Յարգարժան հիւրեր,
Սիրելի՛ ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Ամէն տարուայ նման, յունիսեան այս օրը մէկտեղած է մեզ՝ ապրելու յարգանքի, յիշողութեան եւ ազգային ուխտի խորհրդաւոր պահ մը, ոգեկոչելու Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան այն բոլոր անմահ նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն հայ ժողովուրդի ազատութեան, ազգային իրաւունքներուն, ընկերային արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։
Այս մեզի համար սովորական յիշատակի օր մը չէ, այլ վերափոխման, ազգային պատասխանատուութեան եւ ուխտի հրաւէր է, նկատի առնելով որ կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ բոլոր անոնց, որոնք պայքարեցան, տառապեցան, բանտարկուեցան, աքսորուեցան եւ զոհուեցան հայ ժողովուրդի ազատութեան համար։
Կը յիշենք յատկապէս Հնչակեան Քսան ղեկավարները՝ հայ ժողովուրդի այն փայլուն հերոսները, որոնք 1915 թուականի Յունիս 15-ին Օսմանեան կայսրութեան բռնապետներուն ձեռամբ կախաղան բարձրացան Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ։ Անոնց մեղքը պայքարն էր յանուն արդարութեան եւ ազատ ապրելու իրաւունքին:
Այդ գործին լծուած Փարամազն ու իր 19 ընկերները շատ լաւ գիտէին, թէ ինչ ճակատագիր կը սպասէր իրենց։ Սակայն չվախցան, չընկրկեցան, չծախեցին իրենց սկզբունքները եւ չհրաժարեցան գաղափարէն ու համոզումներէն։ Քսանները լոկ կուսակցական գործիչներ չէին, այլ՝ ազգային արժանապատուութեան տիտաններ, խորհրդանշելով այն հայը, որ պատրաստ է ամէն զոհողութեամբ տէր կանգնելու ժողովուրդին իրաւունքներուն ու հայրենիքի ապագային։ Կախաղան բարձրանալով անոնք յաղթեցին, որովհետեւ պատմութիւնը կը յիշէ հերոսները, ոչ թէ բռնակալ դահիճները:
Քսաններէն անդին, Հնչակեան պատմութիւնը գրուած է անձնուիրութեան եւ ծառայութեան ոսկէ տառերով՝ սկսեալ Սասնոյ, Զէյթունի եւ Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան օրերէն, մինչեւ Սիւնիքի եւ Արցախի պաշտպանութեան մարտերը, անցնելով հայապահպանութեան ջանքերէն եւ Սփիւռքի գաղութներու կազմաւորումէն: Հնչակեան կուսակցութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին կողքին՝ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան խրամատներուն մէջ՝ անշեղ հաւատքով եւ անսակարկ նուիրումով:
Սիրելիներ,
Ընդունելով հանդերձ, որ Քսաններու նահատակութենէն 111 տարի ետք բաւական փոխուած են աշխարհն ու քաղաքական քարտէզները, կը նկատենք արդարութեան պայքարի շարունակութիւնը։ Այսօր եւս, շատեր կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար, պատերազմներն ու բռնութիւնները կը խլեն մարդկային անմեղ կեանքեր, Արեւելքը տակաւին կը բոլորէ վտանգաւոր ժամանակաշրջան մը՝ որպէս միջազգային շահերու բախման դաշտ։ Այս իրավիճակին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը մնայ հաւատարիմ իր պատմական սկզբունքներուն. կը հաւատանք խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան, կը դատապարտենք անմեղ քաղաքացիներու դէմ իրականացուող բռնութիւնները, զանգուածային աւերածութիւններն ու ռազմական քաղաքականութիւնները, ուր որ ալ ըլլան անոնք։
Փոխարէնը, կը հաւատանք, որ ժողովուրդները ունին իրաւունք՝ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանք մը։ Կը պահանջենք, որ դադրին մարդկային ողբերգութիւններուն պատճառ հանդիսացող քաղաքականութիւնները։ Կը շեշտենք, որ երկարատեւ խաղաղութիւնը չի կրնար հիմնուիլ ուժի, բռնութեան եւ պատերազմի վրայ, այլ միայն արդարութեան, միջազգային իրաւունքի եւ քաղաքական լուծումի։
Նոյն պատկերացումը ունինք նաեւ Լիբանանի պարագային ու կը պահանջենք, որ դադրին իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, բռնագրաւող բանակը դուրս գայ լիբանանեան հողերէն, յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, որովհետեւ լիբանանցին եւս արժանի է խաղաղ եւ անվտանգ պայմաններով կերտելու իր ապագան:
Սակայն, ինքնաքննադատութիւնը անխուսափելի է այստեղ: Լիբանանցիները տասնամեակներ շարունակ վերածուած են այլոց հակամարտութիւններու բեմահարթակի, վճառելով սուղ գին՝ սեփական տնտեսութենէն, ապահովութենէն եւ կեանքէն: Ահա թէ ինչու Հնչակեան կուսակցութիւնը կը կանգնի Լիբանանի պետութեան կողքին՝ հանրապետութեան նախագահին, օրինական կառավարութեան, եւ լիբանանեան բանակին կողքին, հաւատալով որ Լիբանանի ճակատագիրը պէտք չէ վճռեն արտաքին ուժերը, այլ պետական հաստատութիւնները պէտք է դառնան ազգային կեանքին առանցքը, ունենան պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին մենաշնորհը ու պաշտպանութիւնը կազմակերպուի օրինական կառոյցներուն միջոցով։ Կը հաւատանք, որ Լիբանանի անվտանգութեան երաշխիքը ազգային բանակն է, ազգային միասնականութիւնը եւ պետական հաստատութիւններուն հզօրացումը։
Վերջապէ՛ս հասած է ժամը, որ լիբանանցին չդրուի այլոց առճակատումի զոհասեղանին վրայ, այլ գերադասուի ազգային շահը, որովհետեւ այս ժողովուրդը եւս արժանի է խաղաղ ապրելու իր հողին վրայ, զարգացող տնտեսութեամբ եւ արժանապատիւ կեանքով կառուցելու լաւագոյն ապագան՝ գալիք սերունդներուն ժառանգելով ոչ թէ աւերուած եւ հիւծող, այլ արդար, ծաղկուն եւ բարգաւաճ պետութիւն մը:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Սիրելի՛ ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Մեր կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ մեր տարածաշրջանին խնդիրները չունին զէնքով մնայուն լուծում, այլ կայուն խաղաղութիւնը կը կառուցուի քաղաքական կամքով, դիւանագիտութեամբ, երկխօսութեամբ եւ բանակցութիւններով։ Կը հաւատանք, որ Լիբանանի իրաւունքները կարելի է պաշտպանել առանց կործանարար պատերազմներու եւ յաւելեալ աւերուածութեան։ Կարելի՛ է միաժամանակ պահպանել թէ՛ ազգային արժանապատուութիւնը, թէ՛ մարդկային կեանքը եւ թէ՛ ինքնիշխանութիւնը, կառչելով պետական հաստատութիւններուն: Ահա՛ մեր քաղաքական համոզումը, մեր պատասխանատուութիւնը եւ մեր ուղին։
Մենք, լիբանանահայերս, խորապէս կապուած ենք այս երկրին, որ մեզի տուաւ վերածնելու, ազգային ինքնութիւնը պահպանելու հնարաւորութիւն եւ արժանապատիւ քաղաքացիի կեանք։ Հետեւաբար Լիբանանի կայունութիւնը, խաղաղութիւնը եւ վերականգնումը եւս անբաժան մասնիկն են մեր ազգային շահերուն։
Սիրելի՛ երիտասարդներ,
Այսօրուան պատգամը առաջին հերթին ուղղուած է ձեզի։ Մեր նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի դուք կարենաք ապրիլ ազատ եւ արժանապատիւ։ Անոնք ձեզի կը փոխանցեն ո՛չ թէ ատելութիւն, այլ՝ պատասխանատուութիւն, ո՛չ թէ յուսահատութիւն, այլ՝ հաւատք, ո՛չ թէ պառակտում, այլ՝ միութիւն, ո՛չ թէ անձնական շահ, այլ՝ ազգային ծառայութիւն։ Ուստի, պահեցէ՛ք ձեր ինքնութիւնը, ձեր լեզուն եւ մշակոյթը։ Ծառայեցէ՛ք ձեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Յանձնառո՛ւ եղէք արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Միշտ յիշեցէք, թէ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ յաջողութիւններու հասած ենք երբ եղած ենք միասնական, իսկ պառակտումը առաջնորդած է միայն պարտութեան եւ անկումի: Ուստի, հրաժարինք հատուածական նեղ շահերէն եւ զինուինք միասնականութեամբ, որովհետեւ «հայ ժողովուրդին փրկութիւնը իր միասնական ուժին մէջ է»:
Սիրելի՛ ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Այսօր մենք չենք սգար, այլ կը հպարտանանք մեր նահատակներով, մեր պատմութեամբ եւ մեր ժողովուրդով։ Հնչակեան հերոսներուն եւ հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ խոնարհելով մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը։ Ուխտ՝ ծառայելու մեր ժողովուրդին, պաշտպանելու Հայաստանի անկախութիւնն ու Լիբանանի կայունութիւնը, կառչած մնալու խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։ Միայն ա՛յդ պարագային արժանի կ’ըլլանք մեր հերոս նահատակներու ժառանգած աւանդին:
Փա՛ռք Հնչակեան կուսակցութեան բոլոր նահատակներուն։
Փա՛ռք հայ ժողովուրդի բոլոր հերոսներուն։
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդի միասնութիւնը։
Կեցցէ՛ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը։
Կեցցե՛ն գերիշխան Լիբանանը, ազատ, անկախ, ինքնիշխան, ժողովրդավար եւ ընկերվար Հայաստանը։

