Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 7 Յուլիս 2026

July 7, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 7 Յուլիս 2026

ԱՈՒՆ. «ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԻՆ ԸՆՏՐԱՆՔՆ ԷՐ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցիլը Լիբանանին առջեւ մնացած վերջին ընտրանքն էր: «Լիբանանի համար ամերիկեան աշխատանքային խումբ»ին հետ ունեցած հեռավար ժողովին ընթացքին, Աուն շեշտեց Իսրայէլին վրայ ճնշում գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի հեռանայ լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաններէն եւ ազատ արձակէ գերիները, որպէսզի լիբանանեան բանակը տեղակայուի այդ շրջաններուն մէջ եւ հաստատուի արդար ու մնայուն խաղաղութիւն: «Սիրահարուած չեմ Իսրայէլին, սակայն շրջանակային համաձայնութիւնը մերժողներուն կ’ըսեմ, թէ կը սպասեմ իրենց առաջարկներով այլընտրանքները կամ նոր լուծում մը, որ մեզ դուրս կը բերէ պատերազմներէն», շեշտեց Աուն:

Նախարարները վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ գումարեցին խորհրդակցական ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին հարաւէն տեղահանուած քաղաքացիներուն տունդարձը եւ կործանուած շրջաններուն վերակառուցումը: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս ժողովէն ետք յայտնեց, որ պատերազմին ուղղակի վնասները կը հասնին առնուազն չորս միլիառ տոլարի:

 

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Լիբանանեան բանակը շարունակեց իր գործողութիւնները հարաւային շրջաններու մէջ եւ վնասազերծեց Նապաթիէ եւ Պընթ Ժպէյլ շրջաններուն վրայ ինկած, սակայն չպայթած շարք մը հրթիռներ եւ ծանր ռումբեր: Իսկ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը այցելեց լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաններ, ուրկէ պահանջեց, որ լիբանանեան բանակը գործադրէ շրջանակային պատմական համաձայնագիրը եւ հարաւային շրջաններէն հեռացնէ Հըզպալլայի ուժերը:

Գետնի վրայ, իսրայէլեան ուժերը յաւելեալ պայթումներ կատարեցին հարաւի բռնագրաւեալ գիւղերուն մէջ եւ անօդաչու սարքերով թիրախաւորեցին շարք մը շրջաններ՝ մանաւանդ Նապաթիէ գաւառին մէջ: Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նոյն շրջանին մէջ ինքնաշարժի մը թիրախաւորումին հետեւանքով մահացած է չորս մարդ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 2 Մարտին սկսած իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով մինչեւ երէկ երեկոյեան Լիբանանի մէջ մահացած է 4319 մարդ, վիրաւորուած՝ 12.203 հոգի: Առողջապահական եւ փրկարարական ոլորտի աշխատակիցներուն շարքերէն մահացած է 135 հոգի, վնասուած է 17 հիւանդանոց, որոնցմէ երեքը ակամայ դադրեցուցած են իրենց աշխատանքը:

 

ԼԻԲԱՆԱՆ ՆԵՐԿԱՅ Է 2026-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻՆ

Թէեւ Լիբանանի ֆութպոլի հաւաքականը անգամ մը եւս չկրցաւ մասնակցիլ Աշխարհի ախոյեանութեան, այսուհանդերձ, Լիբանանի դրօշը չբացակայեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի եւ Գանատայի մարզադաշտերէն: Մրցումներուն ընթացքին մայրիներու երկրին դրօշը դաշտ տարած էին ոչ միայն սովորական լիբանանցիներ, այլ նոյնիսկ ֆութպոլը տնօրինող ֆետերասիոնին՝ FIFA-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօն:

«Որպէս Լիբանանի քաղաքացի մը, հրաշալի էր մեր գեղեցիկ դրօշը բարձրացնել այս ֆութպոլային գերագոյն պատուանդանէն», ըսաւ Ինֆանթինօ, որ ամուսնացած է լիբանանցիի հետ եւ վերջերս ստացաւ Լիբանանի քաղաքացիութիւն:

 

