Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Թուային Հարթակներու Մանկական Բովանդակութիւնը Եւ Ի՞նչ Կը Դիտեն Մեր Երեխաները

Լենա Պօղոսեան

July 9, 2026
in Յօդուածներ
0
Թուային Հարթակներու Մանկական Բովանդակութիւնը Եւ Ի՞նչ Կը Դիտեն Մեր Երեխաները

Խոհանոցէն մայր մը բարձրաձայն կը բարկանայ իր զաւակներուն վրայ՝ նեղուած անոնց ուշ տուն վերադառնալուն պատճառով։ Ինչպէս շատ մայրեր, ան կը կարծէ, թէ տունէն դուրս մեծ է վտանգը եւ որքան ուշ՝ այսինքն գիշերուան ժամերուն մօտ ըլլայ տուն դարձի ժամը, այդքան վտանգը կը բազմապատկուի: Այսպէս շատ մը ծնողներու ձայնը կը լսուի, երբ անոնք յաճախ կը բարկանան՝ ըսելով. «Հոս տո՞ւն է, թէ՞ օթել», կամ «Եթէ ուշ վերադառնաս՝ դուռը պիտի կղպեմ», ուրիշ տարբերակ մըն ալ կայ որ կ’ըսէ. «Նորէն ո՞ւր կ’երթաս, տունը չնստիս հա»: Անոնք կը հաւատան, որ քանի դեռ իրենց զաւակները տունն են՝ հանգիստ նստած թապլեթին առջեւ կամ հեռատեսիլին դիմաց կամ բջջայինը իրենց ձեռքին, ապահով ու պաշտպանուած են եւ կը գտնուին ծնողքին հսկողութեան տակ։ Այս երեւոյթը շատ բնական էր ժամանակին, սակայն ներկայ ժամանակներուն մէջ, ուր արհեստագիտութիւնը եւ համացանցը արագ յառաջացումի եւ փոփոխութեան մէջ է, այս ներկայ իրողութիւնը բոլովին կը յեղաշրջէ:

Արդարեւ, մանկական զարգացումի եւ լրատուամիջոցներու ուսումնասիրութեան արդի հետազօտութիւնները այս համոզումը կը վիճարկեն։

Թուային դարաշրջանին մէջ «անվտանգութիւն» հասկացողութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր միայն ֆիզիքական տարածքով։ Պատկերասփռումները վերածուած են հսկայ հասարակականացումի միջոցներու, որոնք շատ կանուխ տարիքէն սկսեալ կրնան ձեւաւորել երեխաներու մտածողութիւնը, համոզումները եւ ինքնութեան կազմաւորումը։

Այն, ինչ որ այսօր մեր երեխաները կը դիտեն, այլեւս պարզ ժամանց չէ։ Անիկա կազմակերպուած պատմութիւններու եւ պատահարներու շարք մըն է, որ անմիջական ազդեցութիւն ունի երեխային ճանաչողական, զգացական եւ ընկերային զարգացումին վրայ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կատարուած բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, թէ հեռատեսիլներէ հաղորդուած մանուկներու յատուկ յայտագրերը ազդեցիկ դեր կը խաղան ինքնութեան ձեւաւորումի գործընթացին մէջ։ «Journal of Student Research»-ին մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մը կը փաստէ, որ մանկութեան առաջին շրջանին հեռատեսիլէն հրամցուած ու փոխանցուած բովանդակութեան ազդեցութիւնը կրնայ շատ մեծ ազդեցութիւն ունենալ երեխաներու ինքնութեան վրայ՝ ներառեալ սեռային եւ սեռական ինքնութեան ըմբռնումը ինքնագիտակցութեան եւ ընկերային զարգացումի տարբեր փուլերու մէջ։

Միաժամանակ, վերջին տարիներու բովանդակային վերլուծութիւնները կը փաստեն, որ մանկական հաղորդումներու բնոյթը զգալի փոփոխութիւններ կրած է։ 2025 թուականին Ամերիկայի մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը, որ քննած է Netflix-ի 326 մանկական հաղորդումներ, եզրակացուցած է, որ փոքր տարիքներու համար նախատեսուած (TV-G՝ այսինքն բոլոր տարիքներու յարմար, եւ TV-Y7՝ այսինքն եօթը տարեկանէն վեր եղողներու համար) յայտագրերուն շուրջ 41 տոկոսը կը պարունակէ թեմաներ, որոնք կը վերաբերին սեռային ինքնութեան, նոյն սեռի անձերու յարաբերութիւններուն կամ ոչ-աւանդական ընտանիքներու պատկերացումին։

Այս թեմաները այլեւս սահմանափակուած չեն պատանիներու համար պատրաստուած բովանդակութեամբ։ Անոնք աւելի ու աւելի յաճախ կը ներառուին նաեւ մանուկներու եւ տարրական դպրոցականներու համար ստեղծուած մուլտֆիլմերուն (cartoons) մէջ։

Այս ուղղութեամբ լայնատարած օրինակներ են՝

  • The Legend of Korra
  • Steven Universe
  • The Loud House
  • The owl House
  • She-Ra and the Princesses of Power
  • Berry in the Big City
  • Power Rangers (վերջին տարբերակները)
  • Dead End: Paranormal Park

Այս հաղորդումները, որոնք հասանելի են ամբողջ աշխարհին Netflix-ի կամ YouTube-ի նման հարթակներու միջոցով, յաճախ կը ներկայացնեն պատմութիւններ, ուր տեղ կը գտնեն նոյն սեռի ծնողներ, նոյն սեռի կերպարներու միջեւ սիրային կապեր կամ ինքնութեան վերաբերող գաղափարներ, որոնք ներմուծուած են պատմութեան ընթացքին մէջ։

