Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մեծարանքի Երեկոյ Մը. «Քսան Կախաղան»Ներուն Արժանի Մեծարանք

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

June 30, 2026
in Գաղութային
0
Մեծարանքի Երեկոյ Մը. «Քսան Կախաղան»Ներուն Արժանի Մեծարանք

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինը, հաւատարիմ իր գաղափարական սկզբունքներուն, տեսիլքներուն ու պատմական դերակատարութեանց, այս տարի եւս մեծարած եւ արժեւորած էր 20 ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ յուշ-յիշատակութիւն, յատուկ ու հանրօգուտ հանդիսութեամբ մը, Ուրբաթ, 19 Յունիս 2026-ին, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ:

Աձնապէս, պատիւը ունեցայ հրաւիրուելու եւ ընդառաջելու ինծի ուղղուած հրաւէրին, ըմբոշխնելու եւ վայելելու այդ պատմական եղելութեան ոգեկոչման արարողութիւնն ու հանդիսութիւնը, որ իսկապէս արժանի էր յիշատակութեան, ոչ միայն իր պատմականութեամբ, այլեւ գաղափարականութեամբ, սխրագործութեամբ եւ ազգայնականութեամբ:

Խոր գոհունակութիւն եւ մեծ ոգեղինութիւն էր ներկայ գտնուիլ գաղափարական նման դպրոցի մը հիմնադիրներու եւ անձնազոհերու մեծարանքի այդ երեկոյին, որովհետեւ անիկա կը շարունակէր իր մէջ վառ ու կենդանի պահել Հայոց ցեղասպանութեան ոգին եւ հրայրքը, որքան ալ ժամանակներն անցին, բայց անոնք կը մնան հայ ժողովուրդին համար անմահ հերսներ ու ռահվիրաներ, հետագայ եւ այժմու սերունդներուն համար դառնալով օրինակելիութեան, հաւատարմութեան եւ մեր ազգային կառչածութեան եւ ինքնութեան հզօր եւ անջնջելի կռուաններ:

Այս ոգին ու տեսիլքը կը թեւածէին ունկնդիր այն հասարակութեան մօտ, որ փութացած էր իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու եւ մասնակից դառնալու ոգեկոչման հոգեցունց ու հոգեզմայլ բուխ յայտագրի ընկալման:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Գէորգ Տաղլեան, իմաստալի եւ ոգեկոչելի խօսերով:            Ուրախալի ու հպարտալի էր, որ մեր ազգային կառոյցները հաւատարիմ են իրենց նախնիներու հերոսական-ազատագրական պայքարներուն եւ այդ հեռանկաներով ալ կը մնան կանգուն ու հետեւողական, որպէսզի հայ կուսակցութիւնը, յատկապէս իր երիտասարդական կորիզներով ու շարքերով, շարունակեն իրենց երթը, ինչ որ ակնյայտ էր հնչակեաններու այս հանդիսութեան ընդմէջէն, ի տես թէ՛ գաղափարակիցներու, թէ՛ համագործակիցներու, թէ՛ համակիրներու, թէ՛ երիտասարդութեան մօտ, որոնք անխառն հպարտութեամբ, անսպառ ուժականութեամբ եւ անսահման հասկացողութեամբ կը յարգէին ու կը մեծարէին հայ այգային-գաղափարական կեանքին մէջ, գոյակեցութեան, յարատեւութեան եւ իրաւապահութեան մէջ, մեծ ներդրում կատարած անմահացածները, ինչպէս՝ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ կերտիչները:

Ազգային-հոգեկան այս վայելքն էր, որ պարզուեգաւ այդ օր, երբ խնամուած, կոկիկ ու բովանդալից յայտագիրով մը ՔՍԱՆՆԵՐը կենդանացան եւ կենդանացուցին ներկաները, իրենց ելոյթներով, սրտաբուխ դերերով, ու մանաւանդ՝ ազգաշունչ երգերով, որոնց ընկերակցեցան նաեւ հանդիսականները, շնորհիւ հայ երաժշտութեան եւ արուեստի մեներգիչ ու խմբավար Յովիկ Թաֆրանեանի:

ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի ու Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ալեքսան Քէօշկէրեանի ելոյթները լաւագոյն թարգմանը հանդիսացան ՔՍԱՆներու անգին եւ անջնջելի ուղիներու ձգած աւանդին ու կտակուած ժառանգութեան, համապարփակ ու պերճախօս մտորումներով ու դիտարկումներով, վերլուծումներով ու մեկնաբանութիւններով, լոյս սփռելով ոչ միայն ՔՍԱՆներու ազգային-պատմական յանձնառութեանց վրայ, այլեւ՝ ապրելով ու վերապրեցնելով անոնցմով, որոնք, իրօք, դարձան բարենշային արժանիներ:

Զեկուցող  պատգամախօսներուն մօտ նոյնքան ուշագրաւ եւ գնահատելի էին անոնց այժմէական անդրադարձները մեր ծննդավայր-Լիբանանին ու մեր հայրենական իրավիճակին մասին խորհրդածութիւններով, որոնք իրապաշտական էին, զուսպ, հաւասարակշռեալ, հաղորդական, տիրող պատկերները ներկայացնելով իրենց իսկական հունաւորումներուն ու զարգացումներուն ընդմէջէն:

Շնորհաւորելի են կազմակերպիչները, նաձաձեռնողները եւ, ընդհանրապէս, ձեռնարկին մասնակցիները, մաղթելով որ այս եւ այլ ազգային նշումներով միշտ կը մնան թէ՛ մեր մտածումներուն, թէ՛ մեր հոգիներուն մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Օծման 31-Ամեակ

Next Post

Հինգ Դարաշրջան, Հինգ Ճակատագիր. Թագուհիներ, Որոնք Պատմութիւն Կերտեցին

Next Post
Հինգ Դարաշրջան, Հինգ Ճակատագիր. Թագուհիներ, Որոնք Պատմութիւն Կերտեցին

Հինգ Դարաշրջան, Հինգ Ճակատագիր. Թագուհիներ, Որոնք Պատմութիւն Կերտեցին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.