1922 Սեպտեմբերի Զմիւռնիոյ (Իզմիր) աղէտը յունաց եւ հայոց համար կը մնայ չսպիացող վէրք մը:
Երեւանի Պետական համալսարանի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց խիստ շահեկան պատմագիտական ուսումնասիրութիւն մը այս նիւթին շուրջ: Գիրքին խորագիրն է՝ «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)»: Աշխատասիրութեան հեղինակն է երիտասարդ պատմաբան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող, դասախօս, բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութեանց հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան: 303 էջանի հատորին խմբագիրն է հանրայայտ պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Հայրունի:
Հեղինակին երախտագիտական խօսքէն ետք, իր խօսքը փոխանցած է հատորին խմբագիրը. որմէ ետք Ներածական բաժինով, Թ. Մարտոյեան համապարփակ ակնարկով մը ներկայացուցած է նիւթին առնչուող առկայ պատմագիտական թէ յուշագրական գրականութիւնը հայերէնով, անգլերէնով եւ յունարէնով, եւ ապա հարցադրած՝ թէ 1922-ին Զմիւռնիոյ մէջ պատահածները «հայոց ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութի՞ւնն է» եւ ան համոզիչ տուեալներով կը փաստէ, որ կատարուածը յոյներու եւ հայերու դէմ կազմակերպուած եւ կանխամտածուած ոճիր էր՝ ազգային եւ կրօնական հիմունքներով, ինչ որ միջազգային իրաւաբանութեան տեսակէտէն՝ ցեղասպանական արարք էր:
Մենագրութիւնը կը բաղկանայ երեք մասերէ. Վերջաբանի Փոխարէնէն ետք ունի չորս յաւելուածներ. անգլերէնով եւ յունարէնով տրուած են ամփոփումները գիրքին. բնականաբար կան անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր. ուշագրաւ են յատկապէս հազուագիւտ պատճէնահանուած լուսանկարները, փաստաթուղթերը կամ վաւերաթուղթերը:
Առաջին մասին խորագիրն է՝ «Զմիւռնիան քաղաքակրթութեան օրրան» (էջ 24-40), որ հակիրճ ակնարկ մըն է այդ քաղաքին պատմութեան, որ կոչուած է «Արեւելքի աստղ», «Արեւելքի փոքր Փարիզ», «Յոնիական ծովու թագուհի»: Անոր ազգաբնակչութիւնը կը բաղկանար յոյներէ, հայերէ, թուրքերէ եւ հրեաներէ, որոնք կ’ապրէին առանձին թաղամասերու մէջ: Հայոց մասին առաջին յիշատակումները կը վերաբերին 1179 թուականին: Հայոց թաղամասը կը կոչուէր Հայնոց: Հայերու թիւը հետզհետէ աւելցած է արեւելեան Հայաստանէն գաղթած հայերու շնորհիւ: Հայեր բնակած են նաեւ քաղաքին յարակից աւաններուն եւ գիւղերուն մէջ: Հայոց ամենանշանաւոր եկեղեցին Սբ. Ստեփանոսն էր: Կային նաեւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Սբ. Յարութիւնը, Սբ. Խաչը, Սբ. Կարապետը, Սբ. Աստուածածինը, Սբ. Հոգեգալուստը: Զմիւռնիոյ նպաստաւոր դիրքը պատճառ հանդիսացած էր, որ քաղաքը դառնայ առեւտրական կեդրոն: Հայեր փայլած են իրենց առեւտրական գործերով, վաճառատուներով, միջնորդական կապերով՝ Եւրոպա-Ասիա ուղղութեամբ: Հայեր ապրած են բարեկեցիկ կեանք մը: Վաճառաշահ գործունէութեան կողքին, հայութիւնը յառաջդիմած է մշակութային-կրթական առումներով, դպրոցներով, մամուլով, տպարաններով, մտաւորականներով, թարգմանչական աշխատանքներով: Կարելի է ըսել, որ 19-րդ դարու կէսերուն հայութեան գլխաւոր կեդրոններէն էր Զմիւռնիան՝ Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի կողքին: Պէտք է յիշել, որ Զմիւռնիոյ հայ պարբերական մամուլը խորապէս ուսումնասիրած է հայրենի ակադեմիկոս, պատմաբան Ալպէր Խառատեան: Կը կարդանք հայոց թուաքանակին, հասարակական կեանքին, այլ յարանուանութեանց (կաթողիկէ, աւետարանական) գործունէութեանց մասին:
Երկրորդ մասը՝ «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան իրագործումը Զմիւռնիայում» (էջ 41-136) լայնօրէն կը պատմէ Զմիւռնիոյ վիճակը մինչեւ 1922 թ., երբ քաղաքը կը գտնուէր յոյներու հակակշռին տակ եւ յունական ուժերը յաղթականօրէն կ’ուղղուէին Անքարայի ուղղութեամբ: Թէեւ անկէ առաջ, եղած էին մասնակի տեղահանութիւններ, բայց կեանքը վերագտած էր իր հունը: Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը ունէր իր հիւպատոսութիւնը (հիւպատոսը՝ Վահան Պարտիզպանեան). սակայն, առ երեւոյթ այս խաղաղ կեանքը պիտի շրջուէր գլխովին, երբ յունական զօրքը ջախջախիչ պարտութենէ ետք՝ պիտի նահանջէր Եգէական ծովու ափ եւ անկէ ալ յունական կղզիներ՝ Զմիւռնիան անպաշտպան լքելով քեմալականներու վրէժխնդրութեան, մոլուցքին եւ կատաղութեան դէմ-յանդիման: Գիրքին հեղինակը հանգամանօրէն կը վերլուծէ քեմալականներու գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքականութիւնը, անոնց վերաբերմունքը քրիստոնէից նկատմամբ՝ «Քեմալական գաղափարախօսութիւնը պետութեան մէջ հայերի եւ յոյների խաղաղ գոյակցութիւնը սպառնալիք էր համարում «թուրքերի անվտանգութեան» համար»: Կը կարդանք՝ «Քեմալականներն արեւմուտքում ռազմական գործողութիւններ են ծաւալում յոյների, Կլիկիայում՝ տեղի հայ բնակչութեան եւ արեւելքում՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Նրանց կարեւոր ձեռքբերումն էր Մոսկուայի 1921 թ. պայմանագիրը»: 1921 եւ 1922 թուականներուն քեմալականներ հետզհետէ կը մօտենան Զմիւռնիոյ՝ յաջորդաբար գրաւելով քաղաքներ. յոյն գաղթական բազմութիւններ կը սկսին ժամանել քաղաք՝ վկայելով զարհուրելի իրադարձութեանց մասին: Տարօրինակ է, որ քաղաքի բնակչութեան մեծ տոկոսը անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ վերահաս վտանգին նկատմամբ: Քիչերն են մտահոգ եւ ահաբեկուած, որոնք կը քննադատուին որպէս անտեղի ահ ու սարսափ տարածող անխոհեմներ: Ըստ անտարբերներու՝ քեմալականներ կիրթ զինուորներ են. նաեւ՝ օտար (բրիտանական, ֆրանսական, իտալական եւ ամերիկեան) ռազմանաւերու ներկայութիւնը Զմիւռնիոյ ափին՝ վստահելի երաշխիք մըն է իրենց անվտանգութեան: Մեծ պետութիւններու ներկայութիւնը, իբրեւ թէ պիտի զսպէ քեմալական խաժամուժը: Սակայն, 9 Սեպտեմբերին, երբ առաջին թուրք զինուորները կ’երեւին քաղաքին մէջ, սկիզբ կ’առնէ լայնածաւալ եւ արիւնալի կոտորած մը ոչ միայն թուրք զինուորներու գործօն մասնակցութեամբ, այլեւ՝ տարբեր վայրերէ ժամանած արիւնարբու թալանչիներու, ջարդարարներու եւ ոճրագործներու անսանձելի մոլեգնութեամբ: Փաստ է, որ հրեաներ, օգտուելով առիթէն, բացայայտօրէն կ’օժանդակեն թուրքերու՝ ուղղորդելով զանոնք եւ մասնակցելով ընդհանուր թալանին: Զմիւռնիոյ պարագային կայ բնորոշ կէտ մը՝ այն ալ քաղաքին յունաց եւ հայոց թաղամասերուն հրդեհումն էր, որ լափլիզեց ամէն ինչ՝ բնակիչներ, տուներ, եկեղեցիներ, խանութներ: Թուրք հրձիգներ, կազմակերպուած սադրանքով, հիմնայատակ հրկիզեցին քրիստոնեաներու ինչքերը: Անգութ կոտորածին եւ հրդեհին հետեւանքով, ըստ բախտի խոյս տուած բնաւեր զանգուածը կը խռնուի նաւահանգիստ՝ փրկութիւն ակնկալելով քրիստոնեայ պետութեանց յածանաւերէն, որոնք անտարբերութիւն ցոյց կու տան ի տես աղեկտուր եւ յուսաբեկ խլեակներու. աւելին, եռացած ջուր կը թափէին, որ փախստականներ նաւեր չկարողանան բարձրանալ: Անոնց այս քարսրտութեան պատրուակն էր՝ իրենք