:

Եթէ Եգիպտոսը ունեցաւ փարաւոն-թագուհի, ապա Կոստանդնուպոլիսը պիտի ճանչնար իր ամէնէն ազդեցիկ կայսրուհին՝ Թէոտորան, կին մը, որ կոտրեց իր ժամանակի բոլոր կարծրատիպերն ու օրէնքները՝ սովորական դերասանուհիէն դառնալով կայսրութեան առանցքային դէմքերէն մէկը: Անոր անունն էր՝ Թէոտորա։

Ան եղաւ Յուստինիանոս Ա. կայսեր կինն ու հաւասարազօր իշխանակիցը։

Գահ չբարձրացած, Թէոտորա յայտնի էր իր անկախ անհատականութեամբ. դերասանուհի էր եւ պարուհի:

Յուստինիանոսի հետ ամուսնանալով ան դարձաւ կայսրուհի եւ մեծապէս նպաստեց կայսրութեան զարգացման:

Թէոտորայի եւ Յուստինիանոսի սիրոյ պատմութիւնը եղաւ արտասովոր եւ զօրեղ այն միութիւններէն, որ յաղթահարեց ժամանակի ընկերային եւ իրաւական բոլոր արգելքները։

Յուստինիանոս կայսերական գահի ժառանգորդն էր, բարձրաշխարհիկ հասարակութեան ներկայացուցիչ, մինչ Թէոտորա, ինչպէս կարելի է գուշակել, աղքատ ընտանիքէ, այդ օրերու Բիւզանդիոյ համար անարգուած մասնագիտութեան տէր: Հակառակ այս տարբերութեան, Յուստինիանոս խորապէս սիրեց Թէոտորան՝ անոր անասելի գեղեցկութեան, խելքին եւ ամուր նկարագրին համար:

Այդ ժամանակաշրջանի օրէնքները պատրիկներուն (ազնուականներ) կ’արգիլէին ամուսնանալ ստորին խաւի կնոջ կամ դերասանուհիի հետ: Յուստինիանոս այնքան վճռական էր իր որոշման մէջ, որ հօրեղբօր՝ Յուստինոս Ա. կայսեր ստիպեց փոխել օրէնքը։ Նոր օրէնքով՝ թատրոնէն հեռացած կնոջ մը իրաւունք տրուեցաւ ամուսնանալ որեւէ կարգավիճակ ունեցող այրմարդու հետ:

Սակայն այս փոփոխութեան կտրականապէս դէմ էր Յուստինիանոսի հօրաքոյրը՝ Էուֆեմիա կայսրուհին, հետեւաբար պաշտօնական ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ  միայն անոր մահէն ետք՝ շուրջ 524 թուականին։

527-ին, երբ Յուստինիանոս բազմեցաւ գահին, ան Թէոտորան ներկայացուց որպէս կառավարչակից (Augusta): Անոնք երկիրը ղեկավարեցին որպէս հաւասար գործընկերներ։ Կայսրը որոշումներ չէր կայացներ առանց կնոջ հետ խորհրդակցելու, իսկ պաշտօնեաներ հաւատարմութեան երդում կու տային երկուքին:

Թէեւ Թէոտորա չկրցաւ գահաժառանգ պարգեւել կայսրութեան (անոնց միակ զաւակը մահացաւ վաղ տարիքին), Յուստինիանոս երբեւէ չմտածեց ամուսնալուծութեան կամ այլ կնոջ մասին։

Բիւզանդիոյ համար 532 թուականը եղաւ ծանր ճգնաժամի տարի։ Ապստամբները կը սպառնային տապալել Յուստինիանոսը, բայց Թէոտորայի վճռական ելոյթը փոխեց ամէն բան։ Անոր պնդումով, կայսրը չփախաւ մայրաքաղաքէն եւ յաջողեցաւ ճնշել խռովութիւնը, այդպիսով փրկելով գահը:

Թէոտորա մեծապէս բարելաւեց կիներուն ընկերային դիրքը․

ա) Օրէնքներ ընդունուեցան, որոնք ամուսնալուծութեան ընթացքին կը պաշտպանէին կիները:

