Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հալէպի Վաստակաշատ Բժիշկներէն Տոքթ. Շահէ Տիրարեան Այլեւս Մեզի Հետ Չէ

June 30, 2026
in Այլազան
0
Հալէպի Վաստակաշատ Բժիշկներէն Տոքթ. Շահէ Տիրարեան Այլեւս Մեզի Հետ Չէ

Խոր ցաւով տեղեկացանք Հալէպի հայ համայնքի ճանչցուած բժիշկներէն՝ վաստակաշատ կրթական մշակ, հանգուցեալ Ռուբէն Տիրարեանի արժանաւոր որդիներէն եւ «Արարատ» օրաթերթի հաւատաւոր բարեկամ տոքթ. Շահէ Տիրարեանի մահուան մասին, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ին, Երեւանի մէջ։

Հանգուցեալին հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ 25 Յունիս 2026-ին, իսկ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Յունիս 2026-ին, Էջմիածինի Շահումեան գիւղի գերեզմանատան մէջ։

1956-ի ծնունդ բժ. Շահէ Տիրարեան ծնած էր Հալէպ, տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Արմինէ Տիրարեաններու յարկին տակ։ Իր նախնական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսման փուլերը անցուցած էր Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ուրկէ յաջողութեամբ շրջանաւարտ դարձած էր։

Բարձրագոյն ուսման համար մեկնած էր Մայր հայրենիք եւ ընդունուած՝ Երեւանի Պետական Բժշկական համալսարան եւ աւարտած էր 1984-1985 տարեշրջանին։ Այնուհետեւ մասնագիտացած էր միզային եւ սեռային ուղիներու հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ՝ դառնալով հմուտ «ուրոլոգ»-վիրաբոյժ։ Իր գիտական աշխատանքներու եւ մասնագիտական թեզի պաշտպանութենէն ետք արժանացած էր «Գիտութիւններու Դոկտոր»ի բարձր տիտղոսին։

Բժ. Տիրարեան իր մասնագիտական կեանքը նուիրեց մարդուն առողջութեան ծառայելուն։ Հայաստանի մէջ ասպիրանտուրան աւարտելէ ետք, 1992-ին վերադարձաւ ծննդավայր Հալէպ, ուր հիմնեց իր սեփական դարմանատունը եւ շուրջ երեք տասնամեակ ծառայեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն՝ որպէս «ուրոլոգ» մասնագէտ բժիշկ։ Իր գիտելիքը, բարեխղճութիւնը եւ մարդասիրական մօտեցումը զինք դարձուցին բազմաթիւ հիւանդներու վստահելի բժիշկը։

Կատարելով սուրիական բանակին մէջ իր քաղաքացիական պարտքը, տոքթորը 1995-1998 թուականներուն ծառայեց Հալէպի Զինուորական հիւանդանոցին մէջ։

Բժ. Շահէ Տիրարեան նաեւ ազգային-հասարակական կեանքին մասնակից մտաւորական էր։ Կանուխ տարիքէն անդամակցած էր Հ.Մ.Մ.-ի շարքերուն եւ տարիներ շարունակ մաս կազմած էր միութեան պասքեթպոլի խումբին։

Ան նաեւ բժշկագիտական հետաքրքրական ու լուսաբանող յօդուածներ կը ստորագրէր «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն մէջ, հրապարակելով առողջապահական արժէքաւոր գիտելիքներ։

Տոքթոր Շահէն ամուսնացած էր Անահիտ Յարութիւնեանի հետ եւ օրհնուած էր մանչ զաւակով մը՝ Ռուբէնով։

Սուրիական պատերազմի ամենածանր տարիներուն, երբ բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած եղան լքել Հալէպը, բժ. Շահէ Տիրարեան երկար տարիներ մնաց իր ժողովուրդին կողքին եւ շարունակեց ծառայել համայնքին՝ բժիշկի իր առաքելութիւնը կատարելով վտանգաւոր պայմաններու մէջ։ Միայն 2022-ին ընտանիքով հաստատուեցաւ հայրենիքի մէջ, ուր մինչեւ իր մահը որպէս «ուրոլոգ» կը գործէր Միրզոյեան դարմանատան մէջ՝ բուժելով հայրենիքի մէջ ապրող իր հիւանդները, նոյն անսակարկ նուիրումով ու հոգատարութեամբ։

Բժ. Շահէ Տիրարեանի մահով կը կորսնցնենք գիտակից մտաւորական մը, մարդասէր բժիշկ մը, ազգային նուիրեալ մը։ Անոր յիշատակը պիտի ապրի իր բժշկական ծառայութեան, իր մարդկային նկարագիրին եւ իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած անշահախնդիր նուիրումին մէջ։

«Արարատ» օրաթերթը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Տիրարեան, Յարութիւնեան, Ակինեան, Երէցեան եւ Պալեան ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ անոր յիշատակը յարգողներուն։

Յաւերժ ապրի տոքթորին յիշատակը եւ խաղաղութիւն անոր հոգիին։

Share61Tweet38
Previous Post

Նկարի Մը Պատմութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.