Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Բ․)

Յարութիւն Իսկահատեան

June 18, 2026
in Յօդուածներ
0
Ալեքսանդր Թօփճեանի Գրական Վաւերագրութիւնը Ռուբէն Սեւակի Մասին (Մաս Ա․)

Ռուբէն Սեւակ կ՛ամուսնանայ Եաննիի հետ: Կ՛ունենան մանչ զաւակ մը եւ դուստր մը, որ Լեւոն եւ Շամիրամ կ՛անուանեն: Ան կ՛աւարտէ բժշկական ուսումը եւ ընտանեօք Կ. Պոլիս կը վերդառնան, ուր հիւանդանոցի մը մէջ կը սկսի աշխատիլ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմը կը պայթի: Օր մը երկու զինուոր-ոստիկաններ Ռուբէնի տունը կու գան իբրեւ թէ զայն Բերա հիւանդի մը տեսութեան տանելու: Սակայն փոխարէն ան նենգաբար բանակ կը տարուի իբրեւ սպայ-բժիշկ: Եաննի լսած ըլլալով քաղաքին մէջ հայոց ձերբակալութիւններուն մասին, գիշերը մտատանջութեան կը մատնուի: Հիլմի փաշա, զոր Ռուբէն բուժած էր եւ մահէն ազատած Լօզանի մէջ, կը փորձէ ազատել զայն: Եաննի Հիլմիի հետ գործակցաբար կը դիմէ գերմանացի զինուորականներու, որոնք վստահաբար կրնային ազատել Ռուբէն Սեւակը: Ակնյայտ էր, որ այդ օրերուն գերմանական դեսպանատունը Պոլսոյ թրքական ղեկավարութեան տէրն ու տիրականն էր: Եաննի գերմանացի զինուորական Կոստանդին ֆոն Նոյրաթին կը դիմէ:

Գաւառներէն եկող լուրերը հայոց կոտորածները կը գուժէին: Ռուբէն Սեւակ, որ այժմ օսմանեան բանակին կը ծառայէր, արձակուրդով տուն կու գայ: Դանիէլ Վարուժան կ՛ացելէ անոր ու երկու բանաստեղծները կը զրուցեն գրական, ազգային եւ այլ նիւթերու շուրջ: Ռուբէն ապա կը վերադառնայ բանակ՝ իր պաշտօնին:

Նոյրաթ կը յաջողի ապահովել աւելի բարձր պաշտօնով այլ գերմանացի զինուորական՝ Եոհանի միջնորդութիւնը: Եոհան Եաննիի հօրեղբայրն էր: Անոնք միասին կը մտադրեն Ռուբէնը ընտանեօք Գերմանիա փոխադրել, բանակէն ազատուելու պարագային: Ռուբէն Սեւակի կինը՝ Եաննի այս միջոցին գերմանացի զինուորականներու հետ ջանք չի խնայեր ամուսինը ազատելու:

Թուրքերը Ռուբէն Սեւակը շոգեկառքով Էնկիւրի (Անքարա) կը տանին: Ան ճամբուն վրայ հայապատկան քանդուած տուներ կը նշմարէ: Բանակի հրամանատարը Անքարայի մէջ Սեւակը ռազմական դատարան կը տանի, ուր զինք աքսորելու վճիռ կը տրուի, որուն ճամբուն վրայ անոնք կ՛անցնին Գալեճիք կոչուած գիւղէն, ուրկէ շուտով գետին եզերքը կը տանին: Հոն Ռուբէն Սեւակ կը հանդիպի քանի մը հայ մտաւորականներու: Ապա թուրքերը զանոնք Չանղըրը կ՛աքսորեն, ուր անոնց կ՛առաջարկուի իսլամանալ եւ թրքանալ: Հայ մտաւորականներէն ոչ մէկը կը համաձայնի: Մտաւորականներու կեցած տեղէն քիչ անդին ահռելի բաներ կը պատահին՝ ծեծ, խոշտանգում եւ կոտորած: Չանղըրըի 700 աքսորուած հայ ընտրեալներէն ողջ կը մնան միայն 70-ը, որոնք դէպի շրջակայ կիրճերն ու ձորերը կը քշուին:

Հայ մտաւորականները իրար քով կը հաւաքուին ու կը զրուցեն: Անոնց մէջ կ՛ըլլան Դանիէլ Վարուժան, Բիւզանդ Քէչեան, Տիրան Քելեկեան, Կոմիտաս Վարդապետ, Ռուբէն Սեւակ եւ ուրիշներ: Այս միջոցին Պոլսոյ մէջ Եաննի կ՛այցելէ գերմանական դեսպանատուն եւ խօսակցութեան մէջ կ՛ըսէ թէ հայոց կեանքը դժոխքի վերածուած է:

Չանղըրը քաղաքի տէրն ու տիրականը Արապաճիպաշը (կառապանապետ) Իսմայիլն էր: Անոր դուստրը եօթը զաւակ ունէր, որոնցմէ մէկը՝ Այշէն հիւանդ էր: Ռուբէն Սեւակ կը բուժէ այդ աղջիկը: Այս բարեբաստիկ առիթով Ռուբէն Իսմայիլէն արտօնութիւն կ՛առնէ նահանգապետը տեսնելու: Ան նահանգապետէն կ՛իմանայ, թէ Թալաաթ հրաման արձակած է հաշուել Չանղըրըի հայերը եւ շուտով զանոնք ճամբայ հանել դէպի Այաշ: Այդ օրհասական օրերուն հայ մտաւորականները կրկին կը հաւաքուին եւ կը խորհրդակցին: Անոնք միաձայնաբար կը մերժեն իսլամանալ եւ թրքանալ, այլ պայքարիլ մինչեւ մահ:

Որոշուած էր Ռուբէն Սեւակը, Դանիէլ Վարուժանը, Օննիկ Մաղազաճեանը, Վահան Քեհեայեանը եւ հացագործ Յարութիւնեանը Այաշ ուղարկել: Ձեռնաշղթաներով աքսորականներուն թուրք ոստիկաններ կ՛ուղեկցին: Ճամբուն վրայ տասը պաշըպօզուք աւազակներ անոնց ընթացքը կը կասեցնեն եւ հինգ աքսորեալներ կը սպաննեն: Ռուբէն Սեւակ եւս զոհ կ՛երթայ նենգ թուրքերու ոճրային արարքին: Հեղինակը՝ Ալեքսանդր Թօփճեան այդ պահը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Տնքոցները շարունակւում են: Հայեացքը մի փրկութիւն ունի լոկ. Երկինքը անսահման կապոյտ… Գլուխը յետ գցեց, որպէսզի միայն երկինքը տեսնի, ուսերը ցնցեց, ձեռքերը փորձեց ազատել կոշտ պարանի կապանքներից… Բանի տեղ չդրեց… Այդ պահին մի սուր ծակոց զգաց այնտեղ, ուր սիրտն է… Սրտի ծակոց վաղուց ունէր… Զգաց նաեւ թէ ինչպէս կապանքներից ազատուած սլանում է երկինք… Եւ այդ ծակոցն անսպասելի սլացքի հրճուանքից էր գուցէ եւ ոչ թէ ոճրագործի դաշոյնից, որ մինչեւ կոթը մխրճեց սիրտը…» (էջ 589):

15 Հոկտեմբեր 1915-ին Ռուբէն Սեւակի կինը՝ Եաննի իր երկու զաւակներուն եւ մօրը հետ կը մեկնի Զուիցերիա, վերջնականապէս թողելով այն երկիրը, որ գերեզման դարձաւ ողջ հայ ժողովուրդին…:

Պատումի պերճախօսութիւնն ու մանրամասնութեանց ճշգրտութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ հեղինակը՝ Ալեքսանդր Թօփճեան այնքան մանրամասն ուսումնասիրած է Ռուբէն Սեւակի կեանքին ընդմէջէն իր մշակած նիւթը, որ թէեւ գրական ձեւով ներկայացնելով, կարծէք ականատես վկայ մը եղած ըլլար Հայասպանութեան:

(Վերջ)

Share61Tweet38
Previous Post

Իտալիա՝ Հին Ընկեր Մը…

Next Post

Հիպնոտիկ Արուեստի Քրմապետը

Next Post
Հիպնոտիկ Արուեստի Քրմապետը

Հիպնոտիկ Արուեստի Քրմապետը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.