Հայը տիրել է ձիրքերով, ճարտարարուեստով, արհեստներով եւ արուեստներով.
ինչպէս պիտի ըսէր մեր մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը
Յաճախ կը լսենք արտայայտութիւններ լուսանկարներու մասին։
Յարգանքի իբրեւ նշան մեր տան պատէն կախած ենք գերդաստանի
երկու մեծերու նկարները։ Իրենք կեանքէն հեռացած են, սակայն անոնց նկարը կը մնայ յիշատակ։
Իբրեւ յիշատակ նկարներ կը փոխանակենք։
…Նիւթ մը, պատմութիւն մը կը հարստանայ որպէս վաւերագրութիւն
իր նկարներով։
Լուսանկարչական արուեստը այսօր համաշխարհային մակարդակով զարգացում կ՛արձանագրէ։ Կը կազմակերպուին անձնական եւ խմբային ցուցահանդէսներ։ Լուսանկարիչներ կան, որոնք ունենալով արուեստագէտ ճաշակ, հմտութիւն եւ վարպետութիւն, կը ստանան մրցանակներ։
Տարիներ առաջ հօրս խանութը այցելած էր եւրոպացի լուսանկարիչ մը՝ Մարթին Սթոպիչ անունով, եւ խնդրած էր անոր արհեստանոցը նկարել։ Նկարիչին թիրախը եղած է Մար Մըխայէլ շրջանի վեց արհեստանոցներ:
Ըստ հին արհեստաւորներու սովորութեան՝ ինք զանազան նկարներով
իր պատերը զարդարած էր։ Կային հայ մտաւորականներու, գրողներու,
երգիչներու, մարզիկներու, գծագրիչներու, հեռաւոր ընկերներու նկարները, ինչպէս՝ Պարոյր Սեւակ, Կոմիտաս, Շարլ Ազնաւուր, Գոհար Գասպարեան, Փարամազ, Տխրունի, Հրանդ Տինք, Բենիամին Ժամկոչեան, «Արարատ» խումբին նկարներ եւ այլն…:
Սեղանին վրայ միշտ ներկայ էր հայկական թերթեր, յատկապէս՝ «Արարատ» օրաթերթը։ Կային գոյնզգոյն դերձաններ, կաշիի կտորներ, գամ, սօսինցի տեսակներ եւ այլն։
Քանի մը օր ետք, այդ լուսանկարիչը կրկին կը վերադառնայ հօրս քով, իր հետ բերելով արհեստանոցի մեծ նկարը եւ կը բացատրէ, թէ այդ նկարը զետեղած է ցուցահանդէսի հրաւիրատոմսին վրայ: Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենար 30 Սեպտեմբեր 2010- ին։ Լուսանկարը հօրս կը նուիրէ, նոյնպէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ զինք չէր մերժած։
Իսկապէս հիացած էինք անոր լուսանկարչական արուեստով։
Արդարեւ, հրաւիրատոմսին վրայ գրած էր անգլերէնով:
Ով չի գիտեր, թէ հայերը լաւ արհեստաւորներ եղած են եւ ուր որ ալ գտնուած են միշտ իրենց ներդրումը ունեցած են տուեալ երկրի բարգաւաճման ու զարգացման մէջ։
Լիբանանցին միշտ ալ լաւ արտայայտուած է հայ ժողովուրդին մասին, թէ ստեղծագործող եւ աշխատասէր է, մեծ դեր ունեցած է Լիբանանի բարգաւաճման մէջ։
Իբրեւ հայ մնացած ենք կանգուն եւ տակաւին պիտի գոյատեւենք ու շատանանք։
Հօրս մահէն ետք պրպտեցի եւ համացանցէն գտայ Մարթին Սթոպիչը։ Անոր բացատրեցի ով ըլլալս եւ առաջին հարցումը եղաւ. «Հայրդ տակաւին ո՞ղջ է»։ Պատասխանեցի որ ան դժբախտաբար կեանքէն հեռացաւ։ Երկրորդ հարցումը՝ «Խանութը գո՞յ է», ըսի թէ վերածուած է փոքրիկ տնակի մը։
Ան շատ ափսոսաց։
Հօրս արհոստանոցէն զատ գտայ նաեւ միւս արհեստանոցներու նկարները։