բ) Արգիլուեցաւ հարկադիր մարմնավաճառութիւնը եւ գոցուեցան հասարակաց տուները։

գ) Նախկին մարմնավաճառներուն համար ստեղծուեցան ապաստարաններ:

 

Թէոտորայի մահը խոր վիշտի մատնեց Յուստինիանոս կայսրը, որ այլեւս չամուսնացաւ ու կնոջ  յիշատակը պահպանեց իր կեանքի մնացեալ տասնեւեօթը տարիներու ընթացքին։

Թէոտորա ապացուցեց, որ նոյնիսկ ամենաստորին խաւէն կարելի է հասնիլ բարձունքներու եւ դառնալ պետութեան փրկիչ:

***

 

Սակայն Բիւզանդիան միակ տեղը չէր, ուր կիներ ուղղութիւն տուին պատմութեան ընթացքին:

Ծանօթանանք մեր յաջորդ հերոսուհիին…

Թոմիրիս. Տափաստաններու անվախ թագուհին, առաջին կին ղեկավարներէն, որ յաղթեց այդ ժամանակներու աշխարհի ամենահզօր տիրակալներէն մէկուն։

Եթէ Բիւզանդիոյ կայսրուհի Թէոտորա իր սուր միտքով ու դիւանագիտութեամբ պալատական պատերէն ներս վերաշարադրեց պետութեան ճակատագիրը, ապա պատմութեան անիւը մեզ կը տանի ետ՝ Ք.Ա. Զ. դար: Այստեղ՝ Կեդրոնական Ասիոյ ընդարձակ տափաստաններուն մէջ, մենք կը հանդիպինք թագուհիի մը, ով ձեռքը առաւ սուրը ու պատմութեան մէջ մտաւ որպէս աշխարհի ամենաանվախ ռազմիկներէն մին:

Այդ թագուհին պատմութեան մէջ մնաց Թոմիրիս անունով:

Ըստ հնագոյն աւանդոյթներու, Թոմիրիս Կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններուն մէջ ապրող բրգնացիկ մազքութներու (սկիւթական ցեղ, որուն զինուորները կը կրէին բարձր, սրածայր, բրգաձեւ սաղաւարտներ) անվախ թագուհին էր: Ան երկրին ղեկավարումը ստանձնեց ամուսնոյն՝ նախկին արքայի մահէն ետք:

Թոմիրիս առաւելաբար յայտնի է Պարսից տիրակալ Կիւրոս Մեծի դէմ մղած իր արիւնալի պատերազմով։ Այդ մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ փոխանցած է յոյն պատմահայր Հերոդոտոս:

Նուաճողական նկրտումներ որոճացող Կիւրոս հրապուրուած էր մազքութներու հարուստ տարածքներով եւ Բաբելոնը գրաւելէ ետք դիմեց խորամանկ քայլի։ Ան ամուսնութեան առաջարկ ներկայացուց Թոմիրիսին, այդպէս յուսալով դիւրութեամբ տիրանալ անոր երկրին: Սակայն թագուհին մերժեց առաջարկը՝ գիտակցելով, որ Կիւրոսին կը հետաքրքրէր ոչ թէ ինք, այլ իր թագաւորութիւնը:

Մերժումէն կատղած, Կիւրոս հրամայեց կամուրջներ կառուցել Արաքս (Եաքսարտ) գետի վրայ եւ անցաւ բացայայտ ռազմական ներխուժումի:

Թոմիրիս յորդորեց դադրեցնել յառաջխաղացումը եւ բաւարարուիլ սեփական թագաւորութեամբ, սակայն Կիւրոս, անսալով Լիտիոյ հարուստ արքայ Կրեսոսի խորհուրդին, որոշեց շարունակել պատերազմը:

Պատերազմին սկիզբը պարսիկները խորամանկութեամբ, ոգելից խմիչքի միջոցով թակարդեցին եւ գերի տարին Թոմիրիսի որդին՝ Սփարքափիսը: Վերջինս, գերութենէն ազատելուն պէս, չհանդուրժելով կրած խայտառակութիւնը, անձնասպան եղաւ:

Զաւկին վրէժը լուծելու համար, Թոմիրիս իր ամբողջ բանակով կատաղի յարձակման անցաւ, ջախջախեց պարսից զօրաբանակները, իսկ Կիւրոս Մեծ թէժ մարտի ընթացքին սպաննուեցաւ:

Ըստ աւանդոյթի, թագուհին հրամայեց գտնել Կիւրոսի մարմինը, կտրել գլուխը եւ ընկղմել արիւնով լեցուն տիկի մը մէջ, հեգնանքով նետելով՝ «Արիւնով կը սնանէիր, յագեցի՛ր արիւնով»:

Այդ օրէն ի վեր Թոմիրիսի անունը դարձաւ ազատութեան, անկախութեան եւ աննկուն կամքի խորհրդանիշ։ Անոր կերպարը դարեր շարունակ ներշնչած է պատմաբաններ, գրողներ ու նկարիչներ, որոնց շարքին նաեւ Ռուպենս, որ իր նշանաւոր կտաւով անմահացուց այդ յաղթանակը։

***

Զենոպիա՝ Փալմիրի հզօր թագուհին

Ճիշդ է, որ մազքութներու անվախ թագուհին ռազմի դաշտին մէջ կասեցուց պարսիկները, սակայն պատմութեան մէջ կայ կին մը, որ տարապայման դողի մատնած է ուրիշ աշխարհակալ կայսրութիւն մը։

Տեղափոխուինք Գ. դար, Սուրիոյ անապատի սրտին մէջ տեղակայուած հզօր Փալմիր: Այստեղ պիտի գտնենք հնագոյն աշխարհի ամէնէն ուսեալ, խելացի ու յաւակնոտ կիներէն մէկը, որ ծունկի բերաւ Հռոմի արեւելեան գաւառները: Զենոպիան է ան։

Ծնած ըլլալով շուրջ 240 թուականին, Զենոպիա ստացած էր արտակարգ կրթութիւն՝ կատարելապէս տիրապետելով արամերէնին, եգիպտերէնին, յունարէնին եւ լատիներէնին: Ան Փալմիրի կառավարիչ Օտենաթոսի կողակիցն էր: Պատմութիւնը տարբեր վարկածներ կը յիշատակէ անոր ամուսնոյն եւ աւագ զաւկին սպանութեան մասին, որոնցմէ ամէնէն տրամաբանականը կը պատմէ, թէ ազգականներէն՝ Մէոնիոս, առիւծի որսի ատեն միտումնաւոր վեճ կը բռնկեցնէ եւ կը սպաննէ երկուքը՝ գահին տիրանալու ակնյայտ նպատակով: Սակայն Մէոնիոսի յաւակնութիւնները ի դերեւ ելան: Փալմիրի բնակչութիւնն ու բանակը հաւատարիմ էին Օտենաթոսին, որ զիրենք  փրկած էր  պարսկական սպառնալիքէն: Չունենալով բաւարար հեղինակութիւն եւ լայն աջակցութիւն,  Մէոնիոսի «կառավարումը» տեւեց ընդամէնը մէկ քանի օր: Զենոպիայի կողմնակիցները, զօրքն ու զայրացած ամբոխը շուտով տապալեցին զայն։ Մէոնիոս ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ մահապատիժի: Այսպիսով, անձնական ողբերգութենէ վերջ Զենոպիայի համար ճամբայ բացուեցաւ դէպի միանձնեայ իշխանութիւն:

267 կամ 268 թուականին ան դարձաւ իր անչափահաս զաւկին խնամակալը եւ ստանձնեց երկրին փաստացի ղեկավարումը: Օգտուելով Հռոմէական կայսրութեան ներքին խառնաշփոթէն ու ճգնաժամէն՝ Զենոպիա անցաւ վճռական քայլերու։ Ան գրաւեց Եգիպտոսը եւ իր տիրապետութիւնը տարածեց Փոքր Ասիոյ եւ Արեւելքի մեծ մասին վրայ: Սակայն 272 թուականին Հռոմի հզօր կայսր Լուցիուս Դոմիցիուս Աուրելիանոս մեծ արշաւանք ձեռնարկեց դէպի Արեւելք: Ան պարտութեան մատնեց Զենոպիայի զօրքերը, գրաւեց «անապատի հարսնցու» Փալմիրը եւ թագուհին գերեվարելով՝ տարաւ Հռոմ:

Թէեւ անոր կեանքի հետագայ ընթացքի մասին վարկածները տարաբնոյթ են, եւ պատմաբանները կը նախընտրեն չծաւալիլ, մէկ փաստ, սակայն, անհերքելի է։ Զենոպիան պատմութեան մէջ մնաց որպէս հին աշխարհի ամենախելացի, տաղանդաւոր ու հզօր կիներէն մէկը:

***

Փառանձեմ. Հայոց անկոտրում Տիկնանց Տիկինը

Հեռաւոր Փալմիրի թագուհին մարտահրաւէր նետեց Հռոմին, սակայն նոյն՝ Դ. դարուն, Հռոմէական եւ Սասանեան հզօր կայսրութիւններու երկխօսութեան արիւնալի խաչմերուկին վրայ կանգնած էր ուրիշ պետութիւն մը, ուր ծնունդ առաւ կերպար մը, որուն անունը յաւերժ կը մնայ հայոց պատմութեան ոսկէ, բայց հառաչանքով լեցուն էջերուն մէջ:

Մեծ Հայքի Տիկնանց Տիկինն էր ան, Արշակ Բ. արքայի կինը եւ Պապ թագաւորի մայրը՝ Փառանձեմ թագուհին, որ դարձաւ հայկական պետականութեան աննկուն պաշտպանութեան խորհրդանիշը:

Փառանձեմ պատմութեան  յայտնի է որպէս անընկճելի հայրենասէր, որ պարսկական արշաւանքներու ընթացքին գլխաւորեց Արտագերս ամրոցի հերոսական պաշտպանութիւնը եւ զոհուեցաւ յանուն հայկական պետականութեան: Սիւնեաց Անդովկ նախարարի գեղեցկուհի դուստրը նախ ամուսնացած էր Արշակ Բ. թագաւորի եղբօրորդի՝ Գնէլին հետ: Սակայն, ինչպէս յաճախ կը պատահի գեղեցիկ կիներու պարագային, անով հրապուրուած էր նաեւ Գնէլի հօրեղբօրորդի Տիրիթ: Խանդէն ու նախանձէն կուրցած,  Տիրիթ զրպարտեց Գնէլը, ինչին անսալով՝ Արշակ թագաւոր սպաննել տուաւ իր եղբօրորդին եւ շատ չանցած բռնութեամբ ամուսնացաւ Փառանձեմին հետ: Թագուհին ներքնապէս չներեց իր նոր ամուսինը՝ սիրելի կողակիցին անարդար մահուան համար:

 

Ժամանակի ընթացքին, սակայն, Փառանձեմ դարձաւ արքունիքի հզօր ու ազդեցիկ քաղաքական դէմքը: Ամուսնութենէն վերջ ծնաւ Պապը (պատմական հանելուկ մը եւս՝  Գնէլի՞, թէ՞ Արշակի որդին է ան), որ դարձաւ Արշակունեաց գահի օրինական ժառանգը: Իր զաւկին գահը ապահովելու եւ արքունիքին մէջ իր դիրքերը ամրապնդելու համար, Փառանձեմ կազմակերպեց Արշակի առաջին կնոջ՝ հռոմէացի Օլիմպիայի սպանութիւնը:

Շատ չանցած Հայաստանի վիճակը ծայրահեղ ծանրացաւ։ 363 թուականի «Ամօթալի դաշնագրէն» ետք Հռոմը լքեց հայերը, որով եւ ազատ արձակուեցան Շապուհ Բ.-ի ձեռքերը: Մնալով առանց դաշնակիցներու եւ երկկողմ շրջափակումի մէջ, հայոց թագաւորութիւնը չորս-հինգ տարուան հերոսական դիմադրութենէ ետք տեղի տուաւ, ինչը յանգեցուց Արշակ Բ.-ի գերեվարման։

Այդ օրհասական պահէն երկրի ղեկավարումն ու պաշտպանութիւնը ստանձնեց Փառանձեմ թագուհի՝ դառնալով հայոց դիմադրութեան գլխաւոր խորհրդանիշը:

Ան իր շուրջ հաւաքեց հայրենասէր նախարարները (ինչպէս նաեւ հայրը՝ Անդովկ Սիւնին) եւ հաւատարիմ զօրքը:

Թագուհին 11.000 զօրքով եւ 6.000 կին ու երեխայով ապաստանեցաւ անառիկ Արտագերս ամրոց: Պարսկական հսկայ բանակը Մերուժան Արծրունիի գլխաւորութեամբ պաշարեց բերդը, սակայն արտագերսցիները հերոսաբար ետ կը մղէին բոլոր գրոհները, եւ թշնամին ամրոցը զէնքով գրաւել չկրցաւ…

 

Սակայն երկարատեւ պաշարումի պատճառով ամրոցին մէջ ծայր առին սովն ու ժանտախտի համաճարակը, որ խլեց զօրքի մեծ մասին կեանքը՝ օրէցօր տկարացնելով Արտագերսի պաշտպանութիւնը: 369 թուականին պարսիկները ի վերջոյ ներխուժեցին ամրոց: Շապուհ Բ. գերեվարեց Փառանձեմ թագուհին եւ տարաւ Պարսկաստան: Հայոց դիմադրութիւնը կոտրելու եւ երկրին արժանապատուութիւնը ոտնահարելու համար, պարսից արքային հրամանով Փառանձեմ հրապարակայնօրէն տանջամահ ըրին…

Բայց թագուհիին անձնազոհութիւնը զուր չանցաւ։ Մինչ ամրոցին անկումը, Փառանձեմ յաջողած էր պատանի գահաժառանգ Պապը ղրկել Հռոմէական կայսրութիւն: Շատ չանցած, Պապ արքայազն հռոմէական օժանդակ զօրքով վերադարձաւ Հայաստան՝ շարունակելու յանուն հայրենիքի ընդմիջուած պայքարը:

Սկիզբը Հռոմի Վաղէս Բ. կայսր, պարսիկներու հետ կնքուած «Ամօթալի դաշնագիրը» չխախտելու համար, պաշտօնապէս չճանչցաւ Պապը որպէս հայոց արքայ: Սակայն 370 թուականին կայացաւ արքայազնի պաշտօնական օծումը, եւ կայսրը վերջապէս զայն հաստատեց հայոց գահին:

Պատանի Արշակունին երկիրը կառավարեց մինչեւ իր դաւադիր սպանութիւնը՝ 374 թուական։ Նոյն Վաղէս կայսրը չհանդուրժեց Պապին վարած անկախ քաղաքականութիւնը եւ կազմակերպեց 21-ամեայ արքային սպանութիւնը…

***

Այս պատմական դիմանկարները կը վկայեն, որ գահը, թագը կամ իշխանութիւնը  չեն կերտեր մեծ առաջնորդներ։ Մեծութիւնը կը ծնի տեսլականէն եւ ճակատագրական պահուն պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարողութենէն։

Այս կիները տարբեր ժամանակներու, տարբեր աշխարհներու եւ տարբեր ժողովուրդներու զաւակներ ըլլալով, մեզի փոխանցած են նոյն պատգամը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները՝ յիշեցնելով, որ պատմութիւնը կը գրուի այն մարդոց կողմէ, որոնք կը համարձակին փոխել զայն։

Share61Tweet38
Previous Post

Թուային Հարթակներու Մանկական Բովանդակութիւնը Եւ Ի՞նչ Կը Դիտեն Մեր Երեխաները

Next Post

Ուղեղի Գործունէութեան Տոկոսը

Next Post
Ուղեղի Գործունէութեան Տոկոսը

Ուղեղի Գործունէութեան Տոկոսը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.