չէզոք երկիրներ են թուրք-յունական պատերազմին մէջ: Մինչ այդ, տեղի ունեցած էր հայ-յունական զինակցութիւն մը Յունաստանի մէջ եւ կազմուած Հայկական Լեգէոնը անուանի զինուորական զօրավար Թորգոմի (Արսէն-Արշակ Նագգաշեան) հրամանատարութեամբ: Հայ եւ յոյն կամաւոր զինեալներ կը փորձեն ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել, բայց ուժերը անհաւասար էին: Թ. Մարտոյեան համակողմանիօրէն ուսումնասիրելով աղէտին տարողութիւնն ու սրտաճմլիկ պատկերները, բազմաթիւ ականատեսներու վկայութիւններ մէջբերելով, կը նկարագրէ քաղաքին իրավիճակը: Կը յիշէ Զմիւռնիա գտնուող դիւանագիտական, զինուորական, լրագրական, միսիոնարական առաքելութիւններ ունեցողները, որոնք հարազատ պատկերներով նկարագրած են սահմռկեցուցիչ դէպքերը, անոնցմէ կրնանք յիշատակել ամերիկացի մեծանուն գրող Էռնեստ Հեմինկուէյը, որ որպէս «Toronto Daily Star» թերթի թղթակից կը գտնուէր Զմիւռնիա: Անդին, տեղեկագրեր չեն պակսիր ապացուցելու համար քաղաքին դիտաւորեալ հրկիզումին պատասխանատուները, ջարդերու կազմակերպիչները: Միւս կողմէ, բարձրացած աղմուկին դիմաց՝ Քեմալ Աթաթուրք կը փորձէ մեղմել աղէտին ահաւորութիւնը եւ չքմեղանալ յաչս հանրութեան: Ամենավայրագ կերպով կը խողխողուի քաղաքին յունաց առաջնորդը՝ Տ. Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոսը, իսկ հայոց առաջնորդ՝ Ղեւոնդ եպս. Դուրեան կը յաջողի խոյս տալ հաւանական սպանութենէ (աւելի ուշ՝ 24 Դեկտեմբեր 1933-ին, ան պիտի դաշունահարուէր Նիւ Եորքի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ դաշնակցականներու կողմէ): Հատորին հեղինակը կը ներկայացնէ երկու տեսակէտներ քաղաքին հրկիզման յանցագործներու առնչութեամբ. ի հարկէ, ճնշիչ մեծամասնութիւնը կ’ամբաստանէ թրքական կողմը, մինչ թուրքեր կ’ամբաստանեն զոհերը՝ հայերն ու յոյները, ինչ որ զաւեշտալի անհեթեթութիւն մըն է:
Երրորդ մասը՝ «Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ միջազգային իրաւական գնահատականը» (էջ 137-174) կը նկարագրէ փախստականներու գաղթը յունական կղզիներ եւ Յունաստան, անոնց ծանր պայմանները, վերականգնումի ճիգերը, հայոց որբերու եւ տնազուրկ բեկորներու թշուառ վիճակը: Սակայն, հետաքրքրական պահ մը կայ՝ երբ պատահական յայտնուած ճափոնական նաւ մը՝ Տոկեի Մարու, անվերապահօրէն կը փրկէ օգնութեան կարօտ հայոց եւ յոյներու եւ անոր նաւապետը՝ ի տես քրիստոնեաներու անտարբերութեան եւ յանցակցութեան կը գոչէ՝ «Փա՜ռք, հազար փառք իմ Աստծոյն, որ զիս քրիստոնեայ չէ ծնած ձեզի պէս»: Ուշագրաւ է Վերջաբանը, որ զուգահեռներ կը կատարէ Զմիւռնիոյ կոտորածին եւ Արցախի 2022-ի շրջափակման եւ 2023-ի հայաթափումին, իրաւացիօրէն ընդգծելով, որ նոյն ցեղասպանական ոճն ու քաղաքականութիւնն է որդեգրուած թուրք-ատրպէյճանական հոգեկից պետութեանց կողմէ, որուն արմատները պէտք է փնտռել ընդհանրապէս օսմանցիներու իւրացուցած ցեղասպանական ոգիին եւ էութեան մէջ:
Պէտք է նշել, որ այս իրադարձութեանց ամենաանաչառ վկան է Զմիւռնիոյ մէջ ԱՄՆ-ի հիւպատոս Ճորճ Հորթոն, որուն զեկոյցները հերիք են փաստելու քեմալականներու կատարած ցեղասպանութիւնն ու բնաջնջման մոլուցքը:
Ազնուափայլ Թեհմինէ Մարտոյեան իր երախտարժան ներդրումը ունեցած է այս յոյժ կարեւոր նիւթին արծարծման եւ լուսաբանման մէջ, հաստատած է՝ հայ-յունական բախտակցութեան ու բարեկամութեան իրողութիւնը եւ վկայած՝ որ ցեղասպանութիւնները չեն մոռցուիր եւ պիտի չմոռցուին սերունդէ սերունդ:

