Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Արամ Հայկազի «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ Հետ» Վերնագրուած Պատմուածքը

Յարութիւն Իսկահատեան

June 30, 2026
in Յօդուածներ
0
Արամ Հայկազի  «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ Հետ» Վերնագրուած Պատմուածքը

«Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ». Մեծ Եղեռնի տարիներուն իր կեանքի յուշագրական վէպին հեղինակը` Արամ Հայկազը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս ընծայած է «Ապրող ծառ մը» խորագիրով գրական գործ մը, որ հետագային վերահրատարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ու անոր հրատարակչական տուեալներն են․ -Գրական Հայրենիք ՓԲԸ – «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2012, միջակ չափի 320 էջ։ Անկէ կը ներկայացնենք  «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ հետ» վերնագրուած պատմուածքը (էջ 311-315)

Սկիզբը՝ «Կ’ուզեմ որ սերունդները կարդան, թէ թուրքը` մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան անսրբագրելի ամօթը, ի՜նչ անորակելի չարիք կամեցաւ մեր ցեղին»,- կը գրէ Արամ Հայկազ:

Ամերիկայի մէջ Արամ Հայկազի դրացուհին` վերապրող ծերունի Նոյեմին է, որ իր տեսածներն ու ապրածները կը պատմէ անոր:

Նոյեմի իր 27 հոգինոց ընտանիքին հետ կարաւանով Սուրիոյ անապատները կը հասնի երկուքուկէս ամիսէն: Ճամբայ չելած` թուրքերը տղամարդիկը տարած ու սպաննած էին: Անապատին մէջ գիշերները ցուրտ էր, իսկ ցերեկները շատ տաք կ’ընէր: Անօթի եւ ծարաւ վիճակի մատնուած` բռնագաղթեալները մահացած հայ տարագրեալներու միսը կ’ուտէին, ամէն օր որոշ թիւով դիւակներ պահելով սայլերով մեռելներ հաւաքողներէն: Ամբողջ ընտանիքէն Նոյեմին ու անոր եօթնամեայ թոռնուհին ողջ մնացած էին: Նոյեմի կը կարծէր, թէ թոռնուհին չէր կռահեր, որ ինչ միս կ’ուտէին: Անմարդկային կենսապայմաններուն ու անսովոր «սնունդ»ին պատճառով, աղջնակը օրէ օր կը հիւծէր: Կանխազգալով իր ալ մօտալուտ վախճանը, օր մը ան կը խնդրէ մեծ մօրմէն.  «Մե՛ծ մայրիկ, երբ ես մեռնիմ, միսս մէկուն մի՛ տար, դուն մինա՛կդ կեր…»։

Այս զարհուրելի յուշերը լսած ու գրի առած հեղինակը` Արամ Հայկազ չի կրնար զսպել իր զգացումները եւ թուրքին համար կ’ըսէ, թէ ան շնչաւորներուն ամէնէն վայրագն ու ստորինն է…

Նոյեմիի թոռնուհին կը մահանայ եւ Նոյեմին անմխիթար կը մնայ ու քէն կը պահէ Աստուծոյ նկատմամբ: «Ապրելէ ի՞նչ հասկցանք, որ մահէն վախնանք…»,- կ’ըսէ ան: Իր մահուան անկողինին մէջ, Նոյեմի հեկեկալով իր ընդվզումը կ’արտայայտէ. «Վերջին ճիկէրիս կտորին մահը տեսնելէս ետք չեմ գիտեր Աստուած ինչո՞ւ չառաւ իմ հոգիս ալ…»։

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Նոյեմի Աստուծոյ չէր հաւատացած, Անոր հետ չէր յարաբերած, ու հիմա, երբ կը զգար, թէ պիտի մեռնէր, հարց կու տայ Արամ Հայկազին ու ինքն իրեն.  «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ հետ…»։

Share61Tweet38
Previous Post

Ընկեր Անդօն… Եւ Երթը Կը Շարունակուի

Next Post

Նկարի Մը Պատմութիւնը

Next Post
Նկարի Մը Պատմութիւնը

Նկարի Մը Պատմութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.