Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձին առթիւ, Կիրակի, 28 Յունիսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք եւ Հայրապետական մաղթանք՝ Վեհափառ Հայրապետին առողջութեան, արեւշատութեան եւ արդիւնաւէտ ծառայութեան համար: Ապա, Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհաւորական հաւաք՝ ներկայութեամբ կղերականներու եւ լիբանանահայ կառոյցներու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն: Միաբանութեան անունով ուղերձ յղեց Տ Ազատ վրդ. Ֆիլիքեան, որմէ ետք օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

