Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ռուսաստանի Ճնշումները Եւ Եւրոպայի Անսակարկ Աջակցութիւնը Հայաստանին

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

June 20, 2026
in Յօդուածներ
0
Ռուսաստանի Ճնշումները Եւ Եւրոպայի Անսակարկ Աջակցութիւնը Հայաստանին

Հրապարակուեցան Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, սակայն կը շարունակուին յետընտրական գործընթացները՝ ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ։ Ընդդիմութիւնը քուէարկութիւնը կը նկատէ կեղծուած, հակառակ միջազգային դիտորդական առաքելութիւններուն կողմէ տրուած  գնահատականներուն, որոնք ընդհանուր առմամբ դրական են։

Ընտրութիւններուն պարտութիւն կրած ընդդիմադիր ուժերուն կը ձայնակցի միայն Ռուսաստանը, որուն նախագահը մինչեւ այս պահը չէ շնորհաւորած Հայաստանի վարչապետը։ Զարմանալի է Մոսկուայի որդեգրած ժխտական վերաբերմունքը Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան կամքի արտայայտութեան նկատմամբ, յատկապէս երբ պաշտօնական յայտարարութիւններ կը հնչեն ըսելու համար, որ «խախտուած են ազատ ընտրութիւններու ժողովրդավարական ընթացակարգերը»։ Այստեղ կ’արժէ յիշեցնել, որ վերջին տասնամեակներուն Ռուսաստանի մէջ կայացած որեւէ ընտրութիւն մրցակցային բնոյթ չէ ունեցած, չէ արտօնուած ոեւէ ընդդիմադիր գործիչի մասնակցութիւնը  նախագահական ընտրութիւններուն, գոյութիւն ունենալէ դադրած է անկախ մամուլը, խիստ սահմանափակուած է համացանցի հասանելիութիւնը ռուսաստանցի հասարակութեան, արգիլուած են Ֆէյսպուքը եւ ընկերային հաղորդակցութեան այլ հարթակները։ Հետեւաբար, Հայաստանի ընտրութիւնները «ոչ-ժողովրդավարական» որակելը խիստ հեգնական կը հնչէ ռուսական չափանիշերուն հետ համեմատած։

Պարզ է, որ ներկայիս Մոսկուան դժուարութիւն ունի հաշտուելու իրողութեան հետ։ Ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ ռուսաստանեան յայտնի ու անյայտ շրջանակները լծուած էին Հայաստանի իշխանութիւններու դէմ ապատեղեկութիւններ տարածելու աշխատանքին։ Այս արշաւին յաջորդեց իրենց հնազանդ ուժերուն բացայայտ կերպով  հովանաւորելը, ու այդ հարցով տասնեակ միլիոն տոլարներու ներդրումը՝ Երեւանի մէջ գործող իշխանութիւնը տապալելու նպատակով։ Այս բոլորին կողքին ականատես եղանք Քրեմլինի տեսակէտները փոխանցող՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ ամէնօրեայ յաճախականութեամբ հնչող սպառնալիքներու։

Երբ այս բոլորը ձախողեցան տկարացնելու Փաշինեանի դիրքերը, Մոսկուան անցաւ տնտեսական ճնշումներու քաղաքականութեան՝ ընտրութիւններէն շաբաթ մը առաջ արգիլելով հայկական բազմատեսակ արտադրանքներու մուտքը Ռուսաստան, յոյս ունենալով, որ այդ քայլերով կրնայ ազդել ընտրողներու տրամադրութեան վրայ։

Միւս կողմէ, հաւաքական Եւրոպան չուշացաւ հասնելու Հայաստանի օգնութեան։ Պայմաններ ստեղծուեցան, որպէսզի գիւղատնտեսական արտադրանքները անմիջապէս հասնին եւրոպական երկիրներ՝ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով այդ նպատակի իրագործման համար։ Այժմ, Եւրոմիութիւնը Հայաստանի համար կը պատրաստէ աջակցութեան ծրագիր՝ ի պատասխան Ռուսաստանի կողմէ առեւտրային սահմանափակումներուն։ Այս բոլորը կը կատարուին նկատի առնելով միմիայն այն, որ Հայաստան ընտրած է ժողովրդավարութեան ուղղութիւնը ու կը փորձէ բարեկամական յարաբերութիւններ վարել բոլորին հետ։

Մինչեւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը Հայաստանի հասարակութիւնը կը նկատուէր ամէնէն ռուսամէտը՝ նախկին Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։ Անկէ ասդին տրամադրութիւնները կամաց-կամաց  սկսան փոխուիլ։ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան ընթացքին Ռուսաստան իր անգործութեամբ կամ լուռ մեղսակցութեամբ եկաւ կորսնցնելու հայութեան մօտ իր ունեցած ամբողջ վարկը։

Այդ թուականէն ասդին Հայաստանի նկատմամբ Մոսկուայի առած բոլոր քայլերը սխալ հաշուարկներու շղթայ մըն է, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Ժամանակը եկած է որպէսզի Ռուսաստան վերատեսութեան ենթարկէ ներկայիս  վարած իր քաղաքականութիւնը ու փորձէ վերականգնել իր յարաբերութիւնները՝ առաջին հերթին արժանանալով Հայաստանի հանրութեան վստահութեան, քանի որ սպառնալիքներու ու ճնշումներու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը արդէն իսկ փաստած է իր ձախողութիւնը։

Share61Tweet38
Previous Post

Հակասակա՞ն, Մերժողակա՞ն, Թէ՞ Զուգահեռական Մտքեր

Next Post

Հնչակեան Նահատակներուն Ուղիով՝ Հերոսական Անցեալէն Արժանապատիւ Ապագայ

Next Post
Հնչակեան Նահատակներուն Ուղիով՝ Հերոսական Անցեալէն Արժանապատիւ Ապագայ

Հնչակեան Նահատակներուն Ուղիով՝ Հերոսական Անցեալէն Արժանապատիւ Ապագայ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.