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԵՏ ՍԵՐՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եքաթերինպուրկի մէջ տեսակցեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Միխայիլ Միշուսթինի հետ, քննարկեց երկկողմանի խնդրայարոյց նիւթերը եւ լուծումի հնարաւոր ուղիները, ապա յայտնեց, որ Երեւան շահագրգռուած է Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացումով: Փաշինեան նշեց նաեւ, որ Հայաստան մտադիր է շարունակելու իր մասնակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան գործունէութեան: Միշուսթին իր կարգին մաղթեց, որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուելիք նոր կառավարութիւնը կ’ապահովէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետեւողական զարգացումը՝ բարեկամութեան, բարիդրացիութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ, միշտ նկատի առնելով երկկողմանի շահերը:

Նշենք, որ Փաշինեան Ռուսիոյ մէջ մասնակցեցաւ Իննոփրոմ միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսին, ուր շրջեցաւ տաղաւարներով եւ արտասանեց ուղերձ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ արհեստագիտութիւնը կոչուած է ոչ թէ փոխարինելու մարդը, այլ զայն փրկելու միապաղաղ աշխատանքէն: Նշենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Փաշինեանին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն էր այս եւ ընդհանուր առմամբ իր 33-րդ Ռուսիա այցելութիւնը:

Իսկ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու Ռուբէն Ռուբինեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի հարցով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօն: Ժողովականները քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ եղաւ փոխադրութեան հնարաւորութիւններուն եւ Հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին:

 

ԱԹՈՌՆԵՐԷՆ ՉՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքը հաստատող Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, խորհրդարան մուտք գործելու հնարաւորութիւն ստացած ուժերէն ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ քննադատեց դատարանին որոշումը, ապա յայտարարեց իր շահած աթոռները ստանձնելու մասին որոշումը: «Այս զէնք է եւ աթոռներէն կամաւոր հրաժարիլը կ’ըլլայ անպատասխանատուութիւն մեր պետութեան եւ մեր ընտրողներուն հանդէպ», յայտարարեց դաշինքը: «Խորհրդարանին մէջ մեր ներկայութիւնը կը համարենք որպէս քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, անոնց խնդիրներուն մասին բարձրաձայնելու եւ լուծումներ առաջարկելու գործիք», յայտարարեց նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը, աւելցնելով որ աշխատանք պիտի տանի կանխելու Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, պաշտպանելու Եկեղեցին, ապահովելու քաղաքական բանտարկեալներուն եւ ռազմագերիներուն իրաւունքները եւ ի վերջոյ հեռացնելու իշխող վարչախումբը: Յիշեցնենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջորդած օրերուն շատ կը խօսուէր աթոռներէն հրաժարելու հնարաւորութեան մասին, որպէս բողոքի նշան:

 

ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աշխատակիցները երէկ աւելի քան 7 ժամ խուզարկեցին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի բնակարանը եւ անոր պատկանող քանի մը տասնեակ ընկերութիւններու գրասենեակներն ու անոնց տնօրէններուն բնակարանները: Կոմիտէն յայտարարեց, թէ տասնեակէ աւելի քրէական գործերու ծիրին մէջ խուզարկումներ կատարած են միաժամանակ շուրջ 70 հասցէներու մէջ:

 

ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԴԵՍՊԱՆ

Հայաստանը Փաքիստանի մայրաքաղաքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ունենայ դեսպան մը: Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով, Կարէն Գրիգորեան նշանակուեցաւ Իսլամապատի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Ան միաժամանակ կը վարէ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպանի պարտականութիւնը: Անոր նստավայրը Ապու Տապին է:

Նշենք, որ Փաքիստան այն հազուագիւտ երկիրներէն էր, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունէր Հայաստանի հետ, հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լոյսին տակ: Սակայն, տարածաշրջանային մերձեցումին զուգահեռ, Երեւան եւ Իսլամապատ վերջապէս հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ:

 

ՄԱՔՐՈՆ ՍՈՒՐԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Սուրիոյ նախագահութիւնը յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Դամասկոս, ուր իր պաշտօնակից Ահմատ Շարաային հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները խորացնելու միջոցներն ու տարածաշրջանային զարգացումները:

Շարաա-Մաքրոն խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կեդրոնացում պիտի ըլլայ նաեւ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու միջոցներուն վրայ:

Share61Tweet38
Previous Post

Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանը Միջդպրոցական Ոտնագնդակի Մրցաշարքի Ախոյան

Next Post

Ձայներ Պոլսէն (Արձագանգ Թրքահայ Կեանքի) – 1

Next Post
Ձայներ Պոլսէն (Արձագանգ Թրքահայ Կեանքի) – 1

Ձայներ Պոլսէն (Արձագանգ Թրքահայ Կեանքի) - 1

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.