Վերահաստատելով, որ ոչ ոք մոռցուած է եւ ոչինչ մոռցուած է, Հնչակեան Քսան հերոսներու նահատակութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ, Ուրբաթ, 19 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հնչակեան նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Հրայր Չոլաքեան, գերպ. Տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան ու դեսպանութեան անձնակազմը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան եւ ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան անդամ տոքթ. Սահակ Թաշճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Ճորճ Գրիգորեան, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ մեթր Սերժ Մելքոնեան եւ Յովհաննէս Պչաքճեան, Սին էլ Ֆիլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գարօլին Խաչիկեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Պասթաճեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ ազգային, մարզական, կրթական, բարեգործական, քաղաքապետական, մշակութային եւ լրատուական կառոյցներու ատենապետներ ու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ լիբանանահայեր:

Խմբավարութեամբ ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանի, նորակազմ «Կայծ» երգչախումբը հանդիսութեան բացումը կատարեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՍԴՀԿ-ի քայլերգներով, ապա ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ ընկ. Գէորգ Տաղլեան ողջունեց ներկաները եւ դիտել տուաւ, որ այս տարի որոշուած է ոգեկոչել ոչ միայն Քսանները, այլեւ անոնց նահատակութեան 111-րդ տարելիցին առթիւ յարգանքի տուրք մատուցել հնչակեան բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ նահատակներուն, որովհետեւ հայրենիքին, ժողովուրդին եւ գաղափարին համար կեանքի զոհաբերութիւնը կը համարուի գերագոյն արժէք: «Այսօր նաեւ ուխտի նորոգման օր է, երբ կը վերանորոգենք մեր հաւատարմութիւնը այն արժէքներուն եւ իտէալներուն, որոնց համար պայքարեցան եւ նահատակուեցան մեր նախնիները։

Ի սկզբանէ, Հնչակեան կուսակցութեան նպատակը եւ առաքելութիւնը եղած է ազատագրուած տեսնել Հայաստանը, ինչպէս նաեւ ազատ ու արժանապատիւ կեանքով ապրող բոլոր ժողովուրդներն ու ընկճեալ դասակարգերը», յիշեցուց ընկ. Տաղլեան, դիտել տալով, որ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ հանդիսութիւնը վերածուած է նահատակներուն պատգամով ոգեշնչուելու եւ համախմբուելու հնարաւորութեան:

ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան իր խօսքին մէջ «ազգային արժանապատուութեան տիտաններ» համարեց հնչակեան նահատակները, յիշեցնելով որ կուսակցութեան պատմութեան էջերը հարուստ են պայքարի ոսկէ դրուագներով: Ան ապա անդրադարձաւ Լիբանանի մերօրեայ զարգացումներուն ու վերահաստատեց Հնչակեան կուսակցութեան յանձնառութիւնը արժանապատիւ խաղաղութեան, զօրակցելով Լիբանանի պետութեան եւ օրինական զինուած ուժերուն, հեռու արտաքին միջամտութիւններէն: Իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, ընկ. Տագէսեան կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու նահատակներուն արժէքներուն:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ ջութակահար Սագօ Աւագեան, երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալանճեանի, մինչ ընկ. Թաֆրանեան ներկայացուց ազգային քանի մը երգ:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ազգային ազատագրական եւ ընկերվարական պայքարին մէջ ՍԴՀԿ-ի աւանդին վրայ, վստահեցնելով որ կուսակցութիւնը յանդուգն պայքարող էր ու կը մնայ երէկ, այսօր եւ ընդմիշտ: Ան ապա անդրադարձաւ Հայաստանի նորագոյն զարգացումներուն, վերահաստատելով միասնականութիւնը պահպանող եւ պետութիւնը ամրացնող լուծումներու յանգելու Հնչակեան կոչը:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ նշեց, թէ ուրախ եւ տխուր առիթներով միշտ մեր նահատակները մեծարելով կը վերյիշենք, որ պայքարի ուղիին վրայ ունեցած ենք բազում հերոսներ, որոնք պահպանած են հայութեան իտէալները եւ նոյնիսկ կեանքի գնով մարտնչած են յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: «Հայոց պատմութեան կրակը պէտք է ամէն օր բոցավառէ մեր կեանքը, որպէսզի մեր տուներէն ներս, կառոյցներէն ներս, կազմակերպութիւններուն ճամբով եւ մեր համայնական կեանքին մէջ մենք շարունակենք Հայաստանը ամէն օր հաւատքով ապրեցնել մեր մէջ», ըսաւ ան: Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք մեր պատմական մեծերուն օրինակով այսօր կը շարունակեն մեր պայքարը:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը իր աւարտին հասաւ «Ուխտի Հրաւէր» երգով, կատարողութեամբ «Կայծ» երգչախումբին եւ բոլոր ներկաներուն, որմէ ետք Յովիկ Թաֆրանեան ներկայացուց փունջ մը ազգային յեղափոխական երգեր:
Ոգեկոչելով Քսաններուն եւ հնչակեան բոլոր նահատակներուն յիշատակը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան մերօրեայ սերունդը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ հերոսներուն աւանդին տէր կանգնելու, անոնց արեան գնով կերտուած արժէքները կրելու եւ գալիք սերունդները հնչակեանի նոյն ոգիով ներշնչելու պարտականութեան, որովհետեւ այդպէս նահատակները չեն մեռնիր, այլ նոր սերունդին մէջ կը ծնին նորանոր հերոսներ:

