ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նախանցեալ օր եւ երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան բանակցային հերթական նիստեր լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն միջեւ՝ ամերիկեան միջնորդութեամբ: Բողոքելով իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներէն, լիբանանեան պատուիրակութիւնը մերժեց նկարահանուիլ իսրայէլեան կողմին հետ: Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա շեշտեց, որ անյապաղ ջանքեր ձեռնարկուած է՝ լուծելու համար տարակարծութիւնը եւ շարունակելու բանակցութիւնները: Ըստ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան, լիբանանեան ու իսրայէլեան կողմերը կը քննարկեն հարաւի որոշ շրջաններու մէջ ապահովական փորձառական քայլերու գործադրութիւնը եւ իսրայէլեան ուժերու սահմանափակ նահանջը, որպէսզի այնտեղ տեղակայուի լիբանանեան բանակը:
Գետնի վրայ, լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ ականներ եւ չպայթած ռումբեր յայտնաբերած ու վնասազերծած է հարաւային շարք մը շրջաններու մէջ եւ աշխատած է վերաբանալ այն ճ

ամբաները, որոնք վերջերս հողակոյտերով փակուած էին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ:
ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՈՒԺԵՂԱԳՈՅՆ ԶԷՆՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց իմանալու, թէ ունին մէկ հայրենիք եւ այնտեղ զիրենք կը պաշտպանէ պետութիւնը, մինչ միասնականութիւնը կը համարուի ուժեղագոյն զէնքը:

Պաապտայի մէջ պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն Աուն յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ ընթացող բանակցութիւնները կը միտին յարմար միջավայր ստեղծելու՝ գործադրելու համար լիբանանեան պահանջները իրագործող յստակ ծրագրեր: Ըստ նախագահին, լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւնները անջատ են Զուիցերիոյ մէջ ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններու որոշումներէն:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգող Օմրան Ռիզան եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հրամանատարը, որոնց հետ քննարկեց հարաւի մէջ տիրող կացութիւնը եւ քաղաքացիներուն ապրուստային պայմանները բարելաւելու հնարաւորութիւնները: Անդրադառնալով խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մօտալուտ աւարտին, Սալամ շեշտեց հարաւի մէջ միջազգայինն ուժի մը ներկայութեան հրամայականը՝վերահսկելու համար զինադադարը եւ համադրելու հակամարտողներուն միջեւ հաղորդակցութիւնները: Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, թէ «տակաւին ընելիք ունինք Լիբանանի մէջ եւ մեր վերահսկողութեան տակ պիտի պահենք հարաւային ապահովական գօտին»: Իսկ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց շեշտեց, որ իրենք մտադրութիւն չունին նահանջելու լիբանանեան որոշ շրջաններէ, նոյնիսկ եթէ ամերիկացիները այդ պահանջեն:
ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆՈՒՄ
Լիբանանի ապահովական մարմինները երէկ սուրիական կողմին յանձնեցին 128 սուրիացի դատապարտեալներ՝ առ ի գործադրութիւն բանտարկեալներ արտայանձնելու մասին Փետրուարին կնքուած համաձայնութեան: Նշենք, որ երեք ամիս առաջ Սուրիա փոխադրուած էր 132 բանտարկեալ եւս: Նշենք, որ մեծագոյն՝ Ռումիէ բանտին մէջ արգելափակուած էր շուրջ 356 սուրիացի, որոնցմէ 260-ը այժմ փոխադրուած են Սուրիա:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԴԺՈՒԱՐ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ԱՌՋԵՒ
Կը սպասուի, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը վաղը գումարէ նիստ մը՝ քննարկելու համար 7 Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վերաբերող բողոքները, որոնք ներկայացուած են ինչպէս ընդդիմադիր ուժերուն, այնպէս ալ յաղթած կուսակցութեան կողմէ: Ընդդիմադիր խմբաւորումներուն ներկայացուցած բողոքները միացուած են մէկ թղթածրարի մէջ եւ այնտեղ կը պահանջուի անվաւեր ճանչնալ 14 Յունիսին Ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովին հրապարակած վերջնական արդիւնքները եւ կազմակերպել ընտրական երկրորդ փուլ:

Դատարանը պէտք է իր վերջնական վճիռը հրապարակէ մինչեւ 4 Յուլիս: Մինչ Սահմանադրական դատարանէն վերջնական որոշումի հրապարակումը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ընդունիլ ընտրական շնորհաւորանքներ: Ան հեռախօսազրոյց ունեցաւ իր հնդիկ պաշտօնակից Նարենտրա Մոտիի հետ ու վերջինս շնորհաւորեց Հայաստանի վարչապետը՝ խորհրդարնական ընտրութիւներուն իր գլխաւորած կուսակցութեան յաղթանակին առիթով: Փաշինեան եւ Մոտի փոխանակեցին հետեւողական համագործակցութեան եւ յաւելեալ յաջողութեան մաղթանքներ:
ԸՆՏՐԱԿԱՇԱՌՔԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ
Քննչական կոմիտէն յայտարարեց, թէ «Հայաքուէ» միաւորումի համակարգող Աւետիք Չալապեան ձերբակալուած է, որովհետեւ փորձած է ապօրինի միջոցներով ազդել քուէարկողներու ընտրութեան վրայ եւ այդ նպատակով Մայիսին տեսակցած է այլ պետութեան պաշտօնատարներու հետ՝ համոզելու, որ աջակցին քաղաքացիներուն ընտրական իրաւունքին ազատ իրականացումը խափանելու ջանքերուն: Չալապեան երէկ, աւելի ուշ, երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ:

