ԼԻԲԱՆԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ
Օրեր տեւած բանակցային երկար նիստերէ եւ բազմաթիւ հակասութիւնները մեղմելէ ետք, Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները, 26 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին շրջանակային համաձայնագիր մը, որ գործադրելու պարագային կրնայ առաջնորդել աւելի ամբողջական համաձայնութիւններու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիոյի գլխաւորութեամբ կատարուած արարողութեան ընթացքին համաձայնագիրը ստորագրեցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպանները, ներկայութեամբ զոյգ երկիրներուն մէջ ամերիկացի դեսպաններուն: Համաձայնագիրը ներառեց հետեւեալ կէտերը. առաջին՝ համապարտութեան վերջ տալու, խաղաղ եւ ապահով ապրելու իրաւունքի փոխադարձ ճանաչում եւ տարակարծութիւնները բանակցային միջոցներով լուծելու յանձնառութիւն:

Երկրորդ՝ որոշ պայմաններու գործադրութեամբ, լիբանանեան զինուած ուժերը աստիճանաբար պետութեան հեղինակութիւնը կը հաստատեն երկրով մէկ՝ ճամբան հարթելով իսրայէլեան նահանջի եւ խաղաղ յարաբերութիւններու հաստատումի: Երրորդ՝ իսրայէլեան ուժերը կը նահանջեն փորձառական երկու շրջաններէ, որպէսզի այնտեղ տեղակայուին լիբանանեան ուժերը եւ ապազինեն ոչ-կառավարական զինեալ կազմակերպութիւնները: 4-րդ՝ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառութիւն կը յայտնէ պետութեան հեղինակութիւնը ամրապնդելու եւ զէնքի մենաշնորհի որոշումին: 5-րդ՝ Իսրայէլ կը հաստատէ, որ Լիբանանի մէջ իրականացուցած գործողութիւնները հակադարձութիւն էին Հըզպալլայի արարքներուն, ուստի զինեալ կազմակերպութիւններուն ապազինումը պիտի վերացնէ Լիբանանի դէմ նոր գործողութիւններ իրականացնելու պատճառները: 6-րդ՝ Լիբանան կը վերահատատէ, որ իր օրինական զինուած ուժերը կը վայելեն զէնքի մենաշնորհը եւ երկրին անվտանգութիւնը պահպանելու բացառիկ իրաւունքը: 7-րդ՝ զոյգ կառավարութիւնները կը վերապահեն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը: 8-րդ՝ երկու կողմերը կը կիսեն ապահով եւ վերակառուցուած Լիբանանի նպատակը, որ կը ներառէ տեղահանուածներուն տունդարձն ու խաղաղ ապրուստը: 9-րդ, Լիբանանի կառավարութիւնը ամերիկեան աջակցութեամբ կը գործադրէ օրինական զինուած ուժերուն հեղինակութիւնը ամրապնդող խիստ գործողութիւն, աւելցնելով որ ամերիկեան յաւելեալ օգնութիւններ պիտի յատկացուին միայն երբ գործադրուին առաջին փուլերը: 10-րդ՝ Միացեալ Նահանգներ միջազգային գետնի վրայ աշխատանք պիտի տանի օգնութիւն ներգրաւելու Լիբանանի համար՝ վերակառուցելու երկիրը եւ աշխուժացնելու տնտեսութիւնը: 11-րդ՝ Պէյրութ եւ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանին կանխելու ապօրինի զինեալ կազմակերպութիւններուն ֆինանսաւորումը: 12-րդ՝ երկու կողմերը պիտի կազմեն աշխատանքային յանձնախումբեր՝ դրսեւորելով բարի կամք: 13-րդ՝ երկուստեք աշխատանք կը տարուի ազատ արձակելու գերիները եւ որոնելու անհետ կորսուածները: 14-րդ՝ Լիբանան եւ Իսրայէլ կը դրուատեն հակամարտութեան վերջ տալու եւ խաղաղութեան հիմքերը հաստատելու ամերիկեան միջնորդական ջանքերը, դրուատելով այս առումով նախագահ Տոնըլտ Թրամփի տեսլականը:
ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանեան դեսպանութիւնը տեղի ունեցածը համարեց Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը վերականգնելու կարեւոր քայլ մը: Ուաշինկթըն ստորագրուած համաձայնագիրը համարեց Լիբանանի պետական գերիշխանութիւնը վերականգնելու կարեւոր փուլ, խոստանալով անյապաղ տրամադրել հարիւր միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարարը յայտնեց, որ տակաւին շատ աշխատանք պէտք է տարուի՝ գործադրելու համար լիբանանեան-իսրայէլեան համաձայնագիրը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կարճ ժամանակ ետք հաղորդեցին, որ ամերիկեան կողմը ճնշած էր Թել Աւիւի վրայ, պահանջելով ներառել երկու փոփոխութիւն, որպէսզի կարելի ըլլար վերջնականացնել համաձայնագիրն ու երաշխաւորել անոր գործադրութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ՝ քննարկելու զարգացումները եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Ուաշինկթընի դրական ջանքերուն համար: Թրամփ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց մօտիկ ապագային տեսակցելու Աունի հետ: Աուն համաձայնագիրը համարեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը վերականգնելու առաջին քայլ մը: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին նշեց, որ համաձայնագիր ստորագրելու նպատակն է ապահովել բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան ուժերուն նահանջը:
ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԸԶՊԱԼԼԱ-ԱՄԱԼ ԵՐԿԵԱԿԷՆ
Հըզպալլան ու Ամալը խստիւ դատապարտեցին լիբանանեան-իսրայէլեան համաձայնութիւնը, զայն համարեցին բռնագրաւումը օրինականացնող գործարք մը, հաւաստիացնելով որ ան պիտի չգործադրուի: Հըզպալլան ներկայացնող՝ առողջապահութեան եւ աշխատանքի նախարարները մերժեցին Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցելու գաղափարը, աւելցնելով որ կառավարութեան նիստերուն ընթացքին իրենք հաւանութիւն չեն տուած բանակցելու առաջարկին: Երկու օր շարունակ, Հըզպալլայի երեսփոխանները, պատասխանատուները եւ Հըզպալլայի արբանեակ համարուող կրօնական գործիչները յայտարարութիւններու, հարցազրոյցներու եւ համացանցային գրառումներու ընդմէջէն բուռն յարձակում գործեցին հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին վրայ, զանոնք ամբաստանեցին Սահմանադրութիւնը խախտելու, համագոյակցութեան սկզբունքը անտեսելու եւ պարտուողական համաձայնութիւն մը կնքելու մէջ, աւելցնելով որ համաձայնագիրը իրենց չի վերաբերիր, այլ պիտի շարունակեն զինեալ պայքարը՝ յանուն հողերու ազատագրումին, գերիներու ազատ արձակումին եւ քաղաքացիներու տունդարձին: Երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի նոյնիսկ զրպարտեց, թէ նախագահ Աունի կ’ուզէ քաղաքացիական պատերազմ հրահրել Լիբանանի մէջ եւ բանակի հրամանատարէն կը պահանջէ հրաժարիլ:

Մինչ այդ, զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավարը՝ քննարկելու զինուորական համագործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ Իսրայէլի հետ կնքուած շրջանակային համաձայնութիւնը գործադրելու հրամայականը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կարծիք յայտնեց, թէ համաձայնագիրը ինքն իրեն կը հակասէ, կարելի չէ զայն գործադրել եւ կը բանայ Լիբանանի մէջ ներքին խռովութիւններու դուռը: Պըրրի զրուցեց իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամմատ Պաղէր Ղալիպաֆի ու Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարարին հետ: Ան կոչ ուղղեց կանխելու Լիբանանի մէջ խռովութեան վտանգը, պահպանելու ներքին կայունութիւնն ու համագոյակցութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին՝ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն համար: Ղալիպաֆ իր կարգին յայտնեց, որ Թեհրանի նպատակն է վերջ տալ Լիբանանի դէմ պատերազմին, ապահովել իսրայէլեան նահանջն ու տեղահանուածներուն տունդարձը: Հըզպալլայի եւ Ամալի պատասխանատուներուն արձակած ամբաստանութիւններուն զուգահեռ, բողոքի շարժումներ տեղի ունեցան նաեւ Հըզպալլայի եւ Ամալի ներկայութիւն վայելող շարք մը շրջաններու մէջ: Հրկիզուող անիւներով ժամանակաւորապէս փակուեցան օդակայանի ճամբան, Ռայաք-Պաալպաքի եւ Թաալպայայի մայրուղիները: Լիբանանեան բանակի անյապաղ միջամտեց եւ արագօրէն վերաբացաւ ճամբաները՝ բախելով ցուցարարներուն հետ: Բանակը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ կը յարգէ քաղաքացիներուն ազատ արտայայտուելու իրաունքը, սակայն կոչ ուղղեց դրսեւորելու ազգային պատասխանատու ոգի եւ զերծ մնալու Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ բողոքի շարժումներ կազմակերպելու կոչերէն՝ յանուն ներքին կայունութեան: Ընդհանուր դատախազն ալ ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն ղեկավարներէն պահանջեց անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն դիմել՝ կանխելու համար խռովութիւններ հրահրելու որեւէ փորձ:
ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ «Ուաշինկթըն եւ Պէյրութ համաձայնած են Լիբանանի հարաւային ապահովական գօտիին մէջ իսրայէլեան ուժերու ներկայութեան», աւելցնելով որ Իսրայէլ կը վերապահէ որեւէ սպառնալիքի դէմ ազատօրէն գործելու իրաւասութիւնը: Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց շեշտեց, որ «բանակը պիտի շարունակէ գործողութիւնները Լիբանանի մէջ՝ չէզոքացնելու համար սպառնալիքները»: Արտաքին գործերու նախարար Կիտաուն Սաէր հնարաւոր համարեց Լիբանանի հետ խաղաղութեան կնքումը, պայմանաւ որ Լիբանան ձերբազատուի Հըզպալլային միջոցաւ Իրանի լուծէն: Այսուհանդերձ, ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Իսրայէլի մէջ բոլորը դրական չընկալեցին համաձայնագիրը: Ազգային անվտանգութեան հարցերու նախարար Իթմար Պեն Ղաֆիր բացայայտ սխալ մը համարեց Լիբանանի հետ համաձայնագիրը, պահանջելով որ վարչապետը այդ մասին քուէարկութիւն կազմակերպէ կառավարութեան մէջ: Ընդդիմութեան առաջնորդ Եաիր Լափիտ նշեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի վերաբերեալ համաձայնութիւնները հակասական են:
ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած շրջանակային համաձայնագիրն ու շարունակուող ոտնձգութիւնները արժանացան նաեւ արտաքին մեկնաբանութիւններու: Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու համաձայնագիրը գործադրելու ջանքերուն: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը հեռաձայնով խօսեցաւ իր լիբանանցի պաշտօնակիցին հետ եւ Ապու Տապիի աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին:

Եգիպտոսի եւ Քաթարի արտաքին գործերու նախարարները ողջունեցին շրջանակային համաձայնագիրը, պահանջելով անյապաղ դադրեցնել իսրայէլեան գործողութիւնները եւ հեռանալ լիբանանեան հողերէն: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի շեշտեց լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան նահանջին անհրաժեշտութիւնը, զայն համարելով նաեւ ամերիկեան վարչակազմին պատասխանատուութիւնը: Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդի խորհրդական Ալի Աքպար Ուիլայաթի իր կարգին նշեց, որ «Հըզպալլա վրանին հիմնասիւնն է, Լիբանանի գոյութեան եւ անկախութեան հիմնական գրաւականը»:
ՄԱՐՏԵՐ ԵՒ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով 2 Մարտէն 28 Յունիս ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ մահացած է 4.247 մարդ, վիրաւորուած՝ 12.195 ուրիշներ: Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը չդադրեցուց ռազմական գործողութիւնները, որոնք շարունակուեցան մասնաւորաբար Լիբանանի հարաւային բռնագրաւեալ շրջանին եւ անոր մերձակայ գիւղերուն մէջ, ուր իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին աւելի յառաջանալու փորձերը՝ կեդրոնանալով մանաւանդ Նապաթիէ մերձակայ Ալի Թահէր բլուրին եւ Ֆրուն գիւղին ուղղութեամբ:

Եւ մինչ բանակը յայտարարեց նշեալ ռազմավարական բլուրը իր վերահսկողութեան տակ առնելու մասին, Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը հերքեց՝ նշելով, որ հակառակ ծանր մարտերուն, Ալի Թահէր կը մնայ իր տիրապետութեան տակ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց Տէյր Սըրիանի մէջ իր սպաներէն մէկուն մահը, ապա Հըզպալլայի անդամներու հետապնդումը, սպանութիւնը եւ Հըզպալլայի շրք մը դիրքերու ռմբակոծումը:
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԽԱՂԱՔԱՐՏ
Երկար տարիներու ձգձգումներէ եւ ժխտողական քաղաքականութիւն վարելէ ետք, Իսրայէլի կառավարութիւնը 28 Յունիսին գումարած նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագիծին, որ ներկայացուած էր արտաքին գործերու նախարարին կողմէ՝ Կազայի, Սուրիոյ եւ այլ հարցերով Թուրքիոյ հետ տարածաշրջանային լարուածութեան սուր աճի լոյսին տակ: Արտաքին գործերու նախարար Կիտաուն Սաէր շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ճիշդ որոշում էր, յիշեցնելով որ «մէկուկէս միլիոն մարդու կեանքը խլած այդ պատմական իրողութեան շուրջ չկան լուրջ տարակարծութիւններ:

Այժմ կը սպասուի, որ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած օրինագիծը փոխանցուի խորհրդարան՝ պաշտօնապէս վաւերացուելու համար: Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմէն տեղի ունեցածը համարեցին Իսրայէլի կողմէ բացայայտ կեղծաւորութիւն, պատմական իրադարձութիւններու քաղաքական շահագործում, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներուն արիւնահեղութիւնն ու մարդկութեան դէմ ոճիրները քօղարկելու փորձ: Իսկ Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց իսրայէլեան ճանաչումին առնչութեամբ եւ Նեթանիահուի կառավարութեան կոչ ուղղեց հրաժարելու այդ քայլէն, տեղի ունեցածը համարելով «պատմական փաստերու աղաւաղում, հակասութիւններու խոչընդոտում եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերու խոչընդոտում»: Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետը կառավարութեան նիստին ընթացքին զգուշացուցած էր, որ իրենք շատ լուրջ կը համարեն Իսրայէլի նկատմամբ Էրտողանի սպառնալիքները եւ Իսրայէլը ոչնչացնելու անոր կոչերը: «Մենք մեր ամերիկացի բարեկամներուն ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրենք թրքական յայտարարութիւններուն վրայ եւ զանոնք պիտի չանտեսենք», ըսաւ Պենիամին Նեթանիահու:

