Պատմութիւնը յաճախ կը յիշէ թագաւորներ, զօրավարներ եւ կայսրեր, սակայն տարբեր դարաշրջաններու մէջ եղած են նաեւ կիներ, որոնք ոչ միայն մաս կազմած են պատմութեան, այլեւ փոխած են անոր ընթացքը։ Անոնցմէ ոմանք առաջնորդած են բանակներ, ոմանք՝ պետութիւններ, ոմոնք ալ՝ ժողովուրդներու երազանքներն ու ինքնութիւնը։
Մեր էջին համար ընտրուած հինգ թագուհիները կը ներկայացնեն կանացի ուժի հինգ տարբեր դրսեւորումներ։
Թագուհի Մետպ (հին իրլանտերէն՝ Medb, ժամանակակից անգլերէնով՝ Maeve) իրլանտական դիցաբանութեան ամէնէն ազդեցիկ ու հզօր կերպարներէն է։ Անոր գոյութիւնը որպէս պատմական անձ կարելի չէ հաստատել, սակայն ըստ աւանդութեան ապրած է Ք.Ա. Առաջին դարուն եւ եղած է Իրլանտայի գերագոյն արքայ Էոխայտ Ֆէիտլէխին դուստրը։ Որոշ ուսումնասիրողներու կարծիքով, Մետպ ի սկզբանէ եղած է ինքնիշխանութեան եւ պտղաբերութեան քելթ աստուածուհի։

Անոր հիմնական նստավայրը կը համարուէր Իրլանտայի արեւմտեան Կոնախթ նահանգին Քրուախան քաղաքը։ Հին իրլանտական օրէնքներուն համաձայն, կիները կրնային ունենալ սեփականութիւն, ազատօրէն ընտրել կամ ձգել իրենց ամուսինները, իսկ Մետպ ամենավառ մարմնաւորումն էր այդ աւանդոյթներուն։
Մետպ անունը թարգմանաբար կը նշանակէ «Արբեցնող», իսկ կերպարը՝ կատարելատիպն է ռազմատենչ եւ անկախ թագուհիի։ Ըստ աւանդութեան, ոչ մէկ այրմարդ կրնար Քոնախտի կամ Թարայի գահը բարձրանալ առանց Մետպին հետ ամուսնութիւն կնքելու, բան մը, որ խորհրդանշական միութիւն էր երկրի եւ իշխանութեան հետ։
Այդպիսով ան ոչ միայն կ’ընտրէր իր կողակիցները, այլեւ ազդեցութիւն ունէր իշխանութեան փոխանցման վրայ։
Մետպ յայտնի էր իր ռազմական տաղանդով, քաղաքական հեռատեսութեամբ եւ անկախ բնաւորութեամբ։ Ան իր ամուսիններէն կը պահանջէր չըլլալ վախկոտ, խանդոտ կամ կծծի։ Անձնապէս կը տնօրինէր իր հարստութիւնը, քաղաքական դաշինքներ կը կնքէր եւ բանակը կը ղեկավարէր՝ Քոնախտը պահելով հզօր եւ հաւասար միւս թագաւորութիւններուն։
Մետպի կերպարը մինչ օրս կը մարմնաւորէ կանացի իշխանութեան, ազատ կամքի եւ ղեկավարելու գաղափարը։
***
Բրիտանիոյ Պուտիքան (մօտ 30 – 61 թթ.) եղած է քելթական Իցենի ցեղի թագուհին (ժամանակակից Արեւելեան Անգլիա) որ հուժկու ապստամբութիւն մը ղեկավարած է 60-61 թուականներուն, ընդդէմ Հռոմէական կայսութեան տիրապետութեան։ Անոր մասին որոշ տուեալներ մեզի հասած են երկու հռոմէացի պատմաբաններու՝ Թաքիթոսի (Tacitus) եւ Կասիոս Դիոյի (Cassius Dio) գրառումներուն շնորհիւ։

Երբ անոր ամուսինը՝ Փրասութաքուս կը մեռնի, Պուտիքա իր ունեցուածքը կը կտակէ երկու դուստրերուն եւ կայսր Ներոնին, յուսալով, որ այդ քայլով պաշտպանած կ’ըլլայ իր ընտանիքը։ Հռոմէացիները սակայն, կ’անտեսեն կտակը, կը բռնագրաւեն հողերը, ծեծի կ’ենթարկեն Պոուտիքան եւ կը բռնաբարեն անոր դուստրերը։
Այդ վայրագութիւններուն ի պատասխան, Պուտիքա ապստամբութեան կոչ կ’ուղղէ իր ցեղակիցներուն եւ դրացի այլ ցեղերու։ Կազմուած միացեալ բանակը կ’աւերէ եւ կրակի կը մատնէ երեք հռոմէական խոշոր քաղաքներ, որոնց կարգին՝ Լոնտինիում (այժմու Լոնտոնը), եւ երկու այլ քաղաքներ։ Կը սպաննուին տասնեակ հազարաւոր հռոմէացիներ եւ անոնց համախոհները։
Պատմաբան Կասիոս Դիօ Պուտիքան նկարագրած է որպէս շատ բարձրահասակ, վայրի, կրակոտ՝ սուր հայեացքով, սպառնական կեցուածքով վեհաշուք կին։ Ան ունեցած է մինչեւ գօտկատեղը հասնող շիկակարմիր մազեր, կրած է մեծ ոսկէ վզնոց եւ գունագեղ թիկնոց։
60 կամ 61 թուականին հռոմէացի զօրավար Գայոս Սվետոնիուս Փաուլինուսին դէմ վճռական ճակատամարտի ընթացքին (որ աւելի յայտնի է «Ուաթլինկ փողոցի ճակատամարտ» անունով) Պուտիքայի զօրաբանակը կը ջախջախուի։ Պատմական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, թէ գերութենէ խուսափելու համար ան թոյն խմած եւ մեռած է։ Պուտիքա քելթերէնէ թարգամնութեամբ կը նշանակէ «Յաղթանակ»։
Դարեր ետք, մասնաւորաբար Վիքթորեան դարաշրջանին, Պուտիքան դարձաւ բրիտանական ազգային հերոսուհի եւ պայքարի, անկախութեան ու կանացի ուժի խորհրդանիշ։
Այսօր Լոնտոնի Ուեսթմինսթըրեան կամուրջին վրայ կանգնած կը տեսնենք անոր մարտակառքով յայտնի պրոնզէ արձանը։
***
Պատմութիւնը երբեմն կը հիւսէ առասպելներ, որոնց հիմքը, յաճախ, իրական է։ Այդպիսին է առասպելական այն արքայադուստրը, որ մինչ օրս կը մեծարուի իմաստութեամբ ու մարգարէութեամբ օժտուած ըլլալու, չքնաղ Պրահան եւ Չեխիոյ առաջին ազգային հարստութիւնը հիմնած ըլլալու համար։
Լիպուշէ։ Կ’ըսուի, թէ ան Պոհեմիան ղեկավարած է 700-738 թուականներուն եւ յաջողած է կանխել անոր բաժանումը։

Ըստ չեխական աղբիւրներու, ան չեխ դիւցազն-առաջնորդ Քրոքի կրտսեր, բայց իմաստուն դուստրն էր։ Անոր երկու աւագ քոյրերը նոյնպէս օժտուած էին իւրօրինակ շնորհներով՝ մէկը բժշկուհի էր, միւսը՝ հեթանոս քրմուհի։
Լիպուշէ օժտուած եղած է կանխատեսելու եւ ապագան գուշակելու պայծառատեսութեամբ։
Հօր մահէն ետք, շնորհիւ իր իմաստութեան, ան կը ժառանգէ իշխանութիւնը եւ շատ չանցած յայտնի կը դառնայ իր արդար դատավճիռներով։
Անոր նշանաւոր մէկ տեսիլքը կապուած է Պրահայի ստեղծման հետ։ Վիշեհրատ ամրոցի ժայռեղէն բարձունքէն ան Վլտաւա գետին նայած ու կանխատեսած է՝ «Ես մեծ քաղաք մը կը տեսնեմ հոս, որուն փառքը պիտի դպչի աստղերուն»։ Անոր հրամանով հիմնուած է այն քաղաքը, որ այսօր բոլորիս յայտնի Պրահան է։
Հակառակ Լիպուշէի իմաստութեան եւ ողջախոհութեան, ցեղի այրմարդիկ դժգոհ էին կին առաջնորդէն եւ կը պահանջէին, որ ան ամուսանանայ։
Լիպուշէ կը յայտնէ տեսիլքի մը մասին, ըստ որուն՝ իր ամուսինը պէտք է դաշտերը հերկող եւ ճաշը երկաթէ սեղանէ ուտող սովորական հողագործ մը ըլլար։ Որոնումները կը տանին Սթատիցէ գիւղ, ուր կ’ապրէր Փրժեմիսլ Երկրագործը։ Վերջինս կը ձգէ իր գութանը, կ’ամուսնանայ Լիպուշէի հետ եւ նոյնհետայն հիմը կը դրուի Փրժեմիսլովիչներու հարստութեան, որ շուրջ 400 տարի կը կառավարէ Պոհեմիան։
Լիպուշէ ոչ միայն ապագայ քաղաքներ կը կանխագուշակէր, այլեւ իր ժողովուրդին ցոյց կու տար երկրին բնական հարստութիւններուն տեղերը։
Չեխերը զայն կը համարեն իրենց ազգային ինքնութեան, կանացի ուժի եւ պետականութեան խորհրդանիշը։ Շատ մը արուեստագէտներ ոգեշնչուած են անոր կերպարով, մասնաւորաբար չեխ աշխարհահռչակ երաժշտ-երգահան Սմեթանա, որ անոր ձօնած է իր համանուն «Լիպուշէ» օփերան։
***
Ոչ միայն վրաց, այլեւ ամբողջ միջնադարեան պատմութեան մէջ բացառիկ երեւոյթ է Թամար թագուհին։ Անոր ղեկավարութեան օրօք Վրաստանը հասաւ իր քաղաքական ու մշակութային վերելքի գագաթնակէտին, եւ զուր չէ, որ վրացիները այդ դարաշրջանը մինչ օրս կը կոչեն «ոսկեդար»։

Անոր առաջին ամուսնութիւնը ռուս իշխան Եուրի Պոկոլիւպսքիին հետ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէր, բայց երկար չտեւեց։ Ըստ վրաց տարեգրութիւններու, Եուրի բռի ու անկանոն վարքի տէր ըլլալուն, Թամար միջնադարեան աշխարհի համար բաւական արտառոց քայլի դիմեց ու բաժնուեցաւ անկէ։
Այնուհետեւ Վրաց թագուհին ամուսնացաւ Դաւիթ Սոսլանի հետ, որ խիզախ զօրավար ըլլալուն զուգահեռ դարձաւ կնոջ հաւատարիմ գործընկերը։ Այդ միութենէն լոյս աշխարհ եկան Գէորգ Դ. Լաշա եւ Ռուսուտա։
Սակայն կարեւոր է նշել, որ ամուսնութենէն ետք ալ, երկրին գլխաւոր ղեկավարը մնաց Թամարը։ Ճիշդ է, մեծ էր Դաւիթ Սոսլանի ազդեցութիւնը ռազմական հարցերուն մէջ, բայց գահակալ միապետը Թամարն էր։
Թամար թագուհիին մասին մեծ յարգանքով կը խօսին նաեւ հայ միջնադարեան աղբիւրները, որովհետեւ անոր օրօք հայ իշխանական տուները՝ յատկապէս Զաքարեանները, մեծ դեր խաղցան այդ տարածաշրջանին մէջ։ Զաքարէ եւ Իւանէ Զաքարեանները դարձան Թամար թագուհիին ամէնէն յուսաի եւ կարեւոր ռազմա- քաղաքական յենարանները։ Անոնց ղեկավարութեամբ ազատագրուեցան Հայաստանի հիւսիսային ու կեդրոնական բազմաթիւ քաղաքներ՝ Անին, Դուինը, Կարսը եւ այլք։ Այդ շրջանին նոր վերելք ապրեցաւ հայկական մշակոյթը, կառուցուեցան վանքեր, գրուեցան ձեռագրեր, զարգացաւ մանրանկարչութիւնը։ Այդ շրջանը յաճախ նկատուած է Հայաստանի «վերածնունդի» փուլերէն մէկը։
