Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Յունաստանէն (արձագանգ հայկական կեանքի) – 2

 Լ. Շ.

June 20, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Յունաստանէն (արձագանգ հայկական կեանքի) – 2

ՖԻՔՍԻ (Աթէնք) «Արամ Մանուկեան» ակումբի սրահին մէջ, 30 Մայիսի գիշերը, բանախօսութեամբ, գեղարուեստական յայտագրով ու սեղաններու շուրջ սարքուած խնճոյք-խրախճանքով տօնախմբուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 98-րդ տարեդարձը, նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան։

Կազմակերպիչ մարմինի անունով ուղերձ մը կադացած է Վահրամ Չաքալեան։ Գլխաւոր բանախօս Արման Գրիգորեան (Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէ) անդրադարձած է  անկախութեան գաղափարին։ Համազգայինի «Նանօր» պարախումբը, պատանեաց երգչախումբ մը ու հնգանդամ նուագախումբ մը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծած են սրահին մէջ։

ԱԹԷՆՔԻ «Ազատ Օր» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայուած յօդուածով մը (29-30 Մայիս), խմբագիր Քերոբ Էքիզեան լուսարձակ բացած է յունահայոց գրական ու կրթական կեանքի երբեմնի նուիրեալ դէմքերէն Սօս-Վանիի (բուն անունով՝ Կարապետ Յովհաննէսեան) վաստակին վրայ։

Սօս-Վանին մահացեր է ճիշդ 60 տարի առաջ՝ 28  Մայիս 1966-ին, Աթէնքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։ Յօդուածագիրը ցաւ կը յայտնէ, որ Վասպուրականի Շատախ գաւառի ծնունդ այս բեղուն գրիչը այսօր «մոռացութեան մէջ ինկած է, անհետացած է»…։ Յետոյ ան կ՛անդրադառնայ անոր անտիպ գործերուն, ձեռագրերուն, պատմելով անոնց ճակատագրին վերաբերեալ հետեւեալ դրուագը.– Սօս-Վանիի մահէն երեք ամիս ետք, յունահայ ծանօթ մտաւորական Օննիկ Զաքարեան կ՛այցելէ ողբացեալին տունը ու անոր այրիին արտօնութեամբ խղճմտօրէն կը ցանկագրէ հեղինակին անտիպ գործերուն ու ձեռագրերուն ամբողջական ցուցակը։ Նամակով մը՝ Զաքարեան այս մասին կը տեղեկագրէ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանին, առաջարկելով Սօս-Վանիի գրական այդ ամբողջ թողօնը Յունաստանէն սնտուկով մը ղրկել Լիբանան (Համազգայինի արխիւ), հրատարակութեան նպատակով։ Իր այս առաջարկը ան կը կրկնէ քանիցս՝ Սօս-Վանիի գործերը կորուստէ փրկելու անկեղծ մտահոգութեամբ։ Վրացեան, սակայն, կը թելադրէ թղթապանակը ղրկել Խորհրդային Հայաստան…։ Ծրագիրը, այսպիսով, կ՛առկախուի։ Արդ, վաթսուն տարի անց, Սօս-Վանիի այդ թուղթերը ի՞նչ եղան, դառնութեամբ եւ ափսոսանքով հարց կու տայ Ք. Էքիզեան։ Ան կը գրէ. «Յայտնի չէ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ անկէ ետք։ Ո՞ւր մնացին գործերը, որո՞նց մօտ պահուեցան։ Արդեօ՞ք Զաքարեան զանոնք իր հետ տարաւ Պէյրութ (1967-ի վերջերը) եւ յանձնեց Ճեմարան։ Պէ՛տք է որոնել։ Արդեօ՞ք մնացին իր այրիին մօտ ու կորստեան մատնուեցան։ Արդեօ՞ք տարբեր կարգադրութիւն մը եղած է»։ Յօդուածագիրը միաժամանակ դիտել կու տայ, թէ Յունաստանի մէջ ատոնց հետքը չգտաւ…։ Ու «Ազատ Օր»-ի էջերուն՝ ան կը հրատարակէ Օննիկ Զաքարեանի կողմէ ցուցակագրուած Սօս-Վանիի անտիպներու ցանկը, որ կը բաղկանայ 35 անուն այլաբնոյթ գործերէ, հետաքրքրական վերնագրերով ու հազարաւոր էջերով…։ Հոն ծանր կը կշռեն մա՛նաւանդ հայրենական հեքիաթները, աւանդազրոյցները, առասպելները, ազգագրական պատումները, վիպերգերը եւ Վասպուրական աշխարհի առնչուող գաւառիկ նիւթերը, որոնցմով կը շնչէր ու կ՛ապրէր Սօս-Վանին…։ Իրա՛ւ ալ, ի՜նչ մեծ կորուստ է՝ եթէ մեծղի այդ թողօնը կորսուեր է կամ փճացեր…։

ԱԹԷՆՔԻ մէջ, վերջերս (2026), լոյս տեսած է հայ բանաստեղծութեան ընտիր նմոյշներու յունալեզու ծաղկաքաղ մը, որ կը կրէ «Հայկական քնար. ձայն եւ արձագանգ» խորագիրը։ Հատորը տպագրուած է «Արմենիքա» յունալեզու հայկական պարբերաթերթին մատենաշարով, որպէս այդ շարքին 20-րդ գիրքը։ 274 էջանի նորատիպին մէջ ընդգրկուած քերթուածներուն ամբողջական թարգմանութիւնը (հայերէնէ-յունարէն) կատարած է յունահայ գաղութի երէց մտաւորականներէն Արա Մանկոյեան, անշուշտ նպատակ ունենալով հելլէն հասարակութեան եւ գրական շրջանակներուն ծանօթացնել հայ բանաստեղծութիւնը։

Թարգմանիչը իր ընտրութիւնը կատարած է թէ՛ արեւմտահայ ու թէ՛ արեւելահայ քերթողներէ, բծախնդրօրէն ու վարպետութեամբ իրագործելով թարգմանական դժուարին աշխատանք մը։ Արա Մանկոյեան տարիներէ իվեր աչքի լոյս թափած է երկարաշունչ այլ երկի մը վրայ ալ, որ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին յունարէն թարգմանութիւնն է։ Կը սպասուի, որ մօտիկ ապագային ատիկա եւս արժանանայ տպագիր հրատարակութեան։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ Հայոց թեմի առաջնորդը՝ Սահակ եպս. Եմիշեան, վերջերս, փիլիսոփայութեան դոկտորական աստիճանի վկայական ստացած է Միացեալ Նահանգներու Ֆորտհամ համալսարանէն։ Սրբազանը, որ ներկայիս 43 տարեկան է, երկու տարիէ իվեր կոչուած է Յունաստանի թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին։

Նախապէս, ան հոգեւոր ծառայութիւն կը բերէր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն ներս։ Իդէպ, Սահակ եպս., ի տարբերութիւն միաբանակից իր եղբայրներուն, ծնունդով հայաստանցի է։ Պիքֆայայի Դպրեվանքը աւարտելէ ետք կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 2006-ին։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ մէջ, վերջերս (2026), տեղւոյն համալսարանի պոնտական ուսմանց բաժանմունքը լոյս ընծայած է 660 էջանի յունարէն հաստափոր հատոր մը, որ կը կրէ «Ցեղասպանութիւնները Օսմանեան կայսրութեան տեւողութեան. հայեր, ասորիներ եւ յոյներ, 1913-1922» խորագիրը։

Գիրքը տարբեր հեղինակներու հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է, կազմուած ու խմբագրուած՝ Ճորճ Ն. Շիրինեանի կողմէ։ Հատորը թարգմանութիւն է անգլերէնէ եւ կրնայ գոհացնել ցեղասպանական արարքներ ուսումնասիրող գիտական կամ ակադեմական շրջանակները։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ մէջ Հայաստանի դեսպանը՝ Տիգրան Մկրտչեան, վերջերս, հանդիպում ունեցած է Աթէնքի համալսարանի վերատեսուչի տեղակալ փրոֆ. Սոֆիա Փափայոաննուի հետ եւ միասնաբար քննարկած հայ-յունական կրթական համագործակցութեան հայող հարցեր։ Ըստ դեսպանատան լրատուութեան՝ «զրուցակիցները քննարկել են նաեւ Աթէնքի համալսարանում հայերէնի, ինչպէս նաեւ Հայաստանում ժամանակակից եւ հին յունարէնի դասաւանդման հետ կապուած հարցեր»։

Դեսպան Մկրտչեան ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ մէջ ալ (Թրակիոյ շրջան, հիւսիսային Եգէականի ափին, Թուրքիոյ սահմանէն ոչ-հեռու) տեսակցութիւն մը ունեցած է տեղւոյն քաղաքապետին ու նաւահանգիստի տնօրէնին հետ։ Այս վերջինը իր ղեկավարած նաւահանգիստը ներկայացուցեր է որպէս Յունաստանը, Պուլկարիան եւ Թուրքիան իրարու կապող ռազմավարական կարեւոր հանգոյց։ Իսկ հայ դեսպանը փափաք յայտնած է սերտել Հայաստանէն Եւրոպա արտահանուող բեռները այս նոյն նաւահանգիստին վրայով տեղափոխելու կարելիութիւնները։ Հայ դեսպանը այլ հանդիպում մըն ալ ունեցած է Արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ մարզպետին հետ։ Հոս ալ քննարկուեր են Հայաստանի Շիրակի մարզը Յունաստանի Թրակիոյ շրջանին հետ «գործընկեր» դարձնելու հնարաւոր հեռանկարները։ Այս միեւնոյն հարցերը դեսպանը առանձնաբար քննարկած է նաեւ ՏԻՏԻՄՈԹԻՔՈՅԻ եւ ՕՐԵՍՏԻԱԴԱՅԻ քաղաքապետերուն հետ։

ՓԵՐԻՍԹԵՐԻԻ (Աթէնք) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (էջմիածնական թեմ) սրահէն ներս, 29 Մայիսին, կատարուած է հայաստանաբնակ լրագրող Սագօ Արեանի «Բաժնուած կղզին» հարցազրոյցներու գիրքին ներկայացումը։ Այս առթիւ, միաժամանակ, ցուցադրուած է Կիպրոսի մասնատումին ու ատոր առնչակից քաղաքական եղելութիւններուն վերաբերող հայերէն վաւերագրական տեսերիզ մը (պատրաստուած՝ Վահագն Ղազարեանի կողմէ)։

Ձեռնարկին սկիզբը նախ խօսք առած է Յունահայ թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Առաքելեան, որ գնահատանքով արտայայտուած է Սագօ Արեանի լրագրողական ու հեղինակային գործունէութեան մասին։ Այնուհետեւ խօսքը տրուած է Արեանին, որ խօսած է գիրքին ու անոր զուգահեռ ժապաւէնին ստեղծման պատմութեան մասին։ Ան յատկապէս լուսարձակի տակ առած է 1974-ի թրքական գրաւումին հետեւանքով կիպրահայերու կրած նիւթական մեծ վնասներն ու տեղահան դառնալու դաժան փորձառութիւնը։ Աւարտին, հեղինակը ներկաներուն համար մակագրած է իր գիրքը։

Share61Tweet38
Previous Post

Լուրեր. 20 Յունիս 2026

Next Post

Յուշագրական-Պատմագրական Գրականութեան «Կենդանացում»ի Կարգով

Next Post
Յուշագրական-Պատմագրական Գրականութեան «Կենդանացում»ի Կարգով

Յուշագրական-Պատմագրական Գրականութեան «Կենդանացում»ի Կարգով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.