Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ներկայացման մը առիթով. Ուրախ Եւ Տխուր, Բարձրաձայն Խոհեր

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)

June 23, 2026
in Այլազան
0
Ներկայացման մը առիթով. Ուրախ Եւ Տխուր, Բարձրաձայն Խոհեր

Ընդառաջելով երբեմնի մէկ դասընկերոջս հրաւէրին եւ քաջալերանքովը մէկ ուրիշ երբեմնի դասընկերոջս, 20 Յունիսի երեկոյեան ներկայ գտնուեցայ Թեքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբի «Թենոր մը գտէք» ներկայացումին (հեղինակ՝ ամերիկացի գրող Քէն Լուտվիկ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ)։

Վերջին անգամ թատերական ներկայացում դիտած եմ երեւի 2010-ականներու վերջին՝ Երեւանի մէջ, եւ ցաւով արձանագրած, որ հայրենական թատերական արուեստը զգալի նահանջ արձանագրած էր։ Անկէ ետք չէի ուզած թատրոն մտնել։

Ինչ մեղքս պահեմ, նշածս պատճառով այդքան ալ չէի փափաքեր դիտել վերը նշուած ներկայացումը՝ յուսախաբութեանս դառնութեան տարր մը չաւելցնելու համար։ Այդուհանդերձ, կարճատեւ տատանումէ մը ետք գացի եւ … հիացա՜յ։ Թատերական քննադատ չեմ, սակայն գեղարուեստական նուազագոյն ճաշակ մը ունիմ կարծեմ, եւ ուրախութեամբ կ’արձանագրեմ, որ խաղարկութիւնը, այլեւ բեմայարդարումը եւ թատերական ներկայացման մը անհրաժեշտ միւս տարրերէն շատեր պարզապէս գերազանց էին, ինչի համար շնորհաւորելի են բոլորը՝ վարչական անդամներէն մինչեւ դերասաններ եւ անձնակազմ։ Յատկապէս ակնբախ էր բեմադրիչ, բեմայարդար, թատերակի անգլերէնէ թարգմանիչ, այլեւ տարազներու, լուսային ու ձայնային ապահովման աշխատանքներու «շարժիչ» Սուրէն Խտըշեանի տքնաջան ու բծախնդիր աշխատանքը։ Սուրէնը այսօր կը շարունակէ բարձր պահել հայ արուեստին նուիրեալ Խտըշեան գերդաստանին պատիւը։ Վստահ եմ, որ ան դեռ չէ ըսած արուեստի մարզին մէջ իր վերջին խօսքը եւ մեզ պիտի ուրախացնէ նորանոր նուաճումներով։

Այս դրական տողերէն ետք ցաւով, այլեւ դառնութեամբ պիտի արձանագրեմ ներկայացման ու այդ առթիւ գունաւոր տպագրուած գրքոյկի բովանդակութեան առնչուած քանի մը տխուր փաստեր։

– Լեզուական առումով՝ թարգմանութիւնը խոցելի էր։ Գրեթէ բոլոր ներգործական բայերուն ուղիղ խնդիրները հնչեցին տրական հոլովով՝ հայցականներու փոխարէն (արեւմտահայերէն ճիշդ ձեւերն են՝ զիս ընդունեց, զիս հրաւիրեց, զիս տարաւ եւ այլն)։ Կ’առաջարկեմ թարգմանուած որեւէ գործ բեմ հանելէ առաջ յանձնել լեզուական խմբագիրի՝ սխալներ ակամայ չտարածելու համար։ Ի վերջոյ, թատրոնն ալ դպրոց մըն է, որ կը ծառայէ – պէ՛տք է ծառայէ – հասարակութեան ՃԻՇԴ դաստիարակութեան՝ բոլոր, այդ թուին՝ լեզուական, առումներով։

– 48 էջ ծաւալ ունեցող գրքոյկին ընդամէնը 4 էջերը, այսինքն 10 տոկոսէն ալ պակասը, կը վերաբերին թատերակին, անոր հեղինակին ու ներկայացումին։ Մնացեալ էջերը ողողուած են բացառապէս բարեմաղթանքներով եւ ծանուցումներով։ Նիւթականի ապահովումը պէտք չէ մղէ այս աստիճան ծայրայեղութեան։

– Առաջին, անստորագիր էջին ամէնէն սկիզբը գրուած է, թէ Թեքէեան մշակութային միութիւնը հիմնուած է 1945-ին։ Ճիշդ է, թէ միութեան անուանադիր «Հայ բանաստեղծութեան իշխան»ը մահացած էր 1945-ին եւ այդ տարի իսկ սկսած էին անոր անունով միութիւն մը հիմնելու առաջին քայլերը, սակայն միութիւնը սկսած է գործել 1946-ին, իսկ Լիբանանի մէջ պետական պաշտօնական ճանաչում ստացած է 10 Մարտ 1947-ին։ Պէտք է վերջին թուականը նշուէր։

– Տպագրուած 22 բարեմաղթանքներէն ընդամէնը 4-ը հայերէն են, մնացեալները, այդ շարքին՝ Միութեան Հիմնադիր մարմինի ատենապետին ու անոր տիկնոջ բարեմաղթանքը՝ անգլերէն։ Արաբական երկիր, հայերէն ներկայացում, բացառապէս հայազգի հանդիսատես եւ … անգլերէն բարեմաղթանքներ։ Հայոց լեզուի գովքը հիւսած Թեքէեանի անուան միութեան մը որեւէ ձեռնարկին մեր ոսկեղենիկին նսեմացում/նուաստացումը հայազգի անձերու կողմէ՝ ՀԻՄՆՈՎԻՆ անընդունելի է։

– Տպագրուած 28 ծանուցումները կը պարզեն նոյնպիսի պատկեր մը։ Ծանուցողներուն գրեթէ բոլորը հայազգի ըլլալով հանդերձ, կը տեսնենք արաբերէնախառն անգլերէն 1, ֆրանսերէնախառն անգլերէն 1, ֆրանսերէն 1, 25 անգլերէն ծանուցում եւ ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՄ ՀԱՅԵՐԷՆ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ։ Ցասումս չափ ու սահման չունի ի տես այս երեւոյթին, որ վերածուած է համատարած հիւանդութեան՝ վարակելով նոյնիսկ հայրենական ձեռնարկներու ծանուցումներն ու գովազդները։ Հո՞ս պիտի հասնէինք, տիկնայք եւ պարոնայք թեքէեանականներ, համազգայնականներ, նորսերնդականներ, ՀԲԸՄ-ականներ ու ՀԵԸ-ականներ (ներողութի՜ւն` AGBU-ականներ ու AYA-ականներ) եւ միւսներ, դուք որ օրն ի բուն կը բարբաջէք ազգային արժէքներէ, հայապահպանումէ, «յուսահատութեան տեղի տալը մերժել»է, «մեր դիմադրութենէն» (բնութագրումները՝ գրքոյկի առաջին էջի գրութենէն են), ա՞յս է ձեր դիմադրութիւնը։ Եթէ այս է, իրօք, ձեր դիմադրութիւնը, պէտք է կրկնել Մովսէս Խորենացիի՝ շուրջ 1600 տարի առաջ հեղինակած ՈՂԲ-ը։

Share61Tweet38
Previous Post

Ընկեր Նազարէթ Ճէրէճեանի Այցելութիւնը Սիտնի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.