Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ընկեր Անդօն… Եւ Երթը Կը Շարունակուի

Նազօ Ճ.

June 30, 2026
in Գաղութային
0
Ընկեր Անդօն… Եւ Երթը Կը Շարունակուի

Սուրիոյ երկարամեայ պատերազմը կործանարար հարուած հասցուց սուրիահայ գաղութին, իսկ Լիբանանի տնտեսական փլուզումը, դրամատնային ճգնաժամը, ապահովական խնդիրները հազարաւոր հայ երիտասարդներ մղեցին արտագաղթի։

Երբեմնի տասնեակ հազարաւոր հայ բնակչութիւն ունեցող միջինարեւելեան մեր գաղթօճախներուն համար այս իրողութիւնը անշուշտ ծանր եւ մտահոգիչ հետեւանքներ ունեցաւ։ Սակայն նոյն այս հոսքը, հակառակ իր ցաւալի բնոյթին, նոր շունչ ու կենսունակութիւն բերաւ Սփիւռքի այլ գաղութներու, մասնաւորաբար աւստրալահայ համայնքին, որ վերջին տարիներուն զգալիօրէն հարստացաւ ազգային գիտակցութեամբ, կազմակերպական փորձառութեամբ եւ ծառայութեան ոգիով զինուած երիտասարդ ուժերով։

Այդ երիտասարդներէն մէկն է ընկեր Անդրանիկ Կիւլվարդեանը, որ կը ճանչնամ դեռ Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասէն եւ որուն ազգանուէր ու բարերար գործունէութեան մօտէն ականատես եղայ նաեւ Սիտնիի մէջ։

Հաճընցի համեստ ընտանիքի միակ զաւակը՝ Անդրանիկը, ծնաւ ու մեծցաւ Նոր Հաճընի մէջ, մեր բոլորին աչքին առջեւ։ Ան թաղամասին սիրելի մանուկն էր, որուն հանդէպ բոլորս առանձնայատուկ գուրգուրանք ունէինք։ Ժպտադէմ, բարեկիրթ եւ համակրելի իր նկարագիրով՝ ան շուտով դարձաւ շրջապատին սիրուած դէմքերէն մէկը։

Թաղամասի ազգային եւ միութենական աշխոյժ կեանքին մէջ մեծնալով՝ ան աստիճանաբար կազմաւորուեցաւ, աւարտեց ազգային վարժարանները եւ ամենայն լրջութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ մասնակցեցաւ պատանեկան եւ երիտասարդական շարժումներուն, որոնց մէջ կոփուեցաւ կազմակերպուած աշխատանքի եւ հաւաքական ծառայութեան ոգիով։

Ան եղաւ Ս.Դ.Հ.Կ. «Տխրունի» Ուս.-Երիտ միութեան աշխոյժ անդամներէն մէկը, ապա ստանձնեց փոխատենապետի եւ գանձապահի պաշտօնները։

Հետագային իր մասնակցութիւնը ընդարձակուեցաւ մասնաճիւղային ծառայութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ, իր անմիջական ներդրումը բերելով «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի տնտեսական վիճակի բարելաւման աշխատանքներուն, օգտակար հանդիսանալով ոչ միայն Հ.Մ.Մ.-ին, այլ նաեւ Սահակեան Գոլէճին, «Արարատ» օրաթերթին եւ ընդհանրապէս կուսակցական ու ազգային կառոյցներու բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն։

2023-ի Փետրուարին Անդրանիկը գաղթեց Աւստրալիա։ Սակայն նոր երկիր տեղափոխուիլը չնուազեցուց իր ազգային եռանդը։ Ընկեր Անդօն ձեռնածալ չմնաց, չընտրեց անձնական հանգիստի ճանապարհը եւ չսահմանափակուեցաւ սեփական կեանքի հոգերով։ Ընդհակառակը, ան շարունակեց իր կուսակցական եւ միութենական գործունէութիւնը նոյն նուիրումով, որ կերտուած ու կոփուած էր Լիբանանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կազմակերպչական դաշտին մէջ։ Իր ազատ ժամերը նուիրեց Սիտնիի ազգային-հասարակական կեանքին՝ նոյն պատրաստակամութեամբ ու խանդավառութեամբ, որոնցմով ծառայած էր անցեալին։ Այսօր ան Սիտնիի «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան վարչութեան դիւանապետն է, իսկ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Աւստրալիոյ շրջանի Վարիչ մարմինին մէջ կը վարէ ատենադպրութեան պաշտօնը։

Ընդամէնը երեք տարիէ իվեր կը բնակի Սիտնիի մէջ, սակայն այս համեմատաբար կարճ ժամանակաշրջանին ընթացքին կրցած է համադրել ուսումը, անձնական յաջողութիւններն ու ազգային ծառայութիւնը։ Ան համալսարանաւարտ դարձաւ, ամուսնացաւ եւ ընտանիք կազմեց։ Աւելի՛ն, ընդամէնը ամիս մը առաջ հայրութեան բերկրանքը ապրեցաւ տղայ զաւակի՝ Աւետիսին ծնունդով։

Անշուշտ, երբ կը դիտենք Միջին Արեւելքի մեր պատմական գաղութներու շարունակուող նօսրացումը, մեր սիրտերը բնականաբար կը մղկտան, իսկ հոգիները կը ճմլուին։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ, երբ կը տեսնենք ընկեր Անդրանիկ Կիւլվարդեանի նման բազմաթիւ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց հետ «ծովերէն անդին» կը փոխադրեն ոչ միայն իրենց ճամպրուկները, այլ նաեւ ազգային գիտակցութիւնը, կազմակերպական փորձառութիւնն ու ծառայութեան կամքը, մեր հոգիներուն մէջ սփոփանքի ալիք մը կը ծագի։

Այս սերունդն է, որ նոր թթուածին կը ներարկէ «արեւմտեան» կեանքին։ Այս սերունդն է, որ կարծես կենարար շիճուկ («սերոմ») մը կը հասցնէ աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւններուն մէջ դանդաղօրէն մարող հայկական ներկայութեան։ Անոնք են, որ նոր իմաստ կու տան համայնքային կեանքի շարունակականութեան։

Ընկեր Անդօն այդ երիտասարդներէն մէկն է։ Իր ծառայութեան եւ նուիրումին ականատես եղած ըլլալով՝ փափաքեցայ այս քանի մը տողերով գնահատանքի արձանագրութիւն մը ձգել այն իսկ օրաթերթի էջերուն մէջ, որուն հանդէպ ան տարիներ շարունակ իր բարոյական պարտականութիւնը կատարած է լռելեայն, առանց աղմուկի, բայց՝ ամբողջ նուիրումով։

Որովհետեւ ծառայութիւնը, ի վերջոյ, պաշտօն կամ կոչում չէ միայն. ան ապրելակերպ մըն է։ Իսկ ընկեր Անդրանիկ Կիւլվարդեանը հեռաւոր Սիտնիի մէջ այդ ճշմարտութեան գեղեցիկ օրինակներէն մէկն է։

Share61Tweet38
Previous Post

Հինգ Դարաշրջան, Հինգ Ճակատագիր. Թագուհիներ, Որոնք Պատմութիւն Կերտեցին

Next Post

Արամ Հայկազի «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ Հետ» Վերնագրուած Պատմուածքը

Next Post
Արամ Հայկազի  «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ Հետ» Վերնագրուած Պատմուածքը

Արամ Հայկազի «Հաշտուի՞մ Աստուծոյ Հետ» Վերնագրուած Պատմուածքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.