Պատմութիւնը, սակայն, տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր ընթացք կը ստանայ։ Կը պատահին թէ՛ մերձեցումներ, թէ՛ լարուածութիւններ, թէ՛ համագործակցութեան շրջաններ։
Վրաց Թամար թագուհին (կառավարած է 1184-1213) առաւելաբար նշանաւոր է իր պետութեան տարածքը աննախադէպ ընդլայնելու համար։ Անոր ղեկավարութեան տարիներուն երկիրը դարձաւ տարածաշրջանի գերիշխան ուժերէն մին։ Վրաց պետութեան սահմանները տարածուեցան Սեւ ծովէն Կասպից ծով՝ իրենց ազդեցութեան գօտիին մէջ պահելով նաեւ Հիւսիսային Կովկասը։ Նշանաւոր է 1195-ի Շամքորի ճակատամարտը, որուն, ըստ միջնադարեան աղբիւրներու, աւելի քան 300.000 հաշուող իսլամական դաշինքին դէմ մղուած պայքարը աւարտած է փայլուն յաղթանակով։
Թամար թագուհիի շրջանին զարգացաւ գրականութիւնը։ Ծնաւ Շոթա Ռուսթաւելիի «Ընձենաւորը» պոէմը, որ, ըստ գրականագէտերու, ամբողջութեամբ կ’արտացոլէ Վրաստանի «Ոսկեդարը» եւ Թամարի կառավարման շրջանը։
Պոէմին սկիզբը Արաբիոյ Ռոստեւան արքան, որ տղայ զաւակ չուներ, իր ողջութեան գահը կը յանձնէ դստեր՝ Թինաթինին։ Հոս ակնյայտ է պատմական զուգահեռը… Թամար թագուհիին հայրը՝ թագաւոր Գէորգի Գ., որդի չունենալու պատճառով, 1178 թուականին Թամարը հռչակեց համագահակալ, որպէսզի ապահովէ կին միապետին անցումը գահին։ Թինաթին ներկայացուած է որպէս իմաստուն, պետական մտածողութեամբ օժտուած, ազատ եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնող կին, ճիշդ ինչպիսին Թամարն էր։
Վրաց ուղղափառ եկեղեցին Թամարը դասած է իր սուրբերուն շարքը եւ յատուկ տօն ունի, որ կը կոչուի՝ Թամարոպայ։
***
Փոքր չէ մեր պատմութեան մէջ հայ թագուհիներուն դերը։ Անոնցմէ շատեր արժանի են յիշատակման, բայց մեր ընտրութիւնը կանգ պիտի առնէ Զապէլ թագուհիին վրայ, որուն կառավարման շրջանը հայոց պատմութեան ամէնէն տրամաթիք, միաժամանակ ամէնէն կայուն էջերէն է: Ան ոչ միայն պետութեան խորհրդանիշ, այլեւ միակ կրողն էր Կիլիկիոյ հայկական օրինական թագաւորութեան:

Զապէլ, դուստրը Կիլիկիոյ հզօրագոյն տիրակալ Լեւոն Բ. Մեծագործի, ծնած է մօտ 1216 թուականին: Արու ժառանգ չունենալուն, մահէն առաջ Լեւոն թագաւոր մանկահասակ Զապէլը հռչակեց գահի օրինական ժառանգորդ, որպէս խնամակալ նշանակելով սպարապետ Կոստանդին Պայլը:
Երկրին անկախութիւնը պահպանելու համար, 1222-ին Զապէլը (մօտ 6 տարեկանին) կ’ամուսնացնեն Անտիոքի դուքսի որդի՝ Ֆիլիփի հետ: Սակայն Ֆիլիփ արհամարհանքով կը վերաբերի հայկական սովորոյթ-աւադոյթներուն, արքունիքէն կը հեռացնէ հայ իշխանները եւ թագաւորական գանձերը գաղտնի կը տեղափոխէ Անտիոք:
Հոս, ի յայտ կու գայ Զապէլին քաղաքական կամքը։
Հայ իշխանները կը ձերբակալեն Ֆիլիփը, իսկ երիտասարդ Զապէլ, հաւատարիմ երկրի շահին, չի պաշտպաներ ամուսինը: Տարի մը ետք Ֆիլիփ կը մեռնի բանտին մէջ, իսկ պատանի Զապէլ կը ցուցաբերէ ոչ թէ տկարութիւն, այլ բարձրագոյն պետական գիտակցութիւն։
1226 թուականին խնամակալ Կոստանդին Պայլ կը դիմէ հանճարեղ քաղաքական քայլի՝ կը կազմակերպէ իր զաւկին՝ Հեթումին ամուսնութիւնը Զապէլին հետ, որ նախ կը դիմադրէ, կը փախչի Սիսէն, կ’ապաստանի Սելեւկիա ամրոցը՝ փորձելով ինքնուրոյն որոշել իր ճակատագիրը, բայց յետոյ կը յաղթէ իր ներքին «ես»-ին, եւ յանուն հայրենիքի խաղաղութեան կը կանգնի խորանին առջեւ։
Կոստանտին պայլին այս քայլը միաւորեց երկու թշնամի տոհմեր՝ Ռուբինեանները (Զապէլին տոհմը) եւ Հեթումեանները, այդպիսով վերջ դնելով ներքին երկպառակութեան։ Նոր իրավիճակը օգնեց, որ Կիլիկիան դիմադրէ մոնկոլական արշաւանքներուն:
Ճիշդ է, որ Հեթում դարձաւ թագաւոր (Հեթում Ա.), բայց ան իր իշխանութիւնը ստացաւ բացառապէս շնորհիւ Զապէլի օրինական գահին: Անոնց համատեղ կառվարումի 43 տարիները եղան երկրի տնտեսութեան եւ մշակոյթի ծաղկման տարիներ։ Այդ շրջանէն պահպանուած արծաթէ դրամներուն վրայ պատկերուած են երկուքը միասին՝ ձեռքերնին խաչ, իսկ դրամի դարձերեսին՝ ուժի, ինքնիշխանութեան եւ արքայական արժանապատուութեան խորհրդանիշ թագակիր առիւծն է, որ թաթով բռնած է խաչաձեւ ձող մը (պատրիարքական խաչ)։
Անոնք ունեցան ութ զաւակ, որոնցմէ Լեւոն Գ. ժառանգեց գահը։
Զապէլ եղաւ օրինականութեան, ներդաշնակութեան եւ մշակութային վերածնունդի թագուհի։
Ան եղաւ միջնադարի այն եզակի թագուհիներէն, որ ոչ միայն դրամ կը յատկացնէր բարեգործութեան, այլեւ իր կառուցած հիւանդանոցին մէջ անձամբ կը հետեւէր հիւանդներու խնամքին։
Զապէլ պահպանեց իր իրաւունքները եւ իր անձնական կեանքը դիտարկեց բացառապէս պետական շահի ոսպնեակով։
Անոր ձօնուած ամէնէն նշանաւոր եւ բարձրարուեստ գործը հայ կերպարուեստի գլուխգործոցներէն՝ Վարդգէս Սուրէնեանցի «Զապէլ թագուհիին վերադարձը գահ» կտաւն է, որ նկարիչը վրձնած է 1909-ին։
Մեր հերոսուհիները մէկտեղող ամէնէն հուժկու կապը այն է, որ անոնք կը յիշուին ոչ միայն որպէս իրենց երկիրներու կառավարիչներ, այլեւ որպէս կիներ, որոնց ճակատագիրը անբաժանելի կը մնայ իրենց ազգի ճակատագրէն։
***
Մետպի ռազմատենչ կամքէն մինչեւ Զապէլի պետական իմաստութիւն, այս հինգ թագուհիները կ’ապացուցեն, որ իշխանութիւնը չի ճանչնար սեռ։ Դարերու հեռաւորութենէն անոնք մեզի կը յուշեն, որ ազգերու ճակատագրին մէջ երբեմն վճռորոշ դերը այն կիներունն է, որոնք համարձակութիւն կ’ունենան պատասխանատուութիւն ստանձնելու իրենց ժամանակի ամէնէն դժուար պահերուն։

