Վերջին շաբաթներուն Սիտնիի հայ համայնքը հիւրընկալեց լիբանանահայ կրթական, մշակութային գործիչ, մանկավարժ եւ ներկայիս Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն-խմբագիր ընկեր Նազարէթ Ճէրէճեանը:
Ընկերոջ այցելութիւնը երկուստեք օգտաշատ եւ հաճելի առիթ հանդիսացաւ թէ՛ համայնքին եւ թէ՛ իրեն համար: Իր կեցութեան ընթացքին ընկեր Նազարէթ առիթը ունեցաւ ծանօթանալու համայնքի հոգեւոր պետերուն, այցելելու հայկական զոյգ վարժարանները՝ Համազգայինի Քոլսթըն ճեմարանը եւ ՀԲԸՄ-ի Ալեքսանտր վարժարանը, ինչպէս նաեւ հանդիպելու համայնքի նուիրեալ ծառայողներուն եւ հայորդիներուն, որոնցմէ շատերուն հետ սերտ կապ հաստատեց իր մասնակցած ու բանախօսած ձեռնարկներուն միջոցով:
Ընկեր Նազարէթ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ համայնքային կեանքին եւ մասնաւորաբար Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող կառոյցներու աշխատանքներուն: Որպէս մամուլի փորձառու ծառայող, բարձր գնահատեց «Նոր Սերունդ» ամսաթերթի ճաշակաւոր, բովանդակալից եւ հետեւողական հրատարակութիւնը, որ յատկապէս իր տպագրական եւ բովանդակային որակաւոր դիմագիծով կը թեւակոխէ իր չորրորդ տարին:
Իր այցելութեան ընթացքին ան այցելեց նաեւ «2RRR» համայնքային ռատիոկայանը, ուրկէ արդէն 35 տարիէ իվեր կը սփռուի «Նոր Սերունդ»-ի ձայնը ռատիօժամը: Ընկերը ուրախութեամբ անդրադարձաւ նաեւ «Նոր Սերունդ»-ի պատանեկան պարախումբի աշխուժ գործունէութեան՝ զայն նկատելով կարեւորագոյն երեւոյթներէն մէկը, որ պատանիները կը կապէ հայ մշակոյթին եւ հայկական պարարուեստին հետ:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Վարիչ մարմինը եւ յարակից գործող միութիւնները բարձր կը գնահատեն ընկեր Նազարէթ Ճէրէճեանի այցելութիւնը Աւստրալիա, որովհետեւ ան իր պտոյտի եւ հանգիստի պահերէն բաժին հանեց նաեւ համայնքին ու մեր կառոյցներուն` իր ներկայութեամբ, հետաքրքրութեամբ եւ բարոյական աջակցութեամբ զօրակցելու համար:

