Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանը Միջդպրոցական Ոտնագնդակի Մրցաշարքի Ախոյան

July 4, 2026
in Մարզական
0
Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանը Միջդպրոցական Ոտնագնդակի Մրցաշարքի Ախոյան

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, 24 Մայիս 2026-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզադաշտին մէջ հանդիսաւորապէս մեկնարկած միջդպրոցական ոտնագնդակի մրցումները համախմբած է Հալէպի հայկական վարժարաններու մարզական խումբերը առողջ մրցակցութեան եւ մարզական ոգիի շուրջ։

Կիլիկեան վարժարանի ոտնագնդակի խումբը եւս արժանիօրէն մասնակցած է մրցաշարքին՝ փուլ առ փուլ արձանագրելով յաջողութիւններ եւ իր հետեւողական ու բարձր մակարդակի խաղով իր տեղը ապահոված է եզրափակիչ մրցումին։

Մրցաշարքի աւարտական հանդիպումը տեղի ունեցած է Կիրակի, 28 Յունիս 2026-ին։ Կիլիկեանի մարզիկները դրսեւորելով կազմակերպուած, գեղեցիկ խաղ, 2-1 արդիւնքով արժանի յաղթանակ մը տարած են Մխիթարեան վարժարանի խումբին դէմ՝ հռչակուելով մրցաշարքի ախոյան։

Այս գեղեցիկ յաջողութեան առիթով առանձնայատուկ գնահատանքի խօսք պէտք է յղել մարզիչ Երուանդ Ճիյէրճեանին, որուն անխոնջ աշխատանքը, հետեւողական ջանքերն ու նուիրումը մեծապէս նպաստած են խումբին այս արժանաւոր յաղթանակին եւ ախոյանական բաժակին արժանանալուն։

Ջերմ շնորհակալութիւն նաեւ Կիլիկեան շրջանակի Տիկնանց միութեան եւ անոր ատենապետուհի տիկ. Հուրի Սուլահեանին, որոնք իրենց գնահատանքի գեղեցիկ արտայայտութեամբ յուշանուէրներ յանձնած են իւրաքանչիւր մարզիկի՝ արժեւորելով անոնց ցուցաբերած ջանքն ու նուիրումը։

Նորանոր յաղթանակներու եւ նուաճումներու մաղթանքներով կը շնորհաւորենք Կիլիկեան վարժարանի կարգապահ բոլոր մարզիկները, որոնք իրենց յանձնառութեամբ ու միասնական ոգիով բարձր պահած են իրենց վարժարանին անունը։ Միաժամանակ, երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ խանդավառ քաջալերանքով զօրավիգ կանգնած են խումբին ամբողջ մրցաշարքին ընթացքին։

Share61Tweet38
Previous Post

Ընդդիմադիր Ուժերու Յուսահատ Դիմումը՝ Սահմանադրական Դատարան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.