Նորօրեայ ու նորժամանակեայ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, բազմատեսակի ու բազմաբնոյթ ճիւղերով, հսկայ եւ արժէքաւոր եզակիութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ հայութեան գոյութեան եւ յարատեւման ճոխ ու բեղուն երեսներն ու փուլերը, իրենց յաջողութիւններով եւ յաղթանակներով, սխրագործութիւններով ու հերոսութիւններով, նուաճումներով եւ իրագործումներով, հերոսներով ու տեսլապաշտներով, նոյնիսկ իրենց ձախողութիւններով ու թերացումներով, պարտութիւններով եւ անկումներով, տատանումներով եւ խարխափումներով, ելեւէջներով ու վերիվայրումներով։
Այդ բոլորը ցոյց կու տան հայութեան խայտաբղէտ կեանքը, տարատեսակ ապրելակերպը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինքնութեան ոլորտները, նկարագրային յատկութիւնները, աւանդութեանց ժառանգութիւնները, հաւատքի արմատները, մարտնչումի ուժականութիւնները, հայրենապաշտպանութեան կառչածութիւնները, եւ ընդհանրապէս ինքնապաշտպանութեան եւ ինքնագոյութեան հիմունքները։
Ասոնց կողքին կը յայտնուին նաեւ հայոց մշակութային, գրաշխարհային, արուեստաշէնային, ստեղծագործային, ազգակերտային, հայապահպանային ու մարդկային հոգե-զգացական հայաշխարհային ու ներաշխարհային ԳԱՆՁԱՅԻՆ աղբիւրներով յորդառատ հարստութիւններ, որոնք կը կազմեն բացառիկ, անզուգական եւ անկրկնելի բարեմանութիւններով օժտուած «ոսկեայ շղթաներ»։
Ի զուր տեղ չէ, որ հայ ժողովուրդը, աւանդականօրէն ու պատմականօրէն դասուած ու ճանչցուած է իր համայնական, ընդհանրական եւ ինքնակերտական արժանիքներով, ուր իր կրօնական հաւատամքը, ազգագրական էութիւնը, ստեղծագործական լինելիութիւնը, մարտունակութիւնը, անկախական ձգտումները եւ ազատագրական փորձերը զինք պահած են կենդանի ու կանգուն, այն հաւատքով ու վճռակամութեամբ, որ ան չի կրնար անէանալ կամ աներեւոյթանալ աշխարհէն, ոչ ալ կրնայ ջնջուիլ քարտէսէն։
Ահաւասիկ հիմնահարցեր եւ էախնդիրներ, որոնք հայ ժողովուրդին համար դարձած ու մնացած են անվիճելի եւ անկորնչելի ամրակուռ հրամայականներ։
Սակայն, երբ այս կարգի թուումներ կը կատարենք, կ’արձանագրենք կամ կը բացայայտենք, ինքնին նշանակելի կը դառնայ, որ հայ ժողովուրդի տարողութեամբ, հեղինակութեամբ ու վաստակաշատութեամբ «համեմուած» ազգութիւն մը ինչպէ՞ս կրցած է իր գոյութիւնը պահել-պահպանել, աճիլ-համակերպիլ, կազմակերպուիլ-ստեղծագործել, քաջ գիտնալով ու հաւատալով, որ ա՛յդ է իր ճանապարհը, ուղին եւ ապագան։
Եւ ասոնք, հոգ չէ թէ ան մերթ ընդ մերթ զրկուած եղած է անկախական գոյերթէն, պետական կարգավիճակէն կամ ազատական ընտրանքէն, բայց շնորհիւ իր կամքի հզօրութեան, ապրելու տենջին ու գոյատեւելու անփոխարինելիութեան, ան մնաց իր «ազգային կանչ»ին հարազատ կրողը եւ արձագանգողը, ընդ հովանեաւ ԱԶԳԱՅԻՆ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան, պաշտպանութեան ու հոգատարութեան։
Թերեւս այս էր պատճառը, որ հայ ժողովուրդը, առանց ընկրկելու, նահանջելու կամ անձնատուութեան, ոչ միայն մնաց պատնէշի վրայ, այլ՝ որոնեց ու գտաւ այն ճանապարհները, որոնք զինք կ’առաջնորդեն, կը պատսպարեն ու կը զօրակցին անայլայլ, անխռով եւ անփոփոխ շարժերով։
