Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայ Ժողովուրդի Մեծ Բարեկամ, Ռումանիոյ Զաւակ՝ ՆԻՔՈԼԱ ԵՈՐԿԱ (1871 – 1940)

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

July 2, 2026
in Յօդուածներ
0
Հայ Ժողովուրդի Մեծ Բարեկամ, Ռումանիոյ Զաւակ՝ ՆԻՔՈԼԱ  ԵՈՐԿԱ (1871 – 1940)

Վերջերս լրացաւ ծննդեան 155-ամեակը պատմաբան, արեւելագէտ, Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ, վարչապետ, հրապարակագիր, հայագէտ, ծանրակշիռ գիտնական, իր հայասիրութեամբ հանրածանօթ գործիչ Նիքոլա Եորկայի: Վստահաբար, շատեր չեն ալ լսած անոր անունն անգամ, որուն կենսագրութեան եւ մտաւորական կարողութեան ծանօթանալէդ յետոյ, չես կրնար չապշիլ այն ընդգրկուն գործունէութեան ու վաստակին համար, որ ունեցաւ Ռումանիոյ այս տաղանդաւոր ու ներհուն քաղաքական-ակադեմական-հասարակական հեղինակութիւնը: Բացառիկ յիշողութեան տէր, անխոնջ աշխատող, համայնագիտարանի մը ծանօթութիւններով բեռնաւոր Նիքոլա Եորկան հայ հանրութեան լաւագոյնս ծանօթացուց անուանի պատմաբան, կոթողային «Պոլիս եւ իր դերը» (քառահատոր) աշխատութեան հեղինակ, ռումանահայ գրող ու մտաւորական Յակոբ Սիրունի (Ճօլօլեան) իր «Հայ Եկեղեցին ռումէն հողի վրայ. Նիքոլա Եորկա» (Էջմիածին, 1966) եւ «Նիքոլա Եորկային հետ» (Անթիլիաս, 1972) մենագրութիւններով:

Ան ծնած է 18 Յունիս 1871-ին, հիւսիսային Ռումանիոյ (Մոլտովայի շրջան) Բոտոշան քաղաքը: Հոն կ’ապրէին նաեւ հայեր եւ մանկուց արդէն կը սկսի շփուիլ հայ տղոց հետ՝ ծանօթանալով նաեւ հայկական աւանդութեանց ու սովորոյթներուն: Հինգ տարեկանին որբանալով (հօր կողմէ) կ’ապրի զրկանքներով լի մանկութիւն մը: Դպրոցական տարիքին արդէն ուսուցիչներ կը նկատեն անոր ընդոծին ընդունակութիւններն ու արտակարգ կարողութիւնները: 17 տարեկանին կը դառնայ բովանդակ Մոլտովայի առաջնակարգ աշակերտը եւ նոյն տարին կը մտնէ համալսարան եւ մէկ տարիէն կ’աւարտէ զայն՝ չորս տարուան քննութիւնները յանձնելով միահաղոյն կերպով:

Համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ եւրոպական ոստաններու մէջ՝ Պերլին, Լայպցիկ եւ Փարիզ, որպէս դասախօսներ ունենալով պատմութեան եւ արեւելագիտութեան ոլորտներուն մէջ անուանի գիտնականներ: 1894-ին կը վերադառնայ Ռումանիա դոկտորական տիտղոսով (Լայպցիկի համալսարանէն) եւ բարձր ուսման վկայականով (Փարիզ): 1895-ին կ’ընդունուի Պուքրէշի համալսարան որպէս պատմութեան բաժանմունքի դասախօս եւ ապա 45 երկար տարիներ կը մնայ համալսարանին մէջ շրջան մը որպէս տեսուչ (դեկան), 1929-էն՝ վերատեսուչ (ռեկտոր), դասախօս ընդհանուր եւ ռումանական պատմութեան, ռումանական հին գրականութեան, փիլիսոփայութեան: 1910-ին կը դառնայ Ռումանիոյ ակադեմիայի անդամ:

Մինչ ան զբաղած էր մանկավարժական պատասխանատու պաշտօնով, այլազան բնագաւառներ նետուելով, հոն եւս կ’արձանագրէ ուշագրաւ յաջողութիւններ, ինչպէս քաղաքական, գիտական, լրագրական, թարգմանչական, գրական, աղբիւրագիտական, տարբեր երկիրներու մէջ՝ դասախօսական: Ան հետզհետէ պատուոյ դոկտորի տիտղոսներ կը նուաճէ ոչ միայն ռումանական բոլոր համալսարաններէն, այլեւ՝ Ժընեւի, Լիոնի, Օքսֆորտի, Ստրազպուրկի, Հռոմի, Փարիզի, Պրաթիսլավայի, Մատրիտի, Աթէնքի, Ալժիրի եւ այլն: Ապա կը նետուի քաղաքական ասպարէզ եւ 1907-ին կ’ընտրուի Ազգային ժողովի երեսփոխան (1918-20 թ.՝ նախագահ) եւ երկար տարիներ կը գործէ հոն. աւելի ուշ կը դառնայ ծերակուտական: Կ’արձանագրուի Ազգային Գիւղացիական կուսակցութեան անդամ եւ կ’ըլլայ նախագահներէն մէկը անոր, աւելի ուշ՝ անկէ քաշուելով իր փոքրաթիւ համախոհներով կը հիմնէ իր կուսակցութիւնը: Առաջին Աշխարհամարտին, Եորկա փորձած է պահպանել Ռումանիոյ չէզոքութիւնը եւ ընդդիմացած գերմանական ծաւալապաշտութեան. բայց երբ Պուքրէշ կ’իյնայ գերմաններու ձեռքը, ան իր համակիրներով կը քաշուի Եաշ քաղաքը:

Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտ Ն. Եորկա կը զբաղի դասախօսութիւններով, գիտական պրպտումներով, հրապարակագրութեամբ: 1931-ին երբ կը նշուէր իր յոբելեանը, Քարոլ Բ. վեհապետը անակնկալի բերելով շատերը, զինք կը նշանակէ երկրին վարչապետ, որ կը վարէ շուրջ մէկ տարի՝ վերադառնալու համար գիտական ուսումնասիրութիւններու: Շրջան մը եղած է նաեւ կրթութեան նախարար:

1940-ականներուն, երբ Եւրոպայի տարածքին կատաղօրէն կը մոլեգնէր նացիզմը, Ն. Եորկա կը ծառանար այս մոլեռանդ շարժման դէմ: Արդէն տապալած էր Քարոլ Բ.-ը: Երկրին իշխանութիւնը ստանձնած էր ֆաշիստամէտ «Կանաչ Շապիկաւորներ» կոչուած շարժումը, որ ստեղծած էր «Երկաթեայ Գվարտիա» ահաբեկչական միաւորը, որուն նպատակն էր ֆիզիքապէս չէզոքացնել խաղաղասիրութեան կողմնակիցները եւ Ռումանիան դնել Հիթլէրի մականին տակ: Մինչ Ն. Եորկա կը նախզգար վտանգը, որ կը սպառնար երկրին եւ իր գրիչով կը պայքարէր այս ահագնացող ուժին դէմ, 1940 Նոյեմբեր 27-ի առաւօտուն, եօթ «կանաչ շապիկաւորներ» Պլոեշտ տանող ճամբուն վրայ, անտառի մը մէջ, ահաւոր պայմաններու մէջ կը սպաննեն իրենց երկրին ամենագիտուն զաւակը՝ Ն. Եորկան: Անոնք մահուամբ դատապարտած էին զինք: Անոր թաղումը տեղի կ’ունենայ անշուք պայմաններու տակ: Սարսափազդու այդ օրերուն մի քանիներ համարձակած էին ներկայ ըլլալու անոր յուղարկաւորութեան: Նոյնիսկ անոր հայ բարեկամները զգուշացած էին նման քայլէ մը: Միայն հայոց ազգային վարժարանի երկու ուսուցիչներ քաջութիւնն ունեցած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեծ երախտաւորին: Անոնցմէ մին Լեւոն-Կարապետ Պալճեանն էր, հետագային ողջ հայութեան պատկառանքը վայելած Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

 «Քիչեր մտքի մեծ տիտաններէն կրցած են այնքան բեղմնաւոր ըլլալ իրենց կեանքին մէջ եւ այնքան վաստակ թողուլ իրենցմէ յետոյ, որքան Նիքոլա Եորկան: Այդ տեսակէտով ֆենոմեն (երեւոյթ) մըն էր Եորկան»,- կը գրէ Յակոբ Սիրունի: Ռումէն մատենագէտ մը, երբ անոր գրչի արտադրութեանց մատենախօսութիւնը կը պատրաստէր 1934-ին, հատորով լոյս տեսած գիրքերուն թիւը 1003 հատոր ցոյց կու տար, բացի 12735 յօդուածներէն եւ 4963 գրախօսականներէն: Հետագային եւս նոյն առատութեամբ բազմահարիւր գիրքեր հրապարակեց ան՝ հազարաւոր յօդուածներու առընթեր: Ամբողջ գրադարան մը թողուց Նիկոլա Եորկան:

Իր գործերը գրած է տարբեր լեզուներով՝ ռումաներէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, յունարէն: Տարաբնոյթ գործերէն յիշենք.- «Ռումէն ժողովուրդի պատմութիւն ըստ ուղեւորներու» (4 հատոր), «Ռումէն ժողովուրդի պատմութիւն» (9 հատոր), «Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւն» (5 հատոր), «Բիւզանդական կայսրութեան պատմութիւն», «Ուսումնասիրութիւններ եւ փաստաթուղթեր» (31 հատոր), «Մարդկութեան պատմութիւն», տասնեակ մը հատորներ Խաչակրաց արշաւանքներուն նուիրուած, տասնեակ մը հատորներ Եւրոպայի պատմութեան շուրջ (Իտալիա, Ֆրանսա), մի քանի հատոր Պալքաններուն նուիրուած: Տարբեր վաւերագրերու ուսումնասիրութիւններ, «Պատմութիւն ռումանական գրականութեան» (7 հատոր), «Պատմութիւն ռումաներէն կրօնական գրականութեան», հատորներ նուիրուած ռումանական եկեղեցւոյ եւ կրօնքին, ռումանական բանակին, առեւտուրին, արհեստներուն, ճարտարարուեստին, բժշկութեան, ռումանական մամուլին, «Պատմութիւն Պուքրէշի», տասնեակ մը հատորներ ռումանացի անուանի դէմքերու նուիրուած, մի քանի յուշագրական հատորներ, նօթեր, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ, առօրեայ եւ պարբերական մամուլին մէջ ցրուած անչափելի յօդուածներ: Թարգմանած է յոյն դասականներ Հերոդոտոսի, Էսքիլէսի եւ ուրիշներու գործերը:

ՆԻՔՈԼԱ ԵՈՐԿԱ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ռումանիոյ հայոց թեմը նուիրականացման եւ պետականօրէն վաւերականացման կարիքն ունէր: Գաղութը ամբողջ 10 տարի դիմումներ կը կատարէր ռումանական նախորդ կառավարութեանց, որոնք ձգձգելով եւ լոկ խոստումներով կը յոգնեցնէին ազգային իշխանութիւնները: Եորկա հազիւ վարչապետ դարձած ձեռնամուխ կ’ըլլայ գործին յաջողութեան: Ան ընթացք տալով հայոց հերթական դիմումին եւ այս առիթով պատրաստելով անհրաժեշտ օրինագիծը 1931 Մայիս 28-ին զայն կը յղէ օրէնսդիր իշխանութեանց: Հարցը արագ-արագ անցնելով զանազան յանձնաժողովներու բովէն, օրինագիծը Յուլիս 13-ին կը դրուէր խորհրդարանի սեղանին: Յաջորդ օրը կը վերածուի օրէնքի եւ 3 Օգոստոսին կը հրատարակուի պաշտօնաթերթին մէջ: Շուրջ երեք ամիս ետք, 27 Հոկտեմբերին, Յուսիկ արք. Զօհրապեան կը հաստատուի իբրեւ առաջնորդ, իսկ 25 Նոյեմբերին կը վաւերացուէր թեմը: Աւելի ուշ, Յուսիկ Սրբազանին պիտի յաջորդէր Վազգէն վրդ. Պալճեան (հետագային եպիսկոպոս եւ ապա ամենայն հայոց կաթողիկոս):

ՆԻՔՈԼԱ ԵՈՐԿԱ ԵՒ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ն. Եորկայի գիտական ժառանգութեան մէջ էական կշիռ ունին անոր հայագիտական հետազօտութիւնները: «Հայերը եւ ռումէնները» (ֆրանսերէն) գործին մէջ համառօտակի կ’անդրադառնայ հայոց պատմութեան, հայկական գաղթավայրերուն եւ ռումանահայ գաղութի պատմութեան: Ան յաճախ շեշտած է թէ հայերը մեծ դեր ունեցած են Ռումանիոյ տնտեսութեան, առեւտուրին եւ մշակոյթին զարգացման մէջ, մանաւանդ Սուչավայի եւ Բոտոշանի հայկական համայնքները: «Չորս դասախօսութիւններ Հայաստանի մասին (ռումաներէն), «Հայերը Ռումանիոյ մէջ» (ֆրանսերէն), «Փոքր Հայաստանի համառօտ պատմութիւն (Կիլիկիոյ հայկական պետութեան մասին, ֆրանսերէն), «Հայ արուեստի իրերը Ռումանիոյ մէջ» եւ այլն: Ան իր Խաչակրաց արշաւանքներուն նուիրուած գործերուն մէջ լայնօրէն անդրադարձած է Կիլիկիոյ հայոց քաղաքական հմտութեան եւ իմաստուն քայլերուն: Ան աշխատակցած է ռումանահայ «Անի» (Ani) եռամսեայ հանդէսին հայագիտական ուսումնասիրութիւններով: Ան քաջալերած եւ զօրակցած է «Նաւասարդ» (1923-1926) գրական ամսագիրին հրատարակութեան: Իր վարչապետութեան շրջանին (1932) հնարաւոր դարձուց Արշակ Չօպանեանի այցելութիւնը Ռումանիա: Ինք Ռումանիա հրաւիրեց աշխարհահռչակ բիւզանդագէտ Սիրարփի Տէր Ներսէսեանը: Ան ռումաներէնի թարգմանեց հայ գրականութենէն եւս, ինչպէս Կոստանդին Երզնկացիի, Ֆրիկի, Խաչատուր Կեչառեցիի, Յովհաննէս Թլկուրանցիի, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Սիպիլի, Վահան Թէքէեանի, Անայիսի բանաստեղծութիւններէն: Վըլէն-տէ-Մունտէի մէջ հիմնած է համալսարան, ուր տեղի կ’ունենային հայ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներ, պարեր ու երգեր. իր մէկ թատրերգութեան համար կը խնդրէ հայկական պարախումբին ելոյթը, որովհետեւ միշտ մնացած է հմայուած հայ մշակոյթով: Ան օգնած է հիմնելու Պուքրէշի հայ մշակոյթի տունը, հսկայ գրադարանը. ան ոգեւորուած էր 1935-ին Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան 1500-ամեակի հանդիսութիւններով, որուն բերաւ նաեւ իր հեղինակաւոր մասնակցութիւնը: Մինչ լաւ լուրեր կ’ակնկալէր 1920-ի Սեւրի դաշնագիրին ստորագրումով, աւելի ուշ՝ 1923-ի Լօզանի պայմանագիրով պիտի ըլլար յուսախաբ եւ քննադատէր միջազգային դաւանենգ քաղաքականութիւնը հայոց նկատմամբ: Մեծ Եղեռնին եւ յատկապէս Իզմիրի կոտորածէն ետք (1922), ան իր սուր գրիչով, իր խմբագրած թերթերով հանդէս եկաւ օսմանեան վայրագութիւնները ձաղկող քննադատութիւններով, ծանրակշիռ մեղադրանքներով:

ՈՒՍԱՆԵԼԻ ՅԱՆԴԻՄԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Նիքոլա Եորկա մտահոգ էր հայ ինքնութեան պահպանման առնչութեամբ եւ կը հաւատար հայոց հայրենիքին գոյութեան եւ անոր կարեւորութեան (Խ. Հայաստանի մասին է խօսքը): Յակոբ Սիրունին է վկայողը. «Ու պիտի չմոռնամ երբեք սաստը, զոր անգամ մը ընդունեցինք Եորկայէն: Ռումանահայ միութեան ղեկավար կազմը գացեր էր Վըլէն-տէ-Մունտէ, անոր աջակցութիւնը խնդրելու համար հայ մարմիններու կողմէ պետութեան մօտ կատարուած դիմումի մը առիթով հայոց հաւաքական քաղաքացիութեան մասին: Գրիգոր Զամպաքճեան, որ խօսք առաւ յանուն մեր պատուիրակութեան, միամտութիւնն ունեցաւ ըսելու, թէ երբ քաղաքացի դառնալով հայերը աւելի շուտով պիտի լուծուին ռումէն ընտանիքին մէջ: Եորկա ոտքի ելաւ սրտմտած.

– Հապա՞ Հայաստանը,- գոչեց. ո՞վ պիտի շէնցնէ Հայաստանը… ի՛նչ պիտի ընէ ան, երբ որ դուք ձուլուիք ուրիշ ազգերու մէջ. ռումէն լաւ քաղաքացիներ եղէք, բայց մի մոռնաք, որ Դուք կը պատկանիք Հայաստանի»:

Իսկական հայասէր քաղաքական մարդ մը ահաւասիկ:

ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ

Ն. Եորկա անգամ մը կ’այցելէ Վենետիկ. հոնկէ դեղձանիկ մը կը բերէ հետը, զորս նուիրած էին Մխիթարեան հայրերը: Ան դեղձանիկը անուաներ է «Հայաստան»: Իր տան մէջ, երկու վանդակներու մէջ պահած էր «Հայաստան»ն ու այլ դեղձանիկ մը: Ան իր այցելուներուն կ’ըսէ. ««Հայաստան»ը զետեղած եմ իր ռումէն քրոջը քովիկը, որպէսզի հայերէն երգել սորվեցնէ անոր…»: Եորկա հրապուրուած էր հայկական երաժշտութեամբ, քանզի հայոց երգը լաւագոյնս կ’արտայայտէ հայոց վիշտն ու տառապանքը:

Ն. Եորկա բանաստեղծութիւն մըն ալ նուիրեց հայոց.

               Գերուած երկրէն՝ վտարանդի պանդուխտներ,

               Միշտ անուանի էք երկրիս վրայ համօրէն,

               Որ կը տանիք լոկ հին անունն ու լեզուն,

               Ուր տարագրեց ճակատագիրը դժնէ:

 

Դուք մայրենի երկրէն ձեզի հետ տարիք

          Ձեր սիրական տան ծաղիկները բոլոր,

          Ու գեղարուեստն ամբողջ չքնաղ, հինաւուրց,

          Կապոյտ ծովի լատինական ափին վրայ:

 

               Այնպէս որ երբ ճնշէ կարօ՛տը ձեր վրայ,

               Պիտի դադրի ձեր ցաւն՝ երբ որ դուք դիտէք,

               Թէ ձեր ետին կանգուն է հողն Հայրենի,

               Ձեր հետ այստեղ է քերթութիւնը ամբողջ:

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 2 Յուլիս 2026

Next Post

Սփիւռք Եւ Հայաստան․Մրցակիցնե՞ր, Թէ՞ Ռազմավարական Գործընկերներ

Next Post
Սփիւռք Եւ Հայաստան․Մրցակիցնե՞ր, Թէ՞ Ռազմավարական Գործընկերներ

Սփիւռք Եւ Հայաստան․Մրցակիցնե՞ր, Թէ՞ Ռազմավարական Գործընկերներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.