Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ա Ղ Ա Ս Ի (Կարապետ Թուր-Սարգիսեան)

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

July 9, 2026
in Յօդուածներ
0
Ա Ղ Ա Ս Ի  (Կարապետ  Թուր-Սարգիսեան)

Պէյրութի Խալիլ Պետեւի թաղի Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի «Աղասի» մասնաճիւղը վերջերս, ջատագովելի նախաձեռնութեամբ մը, թաղի Հ.Մ.Մ. ակումբի մուտքին զետեղեց անուանի յեղափոխական Աղասիի դիմահարթաքանդակը: Պատշաճ հանդիսութեամբ կատարուած սոյն նախաձեռնութիւնը խթան կը հանդիսանայ անգամ մը եւս յիշելու եւ յիշեցնելու, թէ ո՞վ էր Աղասին: Մանաւանդ որ այս տարի կը լրանայ անոր ծննդեան 155-ամեակը:

Ծնած է 1871 Ապրիլ 16-ին, Կիլիկիոյ արծուեբոյն Հաճըն աւանը: Ծննդավայրին մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ յետոյ, 1888-ին կ’երթայ Պոլիս՝ ուսումը շարունակելու նշանաւոր Կեդրոնական վարժարանէն ներս: Տաքարիւն պատանի, 1890-ին ան կը մասնակցի Գում Գաբուի աղմկայարոյց ցոյցին, որուն ղեկավարներն էին Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պօյաճեան) եւ Յարութիւն Ճանկիւլեան (Կայծիկ): Այդ դէպքէն ետք, երկու անգամ կը բանտարկուի եւ յատուկ միջամտութեամբ ազատ կ’արձակուի: Այդ օրերուն եղած է քարտուղարը իր համաքաղաքացի Մեծն Մուրատի, որուն հետ ունէր մօտիկ կապեր: Միաժամանակ «Տօրոսցի» ստորագրութեամբ կ’աշխատակցի հնչակեան մամուլին («Հնչակ», «Մարտ» եւ այլն): 1891-ի աշնան կը դատապարտուի մահուան, որմէ ետք կը փախչի Եւրոպա: Սակայն, մէկ տարի ետք (1892-ի աշուն), անհանդարտ Աղասի կը վերադառնայ Կիլիկիա՝ որպէս Հնչակեան կուսակցութեան Կիլիկիոյ ընդհանուր ներկայացուցիչ: Պէյրութի մէջ կը ձերբակալուի: Երբ ոստիկանի մը հսկողութեամբ Պոլիս կ’ուղարկուէր, ճանապարհին կը յաջողի խոյս տալ եւ կը մնայ Ամանոսի մէջ, ուր եւ կը սկսի ծաւալել յեղափոխական աշխատանքներ՝ ցանելով հունտերը ազատագրական պայքարի: Աւելի քան երեք տարի կը շրջագայի գիւղէ գիւղ՝ ժողովուրդը նախապատրաստելով ըմբոստութեան՝ օսմանեան լուծին դէմ: Այս առաքելութեան ճամբուն վրայ կը հասնի մինչեւ Զէյթուն եւ հոն հնչակեան հինգ ընկերներու հետ (Վեց Պարոններ), 1895-ին հմտօրէն կը ղեկավարէ Զէյթունի յաղթական ապստամբութիւնը: 1896-ի Մարտ մէկին, ապստամբութենէն ետք, զինք կ’արտօնեն փոխադրուիլ Եւրոպա՝ պետական միջոցներով: 1897-ին կը հաստատուի Փարիզ եւ հոն կը ծանօթանայ Պօղոս Նուպար փաշային եւ երկու տարի կը մնայ անոր մօտ: Հոն կը գրէ Զէյթունի պատմութիւնը իր պատմագիտական, աշխարհագրական, ազգագրական, լեզուական, յարակից գիւղերու, ազգաբնակչութեան շահեկան տուեալներով, Զէյթունի ներքին կեանքին եւ պատմական ապստամբութեան մասին արժէքաւոր նիւթերով: Հատորը ֆրանսերէնի կը թարգմանէ անուանի գրագէտ Արշակ Չօպանեան եւ լոյս կը տեսնէ Պօղոս Նուպար փաշայի մեկենասութեամբ: Փաշային հոգածութեամբ, 1898-էն կը շարունակէ ուսումնառութիւնը, որ կ’աւարտէ 1902-ին: Որոշ ժամանակ Փարիզ մնալէ յետոյ կը փոխադրուի ԱՄՆ եւ Նիւ Եորքի մէջ կը հիմնէ բազմալեզու տպարան մը: Կ’ամուսնանայ ֆրանսուհիի մը հետ: Աւելի ուշ՝ 1922-ին կը վերադառնայ Փարիզ: 1938-ին կը վերամշակէ Զէյթունին նուիրուած գիրքը: Սոյն գիրքը հայերէնով լոյս կը տեսնէ 1968-ին, Պէյրութ, Շիրակ տպարանէն, նախաձեռնութեամբ Փարիզի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան եւ հովանաւորութեամբ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Մերձաւոր Արեւելքի Կեդրոնական Վարչութեան:

Մեծ յեղափոխականը կը մահանայ 1941-ին եւ կը թաղուի Փարիզի արուարձաններէն Վիլնեւ լը Ռուայի ընտանեկան դամբարանին մէջ: Իր եղբայրը՝ Ղեւոնդ ծ. վրդ. Թուր-Սարգիսեան եղած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան ու կաթողիկոսական փոխանորդ եւ վախճանած կանխահասօրէն՝ առողջական պատճառներով, Կ. Պոլսոյ մէջ: Ան ղեկավարած է Սիսի ինքնապաշտպանութիւնը 1909-ի Ատանայի ջարդերու ընթացքին:

Բնականաբար, Աղասիի անունը երբ կը տրուի, անմիջապէս անոր կը կապակցուի Զէյթունի 1895-ի ապստամբութիւնը: Սակայն, կայ աւելի հետաքրքրական եւ խորազնին ուսումնասիրութեան կարիքը ունեցող ոլորտ մը, որ ափսոսալիօրէն ցարդ մնացած է ստուերի տակ: Խօսքը կը վերաբերի 1892-1895 թուականներուն անոր ունեցած անաղմուկ եւ տարածուն գործունէութեան Սուէտիոյ շրջանին մէջ (Մուսա Լերան յարակից շրջաններ), հասնելով մինչեւ Քեսապ: Այդ շրջանի թողլքուած գիւղերը, չարքաշ պայմաններու տակ ապրող բնակչութիւնը, հայութեան մեծ հատուածին համար անծանօթ եւ անկոխ այդ տարածքը Աղասիի եւ իր զինակից ընկերներուն շնորհիւ կարծէք վերադարձան հայութեան գիրկը: Խոնարհ եւ անուս գիւղացիք անդրադարձան իրենց ծանր պայմաններուն եւ սկսան մտմտալ եւ ապա գործել յանուն ազգային արժանապատուութեան՝ ի պահանջել հարկին զէն ի ձեռին:

Բարեբախտաբար, Աղասի իր այդ ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը յուշագրած է սերունդներուն համար: «Արարատ» օրաթերթի մատենաշարին թիւ 45-ը նուիրուած է Սուէտիոյ մէջ Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան, լոյս տեսած 1957-ին: Այդ հատորին մէջ կայ նաեւ Աղասիի հետաքրքրաշարժ գրութիւնը՝ ղեկավարի հանգամանքով.- թէ որո՞նք միացան հնչակեան շարժումին, գիւղերը ի՛նչ պայմաններու մէջ էին, Կիպրոսէն կու գան գործիչներ՝ իրենց հետ բերելով ռազմամթերք, ո՞ր ընկերները ի՛նչ պաշտօններ ունէին, օսմանեան իշխանութիւնները ինչպիսի՛ միջոցառումներ կ’որդեգրէին տեղաբնակներուն հանդէպ, հայ յարանուանութիւնները ինչպիսի՛ իրավիճակ կը պարզէին եւ այլն: Ան Սուէտիայէն հրաժեշտ առնելով, զինակից Ապահի հետ Զէյթուն ուղղուելէ առաջ, Սուէտիոյ մէջ քարոզած քրիստոնեայ առաքեալները թուելէ ետք, կը գրէ՝ «Ու ես Հնչակեան Առաքեալ մը, հայ մը որչա՛փ սիրեցի զձեզ… մտքիս լաւագոյն բաժինը տուի. մնա՛ք բարեաւ…»: Սակայն, շատ կարեւոր նիւթ մը կայ ուսումնասիրելի հայ պատմագրութեան համար եւ յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան պատմութեան համար: Ան կը խօսի այդ շրջանը բնակող ֆելլահներու կամ թաթերու մասին (կը նշէ նաեւ՝ սադովկեցիներ), անոնց մասին գրելով՝ «հայերէն աւելի թուրքէն նեղուած ցեղ մը: Կամաց կամաց իրենք եւս նշմարեցին հայ գիւղերուն կրած բարեփոխութիւնները եւ սկսան հետաքրքրուիլ եւ մերձենալ մեզի: Իրենցմէ ութը հոգի, մէկիկ մէկիկ եկան եւ ուխտագրուեցան Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան»: Ան կը նշէ թէ իսլամեր չէին եւ քրիստոնեաներու մօտ կը համարուէին: Թուրքերու դէմ ատելութիւնը եւ իրենց ճնշեալ կացութիւնը մղած են զինակից համարել հայութիւնը եւ մասնաւորաբար անոր կազմակերպեալ ուժը՝ Հնչակեան կուսակցութիւնը: Իր տուեալները կը յուշեն թէ անոնք մերօրեայ ալեւիներն են:

Փաստօրէն, հայ-ալեւի զինակցութեան պատմութիւն մը առկայ է հետազօտութեան արժանի: Այս նիւթը կրնայ նոր ծալքեր բանալ Հնչակեան կուսակցութեան փառահեղ, մարտական եւ ընկերվարական պատմութեան մէջ: Մեր պատմութեան լայնօրէն չլուսաբանուած այս հատուածը կրնայ հպարտառիթ ազդակ դառնալ հնչակեան յետնորդներուն, որովհետեւ կ’ապացուցէ, որ հնչակեաններ նաեւ կը հետամտէին համամարդկային իտէալներ՝ ազգայինի կողքին: Այս առումով, առաւե՛լ կը կոթողուի Աղասիի հերոսական, ընկերվարական եւ գաղափարական տիպարը՝ առաւե՛լ գեղազարդելով հնչակեան հերոսներուն աստղաբոյլը: Բայց… միթէ՞ հերոսական Աղասի արժանի չէ իր անունով փողոց մը ունենալու Երեւանի Զէյթուն թաղամասին մէջ…

Ապրի՛ք, ընկերներ, որ գէթ Պէյրութի մէջ կենդանացուցիք յիշատակը Կարապետ Թուր-Սարգիսեանին՝ Աղասիին:

Share61Tweet38
Previous Post

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ

Next Post

Թուային Հարթակներու Մանկական Բովանդակութիւնը Եւ Ի՞նչ Կը Դիտեն Մեր Երեխաները

Next Post
Թուային Հարթակներու Մանկական Բովանդակութիւնը Եւ Ի՞նչ Կը Դիտեն Մեր Երեխաները

Թուային Հարթակներու Մանկական Բովանդակութիւնը Եւ Ի՞նչ Կը Դիտեն Մեր Երեխաները

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.