Այն տեսութիւնը, որ՝ իրապաշտները զգացմունքներէ հեռու են, շատ սխալ հասկացողութիւն է։ Իրապաշտները ընդհանրապէս զգացմունքները մէկ կողմ չեն դներ։ Ընդհակառակը, շատ կը յարգեն։ Տրամաբանողներն են, որ կը մերժեն զգացմունքները եւ լրիւ հեռու են անկէ, եւ իրապաշտներուն հետ ընդհանրապէս կապ չունին։
Շատ բաներ կան, որ տրամաբանական են, բայց իրապաշտ չեն։ Իրապաշտը` տրամաբանութիւնն ու զգացմունքները հաւասարապէս իրար կը խառնէ, նայած որքան պէտք է խառնուի այդ վիճակին մէջ։
Իրապաշտութիւնը ամենադժուարն է, որովհետեւ տրամաբանութիւնը եւ զգացմունքները պիտի միահիւսէ իրարու։
Եթէ աշխարհը տրամաբանութիւն ըլլար, մենք լրիւ ուրիշ վիճակի մէջ կ’ըլլայինք։ Բայց աշխարհը միայն տրամաբանութիւն չէ։ Տրամաբանութիւնը շատ բան չեղեալ կ’ընէ, որ իրականութեան հետ կապ չունի։
Տրամաբանութիւնը համակարգ մըն է, որ կը գործածուի մտածելու ձեւի մը մէջ, որ երբեմն պէտք է։ Իրապաշտութիւնը եւս մտածելու համակարգ մըն է, որ կը գործածուի իր յատուկ տեղին։
Զգացմունքայինը կամ ընդհանրապէս զգացականը դարձեալ մտածելակերպ մըն է, որ կը գործածուի կարգ մը տեղեր։
Չես կրնար զատել իրարմէ, բոլորն ալ պէտք են տարբեր-տարբեր վիճակներու մէջ, նայած թէ ինչ է նպատակդ եւ ինչ են շահերդ։
Մարդ արարածը իր սիրածին հետ չի կրնար տրամաբանութեամբ խօսիլ, այլ` զգացումով կը մօտենայ։ Նոյնպէս ալ գործին մէջ` չի կրնար զգացական վարուիլ, պէտք է ամբողջութեամբ տրամաբանութեամբ մօտենայ, քանի որ այստեղ գործը թիւերու հետ է։
Իսկ եթէ մարդը իր կեանքին հետ կապուած որոշում մը պիտի կայացնէ, ապա զգացականը պիտի միախառնէ տրամաբանութեան հետ, որպէսզի կարողանայ լաւ եւ ճիշտ արդիւնքի հասնիլ։
Տրամաբանութիւնը կ’ըսէ, որ դուն գիւտ մը ըրիր եւ հնարեցիր դեղ մը, որ մարդուն առողջութեան համար պէտք է, եւ քեզմէ բացի ոչ ոք ունի այդ դեղը, ուստի դուն ուզածդ գինը կրնաս խնդրել։
Զգացականը կ’ըսէ` չէ դուն միակ անձն ես, որ այս դեղը ունիս, պէտք է բոլոր մարդիկը բուժես` ինչ ալ ըլլայ գինը։
Իրապաշտը կ’ըսէ, որ դուն դրամագլուխ ունիս` դուն ալ պիտի ապրիս։ Դուն բան մը հնարեցիր, որ ուրիշը չկարողացաւ, դեղ գտար, իրաւունքդ է վարձատրութիւնը` դրամը։ Բայց միեւնոյն ատեն մարդոց ալ տնտեսական վիճակը նկատի պէտք է առնես։ Ինչո՞ւ, դարձեալ քու անձնական շահերուդ համար։
Եթէ աժան վաճառես եւ եթէ աւելի աժան՝ քու սահմանած անբնական գինէդ, շատ աւելի մարդ պիտի կարողանայ գնել եւ դուն աւելի վաստակած կ’ըլլաս։ Վերջաւորութեան իրապաշտութիւնը քու շահերուդ շատ կը ծառայէ։
Այս պարագային անհատի հայեցողութենէն կախեալ է որոշումը։
Վերջ ի վերջոյ, դուն մարդ ես եւ իրաւունք ունիս ազատ ընտրութեան։ Ո՞ր գաղափարախօսութիւնը քեզի համար հոգեհարազատ է եւ կը զգաս, որ դուն այդ դպրոցին կը պատկանիս` այնտեղ է որ կրնաս յառաջդիմել եւ ստեղծագործել։
Այս է այսօրուայ աշխարհը. Գնա՛, ընտրէ՛ ինչը որ կ’ուզես, ուր որ կ’ուզես։ Այս է ազատականութիւնը, ճիշդն ալ այս պէտք է ըլլայ, ըստ ինծի։

