Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը՝ Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան (Նիկոսիա)

July 2, 2026
in Յօդուածներ
0
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը՝ Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

25-28 Յունիս 2026-ի օրերուն, Կիպրոսի տեղական եւ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր՝յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանեցին Մելգոնեանի նախկին աշակերտներ թէ շրջանաւարտներ, որոնք իրենց զգացումները միացուցին տեղական գաղութին հետ եւ ստեղծեցին շատ գեղեցիկ «ապրող» օրեր՝արժեւորելով վարժարանին դերը ազգային-կրթական մեծ առաքելութեան մէջ պատմութեան տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին։ Մեծ «պրաւօ» մը gիպրահայ գաղութին, որ շատ գեղեցիկ եւ բծախնդիր կերպով կազմակերպած էր հանդիսութեան այս օրերը՝ ստեղծելով յիշատակելի մթնոլորտ բոլորին։

Բայց կայ զգացական մթնոլորտէն եւ գեղեցիկ յիշատակումներէն դէպի գործնական եւ ազգային համասփիւռքեան ռազմավարութեան  նոր տեսլականի մը անցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ գրաւականը։ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը պարզապէս անցեալի փառքը յիշելու առիթ մը պէտք չէ որ ըլլայ։ Անիկա նաեւ ազգային նոր ռազմավարութեան մը ստեղծելու պահն է։ Այս օրերուն, երբ մեծ թիւով մելգոնեանցիներ, նախկին ուսուցիչներ, բարեկամներ եւ հայորդիներ համախմբուեցան յիշողութիւններու, զգացումներու եւ երախտագիտութեան շուրջ, անհրաժեշտ է, որ այս ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը վերածուի գործնական ազգային ռազմավարութեան։ Հարցը այլեւս միայն Մելգոնեանի պատմութիւնը չէ, այլ՝ Մելգոնեանի միջոցաւ եւ անոր հետ համասփիւռքեան ազգային ռազմավարութեան մը տեսլական- ապագան մտածելու առիթ։

Երկար տարիներ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եղաւ սփիւռքահայութեան յաջող համահայկական կրթական փորձառութիւններէն մէկը։ Ան ոչ միայն դպրոց էր, այլ նաեւ ազգային դարբնոց, ուր տարբեր երկիրներէ եկած հայ երիտասարդներ կը սորվէին ապրիլ իրարու հետ, կը կազմաւորէին ազգային ինքնութիւն եւ կը պատրաստուէին ծառայելու իրենց գաղութներուն եւ համայնքներուն։ Անիկա կը մարմնաւորէր այն գաղափարը, որ Սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն է եւ իր զաւակները պէտք է դաստիարակուին համազգային տեսլականով։

Այսօր Սփիւռքի իրականութիւնը նաեւ փոխուած է։ Տասնամեակներ շարունակ կարծեցինք, թէ Սփիւռքը ժամանակաւոր վիճակ մըն է, որ օր մը պիտի աւարտի զանգուածային վերադարձով։ Ներկայիս պատմութեան ընթացքը ուրիշ ուղղութեան մը մէջ է։ Այսօր արդէն յստակ է, որ սփիւռք(ներ)ը կը դառնան հայ ժողովուրդի մնայուն ներկայութիւններէն մէկը։ Անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ ձուլում, լեզուի կորուստ, ինքնութեան նահանջ եւ ազգային կառոյցներու տկարացում, պահանջ կը ներկայացնեն նոր մտածողութեան-ռազմավարութեան մը եւ զայն իրականացնելու համար ստեղծելու նոր հիմնարկ-միաւորներու։

Այս պայմաններուն մէջ Մելգոնեանի վերաբացումը պէտք է դիտուի ոչ թէ որպէս զգացական արդարացում կամ անցեալի սխալ(՞) որոշումի ետդարձ, այլ որպէս ազգային ռազմավարական անհրաժեշտութիւն։ Համասփիւռքեան կրթական կեդրոնի մը գոյութիւնը կրնայ դառնալ այն առանցքը, որուն շուրջ պիտի վերակազմակերպուի ապագայի սփիւռքեան ղեկավարութեան պատրաստութիւնը։ Այսպիսի հաստատութիւն մը կրնայ ընդունիլ աշակերտներ աշխարհի տարբեր գաղութներէն, զանոնք կրթել բարձր մակարդակով, ամրապնդել հայերէնը, ազգային գիտակցութիւնը եւ ծառայութեան ոգին, ապա վերադարձնել զանոնք իրենց համայնքներ՝ իբրեւ պատրաստուած առաջնորդներ։ Մնայուն հայկական սփիւռքներու համար պէտք է արտադրել ազգային նոր մշակոյթ ու դիմագիծ, որ կը համընկնի աշխարհի ստեղծած նոր իրավիճակներուն հետ։

