Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 2 Յուլիս 2026

July 2, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 2 Յուլիս 2026

ՆԵՐՔԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Անցնող օրերուն լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ հրահրուած խուլիկանութիւններու լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական ընդհանուր վիճակը եւ ներլիբանանեան խնդիրներէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը: Նախագահն ու նախարարը շեշտեցին, որ ներքին անվտանգութեան պահպանումը կը համարուի առաջնահերթութիւն, աւելցնելով որ պետութիւնն ու ապահովական ուժերը կը կատարեն իրեն պարտականութիւնը:

Պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն նախագահը ժխտեց բանակի հրամանատարն ու ապահովական կառոյցներուն պետերը պաշտօնազրկելու մտադրութեան մասին տարածուած անհիմն լուրերը: Ան դրուատեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խռովութիւններ մերժող կեցուածքը:

 

ԱԶԱՏ ՏԵՂԱՇԱՐԺԻ ԽԱՓԱՆՈՒՄ

Իսրայէլեան ուժերը երէկ եւս շարք մը յարձակումներ գործեցին հարաւային շրջաններու ուղղութեամբ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ 2 Մարտին բռնկած պատերազմին ընթացքին ցարդ մահացած է 4297 հոգի, վիրաւորուած՝ 12.200 մարդ: Ինչ կը վերաբերի տեղահանուածներու թիւերուն, ապա զինադադարի յայտարարութենէն ետք Պէյրութի մէջ անոնց թիւը 13 հազար ընտանիքէ նուազած է 4814 ընտանիքի, ուստի ժամանակաւոր կացարաններուն թիւն ալ 135-էն նուազած է 89-ի: Հետեւաբար, Պէյրութի քաղաքապետութիւնը մարաքաղաքի ծովեզերեայ հատուածէն վերացուց այնտեղ լարուած վրանները:

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հրամանատարութիւնը ահազանգեց, թէ հարաւի մէջ կը դիմագրաւեն ազատ տեղաշարժի խափանում՝ ներառեալ ճամբաներու փակում, փլուզուած կառոյցներ, անցարգելներ եւ այլ խոչընդոտներ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իրենք Լիբանանէն պիտի չքաշուին, մինչեւ  սպառնալիքներու ամբողջական չէզոքացումը, իսկ պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ անժամկէտ պիտի մնան Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հողերուն վրայ իրենց հաստատած ապահովական գօտիին մէջ:

 

ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ Իրանի հարցով կը նախընտրէ դիւանագիտական լուծումները եւ կը հաւատայ, որ երկու կողմերը ունին համաձայնութեան յանգելու իսկական հնարաւորութիւն: Փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս յայտնեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները ունին դրական ընթացք, աւելցնելով որ Ուաշինկթըն որոշած է բանակցութիւններուն տալ յաջողելու առաւելագոյն հնարաւորութիւն:

«Եթէ Իրան փորձէ վերակառուցել հիւլէական հնարաւորութիւնները կամ թիրախաւորէ նաւերը, ապա այդ պարագային պիտի փոխենք մեր բոլոր հաշիւները», զգուշացուց Վենս: Բանակցութիւններուն կը մասնակցի նաեւ քաթարեան կողմը: Քաթարի իշխանը ամերիկացի պատուիրակներուն հետ զրուցած ատեն շեշտեց Լիբանանի մէջ եւս զինադադար հատատելու եւ պատերազմին անյապաղ վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

 

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը երէկ եզրափակեց 7 քաղաքական ուժերու կողմէ Ազգային ժողովի ընտութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու դիմումներուն դատաքննութիւնը: Դատարանը ապա հեռացաւ խորհրդակցութիւններու սենեակ՝ որոշումներ կայացնելու համար: Դատարանին վերջնական որոշումը պէտք է հրապարակուի մինչեւ 4 Յուլիսի աշխատանքային օրուան աւարտը: Յիշեցնենք, որ դատարանը կրնայ անփոփոխ պահել յանձնաժողովին յայտարարած վերջնական արդիւնքները, զանոնք համարել անվաւեր, կամ փոխել Ազգային ժողովներու աթոռներուն բաժանումը քաղաքական ուժերուն միջեւ:

Եզրափակիչ նիստին իր պատասխանները տուաւ յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան, ապա մերժեց պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն, շեշտելով որ դատարանին որոշումէն ետք կը յստականայ, թէ որուն փաստարկները ճիշդ կամ սխալ էին: Անոր խօսքով, ընդդիմութիւնը եթէ շատ կրկնէ իր պնդումները, այդ չի նշանակեր, որ անոնք փաստ պիտի դառնան: Իսկ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քարտուղար Արմէն Սմբատեան վստահեցուց, որ յանձնաժողովին ելեկտրոնային համակարգին արտաքին որեւէ միջամտութիւն անհնար է: Անոր համաձայն, ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած են որոշ խախտումներ, սակայն անոնք աննշան են ու չեն կրնար ազդել արդիւնքին վրայ: Յիշեցնելով, որ 637 ընտրատեղամասի մէջ եղած է քուէներու վերահաշուարկ, ան զարմանք յայտնեց վերջնական արդիւնքին նկատմամբ ոմանց անվստահութեան համար: Ընդդիմադիր մասնակիցներէն «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լիպարիտ Տրմէեան բողոքեց, թէ հիմնական խնդիրը կը վերաբերի ոչ թէ ընտրութիւններուն օրը, այլ նախընտրական շրջանին տեղի ունեցած խախտումներուն: Ան հարց տուաւ, թէ քանի՞ խախտում պէտք է եղած ըլլար, որպէսզի յանձնաժողովը ընդունէր, թէ այդ իրապէս ազդեցութիւն ունեցած է արդիւնքներուն վրայ: Իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սրբուհի Գալեան իր կարգին շեշտեց, որ կարելի չէ ընտրութիւնններուն արդիւնքները անվաւեր համարել պարզապէս հիմնուելով ենթադրութիւններու վրայ:

 

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԳԻԾ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ հանրաքուէներուն այսուհետեւ քուէարկելու իրաւունք կրնան ունենալ Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք ընտրութիւններէն 48 օր առաջ երկրին մէջ գտնուած են աւելի քան կէս տարի (365-էն առնուազն 183 օր): Այս հարցը երէկ քննարկուեցաւ Ազգային ժողովի Պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նիստին՝ ընտրական օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ ներառելու քննարկումին ընթացքին: «Քաղաքացին կրնայ մասնակցիլ պետութեան համար կարեւորագոյն որոշումներ կայացնելու հոլովոյթին, միայն եթէ անոր կենսական  շահերուն կեդրոնը կը գտնուի տուեալ երկրին մէջ», ըսին բարեփոխումներուն նախաձեռնած՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխանները: «Պէտք է ընտրական ցուցակներէն հանենք տասնամեակներով Հայաստանէն բացակայող մարդիկը», ըսին անոնք: Ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեանն ալ իր կարգին առաջարկեց, որ ընտրելու իրաւունքը վերապահուի վերջին երկու տարիներէն մէկ տարին Հայաստանի մէջ բնակած քաղաքացիներուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՎԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատ: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, առ ի զօրակցութիւն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումին, «Անդրսահմանային կապերու ամրապնդում» ծրագրի ծիրին մէջ հայկական պատուիրակութիւնը տեսակցած է Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի տնօրէններու խորհուրդին, նախագահութեան եւ անդամներուն հետ: Հայկական կազմակերպութեան պատուիրակութեան մաս կազմած են անոր ղեկավարներն ու հայաստանցի գործարարներ, որոնք թրքական կողմին հետ քննարկած են կարգաւորումի հոլովոյթին դրական ազդեցութիւնը, սահմանային անցակէտերու վերաբացումին հարցը եւ այդ առումով արդիւնաբերողներու պալատին դերը: Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան փոխնախագահ Արթիւր Ղազարեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը երկար ժամանակէ կ’աշխատի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումին եւ առկայ խնդիրներու լուծումին ուղղութեամբ: «Հակառակ քննադատութիւններուն, մեր նպատակն է բարելաւել երկկողմանի յարաբերութիւնները, դիւրացնել փոխադարձ այցելութիւններն ու զարգացնել առեւտուրը», ըսաւ ան: Վանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Նեճտէթ Թաքուան պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու՝ յանուն յարաբերութիւններու բարելաւումին: «Դուք ձեզ հիւր մի զգաք, այլ մարդիկ, որոնք կապուած են այս քաղաքին հետ: Մեր պալատը ձեր տունն է», հայկական պատուիրակութեան ըսաւ ան:

 

ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Պետական պահպանութեան ծառայութեան զարգացումը տեսանելի է՝ սկսեալ ծառայողական հագուստներէն մինչեւ զէնքերու եւ արդիական սարքերու ապահովումը:

Պետական ապահովութեան ծառայութեան կազմաւորման տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին ընթացքին վարչապետը նշեց, որ ներդրում կատարուած է ծառայողներու հմտութիւններու բարելաւումին ուղղութեամբ, շեշտելով այս ոլորտը երիտասարդներուն համար գրաւիչ դարձնելու հանգամանքը:

 

ԱՐԾՐՈՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՊԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով, Արծրուն Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Պաշտպանութեան նախարարութեան Ազգային հետազօտական համալսարանի պետ, իսկ Ալպերթ Պաղտատեան ազատ կացուցուեցաւ այդ պաշտօնէն:

Յիշեցնենք, որ վարելով Զինուած ուժերու բանբերի պաշտօնը, Արծրուն Յովհաննիսեան 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին հանրայայտ դարձաւ պատերազմին ընթացքը մանրամասնող իր ամէնօրեայ զեկոյցներով եւ մասնաւորաբար «Յաղթելու ենք» գրառումներով, որոնց համար աւելի ուշ ենթարկուեցաւ բուռն քննադատութեան եւ պատերազմին յաջորդած օրերէն սկսեալ համեմատաբար հեռու մնաց լրատուական լուսարձակներէն:

 

ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՓՈՐՁ

Հայոց ցեղասպանութեան փաստը պաշտօնապէս ճանչցող Իսրայէլի կառավարութեան միաձայն որոշումէն ետք, աշխուժացած են քնէյսէթին մէջ նշեալ որոշումին վաւերացումը կանխելու փորձերը: Ատրպէյճանի հրէական երեք համայնքներուն ղեկավարները դիմած են իսրայէլեան խորհրդարանի երեսփոխաններուն, պահանջելով չզօրակցիլ Ցեղասպանութեան ճանաչումին: Փաստաթուղթին մէջ կրկնուած է թրքական թեզը, թէ պատմական նման զգայուն հարցեր պէտք է արծարծուին միայն գիտական մակարդակի վրայ, զերծ մնալով քաղաքականացումէ:

Share61Tweet38
Previous Post

Հալէպի Վաստակաշատ Բժիշկներէն Տոքթ. Շահէ Տիրարեան Այլեւս Մեզի Հետ Չէ

Next Post

Հայ Ժողովուրդի Մեծ Բարեկամ, Ռումանիոյ Զաւակ՝ ՆԻՔՈԼԱ ԵՈՐԿԱ (1871 – 1940)

Next Post
Հայ Ժողովուրդի Մեծ Բարեկամ, Ռումանիոյ Զաւակ՝ ՆԻՔՈԼԱ  ԵՈՐԿԱ (1871 – 1940)

Հայ Ժողովուրդի Մեծ Բարեկամ, Ռումանիոյ Զաւակ՝ ՆԻՔՈԼԱ ԵՈՐԿԱ (1871 – 1940)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.