Իսկ Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէին ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն հիման վրայ կարելի եղաւ պարզել, որ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան թեկնածուներէն մէկը տարբեր չափի ընտրակաշառք բաժնած է քաղաքացիներու՝ նշեալ կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկելու նպատակով:
ԳԵՐԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑՈՎ ԿՈՉ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻՆ
Ամերիկեան գոնկրէսին մէջ Գալիֆորիա նահանգէն ներկայացուցիչ Ճիմ Քոսթա ահազանգեց, թէ հայ ռազմագերիները եւ առեւանգուած քաղաքացիները հազար օր է կը մնան ատրպէյճանական գերութեան մէջ եւ անոնց ընտանիքները կը շարունակեն սպասել պատասխաններու եւ իրենց հարազատներուն ապահով տունդարձին: «Աշխարհը երբեք պէտք չէ մոռնայ Ատրպէյճանի շարունակուող յանցագործութիւնները», մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց Քոսթա, Պաքուի գործողութիւնները համարելով միջազգային եւ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու բացայայտ խախտում: Նոյն ասուլիսին ընթացքին, ամերիկացի գոնկրէսական Պրէտ Շըրմըն շեշտեց, որ առանց բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումին եւ տունդարձին, Հարաւային Կովկասի մէջ կարելի չէ հաստատել կայուն խաղաղութիւն:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐ
«Արեւմտեան ատրպէյճանցիները» կը պահանջեն, որ իրենց հայրենի հող վերադառնալու հարցը դառնայ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին կարեւոր մասնիկը, պնդելով որ առանց այդ իրաւունքի վերականգնումին կարելի չէ խօսիլ տարածաշրջանային երկարատեւ, կայուն խաղաղութիւն եւ համագործակցութեան մասին: «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»-ի նախագահ Ազիզ Ալէքպէրլի յայտնեց, որ իրենք «հիմնուելով միջազգային իրաւունքին վրայ, կը պահանջեն, որ միջազգային կազմակերպութիւնները ճանչնան եւ ապահովեն այդ մարդոց իրաւունքները: Մենք կը կարծենք, որ խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին կարելի է խորհիլ այդ նիւթին մասին», ըսաւ Ալէքպէրլի: Միաժամանակ, «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»-ին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ փախստականներու համաշխարհային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձ»-ի անհրաժեշտութիւնը, իսկ մասնակիցները այդ համարեցին որպէս պատմական արդարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներու վերականգնում: Նշենք, որ ատրպէյճանցիները որպէս Արեւմտեան Ատրպէյճան կը համարեն Հայաստանը:
ԵՐԵՒԱՆԻՆ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔԸ
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Երեւան այժմ կը գտնուի զարգացումի իր սեփական ուղիի ընտրութեան հոլովոյթին մէջ եւ այդ կարեւոր է Մոսկուայի համար, որովհետեւ Ռուսիան ու Հայաստանը եղբայրական երկիրներ են: Փեսքով միաժամանակ մաղթեց, որ Երեւան կը հասկնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) իր անդամակցութեան առաւելութիւնները: Յիշեցնենք, որ ԵԱՏՄ-ը Ռուսիոյ գլխաւորած տնտեսական միութիւնն է, որուն այժմ կ’անդամակցի նաեւ Հայաստանը, սակայն կրնայ ստիպուիլ անկէ դուրս գալ՝ զարգացնելու համար յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ: Մոսկուա բազմիցս յստակացուցած է, որ Երեւան պէտք է ընտրութիւն կատարէ երկուքին միջեւ, որովհետեւ կարելի չէ միաժամանակ անդամակցիլ ԵԱՏՄ-ին եւ սերտ յարաբերութիւններ ունենալ Եւրոմիութեան հետ:
Հայաստանի հետ տարակարծութիւններու նիւթին անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ գլխաւորած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ): Կազմակերպութեան մնայուն խորհուրդի գործող նախագահ Վիքտոր Վասիլեւ շեշտեց, որ «Հայաստանի շուրջ արեւմտեան երկիրներու ոչ-բարեկամական ռազմաքաղաքական քայլերը կրնան առաջնորդել տարածաշրջանային իրավիճակի սրումին»
ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԳԱՐՈՒՆ
2026-ի գարունը Հայաստանի մէջ յատկանշուեցաւ կլիմայական ծայրայեղ պայմաններով: Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Ազիզեան յայտնեց, որ անցնող ամիսները հանդիսացան վերջին տասնամեակներու ամէնէն խոնաւներէն մէկը, որ էապէս փոխեց ջրային պաշարներուն պատկերը:

«2026-ի գայունը կը համարուի 1935-էն ի վեր 12-րդ ամէնէն խոնաւը: Տեղումներուն քանակը հասաւ 260 միլիմեթրի՝ տարեկան միջինին 131 առ հարիւրին: Մարտ ամիսը դարձած է Հայաստանի պատմութեան ընթացքին արձանագրուած ամէնէն անձրեւոտը», ըսաւ Ազիզեան:
ՍԱԿԱԳԻՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՆՋ
Իրանի ճակատին վրայ հանդարտութեան վերահաստատումի լոյսին տակ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քարիւղի մէկ տակառին սակագինը նահանջած է 75 տոլարէն վար՝ 27 Փետրուարէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց նաեւ, որ ոսկիի օնսին գինը նահանջած է նուազ քան չորս հազար տոլարի՝ 2025-ի Նոյեմբերէն իվեր առաջին անգամ ըլլալով: Կը մնայ տեսնել, թէ վառելանիւթի սակագիներուն նուազումը պիտի ազդէ՞ վերջին շրջանին զգալիօրէն բարձրացած ապրուստային ծախսերուն վրայ:

