ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՕՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկեան-Իրանեան յուշագրի ստորագրութենէն ետք Լիբանանի մէջ իրավիճակը ոչ միայն չհանդարտեցաւ, այլ 19 Յունիսը դարձաւ այս պատերազմին ամէնէն արիւնալի օրերէն մէկը: Հարաւի եւ Պաալպաքի շրջանին մէջ բազմաթիւ թիրախներու ռմբակոծութեան հետեւանքով, երէկ Լիբանանի մէջ մահացաւ առնուազն 47 հոգի, վիրաւորուեցան առնուազն հարիւր անձ:

Իսրայէլեան բանակը մագլցողական յարձակումները պատճառաբանեց հարաւի մէջ տեղակայուած իր ուժերուն դէմ Հըզպալլայի գործողութիւններու բազմացումին, նշելով որ իր զինուորներէն չորսը երէկ մահացած են հարաւի բախումներուն ընթացքին, ուրիշներ ալ վիրաւորուելով տարհանուած են մարդի դաշտէն: Բախումները երէկ կեդրոնացան Նապաթիէ գաւառի Ալի Թահէր բարձունքին վրայ, որուն կը փորձէ տիրապետել իսրայէլեան բանակը, նախքան որեւէ զինադադարի գործադրութիւնը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ բանակին հրահանգած է հարուածել Հըզպալլայի աւելի քան 150 թիրախ:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ հարաւի եւ Պեքաայի մէջ երէկ տեղի ունեցածը կը համարուի վտանգաւոր եւ դատապարտելի մագլցում մը, որ պէտք է անյապաղ դադրեցնել: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ալ շեշտեց, որ պետութիւնը պէտք է ըլլայ իր որոշումին տէրը, աւելցնելով որ բանակցելու իրաւունքը վերապահուած է Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն, որոնք պէտք է վայելեն զէնքի մենաշնորհը: Հըզպալլայէն պատասխանատուներ վստահեցուցին, որ իրենք բոլոր նախապատրաստութիւնները ամբողջացուցած են շարունակելու մարտերը, եթէ իսրայէլեան կողմը շարունակէ իր ոտնձգութիւնները: Հըզպալլա պատրաստակամութիւն յայտնեց յարգելու զինադադարը, եթէ միւս կողմը եւս յարգէ զայն:
ՉՍԿՍԱԾ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ
Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յայտարարուած փոխըմբռնումի յուշագրին հիման վրայ կայանալիք բանակցութիւնները տակաւին չսկսած յետաձգուեցան: Զուիցերիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընի, Թեհրանի, Տոհայի եւ Իսլամապատի ներկայացուցիչներուն բանակցութիւններուն նախապատրաստութիւնները չեն ամբողջացած, ուստի յետաձգուած են: Ամերիկեան Սպիտակ տունն ալ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ տակաւին կարելի չէ եղած համաձայնիլ բանակցութեան ծրագրին շուրջ:

Նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ յուշագրին ստորագրութիւնը Թեհրանի համար պարտութիւն էր, որովհետեւ ամբողջութեամբ կործանուած են Իրանի զինուորական կարողութիւնները: Նախագահը շեշտեց, որ Իրանի հետ բանակցած էր, որպէսզի միջազգային տնտեսութիւնը չկրէ անդառնալի վնասներ: Թեհրան իր կարգին սպառնաց քաշուիլ ամերիկացիներուն հետ բանակցութիւններէն, եթէ Իսրայէլ չդադրեցնէ գործողութիւնները Լիբանանի մէջ եւ չյարգէ ամբողջական զինադադադարի որոշումը:
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՎԱՒԵՐ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերքեց, թէ իշխանութիւնները կը պատրաստուին նոր ընտրութիւններու: Ան պնդեց, որ ընդդիմութեան օգտին քուէարկողներուն 70 առ հարիւրը այդ քայլին դիմած է ընտրակաշառք ստանալու դիմաց: Ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք, ընդդիմադիր շարք մը կուսակցութիւններ դիմումներ ներկայացուցին Սահմանադրական դատարան՝ բողոքելով ընտրական արդիւնքներէն եւ պահանջելով անվաւեր ճանչնալ զանոնք կամ կազմակերպել երկրորդ փուլ: Երէկ, Սահմանադրական դատարան ներկայացան «Բարգաւաճ Հայաստան», «Միասնութեան թեւեր», ԴՕԿ կուսակցութիւնները, «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքները: Նշենք, որ Սահմանադրական դատարանը պարտաւոր է գործը քննել եւ որոշում կայացնել դիմումի ներկայացումէն առաւելագոյնը 15 օր ետք: «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան յայտնեց, որ ինք աշխատանք կը տանի միաւորելու ընդդիմութիւնը եւ կազմակերպելու բողոքի հանրահաւաք: Առնչակից դատարանին վճիռով երէկ որոշուեցաւ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի թեկնածուներէն Ռուսլան Բարսեղեանը երկու ամիս կալանաւորել, իսկ նոյն դաշինքի թեկնածուներէն Ասատուր Քոչարեանին նկատմամբ սահմանել տնային կալանք: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նախապէս համաձայնած էր նաեւ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումի դիմումին: Իսկ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի թեկնածուներէն Աշոտ Եղիազարեանը կալանաւորուեցաւ՝ հարիւրէ աւելի ընտրողի ընտրակաշառք տալու յանցանքով:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ
Ընտրութիւնները յաղթած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը արդէն կը նախապատրաստուի խորհրդարանի յաջորդ գումարումին: Խմբակցութեան քարտուղար Արթիւր Յովհաննիսեան շեշտեց, որ Հայաստանի նոր Սահմանադրութիւնը վաւերացնելու օրակարգը պիտի չյետաձգուի, թէեւ յառաջացած են որոշ դժուարութիւններ:

«Մենք պիտի չշեղինք օրակարգէն եւ անոր համար պիտի գտնենք իրաւական լուծումներ», ըսաւ Յովհաննիսեան: Նշենք, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կը համարուի յառջորդ փուլի վիճայարոյց գլխաւոր նիւթերէն մէկը եւ կը սպասուի, որ ընտրութիւններուն սահմանադրական մեծամասնութեան չտիրացած իշխանութիւնը այս հարցով դիմագրաւէ խնդիրներ: Իսկ խմբակցութեան երեսփոխաններէն Ալխաս Ղազարեան յիշեցուց, որ 2021-ի ընտրութիւններուն իրենց ստացած են 680 հազար քուէ, իսկ այժմ՝ 728 հազար: «Հարեւան երկիրները, ուզեն թէ չուզեն, հաշուի պիտի նստին Սահմանադրական դատարանի որոշումին հետ», ըսաւ Ղազարեան, անուղղակիօրէն մեկնաբանելով Ազգային ժողովի ընտրութեան արդիւնքները չճանչնալու Մոսկուայի պաշտօնական դիրքորոշումը: Ռուսիոյ պետական տումային մէջ ԱՊՀ պետութիւններուն հարցերով զբաղող կոմիտէի նախագահի տեղակալ Կոնստանտին Զաթուլին շեշտեց, որ Մոսկուա պէտք է հայկական ընտրութիւններուն վերաբերեալ որդեգրէ սկզբունային դիրքորոշում, շարունակէ գործնականօրէն աշխատիլ իշխանութիւններուն հետ, սակայն առանց պաշտօնապէս ճանչնալու արդիւնքները: «Կարելի չէ ընտրութիւնները ամբողջութեամբ ժողովրդավարական եւ միջազգային չափանիշերուն համապատասխանող համարել, որովհետեւ բացակայած են քաղաքական մրցակցութեան պայմանները եւ ճնշում բանեցուած է ընդդիմութեան նկատմամբ», ըսաւ ռուս երեսփոխանը:
TRIPP-Ը ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արագ գործել տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու TRIPP ծրագիրը գործադրելու համար, մանաւանդ որ ամերիկեան կողմէն յատկացուած է գումար: Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական ամբաստանութիւնները յղեց Հայաստանին՝ «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումի ատեն ոճրագործութիւններ կատարելու» ամբաստանութեամբ: Անոր համաձայն, հայերը կործանած են 65 մզկիթ, իսկ Պաքու ինքն է, որ խաղաղութիւն առաջարկած է Երեւանին: «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի խորհուրդ»ի ներկայացուցիչ Ազիզ Ալեքպէրքի իր կարգին պահանջեց, որ Երեւան յարմար պայմաններ ստեղծէ՝ «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու» անվտանգ վերադարձին համար:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ղեկավարութիւնները գումարեցին ռազմական համագործակցութեան զարգացումին նուիրուած ժողով մը, որուն աւարտին ստորագրեցին աշխատանքային արձանագրութիւնը: Ըստ տեղական լրատուամիջոցներուն, թրքական պատուիրակութիւնը ստուգած է ատրպէյճանական զօրամասերէն մէկուն կազմակերպուածութիւնը:

