Յարգելի ներկաներ,
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Կրկին Յունիս է, եւ ամէնամեայ մեր ժամադրութիւնը կը նորոգուի՝ լիբանանահայութեան հետ hանդիպելու, մեր միտքերը փոխանցելու, մեր համայնքին հաշիւ տալու եւ անոր դատին ներկայանալու համար։
Հնչակեան կուսակցութիւնը մեր ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան եւ Միջին Արեւելքի ձախ ընկերվարական շարժման անքակտելի մէկ մասնիկն է։
Ան իր նահատակներու գերագոյն նուիրումով եւ գործիչներու քրտինքով ձեռք բերած բոլոր յաջողութիւնները նուիրած է հայութեան եւ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հիւրընկալ երկիրներու ժողովուրդներուն` առանց դասակարգային, ազգային կամ ցեղային խտրականութեան։
Իսկ այդ նուաճումներուն եւ յաջողութիւններուն ի խնդիր տարուած պայքարի ճանապարհին ստացած հարուածներն ու վէրքերը կրած է որպէս փառքի շքանշաններ, որոնք կը զարդարեն Մայր կուսակցութեան՝ նահատակներու արեամբ սրբագործուած կարմիր յեղափոխական դրօշը։
Հնչակեան կուսակցութիւնը, հաւատարիմ իր Մայր կուսակցութեան կոչումին եւ իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի անդրանիկ շարժում, իր յանդգնութեան գինը վճարած է կուսակցութեան ամենապայծառ դէմքերուն նահատակութեամբ։ Այնուհանդերձ, չէ նահանջած, չէ յուսալքուած, դասալիք չէ եղած։ Ահաւասիկ այսօր, երդուեալներս, եկած ենք բաց ճակատով հաշիւ տալու եւ համայն աշխարհին բարձրաձայնելու, որ այդպէս էինք մենք երէկ, այսօր եւ ընդմիշտ։
Յարգելի ներկաներ,
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
19-րդ դարու վերջաւորութեան, պատմական ճակատագրական պահուն, Հնչակեան կուսակցութիւնը իր մէջ գտաւ ժողովուրդը առաջնորդելու գիտակցութիւնը, ուժն ու վճռականութիւնը, ընդունեց մարտահրաւէրը եւ, բռնութեան ժանտ շղթաները փշրելու նպատակով, երկար սպասուած կարմիր հրաւէրին կոչնակը հնչեցուց ծագէ մինչեւ ծագ։ Ժընեւէն մինչեւ ցարական Ռուսաստանի խորքերը, Թիֆլիս, Պոլիս, Պաքու, Վան, Սասուն, Զէյթուն, Հաճըն, Ատանա, Մուսայ լեռ, Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Սարդարապատ, Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Յունաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Ուրուկուայ եւ հերոսական Արցախ։
Հնչակեան կուսակցութիւնը անողոք կռիւ մղեց ցարական բռնատիրութեան դէմ, Ապտիւլ Համիտի վայրագութիւններուն դէմ, Իթթիհատի խարդաւանքներուն դէմ, քեմալական զօրքերուն դէմ, անգլիական ու ֆրանսական գաղութատիրութիւններուն դէմ, ֆաշիստական Գերմանիոյ դէմ, Իրանի շահնշահական միապետութեան դէմ, վայրագ դրամատիրութեան դէմ, Հարաւային Ամերիկայի ռազմական խունտաներուն դէմ, հասնելով մինչեւ Ղարաբաղի ազգային-ազատագրական պայքարի առաջնագիծերը։
Հազարաւոր ուխտեալ եւ համակիր հնչակեան նահատակներ ինկան՝ հաւատարիմ մնալով իրենց ազգային եւ համամարդկային սկզբունքներուն։ Անոնք ինկան ամէն տեղ, համոզուած ըլլալով, որ իրենք կը պահպանեն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին ռազմավարական գերագոյն շահերը։
Յարգելի հանդիսականներ,
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Նահատակները անոնք են, որոնք գիտակցեալ մահով անմահացան՝ զոհուելով յանուն գաղափարի, հաւատոյ եւ հայրենիքի։ Ըստ մեր կուսակցական աշխարհիկ բարոյական դաւանանքին, նահատակները կը գտնուին ամենաբարձր երկրամատոյց դիրքի վրայ։ Հետեւաբար, մենք խտրականութիւն պիտի չդնենք անոնց միջեւ. բոլորն ալ կը պատկանին ազգին ու հայրենիքին, եւ բոլորն ալ Հնչակեան նահատակներու յիշատակի օրը պիտի ոգեկոչուին խոնարհութեամբ, յարգանքով եւ մեծարանքի խօսքերով։ Յայտնութիւն մը ըրած չեմ ըլլար, երբ ըսեմ, թէ Պոլիս թուելուս ատեն Գում Գաբուի եւ Պապ Ալիի ցոյցերն ու Պանք Օթոմանի գործողութիւնն ալ նկատի ունէի. երբ Սասուն ըսի, Մեծն Մուրատն ու Հրայր Դժոխքն ալ նկատի ունէի. երբ Սարդարապատը յիշեցի, բոլորն ալ նկատի ունէի՝ Աննկուն Պանդուխտը, Հայկ Բժշկեանն ու Արամ Մանուկեանը։
Մտովին յիշեցի բոլորը՝ յայտնի եւ անյայտ, բոլոր անոնք, որոնք այնտեղ էին, բոլոր անոնք, որոնք դիմագրաւեցին գիտակցեալ մահը, բոլոր անոնք, որ զոհուեցան եւ անոնք՝ որ չզոհուեցան, բոլոր անոնք, որոնք ամէն տեղ էին, ուր պէտք էր ըլլային։
Աւարտելով այս բաժինը, կ՚ուզեմ ընդգծել, որ այսօր այս ժամանակաշրջանը մարտիկի զգօն եւ արթուն հանգիստի ժամանակն է. կեանքի գնով կռուելու ժամանակը չէ, ֆիզիքապէս մեր կեանքը զոհաբերելու պահը չէ, այլ խաղաղութեան ժամանակն է։ Այսօր աշխատելու եւ արարելու, Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէն հզօրացնելու, պետական սահմաններուն կանգնած մեր զինուոր զաւակներուն պաշտպանական պայմաններն ու սպառազինութիւնը արդիականացնելու, հայրենիքը անառիկ պահելու, պաշտպանելու եւ մատաղ կեանքերը խնայելու ժամանակն է:
Յարգելի բարեկամներ,
Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Այս օրուան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ մեր նահատակ նահապետներու անտեսանելի հսկող ներկայութիւնը մեզմէ կը պահանջեն ազնիւ ըլլալ եւ իրարու հետ խօսիլ բացէ ի բաց՝ առանց դիւանագիտական ոլորապտոյտ դարձուածքներու եւ առանց բառերը ծամծմելու։ Ուստի, յստակ կէտեր պիտի արձանագրենք եւ մեր տեսակէտը պիտի արտայայտենք անոնց մասին։
Ա.- Հայաստանի 7 Յունիսի ընտրութիւնները.
Տասներկու օր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները։ Յստակ քննադատեցինք նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ բոլոր կողմերէն հնչած ու գործադրուած՝ ձեւական եւ բովանդակային անորակ ելոյթներն ու երեւոյթները։
Այսօր ընտրութիւնները աւարտած են առանց ուշագրաւ անակնկալներու։ Կայ համոզիչ ձայներով ընտրուած իշխանութիւն մը. եւ անոր հսկելու եւ քննադատելու իրաւունքը ստացած ընդդիմութիւն մը։ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, յարգելով Հայաստանի ժողովուրդին կամքն ու որոշումը, շնորհաւորեց մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժը եւ կոչ ուղղեց ընդդիմութեան՝ ստանձնելու իր կարեւոր ու պատասխանատու պարտականութիւնը։ Սիրելի՛ ազգակիցներ, իւրաքանչիւրս ունինք մեր քաղաքական տեսակէտներն ու համոզումները, իւրաքանչիւրս կրնանք համաձայն ըլլալ կամ չըլլալ ընտրութիւններու արդիւնքով իշխանութեան եկած ուժի քաղաքականութեան հետ։ Եկէք ամէն մէկս մեր համոզումները արտայայտենք քաղաքակիրթ ձեւով եւ եկէք Հայաստանի քաղաքական հակամարտութիւնը չտեղափոխենք Սփիւռք։ Անցեալին դառն փորձառութիւնը ունեցած ենք եւ կարիքը չունինք զայն կրկնելու ու մեր լեզուն կրկին դառնացնելու։
Սփիւռքի մէջ արդէն ունինք մեզ հիւծող եւ օրըստօրէ ծանրացող բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք բոլորիդ ծանօթ են եւ բացատրութեան կարիք չունինք։
Սակայն կ՚ուզեմ առանձնայատուկ ահազանգ հնչեցնել Միջին Արեւելքի մէջ արագօրէն զարգացող նէօ-օսմանական թրքական ազդեցութեան մասին, որ կը ձգտի փոխարինելու, եւ զգալի չափով արդէն իսկ փոխարինած է, նահանջող իրանեան ազդեցութիւնը։
Այս առնչութեամբ ուշագրաւ է նախագահ Էրտողանի օրեր առաջ կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները ուղղակի սպառնալիք կը հանդիսանան Թուրքիոյ անվտանգութեան համար։ Ան նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիան իր անվտանգութիւնն ու ռազմավարական շահերը չի դիտեր միայն Սուրիոյ հետ իր պետական սահմաններուն շրջանակին մէջ, այլ աւելին՝ այդ կը տարածուի նաեւ Լիբանանի վրայ։
Այս մտածողութիւնը նոր չէ, սակայն այսօր ան կը դրսեւորուի աւելի յստակ եւ աւելի համարձակ կերպով։ Հետեւաբար, յատկապէս Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն մէջ, պարտաւոր ենք զգօն ըլլալ, հետեւիլ զարգացումներուն եւ պատրաստ ըլլալ դիմակայելու նէօ-օսմանական ծաւալապաշտութեան քաղաքական, մշակութային եւ ժողովրդագրական հետեւանքները։
Այս ուղղութեամբ մեզմէ կը պահանջուի ոչ միայն զգացական արձագանգ, այլեւ կազմակերպուած աշխատանք, ազգային հեռատեսութիւն եւ համայնքային պատրաստուածութիւն։
Բ.- Հայաստանի իշխանութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի գահակալին միջեւ տիրող լարուածութիւնը.
Մեր խիղճը յոգնեցնող բարդ խնդիրներէն մէկը Հայաստանի քաղաքական իշխանութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի գահակալին միջեւ տիրող լարուածութիւնն է։ Նախ արձանագրենք, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, իր զոյգ կաթողիկոսութիւններով եւ նուիրապետական աթոռներով, մեր ազգային մայր եկեղեցին է, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն կողքին։
Աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ, երբ Էջմիածին–Անթիլիաս կողմնորոշման խնդիրը կը բաժնէր սփիւռքահայութիւնը, Հնչակեան կուսակցութիւնը, որպէս նախամեծար, իր հաւատարմութիւնը յայտնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, եւ հոգեւորականի կոչում ունեցող իր զաւակները կ՚ընծայէր անոր ծառայութեան։
Դառնալով բուն նիւթին՝ բոլորիս յայտնի է, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութեան հիմնական պատճառը քաղաքական բնոյթ ունի։
Հնչակեան կուսակցութեան ցանկութիւնը միշտ եղած է, որ այս լարուածութիւնը վերջ գտնէ եւ կողմերը յանգին փոխադարձ յարգանքի ու երկխօսութեան մթնոլորտի։ Սակայն, ցաւօք, պիտի նշեմ, որ կողմերը մօտեցնելու մեր համեստ փորձերը ձախողութեամբ աւարտեցան։
Մենք կոչ ուղղեցինք, որ Էջմիածինը ընթանայ ինքնամաքրման ճանապարհով, սակայն ողջախոհութեան եւ ինքնաքննադատութեան մեր հրաւէրին համարժէք արձագանգ չստացուեցաւ։ Աւելին, անյարմար արձագանգներ հնչեցին մեր կուսակցութեան հանդէպ՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ծառայող մեր զաւակներէն ոմանց կողմէ։
Այնուամենայնիւ, տակաւին յոյս ունինք, որ, յաղթանակած իշխանութիւնը իր մէջ որդիական համեստութիւնը կը գտնէ, իսկ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ճիշդ կը գնահատէ ստեղծուած իրավիճակն ու վերջին ընտրութիւններուն արդիւնքները, եւ Սուրբ Էջմիածինը կը վերադառնայ իր բոլոր զաւակներուն՝ առանց խտրութեան եւ առանց բաժանարար գիծերու։ Հակառակ պարագային, վնասը պիտի չսահմանափակուի միայն ներկայ վիճակով, այլ կրնայ ազդել նաեւ Մայր Աթոռի գահակալին համազգային հեղինակութեան վրայ։
Այստեղ անպայման կ՚ուզեմ ողջունել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին մշտական հայրական հոգատարութիւնը, հանդարտեցնող կեցուածքն ու հայութեան միասնականութեան ուղղուած անոր հետեւողական յորդորներն ու ջանքերը։
Գ.-Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ ճանաչում.
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը կը մնայ մեր առանցքային խնդիրներէն մէկը։ Կար ժամանակ, երբ մեր սերունդին մեծ մասը համոզուած էինք, թէ միայն զէնքով կարելի է ապահովել հայ ժողովուրդին փրկութիւնը։ Թերեւս այդ էր ժամանակի պահանջը, եւ այդ սերունդը պատեհ պահին կրցաւ ազատագրել Արցախը։ Սակայն, Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները, չկարենալով այդ յաղթանակը ամրագրել քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով, մէկ այլ անպատեհ ժամանակին կորսնցուցինք զայն։
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը պէտք չէ դառնայ պետութիւններու շահերու բախման խաչմերուկին վրայ շահարկման նիւթ։ Ան բացառապէս մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է, եւ այդ պայքարը պէտք է մղուի ոչ թէ միայն հայկական դիրքերէ մեկնած, այլ որպէս ամբողջ մարդկութեան հասցուած վիրաւորանքի եւ անարդարութեան դէմ պայքար։
Այս նպատակով անհրաժեշտ է ճշմարտութիւնը նախ հասցնել Թուրքիոյ ժողովուրդներուն՝ իրենց լեզուով եւ իրենց հասու ձեւերով։ Այդ պարագային այլ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու ճանաչումը կը դառնայ իսկական ճանաչում, այլ ոչ թէ ընտրական արշաւներու ընթացքին հայկական ձայներ ապահովելու միջոց։
Յարգելի՛ ներկաներ,
Սիրելի՛ ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Միասին խորհրդածելու տակաւին շատ նիւթեր ունինք, սակայն ժամանակի սղութիւնը մեզի չ’արտօներ այսօր խօսիլ ամէն ինչի մասին։ Աւարտելու համար պիտի նշեմ, որ արդի հասկացողութեամբ հայերս որպէս պետական ժողովուրդ դեռ երիտասարդ ենք՝ բաղդատած այն ժողովուրդներուն, որոնք դարեր շարունակ անընդհատ եւ անըդնմէջ պետականութիւն ունեցած են։ Սակայն, նայելով այսօրուան Հայաստանին, կը տեսնենք, որ ան իր ձեռքբերումներով իր ետեւը ձգած է բազմաթիւ մեծ ու փոքր պետութիւններ։ Ակնյայտ է, որ մեր ժողովուրդը իր մէջ ունի այն կարողունակութիւնն ու ստեղծագործ ուժը, որոնք զինք պիտի դարձնեն տարածաշրջանի իւրայատուկ զարգացած եւ յառաջդիմած երկիրներէն մէկը։
Ուժ տանք ընկերներ Մայր Հայաստանին, հզօրացնենք սեղմուած ադամանդ դարձած պետութիւնը, որպէսզի մեր նահատակներուն հոգիները հանգիստ գտնեն, եւ անոնց սխրանքներուն երախտագէտ, արժանի հետեւորդներու կոչումին արժանի ըլլանք։
Սիրելի՛ հարազատներ,
Աւարտելով խօսքս, յորդոր խնդրանք մը ունիմ բոլորիդ. երբ Հայաստան այցելէք, ի շարս բոլոր տեսարժան եւ աւանդական վայրերուն, ծաղկեփունջ մը տարէք Յաղթանակի այգի։ Նախ պատշգամէն երկար դիտեցէք Արարատը, ապա դարձէք դէպի վեհաշուգ Մայր Հայաստանը, խոնարհեցէք ձեր գլուխները, դրէք ծաղիկները անմար կրակին առջեւ եւ մտովի կրկնեցէք այնտեղ արձանագրուած պատգամը.
«Ոչ ոք չի մոռացուել, ոչինչ չի մոռացուել»։
Կեցցէ՛ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը։
Փա՛ռք նահատակներուն։
Կեցցէ՛ ազատ, անկախ, ընկերավար եւ ժողովրդավար Հայաստանը։