Անշուշտ, երբ լուսարձակի տակ կ’առնուի հայ ժողովուրդին դժուարին, այլապէս քարքարոտ ուղին, պարզ կը դառնայ, որ ան ինչպիսի՜ որոգոյթներէ, դաւաճանութիւններէ ու դարանակալութիւններէ անցած է, բայց կրցած է այդ բոլորին նկատմամբ «որդեգրել» հայու անկոտրում կամք եւ անխառն կեցուածք, միշտ հարազատ ու կառչած մնալու համար իր ազգային-հայրենական ինքնութեան։
Կասկած չկայ, որ հայ ժողովուրդին գոյակեցութիւնը չէ եղած հեզասահ, ոչ ալ դիւրահունչ, բայց նոյնքան ալ յստակ է, որ ան երբեք անձնատուր չէ եղած ներքին թէ արտաքին ճնշումներուն, խեղդոցներուն եւ օղակումներուն, որոնք կը սպառնային ոչ միայն իր գոյութեան, այլ աւելին՝ անոր ոչնչացման, անհետացման եւ անէացման։
Հետեւաբար, եթէ հայ ժողովուրդը այն քիչերէն է, որ կրցած է դիմադրել ու պայքարիլ նման ծրագրուած ու կազմակերպուած գրոհներու եւ յարձակումներու դէմ, ատիկա կը պարտի իր այն տեսիլքներուն ու հեռանկարներուն, որոնցմով ան ինքզինք պահած է աներեր, անտեղիտալի, անդրդուելի, անզիջող եւ անյողդողդ միանգամա՛յն։
֍֍֍
Այս ամփոփ, բայց անհրաժեշտ գրառումով կ’ուզեմ լոյս սփռել խաւարի հասնող ու հաւասարող, խիստ կենսական ու հիմնարար երեւոյթ-թղթածրարի մը վրայ, որ կ’առնչուի հայ ժողովուրդի պատմութեան այն հատուածներուն հետ, որոնք գէթ քանի մը տասնամեակներու «անցեալ» ունին, բայց կը նկատուին մեր պատմութեան այն էջերը, ուր «ներկան» ինքզինք կը խօսեցնէ, կ’աղաղակէ, կը պահանջէ կամ կը պարտադրէ։
Շատ հեռու պիտի չերթամ այս ընդգծումով, այլ պիտի փորձեմ «տող»երը իրենց տեղը դնել, որովհետեւ անոնք անմիջական անդրադարձներու, ապրումներու եւ զարգացումներու… կենդանի պատկերներն են իրենց դրական ու ժխտական, բարոյական ու խրատական թեզերով, երանգներով, ծալքերով ու կողմերով, ցոյց տալով, թէ արդի շնչող իրականութիւնը, իր խամրող ու կենդանապահ կեանքով, չի կրնար մէկ օրէն միւսը դառնալ լուսանցքային կամ ստուերային, պարզ այն գիտակցութեամբ ու տրամադրութեամբ, որ հայ ժողովուրդը երբեք այդ ընթացքով եւ ալիքով չէ գոյատեւած, ոչ ալ ինքզինք նետած է ալեկոծող ու փոթորկող մահացու իրավիճակներու մէջ։
Մեր դիտարկումը եւ ակնարկումը այս պարագային կ’երթայ ու կը կեդրոնանայ հետեւեալ հիմնակէտին վրայ, որ, իրօք, ոչ միայն հրատապ է, այլեւ խիստ պահանջատիրական:
Մեր պատմութիւնը, իր հրատապ թէ մօտիկ գրառումներով, տեղեկագրութիւններով, բացատրագրութիւններով, արձանագրութիւններով, նկարագրութիւններով, վկայագրութիւններով, իրաւացիութեամբ թէ առարկայագրութեամբ, կամ յարակից գործառնութիւններով, գո՞յ է, արդարացնո՞ղ է, համոզո՞ղ է, ընդունելի՞ է, թէ՞ անոնք հաւաքուած են, կազմուած, ամփոփուած ու հրապարակուած, ըստ կամս կամ ըստ… ապսպրանքս։
Այնքան ատեն որ Սփիւռքը չունի իր ակադեմական, գիտական ու պատմական մակարդակներով հիմնարկներ կամ հաստատութիւններ, հետեւաբար հայ պատմագրութիւնը կը մնայ այս կամ այն անձի մը, տիրոջ մը կամ կողմի մը ԱՆՁՆԱԿԱՆ տեսողութեան, չափանշութեան կամ օրակարգութեան սահմաններուն մէջ, ատոնք կրնա՞ն, ի վիճակի՞ են յուշագրական, պատմագրական ու վաւերագրական հրատարակութիւններ նկատի առնուիլ, երբ պատմագիտութիւնը, թափանցիկութիւնը, իրապաշտութիւնը, վաւերականութիւնը կրնան «հարցականներու» տեղի տալ իրենց ՃՇՄԱՐՏԱԽՕՍԱԿԱՆ եւ ՈՒՂՂԱԽՕՍԱԿԱՆ տուեալներով, քանի որ նման մօտեցումներով արժանի չեն ըլլար հաւաստիութեան, պատմայուշագրութեան ոգիին եւ չեն կրնար ծառայել իրենց նպատակներուն ու ծրագրերուն, վերածուելով թիւր ու դիւրաբեկ հրատարակութիւններու։
Բնական է, երբ կը խօսինք կամ կ’անդրադառնանք նման «խստապահանջական» սկզբունքներով աշխատանքներու լոյս ընծայման, որոնց կիրարկումը, որոշապէ՛ս, խիստ անհրաժեշտ է, նկատի կ’ունենաք նաեւ, անպայմանօրէ՛ն, ժամանակակից (գէթ հարիւր կամ աւելի տարիներու) յուշագրութեան պատմագրութիւնները, ինչպէս, ազգային կառոյցներու, միութենական կեդրոններու, մարզական խմբաւորումներու, հայրենակցական միաւորներու, սկաուտական շարժումներու, կրթական ցանցերու, համայնքային պատկանելիութիւններու, կուսակցական կազմակերպութիւններու, մամլոյ հրատարակութիւններու, բարեսիրական հիմնարկութիւններու, եկեղեցական խորհուրդներու, երիտասարդական կազմերու, գեղարուեստական գործունէութիւններու եւ այլ նմանօրինակ հաւաքներու, որոնք բոլորն ալ, անհատական թէ հաւաքական ներդրումներով, ներբերումներով թէ ներկարգերով, ծառայած են իրենց հօտերուն, շրջանակներուն, գաղութներուն, բնակչութիւններուն, նոր սերունդներու դաստիարակչական գործերուն, միով բանիւ, այն բոլոր կայքերուն, որոնք լոյս կը սփռեն, կը տեղեկագրեն, կը վերյիշեցնեն, կը նկարագրեն, կը փոխանցեն եւ ընդհանրապէս կը պատմագրեն ու կը վկայագրեն համապատասխան (ինչպէս վերը յիշուեցաւ) հայապահպանումի իւրաքանչիւր հիմնասիւնի պատմութեան մասին՝ իր ճիւղաւորումներով, շերտերով, ընթացքներով, հատուածներով կամ հոսանքներով։
Չենք տարակուսիր, որ այս ուղղութեամբ կան, եղած են հրատարակումներ, սակայն արդեօ՞ք բոլորն ալ ամբողջական են, հաւաստիական, վաւերագրական, պատմագիտական արժեչափերով համալրուած, նոյն տրամաբանութեամբ, արդեօ՞ք բոլորը գրառած են իրենց պատմութիւնները, գէթ ԿԱՏԱՐԵԱԼ բովանդակութեամբ, կը կասկածինք, որովհետեւ խօսքը չի վերաբերիր կիսատ կամ ցիրուցան յուշագրութիւններուն։
Կարելի՞ է ներողամտութեամբ բացատրել կամ արդարացնել այդ ձգձգումները կամ կաղացումները, մանաւանդ այն գաղութներուն պարագային, որոնք «փոքր Հայաստան»ի դերակատարութիւններով, հսկայական աշխատանքներ կատարած են (ու կը կատարեն), հետեւաբար ներելի չէ, որ անոնք «տժգոյն պատմուճան»ներու մէջ մնան, երբ այնքան փայլուն, հպարտացնող, յուսադրող, զօրակցող եւ յարատեւող առաքելութիւններով գործած են եւ, այսօր իսկ, կը մնան այդ յանձնառութիւններուն նուիրեալները։
(Անաչառ ըլլալու համար, դիտել տանք, թէ կարգ մը շրջանակներ (ոչ-մեծաթիւ), իրենց կոչումներուն հաւատարիմ, յուշագրութիւններով հանդէս եկած են, իրենց կարողութիւններու համեմատութեամբ, իրօք, արժանի գնահատումով)։
Անշուշտ, երբ կ’արտայայտուինք այս «ՏԱԳՆԱՊՈՏ» հարցին մասին, շատեր պիտի առարկեն, որ նման ծրագրեր յաջողցնելու համար (այլապէս շնորհակալ) պիտի յիշեն «անպատեհութիւն»ներ, որոնք համարեա անկարելի (՞) կը դարձնեն զանոնք գործադրելը, գլխաւորաբար նկատի ունենալով.
– Նիւթական անբաւարարութիւն կամ չգոյութիւն
– Մասնագէտ հեղինակութիւններու բացակայութիւն
– Հովանաւորներու անպատրաստութիւն կամ չկամութիւն
– «Հետաքրքրուող եւ ընթերցող չկայ»ի առարկութիւն
– Ոմանց ալ անտարբերութիւն ու հաւկուրութիւն
Թերեւս այս «պատճառաբանութիւններ»ը, ԻՆՉ-ՈՐ տեղ մասամբ արձանագրելի կամ նկատառելի ըլլան, բայց ՈՉ-ԼՐԻՒ համոզիչ, քանի որ մեր պատմութիւնը վկայ, հինգերորդ դարէն սկսեալ, անցնելով միջնադարէն մինչեւ յաջորդական դարաշրջաններ, հասնելով Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան ու վաղ սփիւռքաշրջան, ինչպէ՞ս հայ մտքի շնորհապարտներ եւ երախտաւորներ, անմահներ ու տեսլապաշտներ, կրցած են մեզի կտակել ԾՈՎ պատմագրութիւն, գրականութիւն, բանահիւսութիւն, քնարերգութիւն, դիւցազներգութիւն, յաջորդները՝ բազմասեռ ստեղծագործութիւններ, իսկ աւելի յաջորդները՝ նոյնքան հարուստ բանաստեղծական արուեստներ ու վիպական գործեր, մինչ ուրիշներ, այլազան գրասեռներով, պատմաերկերով եւ յուշագրութիւններով ճոխացուցած են հայ մտքի ու գրիչի աշխարհը։
Հետեւաբար, այն չքմեղանքները, որոնք այս կամ այլ առիթներով կը պարզուին (ինչպէս վերը ակնարկեցի), յումպէտս պատրուակներ են, եւ կարելի չէ անոնց վրայ հիմնուելով հայ ժողովուրդը «զրկել» իր այն պատումներէն, որոնք իրն են, իր հեռաւոր թէ մօտիկ նախնիներէն իրեն ժառանգուած, ուստի, բարդութային պատրուակներով պէտք չէ գոհանալ, ոչ ալ պահուըտիլ մատներու ետին։
Վերջին հաշուով, եթէ այս կամ այն շարժառիթներով մեր պատմագրութիւնը, յուշագրութիւնը, վաւերագրութիւնը, կենսագրութիւնը կամ ինքնագրութիւնը պիտի զլացուին հետագայ սերունդներուն եւ առհասարակ համայն հայութեան, այլապէս ալ պիտի մոռցուի, այն ատեն վա՜յ է եկեր մեր գոյութեան, ապա ուր կը մնայ ազգային արժանապատուութիւնը։
Եւ քանի որ այս «հաստափոր» թղթածրարը բացուեցաւ (ոչ իր լրիւ տարբերակներով), ժամն է, որ պատկան կողմեր ձեռնարկեն (կամ ամբողջացնեն) իրենց կեցութեան ու գոյութեան պատմութիւնը ԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼՈՒ, յուշագրական-գրականութեան լիարժէքութեան մը յաւերժացումով։
Անհիմն եւ անտեղի պատճառաբանութիւնները չեն որ պիտի արգելակեն յուշագրութեանց «ծննդոց»ները, ոչ ալ մռայլաշունչ… ուրուականները, քանզի մատուցուելիքը, ինչպէս երէկուան, նաեւ այսօրուան ու վաղուան պայծառ հեռանկարի մը ՊԱՅՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ իրականութիւնն է, պէ՛տք է ըլլայ։
Ծանօթ.- Առաջին առիթով, կը խոստանամ, այս մասին երկու կենդանի յուշերով հանդէս գալ։