Կրթական տեսանկիւնէ՝ հիմնական մտահոգութիւնը ոչ թէ միայն այս թեմաներու առկայութիւնն է, այլ այն, թէ արդեօ՞ք երեխան զարգացման այնպիսի փուլի մէջ է, որ կարենայ զանոնք ճիշդ հասկնալ եւ մեկնաբանել։

Զարգացումի հոգեբանութիւնը կը փաստէ, որ փոքր տարիքի երեխաները տակաւին հասած չեն ըլլար այն ճանաչողական հասունութեան, որ կարենան ընկալել անհրաժեշտ վերացական գաղափարները քննական մտածողութեամբ։ Անոնք ընդհանրապէս տեղեկութիւնը կը ստանան բառացի կերպով եւ ընդօրինակելով։ Հետեւաբար, եթէ այսպիսի բովանդակութիւն պարունակող շարժապատկերներ կրկնուին առանց ծնողական ուղեկցութեան, փոքրիկը կրնայ զայն ներքնացնել՝ առանց իսկական ըմբռնումի։

Լրատուամիջոցներու ազդեցութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները հետեւողականօրէն կը փաստեն, որ հեռատեսիլը հասարակական ուսուցումի ազդու գործօն մըն է։ Ան կը ձեւաւորէ երեխաներու պատկերացումները, թէ ի՞նչն է բնականը, ընդունելին կամ ցանկալին։ Սեռային ներկայացումներու վերաբերեալ հետազօտութիւններն ալ կը հաստատեն, որ որոշ պատմութիւններու շարունակական ազդեցութիւնը կրնայ զգալիօրէն ձեւաւորել երեխաներուն պատկերացումները սեռային դերերու եւ ինքնութեան վերաբերեալ։ Հետեւաբար, հիմնական վտանգը անմիջական վարքագծային փոփոխութիւնը չէ, այլ ՝աստիճանաբար մտածողութեան ձեւաւորումը։

Երբ երեխան առանձին կը փորձէ հասկնալ բարդ ընկերային հարցեր կամ բովանդակութիւններ, նմանօրինակ երեւոյթները կրնան յառաջանալ՝

  • Տարիքին ոչ-համապատասխան ինքնութեան հարցերու շուրջ շփոթութիւն։
  • Ներքին հարցադրումներ՝ առանց համապատասխան բացատրութեան կամ առաջնորդութեան։
  • Միտքերը եւ հարցումները ծնողներուն հետ չկիսելու հակում։
  • Յառաջիկայ տարիներուն ծնող-զաւակ յարաբերութեան մէջ զգացական հեռացում կամ գաղտնապահութիւն։

Այս մտահոգութիւնները ենթադրութիւններ չեն։ Անոնք համահունչ են մանկական հոգեբանութեան մէջ առկայ այն լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններուն, որոնք կը քննարկեն առանց վերահսկողութեան լրատուամիջոցներու ենթարկուած երկարաժամկէտ ազդեցութիւնները։

Կարեւոր է նաեւ ընդգծել, որ խնդիրը պարզապէս որոշ բովանդակութիւն արգիլելը կամ մերժելը չէ միայն։ Իրական հարցը ծնողներու ներգրուածութիւնը եւ կրթական պատասխանատուութիւնն է։

Այսօրուան ծնողները պէտք է անցնին սովորական վերահսկողութենէն, գիտակից մասնակցութեան՝

  • Դիտել հաղորդումները իրենց երեխաներուն հետ։
  • Քննարկել դիտուած թեմաները՝ երեխային տարիքին համապատասխան լեզուով։
  • Ներկայացնել ընտանիքին բարոյական, մշակութային եւ արժէքներու հիմքերը։
  • Խրախուսել ազատ ու վստահելի երկխօսութիւն՝ առանց վախի կամ դատապարտելու ոճով։

«Երեխաս ապահով է, որովհետեւ տունն է». այս պատկերացումը այսօր կարիքը ունի լուրջ վերարժեւորումի։

Ժամանակակից տունը, իր միացած սարքերով եւ անսահման թուային հասանելիութեամբ, վերածուած է բաց ու լայն դարպասի, ուրկէ երեխան կը կապուի աշխարհի տարբեր գաղափարախօսութիւններուն, արժէքներուն եւ մշակոյթներուն։

Որպէս ծնողներ եւ դաստիարակներ՝ մեր առաքելութիւնը երեխաները աշխարհէն մեկուսացնել չէ, այլ անոնց օգնել, որ գիտակցաբար հասկնան եւ մեկնաբանեն այն՝ ինչ կը տեսնեն. անշուշտ իրենց տարիքը միշտ նկատի ունենալով: Նկատի առնելով, որ երեխային զարգացմումին վրայ ամենախոր ազդեցութիւնը ոչ թէ միայն այն է՝ ինչ կը դիտէ, այլ այն՝ որ զինք առաջնորդող ու հետեւող կայ դիտելու ընթացքին։

Share61Tweet38
Previous Post

Ա Ղ Ա Ս Ի (Կարապետ Թուր-Սարգիսեան)

Next Post

Կին Եւ Գահ. Պատմական Դիմանկարներ

Next Post
Կին Եւ Գահ. Պատմական Դիմանկարներ

Կին Եւ Գահ. Պատմական Դիմանկարներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.