Այս իմաստով, վերաբացումը ինքնանպատակ չէ ու չի կրնար ըլլալ։ Անիկա պէտք է հիմնուի ժամանակակից տեսլականի վրայ։ Նոր Մելգոնեանը պէտք է ըլլայ ոչ միայն երկրորդական կրթական հաստատութիւն, այլ նաեւ ուսուցիչներու պատրաստութեան կեդրոն, սփիւռքագիտական հետազօտութիւններու օճախ, երիտասարդական առաջնորդութեան ակադեմիա եւ համահայկական համագործակցութեան հարթակ։ Այսօրուան աշխարհը կը պահանջէ նոր հմտութիւններ, նոր կրթական մօտեցումներ եւ նոր ցանցեր, որոնց ստեղծման մէջ Մելգոնեանը կրնայ դարձեալ առաջատար դեր ստանձնել։

Բնականաբար, այսպիսի ծրագիր մը կը պահանջէ քաղաքական կամք, ազգային համաձայնութիւն եւ նիւթական մեծ միջոցներ։ Բայց ամէնէն առաջ կը պահանջէ հաւատք, որ Սփիւռքը արժանի է երկարաժամկէտ ներդրումի։ Եթէ կը հաւատանք, որ Սփիւռքը պիտի շարունակէ մնալ հայկական իրականութեան հիմնական եւ մնայուն սիւններէն մէկը, ապա չենք կրնար զայն ձգել առանց համազգային կրթական, մշակութային եւ ազգային կեդրոն ու հիմնարկներու ծրագրումին։

Այս բոլորին վրայ արժէ աւելցնել Մելգոնեանի աշխարհագրական դիրքը եւ վայրը։ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, որ Եւրոպական միութեան լիարժէք անդամ է, առանձնաշնորհուած է աշխարհաքաղաքական շատ կարեւոր եւ դիպուկ վայրով մը։ Մէկ կողմէ Կիպրոս շատ մօտ է Միջին Արեւելքին ու տակաւին կամուրջ է Եւրոպայի ու աշխարհի տարբեր երկիրներու հետ։ Եւ ինչ խօսք, որ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը բարեկամ երկիր է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ ստեղծելով շատ ջերմ յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի տարբեր զանգուածներու հետ։

Ուստի՝ Մելգոնեանի հարիւրամեակի ոգեւորութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի յուշերով, հանդիսութիւններով եւ զգացական խօսքերով։ Այդ բոլորը շատ լաւ են եւ կարեւոր։ Այս պահը պէտք է վերածուի կազմակերպուած առաքելութեան՝ յստակ նպատակով, լայն համախմբումով եւ գործնական քայլերով։ Հարիւրամեակը պէտք է դառնայ մեկնակէտ, ոչ թէ եզրակացութիւն։

Մելգոնեանը արժէ վերաբանալ ոչ միայն որովհետեւ անցեալին մեծ ծառայութիւն մատուցած է, այլ նաեւ որովհետեւ ապագային կրնայ դարձեալ ծառայել։ Ազգեր, որոնք կը մտածեն իրենց վաղուան օրուան մասին, կը կառուցեն միտք եւ տեսլական։ Եւ միտքն ու տեսլականը իրականացնելու համար պէտք է հաստատութիւններ։ Այս իմաստով, հայը եթէ իսկապէս կը հաւատայ Սփիւռքի շարունակական առաքելութեան, պէտք է մտածէ վերաբանալու Մելգոնեանը՝ որպէս համասփիւռքեան ազգային կեանքի համար մէկ նոր ռազմավարական դարբնոց։

Հայկական սփիւռքի մնայուն կարգավիճակը կ’ամրապնդուի, եթէ ամեակները կրնանք վերածել յիշատակումներէ դէպի ազգային ռազմավարութեան նոր տեսլականներու իրականացման։ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը մէկ կարեւոր միաւորն է այս իմաստով։

Եթէ կ’ուզենք հայուն կեանքը դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացի մէջ՝ պիտի հաւատանք ծրագրուած աշխատանքի։

Եւ աշխատանքը կը ներառէ կամք։

Եւ ուր որ կամք կայ՝ հոն կեանք կայ։

Հայուն կեանքը…

Share61Tweet38
Previous Post

Սփիւռք Եւ Հայաստան․Մրցակիցնե՞ր, Թէ՞ Ռազմավարական Գործընկերներ

Next Post

Լեւոն Շառոյեանի Հեղինակութեամբ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը Լոյս Տեսաւ Հալէպի Մէջ

Next Post
Լեւոն Շառոյեանի Հեղինակութեամբ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը Լոյս Տեսաւ Հալէպի Մէջ

Լեւոն Շառոյեանի Հեղինակութեամբ «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» Երկասիրութեան Ա. Հատորը Լոյս Տեսաւ Հալէպի Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.